Ո՞Վ Է ՍԽԱԼ… Ո՞Վ Է ՃԻՇԴ

Վերջերս շրջապատիս մէջ սկսած եմ նկատել, որ ամէն բան սկսած է միջին չունենալ եւ վերածուիլ երկու ծայրայեղութիւններու՝ ամբողջութեամբ իրարու հակառակ եւ իրարմէ տարբեր: Մեր մէջէն այսօր վերցուած է միջինը եւ գաղափարներն ու համոզումները վերածուած են երկու բեւեռներու՝ ի հեճուկս մէկս մէկու:

Այդ երկու բեւեռներու տարբերութիւնը յստակեցնելու համար հետեւեալ օրինակը բերեմ. վերջերս կը կարդայի աշխարհի մեծահարուստ մարդոցմէ մէկուն հարցազրոյցը, ուր դրամատէրը կ՚ըսէր «Երանի՜ կարելիութիւն ըլլար դարձեալ վերադարձնել 16-17 տարեկան եղած տարիներս, ուր դրամ չունէի, սակայն կար ուրախութիւն» եւ աւարտելով իր խօսքը մեծահարուստը կ՚ըսէր «դրամը երջանկութիւն չի բերեր»: Ամբողջ աշխարհը կը մարտնջի հարստանալու, հարուստը երանի կու տայ իր աղքատ եղած օրերուն. ո՞վ է սխալը... ո՞վ է ճիշդը...:

Մի քանի օրեր առաջ Ֆրանսայէն ծանօթներ եկան Հայաստան. չեն ուզեր Ֆրանսայի մասին բան մը լսել. իրենց համար Ֆրանսա «ապրուելիք տեղ չէ». երանի՜ կու տային մեզի, որ Հայաստանի մէջ կ՚ապրինք: Անդին կը նայիմ բազմաթիւ հայաստանաբնակ հայեր հոգի կու տան կարենալ Ֆրանսա երթալու եւ այդտեղ կեանք հաստատելու համար. ֆրանսացիին համար Հայաստանն է դրախտը, իսկ հայաստանցիին համար՝ Ֆրանսան. ո՞վ է սխալը... ո՞վ է ճիշդը...:

Մեր կեանքին մէջ այսօր ո՛չ մէկ բան ունի իր վերջնական ու ճշգրիտ պատասխանը. ճշմարտութիւնը, որ սկզբունքով պէտք է որ մէ՛կ ըլլայ, այսօր մի քանիսն են, որովհետեւ ճշմարտութիւն է այն, որ ո՛չ թէ ստուգաբանութեամբ ճիշդ է ու ճշմարիտ, այլ այն՝ որ սեփական շահերուն յագուրդ կու տայ:

Հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան մեր թուականէն 72 տարիներ առաջ իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «չարաչար կը սխալին անոնք որ կ՚անտեսեն ճշմարտութիւնը» եւ ներկայ ընկերութեան մէջ բոլորս չարաչար սխալածներ ենք, որովհետետւ այսօր ճշմարտութիւնը պոռնիկի մը պէս կանգ կ՚առնէ հոն՝ ուր սեփական շահերը օգուտ կը քաղեն:

Այսօր ճշմարտութիւնը անգամ ճշմարիտ չէ՛:

Աստուծոյ իսրայէլացի ժողովուրդին տուած առաջին պատուիրաններուն մէջ էր մի՛ ստերը, որովհետեւ մարդկութեան մեծագոյն թշնամիներէն մին ստախօսութիւնն է, որ կրնայ մայր հանդիսանալ բոլոր չարիքներու. Առակաց Գիրքը կ՚ըսէ. «զզուելի են Տիրոջ համար ստախօս շրթունքները» (Առակաց 12:22). այս պարագային մեզմէ որո՞ւ լեզուն այսօր զզուելի չէ թէ՛ Տիրոջ եւ թէ՛ մարդկութեան առջեւ:

Գոնէ կեանքի մէջ մէկ անգամ կ՚արժէ կարդալ Յակոբ Պարոնեանի «Խիկար» աշխատութեան Բ. գլուխը՝ «Գութ եւ Ճշմարտութիւն» խորագրով, ուր գրողը երկխօսութեան մէջ կը դնէ այդ երկուքը. այդտեղ ճշմարտութիւնը բռնադատուելէ յոգնած գութին կ՚ըսէ. «Թող տուէք ինձ, հանգչիլ քիչ մը»: Ճշմարտութեան ընկճուած այս վիճակին դիմաց գութը կ՚ըսէ. «Հանգչեցէք։ Ո՞վ կը համարձակիր կարծել, թէ Ճշմարտութիւնն որ անմահ էր, պիտի ծերանար օր մը եւ հաշմանդամ պիտի ելնէր անդիի աշխարհէն մուրացկանի մը վիճակի մէջ». ճշմարտութիւնը կը պատասխանէ. «Այո՛, թէեւ անհաւատալի՝ բայց ճշմարիտ է, թէ մեռայ»:

Իրականութեան մէջ ճշմարտութիւնը չմեռաւ, այլ սպաննուեցաւ. ճշմարտութեան հետ զոհ դարձաւ նաեւ գութը, որուն գոյութիւնը ընդհանրապէս չէին տեսած:

Այսօր ո՞ւր է ճշմարտութիւնը. ատեաններուն մէ՞ջ... դատաւորներո՞ւն մօտ, որոնք պատրաստ են ներել հարուստի մը միլիոնաւոր շորթումները եւ խստագինս պատժել անպաշտպանի ՊԷՏՔի համար գողցած աննշմար իրը կամ գումարը. եկեղեցւոյ մէ՞ջ է... ուր հոգեւորականը հոգեւորականին հարուածելու պատեհ առիթը կը փնտռէ՝ աթոռի երազանքներուն քայլ մը աւելի մօտիկ զգալու համար ինքզինք: Պետութեան մօ՞տ է... պետութիւն՝ որ նախընտրական շրջանին հազար ու մէկ խոստումներով կը փորձէ սիրաշահիլ քաղաքացիները եւ յետ ընտրութեան առանց ամօթ մը զգալու անոնցմէ մէկն իսկ չի կատարեր:

Ո՞ւր փնտռենք ճշմարտութիւնը. եթէ հաւատացեալ մը համարձակի ըսել, որ «Քրիստոս է միակ ճշմարտութիւնը», կ՚ուզեմ ըսել այդ մէկն ալ ճշմարիտ պիտի չըլլայ, որովհետեւ մէկ Քրիստոս, սակայն հազար ու մէկ տարբեր քարոզութիւններ ու վարդապետութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք ճշմարտութիւն ցուցանակին տակ կը քարոզեն ա՛յն ճշմարտութիւնը, որ միւս ճշմարտութեան քարոզիչին ճշմարտութեան չի՛ համապատասխաներ:

Պարոնեան լեզու կու տայ ճշմարտութեան, որ որպէս իր մահուան պատճառ կը յայտնէ, թէ «անօթութենէ մեռայ, երկար ժամանակ հալածուելէ ու բազում տարիներ անդամալուծեալ վիճակի մէջ չարչարուելէ յետոյ». երեք հիմնական բառեր. անօթի, հալածանք ու անդամալուծութիւն: Անօթի՝ որովհետեւ մարդիկ ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը, այլ փառասիրութիւնը կերակրեցին, սնուցանեցին իրենց փառատենչ կիրքերը եւ անօթութեան մատնեցին ճշմարտութիւնը: Հալածեցին՝ որովհետեւ շատ անգամ ճշմարտութիւնը խոչընդոտ հանդիսացաւ իրենց փայփայած երազներուն, որուն համար յանձն առին զոհել ճշմարտութիւնը՝ փոխան ստոր երազներուն: Անդամալուծեցին՝ որովհետեւ ստախօսութիւնը հարթեց ճամբան, որ լեցուն էր ճշմարտութիւն կոչուած խոչընդոտներով:

Հաւանաբար հիմա Աստուած հանգիստ է, որ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մեր թուականէն աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ... որովհետեւ եթէ այդ ժամանակ չհաւատացին Քրիստոսի, այսօր երբե՛ք հաւատացող պիտի չըլլար. պիտի չգտնուէր 12 հոգի անգամ, որովհետեւ ներկայ դարը մարդուն եկաւ սորվեցնելու, որ ճշմարտութիւնն ու Ճշմարտութիւնը փոր չեն կշտացներ երբե՛ք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐԱ ՊԷՔԱՐԵԱՆ
(1913-1986)

Մեր թուականէն 109 տարիներ առաջ՝ 30 մայիս 1913-ին Թուրքիոյ մէջ ծնած է գեղանկարիչ, մանկավարժ եւ Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ Արա Պէքարեան:

Պէքարեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա եկած է Երեւան եւ յատուկ դասեր ընդունած յայտնի նկարիչ Վահրամ Գայֆէճեանէն եւ Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչ Սեդրակ Առաքելեանէն: Ապա արուեստագէտը մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուր ընդունուած է տեղի գեղարուեստի ակադեմիա, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1939 թուականին: Պէքարեան 1939-1945 թուականներուն մասնակցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին, որու աւարտէն ետք անցած է ուսուցչութեան պաշտօնի՝ Երեւանի Պատական գեղարուեստական եւ թատերական կաճառէն ներս: Պէքարեան Հայաստանի մէջ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպած է 1947 թուականին, Երեւանի մէջ, որմէ ետք ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ այլ երկիրներու մէջ, որոնցմէ են Ռուսաստան, Վրաստան եւ այլ տեղեր: Պէքարեանի յայտնի ստեղծագործութիւններէն են «Օրօրոցի մօտ»ը, «Աշտարակ»ը, «Օշական»ը, «Հանգիստ»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Արուեստագէտը յայտնի եղած է նաեւ ստեղծագործած դիմանկարներով. Պէքարեան նկարած է տասնեակէ աւելի հայ մտաւորականներ, որոնց կարգին է Վահան Տէրեան:

Նկարչութեան կողքին զբաղած է նաեւ գիրքերու ձեւաւորումով. անոր աշխատանքներով նկարազարդուած եւ լոյս տեսած է «Քաջ Նազար», «Երկիր Նայիրի» աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ Յակոբ Պարոնեանի երկերը:

Պէքարեան շնորհիւ իր գործունէութեան, 1945 թուականին արժանացած է Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչի կոչումներուն:

Ի յիշատակ արուեստագէտին, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը նկարիչի 100-ամեակին առիթով պատրաստեց յուշադրամ, որուն վրայ պատկերուած է արուեստագէտի «Աշտարակ» աշխատութիւնը:

Պէքարեան մահացած է 18 յունիս 1986-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2022