ՈՐԴԻՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐ
Օր մը հայր մը իր տղուն հետ ձուկ որսալու կ՚երթայ եւ որովհետեւ չեն կրնար ձուկ որսալ, հայրը կ՚ըսէ. «Մեր օրը ապարդիւն անցաւ. ժամանակ վատնեցինք»։ Մինչդեռ որդին. «Կեանքիս ամենէն ուրախ օրն էր, երբ հօրս հետ ձուկ որսալու գացինք», կ՚ըսէ։ Դէպքը նոյնն էր, բայց հօր եւ տղուն տպաւորութիւնները բոլորովին հակադիր էին։ Մին դժգոհ, միւսը՝ գո՛հ։ Ուրեմն, դէպքը տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած էր…
Աստուած ալ կ՚ուզէ մեզի հետ ժամանակ անցընել եւ կ՚ուզէ, որ մենք ալ Իրեն հետ ժամանակ անցընենք։
Աստուած մեզի հետ ժամանակ կ՚անցընէ Իր խօսքով՝ երբ մենք Իր Խօսքը կը կարդանք։ Ան մեզի հետ ժամանակ կ՚անցընէ, երբ Իրեն հետ կը հաղորդակցինք, այսինքն, երբ Իրեն կ՚աղօթենք՝ մենք Իրեն հետ ժամանակ կ՚անցընենք։ Աստուծոյ փափաքին՝ մարդուն պատասխանն է հաւատքով եւ ամենայն վստահութեամբ աղօթելը։
Ուստի, հայր մը պէտք է օրինակ ըլլայ իր զաւակներուն։ Հայրեր իրենց զաւակներուն հերոսներն են։ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Իր անարատութեան եւ արդարութեան մէջ քալողը արդար է, ուստի անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան». (ԱՌԱԿ. Ի 7)։ Իսկ ուրիշ համարի մը մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են». (ԱՌԱԿ. ԺԷ 6)։ Եւ կեանքի փորձառութիւնն ալ մեզի ցոյց կու տայ, թէ իրապէ՛ս հայրերը իրենց զաւակներուն պարծանքը եղած են։
Բայց որդիներ, ընդհանրապէս, ժամանակի մէջ կրնան իրենց հօրը նայիլ տարբեր տեսանկիւններէ եւ անոնց նկատմամբ տարբեր դատողութիւններ ունենալ։
Բոլորիս ծանօթ է հետեւեալ գրութիւնը՝ որ Ann Landers շարադրած եւ ներկայացուցած է։
«Երբ 4 տարեկան էի՝ հայրիկս ամէն բան կրնար ընել,
5 տարեկան էի՝ հայրս ամէն բան գիտէր,
6 տարեկան էի՝ հայրիկս քու հայրիկէդ խելացի է,
8 տարեկան էի՝ իրականին մէջ հայրիկս ամէն բան չի գիտեր,
10 տարեկան էի՝ անցեալին, երբ հայրիկս իմ տարիքս էր՝ ամէն բան տարբեր էր,
12 տարեկան էի՝ հայրս չի գիտեր, մոռցած է իր մանկութիւնը,
14 տարեկան էի՝ կարեւորութիւն մի՛ տար՝ հայրս «հին գլուխ» է,
21 տարեկան էի՝ հայրս ներկայ իրադարձութիւններէն լուր չունի,
25 տարեկան էի՝ հայրիկս գիտէ, որովհետեւ մինչեւ այսօր ապրեր է,
30 տարեկան էի՝ հայրիկիս հարցնենք, ան փորձառու է,
35 տարեկան էի՝ առանց հայրիկիս հարցնելու որոշում չեմ ուզեր առնել,
40 տարեկան էի՝ արդեօք հայրիկս ի՞նչ պիտի ըսէր, ան որչա՜փ իմաստուն է,
50 տարեկան էի՝ երանի՜ հայրս ողջ ըլլար, որպէսզի իրմէ խորհուրդ առնէի։ Որչա՜փ շատ կրնայի իր փորձառութենէն օգտուիլ երբ ողջ էր»։
Can Yücel-ի (1926-1999) տողերը թարգման կ՚ըլլան մեր զգացումներուն, երբ կ՚ըսէ. «Կեանքիս մէջ ես ամենէն շատ հայրս սիրեցի…»։
Այո՛, որդիներ իրենց հայրերը շա՜տ կը սիրեն, որովհետեւ անոնք արժանի՛ են այդ սիրոյն։ Եւ այս տրուպ գրիչն ալ շա՜տ բան կը պարտի իր հօր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024