ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
Դար մը առաջ ապրող անգլիացի կին ընկերային ծառայող Էկլանթին Ճէպի (Eglantyne Jebb) ամենէն նշանաւոր խօսքերէն մէկն է հետեւեալը.- «Իւրաքանչիւր պատերազմ պատերազմ է երեխաներուն դէմ». մարդասէր կինը մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 1919 թուականին հիմնած է «Փրկենք մանուկները» անունով կազմակերպութիւնը, որուն առաքելութիւնն էր փրկել մանուկները պատերազմէն ու անոր յառաջացուցած վնասներէն. երկու տարիներ առաջ՝ 31 յուլիս 2020 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անդամ դարձաւ այս կազմակերպութեան:
Վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը իր առաքելութեան որպէս հիմնական կանոն կ՚ընդունի հետեւեալները.-
Ա.- Նուիրուածութիւն երեխաներու բարօրութեան եւ շահերուն:
Բ.- Կեանքի անվտանգութեան ապահովում:
Գ.- Զարգացման իրաւունք եւ գիտութեան ջամբում:
Դ.- Յարգանք մանուկի նկատմամբ:
Մանուկներու իրաւունքներու համար պայքարողները այս վերջին դարերուն չէ՛ որ յայտնուեցան. հազարամեակներ առաջ նոյնիսկ գոյութիւն ունէր մանուկներու իրաւունքի հարցը։ Հազարամեակներ առաջ Քրիստոս ի՛նք էր, որ ըսաւ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց» (Մատթէոս 19.14): Դարձեալ Քրիստոսն է ըսողը. «Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը...» (Մատթէոս 18.10):
Հակառակ այս բոլորին, հազարամեակներ ետք դարձեալ մանուկներ զոհ կը դառնան անոնց՝ որոնք իրենց անձնական շահերուն համար կ՚աւերեն քաղաքներ ու բնակելի տուներ, զոհ դարձնելով այն մանուկները, որոնք կեանքին եւ Աստուծոյ նկատմամբ ո՛չ մէկ մեղաւորութիւն ունին:
Երկու տարիներ առաջ համաշխարհային մամուլը տարածեց տեսագրութիւն մը, ուր սուրիացի հայր մը իր մանուկ աղջնակը կը համոզէ, թէ ռմբակոծումը ծիծաղելի երեւոյթ է եւ մանուկը անմեղօրէն հաւատալով հօր համոզիչ խօսքերուն, հեռուէն լսուող ռմբակոծումներուն դիմաց բարձրաձայն կը ծիծաղի: Հակառակ այն իրողութեան, որ համաշխարհային մամուլը կ՚անդրադառնայ այս դէպքին, տեսերիզը մեծ տարածում չի գտներ. աշխարհի մէջ ո՞վ պիտի հետաքրքրուէր սուրիացի մանուկի մը հոգեկան վիճակով: Վստահ եղէք, նման երեւոյթ մը պատահէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, աշխարհը ինչքա՜ն մտահոգ պիտի ըլլար այսօր այդ եւ իր նման բազմահազար մանուկներու, որոնց համար ռումբերու ձայները վախազդու ըլլալէ աւելի սովորական դարձած է այսօր:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 11 սեպտեմբեր 2001 թուականի երկու հսկայական շէնքերու պայթումէն ետք Ուաշինկթըն նահանգի բնակիչներուն մեծ մասը լրատուական տեղեկութիւններու համաձայն ունեցան հոգեկան խանգարումներ. բազմահազար մարդիկ դիմեցին հոգեբաններու եւ հոգեբոյժներու, որպէսզի կարենան յաղթահարել այն վախը, որ ապրեցան շէնքի մը պայթումէն:
Սուրիայի, Արցախի, Ուքրայնայի եւ գրեթէ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ ո՛չ թէ մէկ շէնքի, այլ քաղաքներու կործանման ու պայթումներուն մէջ կը շարունակեն ապրիլ բազմահազար մանուկներ, որոնք շատ աւելի հոգեկան խանգարումներ ունենալու իրաւունք ունին, քան անոնք՝ որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ պայթած շէնքերէն հարիւրաւոր քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կ՚ապրէին:
Երկու պետութիւններ իրարու դէմ պատերազմ կը մղեն՝ իրենց անձնական շահերէն առաջնորդուելով. այդ պատերազմներու ընթացքին բազմահարիւր մանուկներ զոհ կը դառնան. զոհ թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս. ժամանակ մը ետք այդ պետութիւնները դարձեալ իրար քով գալով, ժպիտներով ու պաշտօնական կեցուածքներով հաշտութեան դաշինք կը կնքեն ու կը շարունակեն գործել «բան մը չեղած»ի հոգեբանութեամբ: Այդ հաշտութենէն ետք ո՛չ մարմնապէս մահացած մանուկը կը կենդանանայ եւ ո՛չ ալ յաւիտեան կրնաս դուրս հանել այդ սեւ արհաւիրքը մանուկի ներաշխարհէն, որ ցմահ իր հետ կը տանի ամէ՛ն տեղ:
Աչքի առաջ ունենանք Արցախի պատերազմը. Աւելի քան 6000-7000 երիտասարդներ յանձնուեցան հողին. բազմաթի՜ւ մանուկներ ականատեսը եղան ա՛յն բոլորին, որ կը կոչուի բարբարոսութիւն:
Այսօր աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ հեռատեսիլէն արգիլուած է կռուի եւ կամ արեան պատկերներ ցուցադրել. արգիլուած է ցուցադրել ա՛յն արիւնը՝ որ կեղծ ներկէ մը բացի ուրիշ բան չէ: Պետութիւններ արհեստական արիւնը կը զգուշանան ցոյց տալէ, սակայն նոյնինքն այդ պետութիւնները արհեստականին փոխարէն իսկական արիւնը ցոյց կու տան. անոնց մանուկի աչքերուն դիմաց հազարաւորներ կը մահանան անմարդկային բոլոր ձեւերով:
Երանի՜ այնպէս ըլլար պատերազմները, որ նախագահներ ու պատգամաւորներ, իրենց ընտանիքներով դէմ առ դէմ կռուէին այլ պետութեան մը նախագահի եւ պատգամաւորներուն ընտանիքներուն դէմ եւ այդ սեղմ կռիւով որոշուէր յաղթանակ կողմը, որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրը անձամբ զգայ, թէ ի՛նչ ըսել է հարազատ զաւակ կորսնցնել, մանուկ մը զոհել՝ ի շահ անձնական հաշիւներու:
ԾԱՆՕԹ՝ Սուրիացի մանուկին անմեղ տեսերիզը կարելի է դիտել «YouTube»էն, գրելով.- «Syrian father teaches daughter to cope with bombs throught laughter» (Սուրիացի հայրը աղջկան կը սորվեցնէ ծիծաղի միջոցով դիմանալ ռումբերուն):
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԵԼԻՔ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ
(1893-1970)
Մեր թուականէն 129 տարիներ առաջ՝ 4 մարտ 1893-ին Մեղրիի շրջանի Կալեր Մելիքանիստ գիւղին մէջ ծնած է բանասէր, հայագէտ, արեւելագէտ եւ թարգմանիչ Կարապետ Մելիք Օհանջանեան:
Օհանջանեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Գանձակի մէջ եւ ապա մեկնած է Մոսկուա, ուսումը շարունակելու Լազարեան ճեմարանէն ներս: Աւարտելով ուսումը հետեւած է արեւելագիտական բաժինի մասնագիտական լսարաններու: Ընթացքին հայագէտ Կարապետ Կոստանեանի յանձնառութեամբ գրած է իր առաջին գիտական հետազօտութիւնը՝ «Մամիկոնեաններու նախարարական տոհմը ըստ Փաւստոս Բիւզանդի Հայոց Պատմութեան» նիւթով:
Օհանջանեան Լազարեան ճեմարանի խորհուրդի որոշումով ղրկուած է Գերմանիա Հնդկաստանի հին գրական լեզուն՝ սանսկրիտ սորվելու. 1915-1917 թուականներուն ազատ ունկնդիր եղած է Պերլինի համալսարանէն ներս:
Ուսումը աւարտելէ ետք բանասէրը վերադարձած է Հայրենիք եւ որոշ ժամանակ աշխատած է որպէս կարմիր բանակի մշակութային բաժինի վարիչ, ինչպէս նաեւ «Կարմիր Բանակ» թերթի խմբագիր: Ընթացքին Երեւանի համալսարաններէն ներս դասաւանդած է հայ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ գերմաներէն լեզու. 1921 թուականին գլխաւորած է Հայաստանի Գիտական կաճառը, Էջմիածինի մէջ, իսկ 1930-1937 թուականներուն եղած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի, մշակութային պատմութեան եւ գրականութեան հիմնարկներու գիտական քարտուղարը, միաժամանակ վարելով հայ հին գրականութեան եւ ժողովրդական բանահիւսութեան բաժիններու վարիչի պաշտօնը:
Օհանջանեան Խորհրդային Միութեան կողմէ ձերբակալուած է 1937 թուականին, կուսակցական գաղտնի կազմակերպութիւններու անդամ ըլլալու եւ զանոնք խորհրդային կարգերու դէմ ապստամբութեան մղելու մեղադրանքով. 1941 թուականին դատուելով դատապարտուած է հինգ տարուան ազատազրկման եւ աքսորի, սակայն երեք տարի ետք՝ 1944-ին Հայաստանի Գիտութեան ակադեմիայի նախագահ Յովսէփ Օրբէլիի միջնորդութեամբ ազատ արձակուած է:
Ազատ արձակուելէ ետք Օհանջանեան աշխատանքի ընդունուած է Գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառէն ներս որպէս աւագ գիտաշխատող. միաժամանակ շարունակած է իր ուսուցչութեան պաշտօնը ռուսական մանկավարժական կաճառէն ներս:
Օհանջանեան զբաղած է բանագիտութեամբ, հին հայ գրականութեամբ, հայ ժողովուրդի պատմութեամբ, արեւելագիտութեամբ, ինչպէս նաեւ գրական, գիտական բանահիւսութիւններով: Անոր յայտնի գործերէն են «Տիրան-Տրդատի վէպը ըստ Փաւստոս Բիւզանդի», «Ագաթանգեղոսի բանահիւսութեան աղբիւրներու շուրջ», «Միթրա-Միհրը «Սասնայ Ծռերու» մէջ» եւ այլ բազմաթիւ գիտական ու հետազօտական աշխատութիւններ: Բանասէրը հայագէտ, գրականագէտ ու լեզուաբան Մանուկ Աբեղեանի հետ միասին ձեռնարկած է «Սասնայ Ծռեր»ու հրատարակութեան աշխատանքը. գրի առած է «Սասնայ Ծռեր»ու ութ նոր պատումներ եւ ռուսերէնի թարգմանած է զանոնք։ Ռուսերէնի թարգմանած է նաեւ Մանուկ Աբեղեանի «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն» աշխատութիւնը:
Իր ուսումնասիրութիւններուն նիւթ եղած են Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի» աշխատութիւնը, Կիրակոս Գանձակեցիի «Հայոց պատմութիւն»ը եւ ուրիշ պատմական արժէք ներկայացնող երկասիրութիւններ:
Շնորհիւ իր աշխատանքներուն ու ծառայութիւններուն, 1935 թուականին Հայաստանի գիտական խորհուրդը Օհանջանեանին շնորհած է գիտազօտական հիմնարկներու անդամի, ինչպէս նաեւ տոքթորի կոչում. 1962 թուականին ստացած է Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումը:
Բանասէրը մահացած է 22 փետրուար 1970 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ