ԻՄԱՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ

Ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու՝ գլխա­ւոր, ա­մուր, կե­ցուածք մըն է՝ կա­յուն տրա­մադ­րու­թի՛ւն մը։ Ան սո­վո­րա­կան կա­տա­րե­լու­թիւն մը կ՚են­թադ­րէ, որ կը կա­նո­նա­ւո­րէ մար­դուս ա­րարք­նե­րը, կը կար­գա­ւո­րէ մարդ­կա­յին կիր­քե­րը եւ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ վար­քը ըստ բա­նա­կա­նու­թեան եւ հա­ւա­տա­լիք­նե­րու, ան­շեղ սկզբունք­նե­րու։

Այս բո­լո­րը կ՚ա­պա­հո­վեն ինք­նազս­պում, դիւ­րու­թիւն, կեան­քի դիւ­րա­տա­րու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն՝ բա­րո­յա­պէս բա­րի կեանք մը վա­րե­լու հա­մար։ Այս ի­մաս­տով ազ­նիւ եւ ար­ժա­նա­ւոր, ա­ռա­քի­նի մար­դը այն է՝ որ ա­զա­տօ­րէն կը հե­տամ­տի բա­րիին եւ կը գոր­ծէ բա­րին։

Բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը ստա­ցա­կան են եւ մարդ­կօ­րէն ձեռք ձգուած են։ Ա­նոնք բա­րո­յա­պէս բա­րի գոր­ծե­րուն պտուղ­ներն են եւ սեր­մե­րը. ա­նոնք մարդ­կա­յին ա­րա­րա­ծին բո­լոր զօ­րու­թիւն­նե­րը կը տրա­մադ­րեն հա­ղոր­դուե­լու «աս­տուա­ծա­յին սի­րոյն» հետ։

Ար­դա­րեւ պատ­մա­կան պայ­ման­նե­րուն մէջ, ուր ան կը գտնուի, մարդ ա­րա­րա­ծը կը զգայ բազ­մա­թիւ դժուա­րու­թիւն­ներ ճանչ­նա­լու Աս­տուած միա՛յն իր ի­մա­ցա­կա­նու­թեան լոյ­սով։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով, մարդ կա­րի­քը ու­նի լու­սա­ւո­րուե­լու մտա­պէս եւ հո­գե­պէս Աս­տու­ծոյ յայտ­նու­թեամբ, լու­սա­ւո­րուե­լու ո՛չ միայն այն ի­րե­րուն եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը գե­րա­զան­ցեն իր ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը, հա­պա նաեւ լու­սա­ւո­րուե­լու հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ճշմար­տու­թիւն­նե­րու մա­սին, ինչ­պէս ա­մէն բա­րո­յա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու նկատ­մամբ, ո­րոնք յին­քեանս ան­մատ­չե­լի չեն ի­մա­ցա­կա­նու­թեան, որ­պէս­զի այս ճշմար­տու­թիւն­նե­րը մարդ­կա­յին ցե­ղին ներ­կայ կա­ցու­թեան մէջ՝ կա­րե­նան բո­լո­րին կող­մէ ճանչ­ցուիլ ա­ռանց դժուա­րու­թեան, յստա­կօ­րէն՝ հաս­տատ ստու­գու­թեամբ եւ ա­ռանց սխա­լի խառ­նուր­դին, բա­ցա­յայտ կեր­պով, ա­ռանց տա­րա­կոյ­սի՛։

Ուս­տի ըն­դու­նուած ու­սու­ցու­մը այն է, որ մէկ եւ ճշմա­րիտ Աս­տուա­ծը, որ մեր Ա­րա­րիչն է եւ Տէ­րը, կա­րող է Իր գոր­ծե­րէն ճանչ­ցուիլ ստու­գու­թեամբ, շնոր­հիւ մարդ­կա­յին ի­մա­ցա­կա­նու­թեան բնա­կան լոյ­սին։

Եր­կու խորհր­դա­նի­շեր են՝ «Ամպ»ը եւ «Լոյս»ը Սուրբ Հո­գիին յայտ­նու­թիւն­նե­րէն։ Ար­դա­րեւ Հին Կտա­կա­րա­նի աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թիւն­նե­րէն սկսեալ՝ Ամ­պը, եր­բեմն մութ, եր­բեմն լու­սա­ւոր կը յայտ­նէ կեն­դա­նի եւ փրկչա­գործ Աս­տուա­ծը քօ­ղար­կե­լով Ա­նոր փառ­քին վե­րա­ցա­կա­նու­թիւ­նը։ Իսկ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ կեր­պով ցոյց կու տայ՝ թէ Աս­տուած «Լո՛յս» է։

Աս­տու­ծոյ եւ Քրիս­տո­սով բո­լոր ի­րա­րու միա­ցած­նե­րուն հետ ե­րա­նա­ւէտ հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դը կը գե­րա­զան­ցէ ա­մէն հաս­կա­ցո­ղու­թիւն եւ պատ­կե­րա­ցում։

Ար­դա­րեւ, Սուրբ Գիր­քը «Եր­կինք»ի մա­սին կը խօ­սի զա­նա­զան պատ­կեր­նե­րով. «կեանք», «խա­ղա­ղու­թիւն», «ար­քա­յու­թիւն», «հար­սա­նե­կան խնջոյք» եւ վեր­ջա­պէս «լո՛յս»։ Եր­կին­քը կը նկա­րագ­րուի նաեւ որ­պէս Հօր տուն, երկ­նա­յին Ե­րու­սա­ղէմ, դրախ։

Աս­տուած մար­դուն կը խօ­սի տե­սա­նե­լի ա­րար­չու­թեան ընդ­մէ­ջէն։ Նիւ­թա­կան-ֆի­զի­քա­կան տիե­զեր­քը մար­դուն ի­մա­ցա­կա­նու­թեան այն­պի­սի ձե­ւով կը ներ­կա­յա­նայ, որ մար­դը ա­նոր մէջ իր Ա­րար­չին հետ­քե­րը կար­դայ։

Լոյ­սը եւ խա­ւա­րը, հո­վը եւ հու­րը, ջու­րը եւ ցա­մա­քը, ծա­ռը եւ պտուղ­նե­րը կը խօ­սին Աս­տու­ծոյ մա­սին եւ միան­գա­մայն Ա­նոր մե­ծու­թիւ­նը եւ մեր­ձա­կա­յու­թիւ­նը կը խորհր­դան­շեն։ Եւ երբ «լոյս» կ՚ը­սենք, կը մտա­բե­րենք «սպի­տակ»ը, եւ սպի­տակ զգես­տը՝ որ կը խորհր­դան­շէ թէ՛ մկրտեա­լը՝ զգե­ցած Քրիս­տո­սը, թէ՛ Քրիս­տո­սի հետ յա­րու­թիւ­նը առ­նե­լը։

Ար­դա­րեւ, զատ­կա­կան մո­մէն վա­ռուած մո­մը, կը նշա­նա­կէ, թէ՝ Քրի­ստոս Իր լոյ­սով լու­սա­ւո­րեց ամ­բողջ աշ­խար­հը, ինչ­պէս նաեւ նո­րա­րա­դար­ձը։ Եւ այս ի­մաս­տով՝ մկրտեալ­ներ, Քրիս­տո­սով մրկտուած­ներ «աշ­խար­հի լո՛յսն են» (ՄԱՏԹ. Ե 14)։ Այս պատ­ճա­ռով, իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայ կո­չուած է աշ­խար­հի լոյ­սը ըլ­լա­լու եւ լու­սա­ւո­րե­լու աշ­խար­հը։

Ար­դա­րեւ, Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ յայտ­նուե­ցաւ Աս­տու­ծոյ ճշմար­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջո­վին, քա­նի որ Ի՛նքն է «աշ­խար­հի լոյ­սը», ինչ­պէս կը վկա­յէ Յով­հան­նէս. (ՅՈՎՀ. Ը 12)։ Եւ քա­նի որ Ինք Լոյս է եւ ճշմար­տու­թիւն, ա­պա ու­րեմն ո՛վ որ հա­ւա­տայ Ա­նոր, եր­բեք խա­ւա­րին մէջ չի մնար։ Լոյ­սին մէջ ե­ղո­ղը կը ճանչ­նայ ճշմար­տու­թիւ­նը, քա­նի որ լոյ­սը կը բա­ցա­յայ­տէ զայն։

Յի­սուս Քրիս­տո­սի լոյ­սը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի ճշմար­տու­թիւն բո­վան­դակ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։

Լոյս եւ ճշմար­տու­թիւն կը նշա­նա­կեն ուղ­ղամ­տու­թիւն, ինչ­պէս կը պա­տուի­րէ Ի՛նքն Յի­սուս Քրիս­տոս, երբ կ՚ը­սէ. «Ձեր խօս­քը թող ըլ­լայ. ա­յո՛ն ա­յո եւ ո՛­չը՝ ոչ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։­

Ար­դա­րեւ, հա­ւատ­քը ա­ներկ­բայ է, ա­ւե­լի ա­ներկ­բայ քան մարդ­կա­յին ա­մէն ճա­նա­չում, քա­նի որ ան կը հիմ­նուի «Աս­տու­ծոյ Ան­սուտ Խօսք»ին վրայ։ Ան­շուշտ, յայտ­նեալ ճշմար­տու­թիւն­նե­րը կրնան մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թեան մէջ, ա­նոնց առ­ջեւ մութ ե­րե­ւիլ, սա­կայն, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Յով­հան­նէս Հեն­րի­կոս Նիւ­ման, «աս­տուա­ծա­յին լոյ­սին տուած ա­ներկ­բա­յու­թիւ­նը՝ ստու­գու­թիւ­նը ա­ւե­լի մեծ եւ յստակ է քան բնա­կան բա­նա­կա­նու­թեան տուած լոյ­սը»։ Ուս­տի հա­ւատ­քը կ՚ո­րո­նէ հասկ­նալ՝ լոյ­սի մի­ջո­ցով եւ լոյ­սի օգ­նու­թեամբ։ Աս­տուած՝ Ինք ճշմար­տու­թիւն է, քա­նի որ «Աս­տուած լո՛յս է, Ա­նոր մէջ չկա՛յ եր­բեք խա­ւար» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։­

Իսկ Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան Խոր­հուր­դը քրիս­տո­նեայ հա­ւատ­քին եւ կեան­քին կեդ­րո­նա­կան խոր­հուրդն է։ Ան Խոր­հուրդն է նոյ­նինքն Աս­տու­ծոյ։ Ան է միւս բո­լոր խոր­հուրդ­նե­րուն հա­ւատ­քի աղ­բիւ­րը, լոյ­սը, որ կը լու­սա­ւո­րէ զա­նոնք։

Ար­դա­րեւ, Միա­ծին Որ­դին Աս­տու­ծոյ Հօր, Լո՛յս է Լոյ­սէն, Աս­տուած ճշմա­րիտ՝ ճշմա­րիտ Աս­տուծ­մէ։

Աս­տուած լո՛յս է, ու­րեմն Ան ե­րա­նե­լի՜ լոյս է, ո­րով յա­ւի­տե­նա­կան ե­րա­նու­թիւն է, քա­նի որ լոյ­սը ե­րա­նու­թիւն է։

Աս­տուած ան­շի­ջա­նե­լի լոյս է եւ կա­րող է փա­րա­տել ա­մէն խա­ւար։ Այ­լա­պէս Ան խա­ւա­րը չի ճանչ­նար, քա­նի որ Ան խա­ւա­րի հետ գործ չու­նի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­տեն լոյ­սը ստեղ­ծե­լով ան­ջա­տած է խա­ւա­րէն։ Այս պատ­ճա­ռով խա­ւա­րը դա­տա­պար­տուած է միշտ պար­տուե­լու լոյ­սէն եւ չքա­նա­լու։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ բա­նաս­տեղ­ծը՝ չկա՛յ խա­ւար, որ իր մէջ չպա­րու­նա­կէ լոյ­սի ցոլք մը, նշոյլ մը՝ որ ի վեր­ջոյ պի­տի յայտ­նուի եւ լու­սա­ւո­րէ ամ­բողջ խա­ւա­րը։ Ու­րեմն ո՛չ մէկ խա­ւար բո­լո­րո­վին մութ է եւ չկա՛յ բա­ցար­ձակ խա­ւար ե­թէ ոչ՝ մու­թով ժա­մա­նա­կի մը հա­մար քօ­ղար­կուած կամ ծած­կուած լոյս։

Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ. «Քու Խօսքդ լո՛յսն է իմ քայ­լե­րուս, ճրագն է իմ շա­ւի­ղիս» (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ/ՃԺԹ 105)։ Ուս­տի ըստ Սաղ­մո­սեր­գուին, Աս­տու­ծոյ Օ­րէն­քը լո՛յս է եւ կը լու­սա­ւո­րէ ա­մէն ու­ղի։

Խղճմտան­քին կազ­մա­ւո­րու­մին մէջ, Աս­տու­ծոյ Խօս­քը Ճա­նա­պար­հի լո՛յս է, հարկ է ի­ւաց­նել զայն հա­ւատ­քով եւ ա­ղօթ­քով եւ մա­նա­ւա՛նդ գոր­ծադ­րել զայն։ Ուս­տի պէտք է յա­ռա­ջա­նալ միշտ «Լոյս»ին մէջ, Լոյ­սին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, լու­սա­ւոր հո­գիով եւ լոյս-միտ­քով։ Քա­նի որ ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր խա­ւա­րը՝ մտքի եւ հո­գիի խա­ւա՛րն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 28, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017