ՈՒՆԵՑԱԾԸ ԵՒ ՏՐՈՒԱԾԸ
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ բարեկամներ։ Կարեւորը եւ կարեւորին արժէք տուողը՝ «ունեցած»ին քանակին վրա՞յ է, հապա՝ «տրուած»ին քանակին վրա՛յ։ Աւելի պարզ ըսենք. ո՞ր մէկը արժէք կը ներկայացնէ՝ որեւէ բան ունենա՞լ, թէ ունեցածը տալ՝ բաժնել ուրիշներու հետ։ Եւ եթէ «բարիք» ըսուածը ուրիշին օգտակար ըլլալ կը նշանակէ, ապա ուրեմն կարեւորը ո՛չ թէ ունենալ, այլ՝ տա՛լն է։ Եւ ճիշդ այս պատճառով է որ «տալը աւելի երջանկաբեր է, քան՝ առնելը, այսինքն՝ ունենալը»։ Եւ եթէ բարիքը կը ծնի սէրէն, ուրեմն սէրն ալ «տալ»ու մէջ է, զոհողութեան մէջ՝ առանց փոխադարձ բան մը սպասելու, այսինքն՝ առնելու, ունենալու, տիրանալու…։ Ուրեմն «տալը միշտ երջանկաբեր է» զոհելը եւ զոհուիլը՝ ազնուութի՛ւն։
Դուք մի նայիք, որ մարդիկ ընդհանրապէս ժամանակավրէպ կը նկատեն այսպիսի գաղափարներ՝ շահու, նիւթապաշտ այս աշխարհին վրայ։ Այս մասին ոմանք կ՚ըսեն, թէ ուրիշին համար զոհուիլ, զոհողութիւն ընել, առանց փոխադարձ բան մը սպասելու, տալ՝ առնուազն «միամտութիւն» է՝ եթէ ո՛չ անխելքութի՛ւն…։
Արդարեւ ամբողջ «արժէք»ներու եւ ամբողջ բարիքներու իսկական ակը բնութիւնն է։ Մարդ, ինք որեւէ արժէք չի՛ կրնար հնարել, չի կրնար ստեղծել. «արժէք»ը իր ծածուկ տեղին մէջ կը գտնէ եւ կը գործածէ միա՛յն, եւ այդքան…։
Աշխարհի վրայ՝ սկիզբէն մինչեւ արդիական արժէքները՝ որոնք գործածած ու օգտագործած է մարդ, եւ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ օգտագործել, բնութեան պարգեւներն են՝ մարդուն շնորհուած։ Մարդ իրեն տրուածն է միայն որ կը գործածէ եւ թերեւս կը ձեւափոխէ, բայց ըստ էութեան՝ բնութեան կողմէ տրուած արժէ՛քն է այն։
Պահ մը դիտենք մեր շուրջը սիրելի՜ բարեկամներ. ի՞նչ պիտի տեսնէք։ Զոր օրինակ, հողը, ջուրը, օդը եւ արդի ժամանակներու մէջ՝ շէնքեր, շոգի, ելեկտրականութիւն, ջերմուժ, հիւլէական տարրաբեկում, եւ այս բնական երեւոյթներու նման բազմաթիւ էութիւններ՝ որոնք բնութեան մէջ գտած է մարդ եւ ըսած է «գի՛ւտ»։ Ուստի «գիւտ» կը նշանակէ ծածուկ բան մը գտնել, այսինքն գոյութիւն ունեցած բայց չգիտցուած բան մը, արժէք մը մէջտեղ բերել, յայտնել, ներկայացնել։
Ուրեմն մարդ ոչինչէն բան մը, արժէք մը չի ստեղծեր, այլ արդէն գոյութիւն ունեցածը կը բացայայտէ։
Բնութեան արժէքները կ՚օգտագործէ մարդ նպատակի մը, եւ կամ բազմազան նպատակներու ծառայեցնելու համար։ Եւ այս կ՚ընէ հնարամտութեամբ։
Մարդ հնարամտութեամբ կը մասնակցի արժէքներու գործածութեան։ Մարդ, ուրեմն իր մտային կարողութեամբ եւ բանականութեամբ կեանքի կը վերածէ այն՝ ի՛նչ որ գաղտնի մնացած է բնութեան մէջ։
Ուստի ամէն «արժէք» իր ժամանակին եւ տեղին մէջ մե՛ծ է, կարեւոր է, անհրաժեշտ է, եւ ազդակ մը՝ մարդկային յառաջդիմութեան եւ զարգացման։
Արժէքը՝ «արժէք» է, զոր նոյն աղբիւրը կը հայթայթէ ամէնուրեք եւ ամէն ժամանակ, բաղդատաբար երբեմն տկար, իսկ հետզհետէ շատ աւելի զօրաւո՛ր։
Բնութեան արժէքները երբ միանան մարդուն բանականութեան հետ՝ գործակցին, որպէսզի զօրութեան մթերք մը կարենեն օգտագործել շինարար նպատակի մը համար, կը ստեղծուի հիանալի՜ խմբաւորում մը, միաւորում մը՝ որ կարող կ՚ըլլայ յաղթահարել, նուաճել ամէն դժուարութիւն եւ արգելք ու կնճռոտ խնդիր։
Եւ այս պարզութեան մէջ՝ պարզ միաւորման մէջ ո՜րքան խելք ու գեղեցկութիւն կայ. բնութեան արժէքը եւ մարդուն հմտութիւնը։
Հոս ո՞րն է տիրականը. բնութի՞ւնը թէ մարդը։
Արդարեւ կայ նաեւ թէ՛ բնութեան, թէ՛ մարդուն Ստեղծիչը՝ որ այս երկուքը բարեկամացուցեր եւ ներդաշնակեր է՝ միատեղ աստուածային մեծ ծրագիրը իրագործման ծառայեցնելու համար։
Ուստի ամբողջ տիեզերքը՝ բնութիւնը եւ մարդը Աստուծոյն է, ուրեմն ե՛ւ երկիրը եւ այն բոլոր արժէքները, ուժերը, զօրութիւնները որոնք բնութեան ծոցին մէջ պահուած կը մնան, եւ երկիր ու երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմեն ու կ՚երգեն։
Պահ մը խորհինք սիրելի՜ բարեկամներ. մարդո՞ւն կը վերաբերի այդ փառքը սեփականացնելու եւ սոնքալու ամբարտաւանօրէն, անպատկառօրէն, իբր թէ ինք եղած ըլլար «աստուած» մը…։ Ուրեմն ինչպէս ըսինք, կարեւորը ունենալը չէ՛, այլ ունեցածը կարենալ օգտագործել՝ թէ՛ իրեն, թէ՛ ուրիշներուն օգտին համար, այսինքն «տալ»ու ազնուութիւնը ունենալ, ինքզինք զոհելու աստիճան արիասիրտ ըլլալ եւ գիտնալ թէ՝ մարդ կոչուած է իրերօգնութեան։
Մարդուս համար ամենակարեւոր յատկութիւնն է՝ ինքնաճանաչութիւնը։ Ուրեմն մարդ երբ անդրադառնայ իր կոչումին, իր ստեղծման պատճառին ու նպատակին, ապրած կեանքին իմաստին, ահաւասիկ այն ժամանակ փաստ կու տայ, կ՚ապացուցանէ, թէ ինքզինք կը ճանչնայ, երբ զԱստուած կը ճանչնայ, եւ անոր փառքին առջեւ կը խոնարհի, որպէս ծառայ մը՝ իր տիրոջ առջեւ…։
Ապա ուրեմն կարեւորը ունենա՞լն է, թէ ունեցածը օգտագործելու պատրաստակամութիւնը։
Այն որ ունի, եւ չ՚օգտագործեր, այդ կը նշանակէ որ չունի՛։ Անգործ, չաշխատող որեւէ գործիք ո՛չինչ արժէք ունի, ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ երբ ան պահուած է։ Ուրեմն մարդուս ունեցածին քանակը եւ որակը որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ, մինչեւ որ ան չգործածուի, չօգտագործուի, աշխատութեան չվերածուի։ Կայուն, անգործ արժէքը «արժէք» չէ, բայց անոր «գործ»ը, արտադրութիւնը։
Պատճառը կարեւոր չէ. իրողութիւնն է կարեւորը։ Եւ իրողութիւնը ա՛յն է, որ ոմանք լման են, ոմանք կիսովի լեցուն, եւ կամ քիչ մը աւելի պակաս։
Բայց ըլլայ լման, ըլլայ կիսովի լեցուն, ըլլայ աւելի նուազ պարունակութիւնը միշտ նո՛յնն է։
Հոս կայ քանակի եւ որակի հարց մըն ալ, թէ ո՞րն է կարեւորը՝ քանա՞կը թէ որակը։ Այսինքն օգտակար բանի մը քանակը այդքան կարեւոր չէ, այլ որակը, այսինքն օգտակար ըլլալը կամ անօգուտ։ Ուրեմն մարդ եթէ բան մը ունի, ունեցածին քանակը՝ քիչ թէ շատ կարեւոր չէ, այլ անոր որակը՝ օգտակա՞ր թէ վնասակար։ Եթէ լաւ ու բարի նպատակով կը գործածուի, կը տրուի ուրիշներուն ծառայութեան, ապա ուրեմն ան լա՛ւ է՝ բարի եւ օգտակար, օգտագործելի։ Ուրեմն տալը միշտ որակաւոր, ազնիւ, առաքինի մարդու գործ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 22, 2016, Իսթանպուլ