ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ՝ Ե. ԴԱՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴՈՂ ԴԱՐԵՐՈՒՆ
Բարձրագոյն դպրոցները, ինչպէս նախապէս յիշուած է, վանքերու մէջ կեդրոնացած էին։ Վանական դպրոցներու մէջ նախնաբար կը շարունակուէր Սուրբ Գրքի ուսուցումը՝ մեկնութեամբ եւ Սուրբ Հայրերու գրութիւններու ընթերցմունքը։ Կը տրուէր նաեւ յունարէն լեզուի ուսմունք։ Այսպէս էր նաեւ ուսման ուղղութիւնը Զ. դարուն յունաց եւ ասորիներու մէջ՝ որոնց մտաւորական շարժումը միշտ ուշադրութեամբ կը հետեւուէր հայոց մէջ։
Է. դարու սկիզբներուն հայ դպրոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ միաբնակ ասորիներու մօտ, սկսած էր Արիստոտէլի փիլիսոփայութեան ուսուցումը, եւ ասոր հետ հռետորութեամբ (art oratoire) եւ քերթողութեան ուսուցումը։ Այս շրջանին՝ հայոց մէջ բազմացած է հռետոր եւ քերթող վարդապետներու թիւը։ Ուստի, հռետորութեան եւ քերթողութեան ուսուցման հետ՝ յունաց հետեւողութեամբ հայ լեզուի մէջ եւս կերպարանափոխութիւն կը մտնէ եւ դէպի բառակոյտ սէր, պատկերաւոր դարձուածներու խտացում, երկար եւ բարդ բառերու գործածութիւն եւ այլն։
Արիստոտէլի փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեամբ, որ հաւանաբար կատարուեցաւ Է. դարու առաջին մասին. բառացի եւ ստրկական թարգմանութիւնը ցոյց կու տայ, որ Դաւիթ փիլիսոփայ թարգմանիչին եւս Արիստոտէլի մտածողութիւնը տակաւին պարզ եւ բացայայտ չէր՝ որով եւ թարգմանութիւնը հայեցի չեղաւ։ Հռետորութեան դասագիրքը դարձաւ Մովսէս քերթողի «Պիտոյից գիրք»ը։ Ուստի եւ իսկապէս յունաց դպրոցներուն մէջ գործածուող աշխատութեան փոխադրութիւնն է. այլ եւ այլ հեղինակներէ եւս յաւելումներ առած։ Հռետորութեան հետ սերտ կապուած էր նաեւ «Առակախօսութիւն»ը եւ այդ Է. դարու ժամանակաշրջանին մէջ թարգմանուեցաւ Ողիմպեանի առարկները. Եզովբեանի մշակումը։
Միւս գիտութիւնը՝ որ Է. դարու մէջ հայ դպրոցներու մէջ մտաւ, որ է քերականութիւնը։
Թէ Ե. դարու առաջին հայ ըարգմանիչները քերականութիւն կազմեցի՞ն, թէ ո՛չ. հաստատապէս կարելի չէ ըսել։
Է. դարուն այդ գիտութեան առաջին հեղինակը կը հանդիսանայ կրկին Մովսէս քերթողը, որ գրեց «Բան իմաստութեան երգողական տառից եւ Մեկնութիւն քերականի»։ Վերջին աշխատութիւնը Դիոնէսիոս Թրակացիի յոյն լեզուի քերականութեան թարգմանութիւնը եւ մեկնութիւնն է։ Այս քերականութիւնը իսկապէս հիմք դրաւ հայ լեզուի հելլէնացման։ Նոյն քերականութիւնը Զ. դարու կէսին առաջնորդ դարձաւ նաեւ ասորական լեզուի քերականութեան։
Է. դարու երկրորդ կէսին մուտք կը գործեն նաեւ հայ դպրոցներու մէջ թուաբանութիւն եւ աստղաբաշխութիւն՝ Անանիա Շիրակացիի ձեռքով։ Ան գրած է այդ գիտութիւններու վերաբերեալ գրութիւններ։ Ան գրած է նաեւ հայերէն լեզուով առաջին աշխարհագրութիւնը՝ Խորենացիի վերագրուած։ Վերջապէս կարեւոր գիտութիւն էր նաեւ երաժշտութիւնը եւ ընտիր, ճարտար երաժիշտներ կը կոչուէին «փիլիսոփայ»։
Ահա այս գիտութիւնները երկար դարերու ընթացքին աւանդուեցան հայ դպրոցներու մէջ, մա՛նաւանդ՝ քերականութիւնը եւ փիլիսոփայութիւը, որ Արիստոտէլի վարդապետութեան մեկնութիւնն էր։ Իսկ կենդանաբանական եւ բուսաբանական գիտութիւններու աղբիւր կը կազմէին Բարսեղի «Վեցօրեայք»ը եւ Բարուսխօսը՝ որ թարգմանուած է կը կարծուի Զ.-Է. դարերուն, եւ որ առակախօսութեան առատ աղբիւր կը կազմէր։
Արդարեւ, վերոյիշեալ գիտութիւնները միմիայն եկեղեցականներու-հոգեւորականներու զբաղմունքն էին։ Բայց արաբներու ազդեցութեամբ Թ. դարուն բժշկութիւնն ալ հայ գրականութեան մէջ մուտք կը գտնէ, եւ առաջին աշխարհական բժիշկ կը հանդիսանայ Յովհաննէս (870-880) թուականներուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 29, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024