ԾԻԱ­ԾԱ­ՆԻՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐ­ԴԸ

Ծիա­ծա­նը մար­դուս գլխուն վրայ է եւ ո՛չ թէ ոտ­քե­րու տակ, ուս­տի ծիա­ծա­նը տես­նե­լու հա­մար մարդ աչ­քե­րը դէ­պի վե՛ր վերց­նե­լու է՝ դէ­պի ամ­պե­րը։ Շատ նշա­նա­կա­լից է այս, թէ ծիա­ծա­նը վե՛րն է եւ ո՛չ թէ վա­րը։

Այս բնա­կան ե­րե­ւոյ­թին ֆի­զի­քա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը կը տես­նենք. ա­րեւն ալ մար­դուս գլխուն վրան է՝ վե՛­րը, ինչ­պէս նաեւ լու­սի­նը եւ գի­շե­րուան բո­լոր «լապ­տեր»նե­րը, փալփ­լուն աստ­ղե­րը, սու­տա­կա­վառ մո­լո­րակ­նե­րը։

Բո­լորն ալ վե՛րն են։ Փառ­քի եւ գե­ղեց­կու­թեան բո­լոր հրա­շա­լիք­նե­րը, ամ­բողջ պատ­կեր­նե­րուն ցու­ցա­փեղ­կը եր­կին­քի բիւ­րե­ղեայ գո՛գն է։ Եւ Աս­տուած Ի՛նք, գե­ղեց­կու­թեան հրա­շա­գործ ստեղ­ծի­չը, ա­րա­րի­չը, նոյն­պէս, հո՛ն՝ վերն է։

Ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ա­ժանց­նե­լու փոր­ձու­թե­նէն պէտք է զգու­շա­նալ։ Բարձր գա­ղա­փար­նե­րու, ան­գին ար­ժէք­նե­րու վրայ չե՛նք կրնար խորհր­դա­ծել եւ խօ­սիլ այն թե­թեւամ­տու­թեամբ՝ ո­րով մեր տան ո­րե­ւէ կա­րա­սիին մա­սին, եւ կամ կե­րա­կու­րի մը մա­սին կը խօ­սինք կամ կար­ծիք կը յայտ­նենք։

Ուս­տի պէ՛տք է փո­խել մեր հո­գիին եւ մտքին, խոր­հուրդ­նե­րուն մա­կար­դա­կը։ Հա­սա­րակ եւ պարզ տե­ղե­րու մա­կար­դա­կէն բարձ­րա­նա­լո՛ւ է մարդ, եւ ար­ժա­նի է՝ «վե­րի բա­նե­րու» վրայ խոր­հիլ, վե­րին գա­ղա­փար­նե­րը մտա­ծել։

Ու­րեմն Աս­տուած, Քրիս­տոս, Ա­ւե­տա­րան, յա­ւի­տե­նա­կան եւ ան­փո­փոխ ճշմար­տու­թիւն­ներ՝ մար­դուս ոտ­քե­րուն տակ չե՛ն, որ «վար»ե­րը, վար տե­ղեր նա­յինք. ա­նոնք վե՛­րերն են եւ պէ՛տք է, որ մեր հո­գե­ւոր ա­չե­րը, մեր ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը դէ­պի վե՛ր դարձ­նենք տես­նե­լու զա­նոնք ի­րենց ի­րա­կան ու լու­սե­ղէն հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րո­վը։

Օր մը, ե­րի­տա­սարդ մը, ծխա­խոտ մը ակ­ռա­նե­րուն տակ կը ներ­կա­յա­նայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը։ «Ձե­զի հետ Աս­տու­ծոյ մա­սին տե­սակ­ցիլ կը փա­փա­քիմ», կ՚ը­սէ ե­րի­տա­սար­դը։ «Սի­րո՛վ», կը պա­տաս­խա­նէ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, եւ կը շա­րու­նա­կէ. «բայց ե­թէ Աս­տուած պի­տի ըլ­լայ մեր տե­սակ­ցու­թեան նիւ­թը, նախ սա ծխա­խո­տը բեր­նէդ հա­նե­լու ես»։ Ուս­տի, հո­գե­ւո­րա­կա­նը ը­սել կ՚ու­զէ, թէ՝ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ պա­հան­ջուած պատ­կա­ռա­լից դիրք, ակ­նա­ծա­կան ու յար­գա­լից կե­ցուածք եւ տրա­մադ­րու­թիւն՝ նախ­նա­կան պայ­ման է Աս­տու­ծոյ մա­սին խոր­հե­լու, խորհր­դա­ծե­լու, զԱս­տուած տես­նե­լու եւ հասկ­նա­լու, Ա­նով լիա­նա­լու հա­մար։

Նա­յե­ցէ՛ք, ո­մանց բեր­նին մէջ ա­մէն սրբա­զան խոր­հուրդ եւ ճշմար­տու­թիւն սոսկ «ծա­մոց»ի պէս է։

Ա­ղօթ­քը, ներ­հա­յե­ցո­ղու­թիւն եւ էա­պէս Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան խո­րունկ գի­տակ­ցու­թիւն կ՚են­թադ­րէ, եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն՝ այդ ներ­կա­յու­թեան հետ։ Բայց ա­ղօթքն ալ շա­տե­րու հա­մար ա­նի­մաստ շա­ղակ­րա­տու­թեան մը վե­րա­ծուած է, այն­քան որ, վկա­յած ենք ա­ղօ­թող­նե­րու, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ ա­ղօ­թել ձե­ւաց­նող­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց ձեռ­քին մէջ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայն մը կը շա­րու­նա­կեն խօ­սիլ ի­րենց հե­ռա­ձայ­նի վրայ գտնուող խօ­սա­կի­ցին հետ։ Եւ դժբախ­տա­բար չենք լսած, այլ ուղ­ղա­կի՛ տե­սած, կեն­դա­նի վկան ե­ղած ենք այս ի­րո­ղու­թեան։ Ուս­տի ա­ղօթ­քը, պաշ­տա­մուն­քը, հա­ւատ­քը պէտք չէ այս­քան «ջրո­տի» եւ այս­քան սո­վո­րա­կան ու հա­սա­րա­կա­յին ա­րար­քի մը վե­րա­ծուի։ Ար­դա­րեւ կան հա­ւա­տա­լիք­ներ, կան մարդ­կա­յին ա­րարք­ներ՝ ո­րոնք պէտք է մի՛շտ վե­րը ըլ­լան եւ միշտ վե­րը մնան։ Մա՛րդ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նի խօ­սա­կի­ցը պէտք չէ՛ նոյ­նաց­նէ եւ կամ մաս­նա­կից ը­նէ Աս­տու­ծոյ հետ խօակ­ցու­թեան…։

Ա­ղօթ­քը ա­մէն ձե­ւա­կեր­պու­թե­նէ, ձե­ւա­պաշ­տու­թե­նէ պէտք է հե­ռո՛ւ ըլ­լայ, քա­նի որ ա­ղօթ­քի հա­մար պայ­մա՛ն է՝ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, հօր եւ որ­դիի մտեր­մու­թիւ­նը։ Եւ ե­թէ ձե­ւա­կա­նու­թիւն կը փնտռուի՝ այդ միայն կրնայ ըլ­լալ՝ ակ­նա­ծանք, յար­գանք ու մե­ծա­րանք ար­տա­յայ­տող կե­ցուածք, ո­րոնց մէջ պայ­մա՛ն է՝ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։ Այս ի­մաս­տով, շատ ան­գամ, ա­ղօթ­քը պարզ շա­ղակ­րա­տու­թիւն մըն է՝ ձանձ­րա­լի կրկնու­թիւն մը կա­ղա­պա­րուած բա­ռե­րու, ո­րոնց մէջ պա­րու­նա­կու­թիւն չկա՛յ, սնա­մէջ խօս­քեր միայն, սոսկ ձայն ու ծնծղայ։ Ա­ղօթ­քը, մինչ­դեռ ձայ­նէն ա­ւե­լի՛ն է։

Տես­նուած է, որ ո­մանք կ՚ա­ղօ­թեն՝ ինչ­պէս գա­ւաթ մը ջուր պի­տի խմէին, նո՛յն­քան ան­պատ­րաս­տու­թեամբ, ան­փոյթ ու ան­տար­բե­րու­թեամբ։ Թէ՛ վատ, ստո­րին եւ աղ­տոտ խոր­հուրդ­նե­րու եւ զգա­ցում­նե­րու ճա­հի­ճի մը մէջ թա­փա­ռիլ եւ թէ՛ նոյն ա­տեն Աս­տու­ծոյ ե­րե­սը տես­նել եւ զԱս­տուած վա­յե­լել, Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը ըմ­բոշխ­նել՝ ան­կա­րե­լի՛ է։ Մարդ եր­կու տէր չի կրնար ու­նե­նալ եւ եր­կու­քին չի կրնար ծա­ռա­յել։ Բա­րիի եւ չա­րի նկա­րա­գիր­ներն ալ չեն կրնար փո­խուիլ՝ չա­րը միշտ «չա՛ր» է եւ բա­րին ալ միշտ «բա­րի»։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ, թէ՝ իւ­րա­քան­չիւր անձ՝ իր նկա­րագ­րին հա­մե­մատ հա­ւատք մը, հա­ւա­տա­լիք մը ու­նի եւ ըստ իր նկա­րագ­րին կը շար­ժի եւ մար­դուս ամ­բողջ էու­թիւ­նը՝ մար­մին-հո­գի-միտք, ան­բա­ժան միու­թիւն մը կը կազ­մեն, ո­րուն կ՚ը­սենք. «մա՛րդ»։­

Եւ մեր այ­սօ­րուան քրիս­տո­նէու­թեան ընդ­հա­նուր եւ յատ­կան­շա­կան այ­լա­սե­րու­մը ա­սոր մէջ է, որ կ՚ու­զենք զԱս­տուած վա՛ր քա­շել եւ մեր կե­ցած մա­կար­դա­կին վրայ, մեր քո­վը բե­րել, եւ մե­զի հետ, մե­զի հա­ւա­սար կանգ­նեց­նել՝ փո­խա­նակ մենք վեր ել­լել ջա­նա­լու։ Այ­սօր եւ դժբախ­տա­բար, ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը այն է, որ «ա­ռանց վեր բարձ­րա­նա­լու» մեր հե­թա­նոս եւ հա­ւա­տա­լիք­նե­րու, ճշմար­տու­թիւն­նե­րու ան­տար­բեր կեան­քին մա­կար­դա­կէն՝ կ՚ու­զենք Աս­տու­ծոյ տե­սի­լը ու­նե­նալ, Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­յե­լել, զԱս­տուած ապ­րիլ եւ այս պայ­ման­նե­րու մէջ կ՚ու­զենք «քրիս­տո­նեայ» կո­չուիլ, «քրիս­տո­նեայ» ըլ­լալ։ Եւ ա­ւե­լի լա՛ւ է ը­սել՝ կ՚ու­զենք ա­ռանց քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ապ­րե­լու՝ քրիս­տո­նեայ ե­րե­ւիլ…։

Ա­նու­նով միայն քրիս­տո­նեայ ըլ­լալ, բայց քրիս­տո­նէու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն զերծ մնալ։

Այս կը նմա­նի ի­րա­ւունք­նե­րը վա­յե­լել, բայց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն եւ ա­նոնց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րէն խոյս տալ, պրծիլ։ Բայց կեան­քի մէջ չկայ ո­րե­ւէ վա­յե­լում ա­ռանց պար­տա­կա­նու­թեան, ա­ռանց պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան։ Ա­մէն ի­րա­ւունք ու­նի իր հա­մա­պա­տաս­խան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ ան­կա­րե­լին է որ կը փոր­ձենք, եւ տա­կա­ւին ո­րե­ւէ նշան չկայ, թէ կը զգանք ու կ՚ան­դար­դառ­նանք, թէ՝ ան­կա­րե­լին է որ կը փոր­ձենք…։

Երբ ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նուի մարդ, Աս­տուած եր­կին­քի ե­րե­սը իր բա­րի խոս­տում­նե­րուն ան­շարժ կնի­քը կը դնէ գու­նա­զարդ ա­ղե­ղով մը։ Ա­հա­ւա­սիկ, ծիա­ծանն է ան՝ նոր յոյ­սե­րու, նոր ծրա­գիր­նե­րու, նոր կեան­քի հա­ւաս­տիքն է։

Ծիա­ծա­նը, Աս­տու­ծոյ՝ մար­դոց հետ կնքած ուխ­տին կնի՛քն է. «Եւ ա­ղե­ղը ամ­պին մէջ պի­տի ըլ­լայ, ու ա­նոր պի­տի նա­յիմ եւ յա­ւի­տե­նա­կան ուխ­տը յի­շեմ»։­

Աս­տուած եր­բեք չի մոռ­նար իր ուխ­տը, քա­նի որ Աս­տուած հա­ւա­տա­րիմ է, իսկ մոռ­ցո­ղը մար­դիկ են, քա­նի որ այն­քան հա­ւա­տա­րիմ չեն ի­րենց հա­ւա­տա­րիմ Աս­տու­ծոյ։ Մար­դիկ շուտ կը մոռ­նան եւ այդ մո­ռա­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը…։

Բայց հար­ցը սա է. մար­դիկ ա­պե­րախտ ե՞ն քա­նի որ մո­ռաց­կոտ են, թէ՝ մո­ռաց­կոտ են, ո­րով­հե­տեւ ա­պե­րախտ են։ Ի՞նչ կը խոր­հիք, ես չկրցի ո­րո­շում մը տալ այս մա­սին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 20, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016