ՅԱԿՈԲ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԵՂԻԱԶԱՐԻ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆԸ
Նախապէս ըսինք, թէ Եղիազարի դէմ պայքարողներէն մէկն էր եւ Մարտիրոս Կաֆայեցի Վարդապետը՝ որ ամէն միջոց գործածեց Եղիազարը տապալելու համար։
Ի վերջոյ այս հարցին միջամտեց նաեւ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոս (1655-1680), որ 1665 թուականին այս պատճառով Պոլիս եկաւ։ Այստեղ համաձայնութիւն հաստատեց եւ 1667 թուականին վերադարձաւ Սուրբ Էջմիածին։ Բայց Եղիազար չյուսահատեցաւ, հակառակ համաձայնութեան, յամառեցաւ շարունակել իր վատ ընթացքը։ Ան շարունակեց կրկին իր իրաւունքը բանեցնել։ Մինչ Պոլսոյ պատրիարքական Աթոռն ալ, դժբախտաբար «խաղալիք» դարձաւ մի քանի անձերու ձեռքը, մինչեւ իսկ հացագոր Սարգիս անունով մէկը՝ քահանայանալով պատրիարք դարձաւ (Սարգիս Դ Էքմէքճի. 1679-1680)։ Եւ այս պայմաններն ու հանգամանքները նկատի առնելով՝ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոս 1679 թուականին, դարձեալ Պոլիս եկաւ եւ գործը խաղաղութեամբ վերջացնելու համար ան, Եղիազարը եւս Պոլիս հրաւիրեց։ Բայց եւ այնպէս չկարողացաւ խաղաղութիւն հաստատել։
1680 թուականին Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոս վախճանեցաւ, որուն շիրիմը կը գտնուի՝ Պէյօղլու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շրջափակը, որ դարձած է ուխտատեղի։ Իր մահուամբ Եղիազար Այնթապցին իր նպատակին հասաւ եւ ամենայն հայոց կաթողիկոս դարձաւ. (Եղիազար Ա Այնթապցի. 1681-1691)։ Մինչ այդ Երուսաղէմի եւ Պոլիսի պատրիարքական Աթոռներու խռովութիւնները դարձեալ կը շարունակուէին։
Պոլսոյ պատրիարքութիւնը իրարու ձեռքէ յափշտակեցին այլեւայլ անձեր, եւ նոյնիսկ աշխարհականներ պատրիարքական իշխանութիւնը վարեցին «տեղակալ» անունով։
Այս «իշխանասիրական խռովութիւններու ժամանակ կաթոլիկութեան քարոզութիւնն եւս մեծ յաջողութիւն ունեցաւ։ Մանաւա՛նդ 1689 թուականին եւ խռովութեան, զիրար անուանարկելու եւ հալածելու նոր առիթ մը ստեղծուեցաւ այս կարպով։ Ուստի, ըստ պատմութեան վկայութիւններուն՝ կաթոլիկ հայերը հալածելու սկիզբը դրաւ Ղափանցի Եփրեմ Վարդապետը, իր պատրիարքութեան առաջին եւ երկրորդ շրջաններուն։
Հոս հա՛րկ է նշել, որ Ղափանցի Եփրեմ երեք տարբեր շրջաններ պատրիարքական Աթոռ բարձրացած է. (1684-1686), (1694-1698) եւ (1701-1702)՝ Եփրեմ Ա Ղափանցի անունով։ Ան արդէն իր հալածանքները կ՚իրակացնէր երբ Աւետիք Վարդապետ փոխանորդ էր։
Եփրեմ Ղափանցիի հալածանքները մեծ շփոթ եւ խռովութիւն ստեղծեց, եւ շա՜տ կաթոլիկ ընտանիքներ արտաքսուեցան ու բանտարկուեցան այս պատճառով։
Եւ կրօնական այս խռովութիւններու ժամանակ հայ ժողովուրդի կողմէ Պոլիս կանչուեցաւ Երզնկացի Աւետիք Վարդապետը՝ որ նախ Եփրեմ Պատրիարքին փոխանորդ կարգուեցաւ եւ յետոյ՝ պատրիարք. (1701-1703)։
Աւետիք Ա Եւդոկիացի (1701-1703) եւ (1704-1706) արդէն յայտնի էր իր «հակակաթոլիկական» գործունէութեամբ, ան այս ժամանակաշրջանին Կարինի մէջ (Կարին=Էրզրում) քանդել տուած էր կաթոլիկներու եկեղեցին եւ հոգեւորականները քաղաքէն արտաքսած… եւ Պոլսոյ հայ ժողովուրդը, դժբախտաբա՛ր, ահա այսպիսի «պատրիարք» մը կ՚ուզէր…։
Ուստի Աւետիք Ա Եւդոկիացի (Եւդոկիա=Թոքատ) Պոլսոյ պատրիարքութեան հետ միանգամայն Թագաւորական հրամանով Երուսաղէմի պատրիարքական իշխանութիւնն ալ ստացաւ, որ 400 քսակ պարտքի տակ մնացած էր, եւ խստիւ հաշիւ կը պահանջուէր։ Աւետիք Պատրիարք իրեն փոխանորդ կարգեց նախ Յովհաննէս Վարդապետ Զմիւռնացին (Զմիւռնիա=Իզմիր) եւ յետոյ Մարտիրոս Վարդապետը։ Ան ամենայն համարձակութեամբ պատուիրեց հայոց եկեղեցիներուն մէջ հայ եկեղեցիի դաւանութիւնը քարոզել, Սուրբ Յակոբի վանքի հին հաշիւները քննել եւ անոր պարտքերը հատուցանե՛լ։
Այլ եւ «Թագաւորական ֆէրման»ով ան կամեցաւ Էջմիածին աքսորել Մատթէոս Սարը կոչուած Սսի կաթողիկոսը, որ կ՚աշխատէր թեմերը Սուրբ Էջմիածինէն բաժնել եւ Սսի հետ միացնել։
Մատթէոս Կաթողիկոս, որ կաթոլիկներու կողմը յարած էր՝ Պոլիս եկաւ եւ յետոյ Երուսաղէմի պատրիարք դարձաւ։
Աւետիք Պատրիարքի յարուցած հալածանքի ժամանակ՝ 1701 թուականին Պոլիս կը գտնուէր նաեւ Մխիթար Վարդապետ Սեբաստացին՝ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիրը, որ զգուշանալով թէ մի գուցէ հայոց պատրիարքին ձեռքը կ՚իյնայ, նախ Յուաստան գնաց եւ յետոյ Վենետիկ հաստատուեցաւ։
Աւետիք Պատրիարքի բռնած ընթացքը դէպի կաթոլիկացած հայերը, կամ ինչպէս սովորութիւն էր ըսել այն ժամանակ՝ դէպի «Ախթարմաներ»ը գաւառներու մէջ եւս արձագանգ գտաւ։
Բայց իր այսպիսի գործունէութեամբ, հայոց պատրիարքը շատ թշնամիներ եւ հակառակորդներ շահեցաւ, թշնամի էին թէ՛ կաթոլիկ քարոզիչները եւ թէ՛ այն ինշխանները՝ որոնցմէ ան Երուսաղէմի վանքին հաշիւը կը պահանջէր եւ վերջապէս անոնց հետ միացած էր նաեւ փոխանորդ Մարտիրոս Վարդապետը՝ որ փառասիրութեամբ պատրիարք դառնալ կը ցանկար։
Ճիշդ այդ միջոցին էր որ «ենիչերի»ները ապստամբեցան, Սուլթան Մուստաֆան 22 Օգոստոս 1703 թուականին գահընկէց եղաւ եւ Ահմէտ Իշխանը «սուլթան» դարձաւ…։
Երուսաղէմը կողոպտող հայ իշխանները «Ախթարմաներ»ու (=կաթոլիկներու) հետ միացած կաշառքով Աւետիք Պատրիարքը պատրիարքութենէ հեռացուցին, բայց չկարենալով սպաննել, կղզի մը աքսորեցին՝ ուր ան ինն ամիս մնաց։
Բանտարկուեցան նաեւ հայերէն շատեր։
Բայց բարեկամներու եւ կուսակիցներու ջանքով եւ նորընծայ սուլթանին հաճութեամբ ու բարեացակամութեամբ Աւետիքը ազատուեցաւ եւ կրկին իր իշխանութիւնը ստացաւ Մայիս 1704 թուականին՝ զոր վարեց տասն ու հինգ ամիս՝ մինչեւ Օգոստոս 1705 թուականը։
Սակայն իր թշնամիները չյուսալքուեցան եւ Աւետիք Պատրիարքը երկրորդ անգամ յաջողեցան գահընկէց ընել, որու հետեւանք՝ ան Պոլսոյ մօտաւոր կղզիներէն մէկը աքսորուեցաւ։
Թշնամիները այսքանով չբաւարարուեցան, քանի որ անոնց փափաքն էր Աւետիքը սպաննել տալ, իսկ երբ չհասան իրենց նպատակին, աշխատեցան զինք Պապի դատաստանին յանձնել տալ։
Այսպէս ալ եղաւ. ան տարուեցաւ Մեսինէ, այնուհետեւ Մայսէյլ՝ ուր եւ բանտարկուեցաւ եւ հոն վախճանեցաւ 1711 թուականին։
Եւ փոխանորդ Մարտիրոս Վարդապետ, Պատրիարք դարձաւ. Մարտիրոս Գ Երզնկացի (1706)…։
(Օգտուեցանք՝ Հայոց Եկեղեցու Պատմութիւն, Աբր. Զամին, 1908-էն…)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 31, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024