ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Է.)

ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Պսակուելէ առաջ երիտասարդներուն մօտ կը տեսնենք խանդավառութիւն եւ պատրաստութեան լուրջ ընթացք մը, սակայն անոնք յաճախ կ՚անգիտանան, որ պսակադրութիւնը ֆիզիքական ու նիւթական պատրաստուածութենէ աւելի՝ կարեւոր հոգեկան պատրաստութիւն մը կը պահանջէ:

Ֆիզիքական ու նիւթական պատրաստութիւնները սահմանուած օրերու համար են միայն՝ մինչ ամուսնութիւնը Աստուծոյ օրհնութեամբ դէպի յաւիտենականութիւն ճամբայ մըն է։ Հետեւաբար, ժամանակաւոր պատրաստութիւններէն աւելի պէտք է հոգեպէս լաւ պատրաստուիլ։ Այդ հոգեկան պատրաստութիւնը կը ներառէ՝ պատրաստութիւն ամէն տեսակ դժուարութիւններու, ուրախութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ գուցէ այդ մէկը աւելիով շեշտելու համար Հայ Առաքելական Եկեղեցին նախքան ամուսնութիւնը որոշ դասընթացքներ կը կատարէ՝ պսակադրուելիք զոյգերուն մէջ արթնցնելու համար այդ պատրաստութեան գիտակցութիւնը։ Արդարեւ, այդ գիտակցութեան պակասը մեծ մասամբ դժբախտ ընտանիքի մը հիմքերը կազմելու պատճառ կը դառնայ:

Պէտք է ընդունիլ, թէ որքան ալ դուրսէն պարզ ու դիւրին թուի ըլլալ ամուսնական կեանքը, իրականութեան մէջ կը պահանջէ շատ մը զոհողութիւններ ու անձին կու տայ որոշ պարտաւորութիւններ եւ հոգեպէս պատրաստուիլը կը խրախուսէ անհատը՝ քննելու իր ուժերը, նկատի ունենալու իր թոյլ կողմերն եւ անծանօթ այդ պարտաւորութիւններուն տակ մտնելէ առաջ լաւ պատրաստուած ըլլայ, որպէսզի ապագային լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման չմնայ:

Կամեցողութիւնն ու փափաքը երբեք պէտք չէ շփոթել հոգեպէս պատրաստ ըլլալուն հետ, որովհետեւ այդ կամեցողութիւնն ու փափաքը կրնան շատ անգամ երազային ակնկալիքներու վրայ հիմնուած ըլլալ։ Սա պարզապէս ժամանակաւոր ուրախութիւն կրնայ պատճառել, որովհետեւ միջոց մը ետք այդ երազային ամպերը կը փոխարինուին կեանքի դժուարին պահերով, որոնց դիմաց հոգեպէս պատրաստ չըլլալը կրնայ լուրջ խնդիր ստեղծել ընտանեկան անդորրին մէջ: Հոգեպէս պատրաստուիլը կը զինէ զոյգերը, որպէսզի միասնաբար գիտակցին կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն։ Այստեղ պէտք է յիշել, որ հոգեպէս պատրաստութիւնը թէեւ անհատական է, սակայն պսակուելու պատրաստուող անհատները պէտք է ապրին այդ հաւասարութիւնը, որովհետեւ եթէ այդ մէկը միայն ամուսնացողներէն մէկուն մօտ ըլլայ, ապա յառաջիկային լուրջ խնդիրներ անխուսափելի կ՚ըլլան:

Հոգեպէս պատրաստութեան կարեւոր շրջանը կը ներառէ նաեւ սեփական ակնկալութիւններու ու նպատակներու քննարկումը: Պատրաստութեան այս ժամանակաշրջանին պէտք է լրջօրէն մտածել ապագայի հանդէպ պատկերացումներու մասին՝ թէ՛ որպէս անհատ եւ թէ որպէս զոյգ: Պատրաստութեան այս շրջանին վերջնականապէս պէտք է վերաքննութեան ենթարկել երազները, արժէքները, ձգտումներն ու համոզումները, որովհետեւ երազային թմրութեան տակ յաճախ կը մոռնանք այդ բոլորը եւ իւրաքանչիւրս գիտենք, որ պէտք է ըլլանք իրապաշտ ու իրատես:

Պատրաստութեան այս ժամանակաշրջանը վերջնական հանգրուանն է՝ «ի՞նչ է ամուսնութիւնը» հարցման պատասխանը ստանալու համար։ Ամուսնութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնաք, ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք այդ կեանքէն եւ իսկապէս պատրա՞ստ էք ամուսնութեան բերած պարտաւորութիւնները կրելու։ Իրենց ընտանիքներու պարտադրանքով պսակուող երիտասարդներ յաճախ հեռու կ՚ըլլան հոգեկան պատրաստութեան այս ընթացքէն՝ մանաւանդ եթէ իրենց ծնողական տան մէջ հանգիստ ու դիւրակեաց կեանք մը ապրած ըլլան:

Ինչպէս գիտէք, շէնքը մէկ սիւնի վրայ հիմնուած չ՚ըլլար եւ եթէ ամուսնութեան պարագային սիւներէն մին սէրն է, ապա երկրորդը հոգեպէս պատրաստ ըլլալու շրջանն է, որովհետեւ այդ պատրաստութեան ո՛չ թէ քանի մը օր, այլ ամբողջ կեանք մը պէտք է։

Մարդ արարածը որոշում մը առնելու համար պահ մը կը մտածէ։ Իսկ որքա՞ն պէտք է մտածել ամուսնական կեանքի շեմին։ Հոգեպէս պատրաստութեան այս շրջանը ամենայարմար պահն է շատ աւելի համարձակօրէն արտայայտելու միտքեր, զգացումներ ու մտահոգութիւններ՝ քան նախորդ շրջանները։ Այս իսկ պատճառով անձը նախ ինքնիրեն, ապա իր ապագայ կողակցին հետ պէտք է լրջօրէն խորհրդածէ:

Կը կարծենք, թէ այս բոլորը անցեալին աւելի արժէք ունէր՝ քան այսօր, որովհետեւ համաշխարհայնացած աշխարհը, ցաւ ի սիրտ, յաջողեցաւ երիտասարդները համոզել, թէ պսակադրութիւնը այնքան ալ լուրջ բան մը չէ՝ որքան նախկինները կը կարծեն։ Աշխարհ յաջողեցաւ թէ՛ ամուսնութեան եւ թէ՛ ամուսնալուծութեան վերագրել «սովորական» բնոյթ։ Բարեբախտաբար, մեզի նման հին գլուխ արեւելքցիներու մօտ տակաւին գոյութիւն ունի ընտանիք կազմելու եւ պսակուելու կարեւորութեան գիտակցութիւնը, սակայն լաւ կը հասկնանք, որ համաշխարհայնացեալ այս աշխարհը պիտի յաջողի այդ մէկը եւս խլել մեզմէ:

Խրիմեան Հայրիկ աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէր, որ ամուսնալուծութիւններու հիմնական պատճառներէն մին անգրագիտութիւնն ու ուսման պակասն է։ Դժբախտաբար, սխա՛լ է Հայրիկ, մարդիկ որքան ուսում ստացան, աւելիով սկսան կործանել ամուսնական կեանքը։ Անցեալին երկու գիւղացի՝ հեռու ամէն տեսակ ուսումէ ու գիտութենէ, օրինակելի ընտանիք մը կը կազմէին։ Անոնց ըրածը այսօր չեն կրնար յաջողիլ ամենէն բարձր համալսարանները աւարտած անձեր…

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ճի՞շդ է մանուկին ձեռքը հեռաձայն տալը:

Պատասխան.- Մանուկին ձեռքը հեռաձայն տալը կրնայ ունենալ թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական կողմեր: Դրական կողմը այն է, որ հեռաձայնները կրնան անոր դիմաց բանալ կրթական ծրագրեր, խաղեր, պատկերներ ու ձայներ, որոնք կրնան օգնել անոր զարգացման: Սակայն փոքր տարիքէն հեռաձայնի վարժեցնելը կրնայ խանգարել ընկերային ապագայ կեանքը, ինչպէս նաեւ մարմնական, մանկական եռանդը:

Եթէ որոշած էք ձեր մանուկներուն ձեռքը հեռաձայն տալ, ապա կարեւոր է ծնողքի վերահսկողութիւնը։ Հսկեցէք եւ ընտրեցէք անոնց յարմար ու պատշաճ բովանդակութիւն մը եւ հաւասարակշռեցէք իր առօրեան, որպէսզի անոր գերին չդառնան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2023