ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Յիսուսի ճամբորդութիւնները միշտ հետիոտն կատարուած են, եւ աւետարաններու մէջ բնաւ ակնարկութիւն չկայ՝ որ երբեմն կամ գոնէ շատ յոգնած ատեն ձի կամ էշ գործածած ըլլայ. որով այս անգամ, Երուսաղէմ իր գալուստը «յաւանակի հեծելութեամբ», նորօրինակ հանդիսաւորութիւն մը նկատուած է։

Յիսուս Բեթանիայէ ելլելով եւ բազմութիւնը տեսնելով, ժողովուրդին մէջէն աւելի դիւրութեամբ անցնելու եւ բոլոր ժողովուրդը լաւ դիտելու, եւ միանգամայն ժողովըր-դական ցոյցին համակերպութեան եւ գոհունակութեան նշան մը ցոյց տալու համար ուզեց հեծելութեան պարագան աւելցնել այս ճամբորդութեան համար (Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, «Համապատում», 1911, էջ 591)։

Մեծ պատոց քառասուն օրերը իրենց լրումին հասան եւ քառասուն օրուայ պահեցողութեան շրջանը բորոլեց։

Յիսուս երկրի վրայ ապրած իր երեսուներեք տարիի ընթացքին եւ յատկապէս իր կեանքի վերջին երեք տարին՝ որոնք եղան քարոզչութեան, աւետարանչութեան, Աստուծոյ հետ մարդկութիւնը հաշտեցնելու տարիներ, աստուածային սիրոյ բոլոր սահմանները բացաւ մարդկութեան առջեւ՝ բժշկելով հիւանդներ եւ մինչեւ իսկ մահացածները վերստին կեանքի կոչելով։

Քարոզչութեան այդ շրջանին, բացի իր աշակերտներէն եւ հետեւորդներէն, ան կապ էր հաստատած զանազան ընտանիքներու հետ։ Ահաւասիկ, այդ ընտանիքներէն էն Ղազարոսի ընտանիքը։

Օր մը Յիսուս Սամարիայէն Երուսաղէմ կու գար զատկական «Պասեք»ի տօնը կատարելու։ Պասեքի տօնը հրեայ ժողովուրդը կը կատարէր ի յիշատակ Եգիպտոսէն իր ազատագրման։ Այդ տօնը սովորաբար կը կատարուէր գարնան գիշերահաւասարին անմիջապէս յաջորդող լիալուսնի օրը։

Երբ Յիսուս հասաւ Բեթանիա, այնտեղ անոր ընդառաջ եկան ծանօթներ՝ ըսելով.- Ո՞ւր ես, Վարդապե՜տ, գիտե՞ս, որ Մարիամի եւ Մարթայի եղբայրը Ղազարոս, չորս օր է որ մեռած է եւ թաղուած։ Յիսուս հարցուց, թէ ո՞ւր թաղուած է Ղազարոս։ Երբ գերեզման գացին, Յիսուս Ղազարոսի անունը տուաւ՝ գոչելով.- Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր քու գերեզմանէն։ Եւ ահա Ղազարոս, պատանքներու մէջ փաթաթ-ւած, յայտնուեցաւ գերեզմանին դրան առջեւ։ Ան նոր կեանք ստանալով յարութիւն առաւ…։

Յարութեան այս հրաշքը բացառիկ հրաշք մըն է, որ Յիսուս գործեց իր քարոզութեան շրջանին։

Այս հրաշքով Յիսուս ապացուցանեց, որ Ի՛նքն Աստուած է եւ Ինք միայն կարող է մեռեալները գերեզմանէն դուրս հանել եւ նոր կեանք պարգեւել անոնց։ Մինչ այդ մարդկութեան ամբողջ պատմութեան մէջ նման հրաշք չէր արձանագրուած։

Յիսուս ինչո՞ւ կատարեց այդ հրաշքը։

Ան կատարեց այդ հրաշքը, որովհետեւ, որպէս արքայ եւ թագաւոր Իսրայէլի, յաջորդ օրը արքայավայել մուտք պիտի գործէր Երուսաղէմ իբրեւ «Աստուծոյ կողմէ առաքուած Մեսիա»։

Ծաղկազարդի կիրակի օրը, Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէ կոչուած գիւղը, որ կը նշանակէ «թզենիի տուն»։ Այնտեղէն Ձիթենեաց լեռը շատ մօտ է։ Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց մօտակայ գիւղը՝ ըսելով.- Գացէ՛ք մօտակայ գիւղը, այնտեղ պիտի գտնէք էշ մը՝ կապուած իր աւանակին հետ. այդ էշը բերէ՛ք այստեղ։

Արդարեւ, էշը եւ աւանակը կը խորհրդանշեն «հին»ը եւ «նոր»ը՝ որոնք համընթաց են…։

Յիսուս նստաւ անասունին վրայ, իր աշակերտներով շրջապատուած, եւ ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ։ Ճամբուն վրայ հաւաքուած էր խուռներամ բազմութիւն։ Բոլորին տրամադրութիւնը տօնական էր. ծերերը ձիթենիի ոստերով, եւ երիտասարդները ու մանուկները արմաւենիի տերեւներով, խումբ խումբ կանգնած, կ՚աղաղակէին,- Օրհնեալ է Տիրոջ անունով եկող Թագաւորը Իսրայէլի, օրհնեալ, օրհնեալ է ան որ Տիրոջ անունով կու գայ։

Մարդիկ կը հանէին իրենց զգեստները, կը փռէին ճամբուն վրայ։ Անոնք կը փառաբանէին Տէրը։

Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, հանդիսաւորապէս «Թագաւոր» հռչակուելով ամբողջ ճամբու ընթացքին, մտաւ Երուսաղէմ եւ գնաց տաճար՝ աղօթելու։ Տեսնելով որ ի՛նչ կը կատարուի տաճարին մէջ. Յիսուսի սիրտը ճմլուեցաւ Աստուծոյ տունը՝ որ աղօթքի տուն է, վաճառքի եւ առեւտուրի կեդրոնի վերածուած էր…։

Յիսուս դո՛ւրս հանեց այնտեղէն բոլոր առեւտրականները, աղաւնեվաճառները եւ լումայափոխները, եւ քանդեց անոնց սեղանները…։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեր իւրաքանչիւրին համար մեր մարմինը տաճա՛ր մըն է՝ ուր Աստուած կը բնակի։ Պահքի եւ ապաշխարութեան այս շրջանին որքա՜ն անհրաժեշտ է մեզի, որ Աստուծոյ Խօսքը, ինչպէս եւ Սուրբ Հոգին իր շնորհներով մուտք գործեն մեր մէջ՝ մեր ներքին հոգեկան աշխարհը զարդարելու եւ նախապատրաստելու մեզ զատկական հրաշալի՜ տօնի գեղեցկութիւնն ապրելու եւ վայելելու հոգեւոր վայելքը…։

Ծաղկազարդ է. Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակի օրը։

Այսօր ան մուտք կը գործէ նաեւ ամէն մէկուս սրտին մէջ։ Ուշ չէ երբեք, եթէ այսօր իսկ սկսինք ապաշխարել եւ ամբողջ Աւագ շաբաթուայ ընթացքին աշխատինք ամէն տեսակ մեղքէ հեռո՛ւ մնալ, ներքին անդրադարձումով մեր անձերը մաքրել եւ սրբել. մենք մեզ բարի գործերով զարդարել, եւ այդպիսով պատրաստել մեր հոգիի տաճարը գարնան այս ծաղկունքի վայելումին։

Այն ժամանակ միայն, մեծ փառքով Երուսաղէմ մտնող Փրկիչը նոյն ձեւով կու գայ եւ մուտք կը գործէ մեր իւրաքանչիւրին սրտին մէջ՝ իր ներկայութեամբ մեզ գեղեցկացնելու, ազնուացնելու եւ պայծառացնելու համար։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այսօր մենք ալ, մեր ձեռքերուն մէջ արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղեր բռնած՝ դիմաւորենք մեր Տէրը եւ Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Թող ան իր փառքով գայ եւ բնակի մեր մէջ յաւէտ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 28, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2020