ԶՈՒԱՐԹԵՐԵՍ ԸԼԼԱԼ
Ուրախութիւնը տեսակ մը «յանցանք» կը նկատուէր հին ըմբռնումով, եւ լրջութեան կարեւորագոյն նշանը կը համարուէր տխուր, յաւիտենական լալկանի դիմագիծ մը՝ որուն վրայէն հով մը չ՚անցնիր երբեք, կարծուելով թէ կեանքի մէջ յաջողելու, յարգ ու պատիւ վայելելու համար անհրաժեշտ է այդ անբնական դիմագծութիւնը։ Եւ այս համոզումով, յաջողութիւնը եւ յարգելի ըլլալը այն ատեն ապահովուած ըլլալ կը համար-ւէր, երբ ամէն մարդ համոզում գոյացնէր, թէ «խնդալու պէս պարապ բաներու» կարեւորութիւն չէ տրուած երբեք։
Այս սկզբունքները՝ որոնք աւելի հին սերունդի պատկանողները մանաւանդ երկիւղածութեամբ կը յարգէին իրենց ընչեւորութիւնը ծածկելու եւ խօսակիցին վրայ ազդեցութիւն գործելու եւ զայն տպաւորելու համար, աւելի վերջ տեսնուեցաւ տխրունակ վիպագիրներու մօտ՝ բոլորովին արտասուքով եւ հառաչանքով լեցուն գործերու մէջ՝ զորս «քնարերգութիւն»ը, «Lyrisme»ը հնարած է։
Այսպէս, անցեալի մէջ եղած է շրջան մը՝ որ գրագէտի կամ բանաստեղծի համբաւը երբեք կատարեալ չէր համարուած, առանց «արիւն թքնելու» եւ թոքախտի աւելի կամ նուազ իրական արարողութեան մը «փողով եւ թմբուկով» աշխարհի ծանուցուելուն, առանց գունատուութեան պէտք էր պատէր «մռայլ» եւ «խոժոռ» երեսը եւ առանց անարիւնութեան նուաղկոտութեանը, որ անհրաժեշտ էր աչքերուն մէջ, մարդոց նկարագրին ազդած է այն «տխրութիւն»ը՝ որ կը յաւիտենականանայ անոնց բարքերուն մէջ, եւ զոր՝ անիմաստ ամչկոտութեան մը հետ ջամբած իբր կարեւոր ժառանգութիւն մը կը փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։
Եւ այսպէս միշտ «տխուր», խոժոռադէմ սերունդ մը կը կազմուի. «գլխուն զարնուած»ներու սերունդ մը՝ որ խնդալու կը խպնի, եւ որուն ամօթխածութիւնը արդէն բաւական պատճառ մըն է կեանքի պայքարին մէջ որեւէ ձեռներէցութիւն չունենալու, համարձակութենէ զրկուած մնալու։
Ասիկս կրթութեան կարեւոր պակաս մըն է, որ բարեբախտաբար հետզհետէ կը սըր-բագրուի։
Անշուշտ երբ կ՚ըսենք համարձակութիւն, ասիկա պէտք չէ շփոթել յանդգնութեան հետ, չափ եւ կշիռէ դուրս շարժելու, քաղաքակրթութեան սահմանները անտեսելու, քաղաքավարական սկզբունքներու հակառակ վարուելու հետ։ Չափաւորութիւնը կը պահանջէ հպատակիլ կարգ մը աւանդութիւններու, սովորութիւններու, որոնք կը հաւասարակշռեն ընկերային յարաբերութիւնները, նաեւ ընտանեկան կեանքը։
Այստեղ հարցը կու գայ ազատութեան։
Ազատութիւնը մարդուս բնական մէկ իրաւո՛ւնքն է։
Ազատութիւնն ալ որպէս իրաւունք, ամէն իրաւունքի պէս եթէ իր սահմաններուն մէջ, որոշ չափով գործածուի, արժէք մը կը ստանայ եւ արդար կ՚ըլլայ։
Ուրախութիւնը, անշուշտ մարդս զուարթադէմ կ՚ընէ։
Ուրախութիւնը Սուրբ Հոգիին մէկ զօրութիւնն է, եւ Հոգիին այս զօրութեամբ է որ Աստուծոյ որդիները պիտի կարենան պըտ-ղաբերել։ Ան որ մեզ պատուաստեց ճշմարիտ Որթին վրայ, մեզ կարող պիտի դարձնէ բերելու «Հոգիին պտուղը», որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներուն վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ Արդարեւ այն որ ունի «Հոգիին պտուղը», ան միշտ զուարթադէմ է, քանի որ ուրա՛խ է։
«Հոգին մեր կեանքն է». որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26), այնքան աւելի Հոգիով կ՚ընթանանք եւ այնքան ատեն որ Հոգիով կ՚ընթանանք՝ ուրախ ենք եւ զուարթադէ՛մ։
Առաքեալը կ՚ըսէ.
«Իրեն հետ հաղորդութեամբ, Սուրբ Հոգին մեզ կ՚ընէ հոգեղէն, մեզ կը վերահաստատէ դրախտին մէջ, կը վերադարձնէ երկինքիի Արքայութեան եւ որդեգրութեան, վստահութիւն կու տայ Հա՛յր կոչելու Աստուած, մասնակցելու Քրիստոսի շնորհքին, անուանուելու լոյսի որդի եւ յաւիտենական փառքին բաժին ունենալու». (ԳԱՂ. Ե 25)։
Եւ այս իսկ պատճառով՝ այն որ հաղորդ է Սուրբ Հոգիին՝ անշուշտ ուրախ է եւ զուարթերե՛ս։
Արդարեւ, Սուրբ Հոգիին պտուղները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։
Երկինքի փառքին մէջ, երանելիները կը շարունակեն ուրախութեամբ կատարել Աստուծոյ կամքը՝ միւս մարդոց եւ ամբողջ արարչութեան նկատմամբ։ Անոնք ուրախ են եւ զուրաթերես, քանի որ այլեւս կը թագաւորեն Քրիստոսի հետ. Անոր հետ «անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս յաւիտենից». (ՅԱՅՏ. ԻԲ 5)։
Եւ անոնք որ կը վախճանին շնորհքին եւ Աստուծոյ բարեկամութեան եւ մտերմութեան մէջ առանց կատարեալ կերպով մաքրուած ըլլալու, անոնք թէպէտ ապահոված են իրենց յաւիտենական փրկութիւնը, սակայն իրենց մահէն ետք մաքրազտումի տառապանքը պիտի կրեն, որպէսզի ընդունին երկինքի ուրախութիւնը մտնելու անհրժեշտ սրբութիւնը։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ.
«Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։
Մարդը կրնայ մոռնալ Աստուած կամ մերժել զԱյն, սակայն Աստուած երբեք չի դադրիր կոչելէ մարդը՝ որ որոնէ զԻնք եւ ապրի ուրախութեան մէջ եւ երջանկութիւնը գըտ-նէ։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը. անոր «ուղիղ սիրտ»ը եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց, որոնք իրեն Աստուած փնտռել կը սորվեցնեն։
Ահաւասիկ, այս կէտին անգամ մը եւս կ՚ուզենք յիշել եւ յիշեցնել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի խօսքը. «Ժպիտը հանդարտ խղճի եւ մաքուր սրտի մը արտայայտութի՛ւնն է»։
Զուարթերես անձը վստահութիւն ալ կը ներշնչէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 24, 2020, Իսթանպուլ