ԱՆՑԵԱԼԻ ԵՒ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Մերօրեայ մեծագոյն հարցերէն մէկը կրնայ նկատուիլ ծնողներու հեղինակութեան կորուստի դժբախտ երեւոյթը եւ ամէն ծնողք իր ձեւերով կը փորձէ վերականգնել այդ մէկը, շատ անգամ խստութեամբ, շատերու պարագային ծեծով, իսկ շատեր արդի մանկավարժութեան հնարքներով, սակայն բոլորով հանդերձ երեւոյթը կը մնայ նոյնը՝ սերունդ մը առանց սանձերու:

Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ այդ հեղինակութիւնը յաւիտենական է, մինչ աւելի զարգացած երկիրներ կը հաւատան, որ ծնողքը իր զաւակին հանդէպ պատասխանատուութիւն ունի մինչեւ զաւակին 18 տարեկանը:

Պէտք է գիտնալ, որ կայ դէպի անդունդ գացող անհոգութիւն մը. այսօր մենք կը բողոքենք նոր սերունդը եւ հինը աւելի յարգալիր ու ընդունելի կը նկատենք. աւելի հիները սակայն կը բողոքեն ու կը քննադատեն մեր ընդունելի նկատած հիները եւ այսպէս իւրաքանչիւր սերունդ կը քննադատէ զինք յաջորդող սերունդը՝ մինչեւ հասնելով անյայտ անցեալ մը: Օրինակ՝ «Հայ կին» հանդէսի  1 մարտ 1925-ի թիւին մէջ կը կարդանք.- «Ուրիշ հոգ մըն ալ օրուան տղոց սանձարձակ վիճակն է: Անոնք առանց նայելու իրենց տարիքին կամ խառնուածքին, ամէն տեղ են, իրենց հասակէն վեր գործերու մէջ, ինչ որ իրենց դաստիարակութեան եւ նկարագիրի կազմութեան կը վնասէ». ահաւասիկ 98 տարուան բողոք մը եւ վստահ ենք վերոյիշեալ բողոքարկուն ինչքա՜ն անհիմն պիտի նկատէր իր բողոքը, եթէ առիթը ունենար տեսած ըլլալու մերօրեայ սերունդը, որ ծննդեան իսկ օրէն սանձին ինչ ըլլալը չի գիտեր:

Անցեալին վախէն անդին կար երկիւղ ու յարգանք՝ ընտանիքի մեծերուն նկատմամբ. թէեւ գոյութիւն ունէին չար երեխաներ, սակայն կային որոշ սահմաններ. օրինակի համար, մեր սերունդին մէջ նոյնիսկ եթէ գոյութիւն ունենային դպրոցը չսիրողներ, անոնք չէին կրնար բարձրաձայնել, թէ կը հրաժարին դպրոց յաճախելէ, որովհետեւ այդ մէկը ծնողքի մը որոշումին ձգուած բան մըն էր եւ նոյնիսկ շատ անգամ հիւանդ վիճակին դպրոցէ չէինք կրնար բացակայիլ, մինչ մերօրեայ սերունդը ամենայն հանգստութեամբ եւ ազատութեամբ կրնայ արտայայտել իր մտածումները, պարտադրել իր որոշումները եւ ազատ ու անվախօրէն պատասխանել ու հակաճառել:

Այս փոփոխութիւննեուն մէջ բողոքարկող սերունդը մի՛շտ ալ կը գտնէ պատճառներ. օրինակի համար, 1925-ին բողոքարկող կին յօդուածագիրը այդ սանձարձակութեան մեղաւոր կը նկատէր «սինեմաներ»ը. մերօրեայ բողոքին մէկ այլ տարբերակը լսենք 98 տարի առաջ ապրողէ մը.- «Անոնք էքրանին վրայ կը տեսնեն բոլոր այն բաները, զորս պիտի չտեսնէին մինչեւ չափահաս ըլլալնին». նոյն բողոքը գոյութիւն ունի նաեւ այսօր. «անոնք համացանցի վրայ կը տեսնեն բոլոր այն բաները, զորս պիտի չտեսնէին...»:

Այս բոլորի կողքին սակայն հասակարաց այլ գիծ մըն ալ գոյութիւն ունի.- ծնողներ համակերպած են այս ճակատագրական չարիքին:

Բարեբախտաբար մեր մէջ տակաւին գոյութիւն ունի ծնողք-ընտանիք հասկացողութիւնը, որովհետեւ «զարգացած» երկիրներու մէջ վիճակը տարբեր է. ամերիկացի ծնող մը շատ դիւրութեամբ կրնայ իր 18 տարեկանը լրացուցած աղջկան կամ տղուն հրամայել դուրս գալ տունէն եւ կամ որպէս «արդար» իրաւունք պահանջել տան ծախսերու մասնակցութիւն եւ այլն. շատ չենք ուզեր քննադատել, որովհետեւ տարիներ ետք նոյն երեւոյթը կրնայ ըլլալ հաւանաբար մեր իրականութենէն ներս ալ գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ առանց սխալ կամ ճիշդ ըլլալը քննարկելու՝ սովոր ենք օտարինը ընթօրինակել, այն սխալ համոզումով, որ օտարը ի՛նչ որ ընէ՝ մեծ հաւանականութեամբ ճիշդ է:

Սակայն համոզուած եմ, որ համացանցէն կամ «սինեմա»էն աւելի մեղաւորը նոյնինքն ծնողներն են. մեր իրականութեան մէջ բազմաթիւ են այն հայրերը, որոնք իրենց զաւակներուն՝ մանաւանդ աղջիկ զաւակներուն դիմաց հայհոյանքներու սանձարձակ տեսականին կը գործածեն. զարմանալի բան չէ, որ մերօրեայ պատանին լաւապէս կը տիրապետէ այն բոլորին՝ որ իր տարիքին համապատասխան բան չէ:

Ի՞նչ պէտք է ընեն ծնողներ, կարենալ իշխանութիւն մը բանեցնելու համար. ծեծե՞ն, պոռան ու կանչե՞ն. շատեր աւելի «կրթուած» ըլլալով կը փորձեն մանկավարժական յօդուածներ կարդալ եւ անոնց առաջնորդութեամբ կրթել իրենց զաւակները: Մանկավարժութեան մեթոտներուն վրայ կասկած չունինք, սակայն ներկայ աշխարհը շա՜տ հեռու է այդ մեթոտներէն, որովհետեւ ամենէն «կրթուած» ընտանիքի զաւակը անգամ ենթակայ է կորսուելու, որովհետեւ դուն այսօր զաւակդ ինչքան ալ կրթես, դպրոցի մէջ պիտի շփուի այլ մանուկներու հետ՝ որոնք մեծաւ մասամբ կրթութենէ զրկուած են այսօր: Ամենէն կրթուած մանուկը անգամ շրջանակէ անջատ չըլլալու եւ իր ուրոյն տեղը ունենալու համար, այլապէս կը դառնայ շրջանակէ կտրուած: Ներկայ իրականութեան մէջ ինչ որ ցանես այն չես հնձեր, որովհետեւ մերօրեայ ընկերութիւնը ունի քու ցանածդ չարափոխելու ոչ-բարի սովորութիւնը, ուր հրեշտակը անգամ կրնայ դառնալ սատանայ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով, անհրաժեշտ կը նկատենք դպրոցներու մէջ եւ մանաւա՛նդ նախքան ամուսնութիւն զոյգեր հետեւին յատուկ մանկավարժական դասընթացքներու, որպէսզի կարենան առողջ ձեւով դաստիարակեն իրենց մանուկները, որովհետեւ այդ կրթութենէն կախեալ է անոնց յաջորդող սերունդներուն կրթութիւնը, որովհետեւ չկրթուած մանուկէ մը կրթուած սերունդ ակնկալելը պարզապէս յուսախաբութիւն է:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -184-

Ամուսնացած բարեկամներէս մին հեռաձայնեց օր մը եւ հրաւիրեց, որպէսզի երթամ իր մօտ թէյ խմելու: Կիրակի օր էր. ես ու բարեկամս կը խօսակցէինք, երբ կինը որոշեց եօթ տարեկան աղջկան յաջորդ օրուան դասերուն համար վերաքաղ մը ընել. աղջկան պատասխանը կտրուկ էր. «հաւես չունեմ...». մայրը սկսաւ փաղաքշական խօսքերով համոզել զաւակը, որպէսզի յաջորդ օրուան ընթերցանութիւնը անգամ մը եւս կարդայ. «հերի՛ք զզւցրիր» մը ըսաւ: Հայրը իմ ներկայութեանս համար «աղջիկս ամօթ է» ըսաւ, սակայն այդ ամօթը ո՛չ մէկ բան ըսաւ մանուկին համար. շարունակեց հեռախօսին մէջէն վիտէօներ դիտել...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 4, 2023