ԵՂԻԱԶԱՐ Ա ԱՅՆԹԱՊՑԻ ԵՒ ՓԻԼԻՊՊՈՍ Ա ԱՂԲԱԿԵՑԻ

1651 թուա­կա­նին Փի­լիպ­պոս Կա­թո­ղի­կոս (1632-1655) Պո­լիս գտնուած մի­ջո­ցին՝ Ե­ղիա­զար Պատ­րիար­քը (1651-1652) պատ­րիար­քու­թե­նէ հե­ռա­ցու­ցած էր եւ ա­նոր տեղ Յով­հան­նէս Դ Մուղ­նե­ցին (1652-1655) Պատ­րիարք կար­գած էր։ Այս դէպ­քէն մե­ծա­պէս վի­րա­ւո­րուած ու վշտա­ցած՝ Ե­ղիա­զար Ա Այն­թապ­ցին, մի քա­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ գա­հըն­կէց ը­րաւ Յով­հան­նէս Պատ­րիար­քը՝ 1655 թուա­կա­նին։ Բայց ինքն ալ իր նպա­տա­կին չկա­րո­ղա­ցաւ հաս­նիլ, աշ­խար­հա­կան­նե­րը, ո­րոնց մէջ նշա­նա­ւոր էր Ռու­հի­ջան Վա­նե­ցին, ի­րենց ձեռ­քը ա­ռին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։

Սա­կայն Ե­ղիա­զա­րի բախ­տը ու­րիշ կող­մէ ժպտե­ցաւ։

Ե­րու­սա­ղէ­մի Աս­տուա­ծա­տուր Պատ­րիար­քը (Աս­տուա­ծա­տուր Տա­րօ­նե­ցի՝ +1671, Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիարք. 1645 թուա­կա­նին Պատ­րիարք ընտ­րուած է՝ նա­խոր­դող Պատ­րիար­քի կտա­կին հա­մա­ձայն) վան­քի դժուար կա­ցու­թիւ­նը բար­ւո­քե­լու նպա­տա­կով այս ժա­մա­նակ­նե­րը Պո­լիս ե­կած էր եւ տես­նե­լով, որ տի­րող խառ­նա­կու­թեան պատ­ճա­ռով ի­րեն ո՛չ ոք չ՚օգ­ներ, այլ եւ միւս կող­մէ նկա­տե­լով Ե­ղիա­զար Այն­թապ­ցիի յա­ջո­ղա­կու­թիւ­նը՝ բար­ւոք դա­տեց զայն պատ­րիար­քու­թեան փո­խա­նորդ կար­գել Սուրբ Յա­կո­բի վան­քի գոր­ծե­րը շտկե­լու հա­մար, եւ ար­դա­րեւ Ե­ղիա­զա­րը Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ոչ միայն նո­րո­գու­թիւն­ներ ը­րաւ, այլ եւ յու­նաց ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու եւ յափշ­տա­կու­թիւն­նե­րու ա­ռաջն ա­ռաւ։

Բայց Պո­լի­սի մէջ խռո­վու­թիւն­նե­րը այդ ժա­մա­նակ դեռ կը շա­րու­նա­կուէին եւ ի զուր տե­ղը ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­լուած­ներն ու ստա­ցուածք­նե­րը կը ծախ­սուէին կա­շառք­ներ տա­լու հա­մար…։

Այս­պէս ե­կե­ղե­ցիին դրա­մը կը շա­հա­գոր­ծուէր անձ­նա­կան շա­հե­րու եւ կա­շառ­քի հա­մար։

Վեր­ջա­պէս մեծ կա­շա­ռով պատ­րիար­քա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը 1657 թուա­կա­նին ձեռք ձգեց բե­րիա­ցի Թով­մաս վար­դա­պե­տը՝ (Բե­րիա=Հա­լէպ) որ Գա­լա­նո­սի ջերմ բա­րե­կամ­նե­րէն մէկն էր, եւ ի­րեն ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից կար­գեց «Վա­նե­ցի Թըլ­թըլ» (թո­թո­վա­խօս) կո­չուած Աս­տուա­ծա­տուր քա­հա­նան։

Սա­կայն Թով­մա­սի եւ ա­նոր գոր­ծա­կից­նե­րու կրօ­նա­կան ըմբռ­նումն ու հա­մոզ­մուն­քը թշնա­մու­թիւն ա­ռաջ բե­րաւ, աշ­խար­հա­կան տե­ղա­կալ­նե­րը բա­ցար­ձա­կօ­րէն յայտ­նե­ցին Տէ­րու­թեան, թէ կա­րող չե՛ն Թով­մա­սը իբ­րեւ պատ­րիարք ճանչ­նալ, որ կ՚ու­զէր իր իշ­խա­նու­թիւ­նը պար­տադ­րել։

Չնա­յե­լով որ տե­ղա­կալ­նե­րը նա­խա­պէս ան­յա­ջո­ղու­թիւն կրե­ցին, բայց ա­ւե­լի վերջ յաղ­թա­կան դուրս ե­կան, երբ Տէ­րու­թեան պար­զուե­ցաւ, թէ Թով­մաս կա­թո­լիկ դա­ւա­նու­թիւն է ըն­դու­նած։

Ուս­տի 1655-1659 շրջա­նը՝ թա­փուր մնաց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը։

Թով­մաս բան­տար­կուե­ցաւ եւ բան­տի մէջ ալ մե­ռաւ։

Պէտք է նշենք, թէ՝ Չամ­չեան այս դէպ­քե­րուն միակ պատ­միչն է, շատ մռայլ գոյ­նե­րով կը նկա­րագ­րէ հայ աշ­խար­հա­կան տե­ղա­կալ­նե­րու գոր­ծե­րը, եւ դժբախ­տա­բար ու­րիշ աղ­բիւր­ներ կը պակ­սին իր պատ­մած­նե­րը ստու­գե­լու։ (Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցու Պատ­մու­թիւն, Աբր. Զա­մին, 1908)։ Այս մա­սին ա­ւե­լի ման­րա­մասն ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ կա­րե­լի է գտնել տե­ղե­կու­թիւն­ներ, զոր օ­րի­նակ, Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի «Ազ­գա­պա­տում»ին մէջ, ինչ որ պարզ յօ­դուա­ծի մը սահ­ման­նե­րէն դուրս պի­տի նկա­տուի եւ պատ­մա­բան-մաս­նա­գէտ­նե­րու պի­տի վե­րա­բե­րի…։

Թով­մա­սի մա­հը խռո­վու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս սաստ­կա­ցուց. իր կողմ­նա­կից­նե­րը՝ «Թըլ­թը­լեան»ներ, ա­մէն կեր­պով աշ­խա­տե­ցան ի­րենց հա­կա­ռա­կորդ­նե­րէն Թով­մա­սի մա­հուան վրէ­ժը առ­նել եւ ահ ու սար­սափ ձգե­ցին ա­մէն­քին վրայ։

«Թըլ­թը­լեան»ներ, Թով­մա­սի սպա­նիչ­նե­րը գտնե­լու պատ­րուա­կով խու­զար­կու­թեամբ ա­մէն տուն կը մտնէին եւ միայն կը կե­ղե­քէին ու կը հարս­տա­հա­րէին։

Այս «հայ բար­բա­րոս»նե­րու ձեռ­քէն ա­զա­տուե­լու հա­մար հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը եւ մե­ծա­մեծ­նե­րը ստի­պուե­ցան մե­ծա­մեծ կա­շառք­ներ տալ ու ծախ­սեր ը­նել՝ ո­րով ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ ծանր պարտ­քի տակ ին­կան։ Դի­զուած պարտք­նե­րը հա­տու­ցա­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր էր ժո­ղո­վա­րա­րու­թիւն (=մու­րաց­կա­նու­թիւն, «ժո­ղո­վա­սի­րու­թիւն», «նիս­տա­րա­րու­թիւն») ը­նել, իսկ այս պա­րա­գան ալ դար­ձեալ մեծ կռիւ­ներ ա­ռաջ բե­րաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ, դժբախ­տա­բար…։

Այս բո­լոր խռո­վու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ Պատ­րիարք էր Մար­տի­րոս Բ Ղա­ֆա­յե­ցի (1659-1660), բայց այս իշ­խա­նա­կան Ա­թո­ռի ձգտող­ներ շատ կը գտնուէին, եւ ա­հա ի­րա­րու ձեռ­քէ խո­շոր, ա­հա­ւոր կա­շառք­նե­րով պատ­րիար­քու­թիւ­նը «յափշ­տա­կե­ցին» Ղա­զար, Յով­հան­նէս եւ Սար­գիս ե­պիս­կո­պոս­նե­րը։ (Ղա­զար Ա Սե­բաս­տա­ցի, 1660-1663, Յով­հան­նէս Ե Թու­թուն­ճի, 1663-1664, 1665-1667, Սար­գիս Գ Ռո­տոս­թո­ցի, 1664-1665, 1667-1670)։­

Այս խռո­վու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կան չէին, երբ փա­ռա­սէր Ե­ղիա­զար ե­պիս­կո­պոսն ալ 1664 թուա­կա­նին «հա­յոց կա­թո­ղի­կոս» օ­ծուե­ցաւ։ (Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցու Պատ­մու­թիւն, Աբր. Զա­մին)։­

Ուս­տի այս դէպ­քը ժո­ղո­վուր­դին մէջ մեծ երկ­պա­ռա­կու­թիւն ստեղ­ծեց. ժա­մա­նա­կի նշա­նա­ւոր ան­ձե­րէն մին՝ Ե­րե­միա Չէ­լէ­պին (+1695), շատ աշ­խա­տե­ցաւ այս խռո­վու­թիւն­նե­րը վեր­ջաց­նե­լու կամ ա­ռաջն առ­նե­լու, բայց ի զուր…։

Ե­ղիա­զա­րի դէմ կռուող­նե­րէն մին էր եւ Մար­տի­րոս Կա­ֆա­յե­ցի վար­դա­պե­տը՝ որ ա­մէն մի­ջոց ի գործ դրաւ Ե­ղիա­զա­րը տա­պա­լե­լու հա­մար։

Վեր­ջա­պէս այս խնդրի մէջ մտաւ նաեւ Յա­կովբ Կա­թո­ղի­կոս (Յա­կոբ Դ Ջու­ղա­յե­ցի. 1655-1680), որ 1665 թուա­կա­նին այս իսկ պատ­ճա­ռով Պո­լիս ե­կաւ։ Այս­տեղ եր­կար աշ­խա­տե­լէ յե­տոյ՝ ան իր քաղցր ու հա­մո­զիչ բնա­ւո­րու­թեամբ «Ե­ղիա­զա­րա­կան»ներն իսկ իր կող­մը գրա­ւեց, եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի ու Պո­լի­սի ա­թոռ­նե­րու վրայ ի­րեն հա­մա­կիր նոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լէ եւ ամ­բողջ հա­յոց վրայ կա­թո­ղի­կոս ըլ­լա­լու հրո­վար­տակ ստա­նա­լէ յե­տոյ, 1667 թուա­կա­նին Սուրբ Էջ­միա­ծին վե­րա­դար­ձաւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016