ՈՎՔԵՐ ԷԻՆ ՄՈԳԵՐԸ
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան կապակցութեամբ Նոր կտակարանի մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Եւ ի ծնանելն Յիսուսի ի Բեթղեհէմ Հրէաստանի յաւուրս Հերովդի արքայի, ահա մոգք յարեւելից եկին յԵրուսաղէմ». ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին մոգեր եկան Երուսաղէմ գտնելու համար Տէրը. յատկանշականը այստեղ այն է, որ Մատթէոսի Աւետարանը, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր աւետարանիչները չեն յիշեր, թէ քանի՞ մոգեր եկան Յիսուսը գտնելու եւ երկրպագելու, սակայն անոնց ետին գտնուող «ք» յոգնակերտ մասնիկը ցոյց կու տայ անոնց մէկէ աւելի ըլլալը: Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ Աւետարանը յստակ թիւ չի յիշեր, մեր միտքերուն մէջ տպաւորուած է երեք թիւը: Եթէ Աւետարանը թիւ չի յիշեր, ուրկէ՞ այս երեքը. պատասխանը շատ պարզ է. որպէս նուէր եւ ընծայ կը յիշուի ոսկին, կնդրուկն ու զմուռսը եւ նուէրներու քանակը նկատի ունենալով կ՚ենթադրուի, թէ եղած են երեք մոգեր:
Սակայն միայն նուէրները երեք թիւը առաջ չեն բերեր. շատ մը աւանդութիւններ կը յիշեն նաեւ երեք անուններ. անոնցմէ ամենէն տարածուած տարբերակներն են Մելքոնը, Գասպարն ու Պաղտասարը, անշուշտ, նկատի ունենալով, որ այս անունները աւանդութիւնը կը յիշէ, որոշ վերապահութեամբ կը մօտենանք:
Առեղծուած մըն են մոգերը. շատեր անոնց թիւը երեք կարծելով կը հաւատան, որ եկած էին Պարսկաստանէն։ Կարդալով 6-րդ դարու հայրերու գործերը՝ կը տեսնենք անոնց «արաբ» ըլլալուն վերաբերեալ որոշ յիշատակումներ. այս կարծիքներն ու համոզումները ի յայտ կու գան, որովհետեւ Աւետարանիչը կը յիշէ, թէ մոգերը «Արեւելքէն» եկան եւ այս հաստատումը մտածել կու տայ, որ անոնք եղած ըլլալու են այդ երկիրներէն։ Պատմաբաններ կը հաւատան, որ մոգերը եթէ եկած ըլլային Միջագետքէն եւ կամ Բաբելոնէն, անպայմանօրէն Աւետարանիչը պիտի յիշէր այդ իրողութիւնը, սակայն «արեւելք»էն արտայայտութիւնը զանց կ՚ընէ այդ մէկը: Արաբական երկիրներէն եկած ըլլալ կը կարծուի նաեւ իրենց բերած նուէրներուն պատճառով, որովհետեւ յաճախ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ յիշուած կը տեսնենք արաբական ոսկին ու խունկը. Երգ Երգոցին մէջ ալ յիշուած է արաբական զմուռսը, սակայն, այս բոլորը վերջնական փաստեր չեն կրնար նկատուիլ, որովհետեւ արաբական երկիրները աշխարհագրականօրէն Պաղեստինին հարաւը կը գտնուին եւ ո՛չ արեւելքը. պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակշրջանին առեւտուրը զարգացած ըլլալով ոսկին, կնդրուկն ու զմուռսը կարելի է որեւէ տեղէ ձեռք բերել:
Հայկական, ինչպէս նաեւ ասորական աւանդութիւններ մոգերու թիւը ընդունած են որպէս 12։ Հռոմէական հին քանդակագործութիւններու մէջ մոգերը ներկայացած են որպէս երեք եւ յաճախ երկու. ուրիշ աւանդութիւններու մէջ կը յիշատակուի ութ թիւը. անոնց թիւերուն կողքին հրապարակի վրայ կան բազմաթիւ անուններ: Սակայն, հայկական աւանդութիւնը ունի այս բոլորէն աւելին. շատ մը հայկական աւանդութիւններու համաձայն կայ այն համոզումը, որ երեք մոգերը եղած են հայեր. այս վարկածը փաստող առաջին երեւոյթը անոնց անուններն են, որոնք հայկական են եւ մինչեւ օրս կը գործածուին հայ ժողովուրդին կողմէ. իսկ աւելին, շատեր կը հաւատան, որ մոգերու պատմութիւնը հայոց պատմութեան էջերէն վերցուած այլափոխուած նկարագրութիւնն է հայոց Տիրիթ թագաւորին Հռոմի Ներոն կայսրին կատարած այցելութեան:
Մոգերու կապակցութեամբ այլ խնդրայարոյց պարագայ մըն է «մոգ» արտայայտութիւնը, որ կը թարգմանուի որպէս կախարդ։ Աւանդութիւնը կը հաւատայ, որ անոնք զրադաշտականներ էին եւ աւելին՝ հոգեւոր պաշտօնեաներ. պէտք է յիշել նաեւ, որ մոգ կը կոչուէին բոլոր անոնք, որոնք կը զբաղէին բժշկութեամբ, գիտութեամբ եւ աստղագիտութեամբ: Այսօր Պարսկաստանի մէջ մարդիկ մինչեւ իսկ ցոյց կու տան մոգերու գերեզմանը: Անշուշտ, առեղծուածները այստեղ վերջ չի գտներ։ Կ՚ըսեն, որ իւրաքանչիւր մոգ երբ ներս մտած է Տիրոջ դիմաց երկրպագելու՝ Տէրը տեսած է տարբեր տարիքներու մէջ. նկատի ունենալով, որ յստակ յիշատակումներ չկան, աւանդութիւնը կու գայ բազմաթիւ տարբեր վարկածներ մեր դիմաց դնելու. օրինակի համար՝ շատեր կը հաւատան, որ մոգերը զրադաշտական ըլլալով գացին իրենց հաւատքին մէջ ապրելու, իսկ ուրիշ աւանդութիւններ կը յիշեն, որ մոգերը Թովմաս առաքեալի կողմէ մկրտուելով քրիստոնեայ դարձան. աւանդութիւն մը կայ, որ Հեղինէ թագուհին անոնց մասունքները իր հետ փոխադրած ըլլայ եւ տարած Միլան։ Մոգերու պատկանող մասունքներ կը գտնուին այսօր Գերմանիոյ Կուլոնի տաճարին մէջ:
Մոգերը աստուածաբանականօրէն ի՞նչ նշանակութիւն ունին, թող աստուածաբանները վերլուծեն, սակայն պարզ է, որ ժողովուրդը սիրած է անոնց պատմութիւնը։ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան ամենէն յատկանշական անձերն են մոգերը. նոյնիսկ հին արուեստը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ դարեր շարունակ մարդիկ փորձած են մոգերը նկարել, գրաւիչ ու յատկանշական գտնելով աւետարանի մի քանի տողերուն մէջ խտացած այդ մարդոց կերպարները:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մոգերը հայե՞ր են:
Պատասխան. Կայ որոշ տեսութիւն մը, որ կը հաւատայ, թէ մոգերը հայեր էին, որովհետեւ Հայաստան սերտօրէն կապուած էր Հին Պարսկաստանի եւ Բաբելոնի հետ եւ Հայաստան եւս յայտնի էր աստղագուշակներով ու զրադաշտական քահանաներով: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը՝ որպէս Արեւելք եւ Արեւմուտքի խաչմերուկ, կը հաստատեն հնարաւորութիւնը, որ մոգերը հայեր ըլլան: Սակայն գաղափարը կը մնայ ենթադրական, որովհետեւ Աստուածաշունչը չի նշեր մոգերուն ծագումաբանութիւնը, այլ պարզապէս անոնց «Արեւելքէն» ըլլալը կը յիշէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան