ԲԱՐԻ ԵՒ ՔԱՋ ՀՈՎԻՒԸ
«Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ, բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ», (ՅՈՎՀ. Ժ 7-9)։
Յիսուս իր աշխարհ գալուն եւ առաքելութեանը ճշմարիտ նպատակը հասկցնելու համար կու տայ «ճշմարիտ հովիւ»ի օրինակը՝ որ է բարի, քաջ, արթուն, արի՛։
Արդարեւ, այլաբանական ձեւով, «հովիւ» ըսելով կը հասկցուի «առաջնորդ», իսկ «ոչխար» ըսելով՝ մարդիկ եւ «գայլ» ըսելով՝ սատանայ։ Ուստի, այլաբանութիւնները պարզաբանելու համար պէտք է իւրաքանչիւր անձի կամ առարկայի եւ կամ գործի համապատասխանող անձը եւ առարկան կամ գործը ճշդել՝ էականները գտնել, եւ այդ էականներու վրայ հիմնուելով՝ հասնիլ բացատրել ուզուած ճշմարտութեան։
Վերոյիշեալ աւետարանական հատուածին եւ շարունակութեանը մէջ կը դիմաւորուինք «հովիւ», «դռնապան», «գող», «վարձկան», «ոչխար», «գայլ», «դուռ», եւ այլն, բայց այս բոլորին կեդրոնը կը գտնուի «հովի՛ւ»ը՝ որ կը ներկայացնէ նմանողաբար Յիսուս Քրիստոսը։
«Հովիւ»ը՝ Յիսուսի իմաստով ոչխարներու բո՛ւն տէրն է եւ արածողը միանգամայն։ Այս ուղղութեամբ՝ հովիւէն պէտք է զատել «վարձկան»ը՝ որ ուրիշին պատկանող ոչխարները կ՚արածէ։ Այս ալ կը նշանակէ, թէ բուն հովիւը Յիսուս Ի՛նքն է։ Որպէս իսկական տէրը ոչխարներուն՝ Ան ո՛չ միայն հովիւ, այլ նաեւ՝ դուռն է եւ դռնապանը միանգամայն։
Իսրայէլի «սուտ մարգարէ»ները այն օտարներն են, որոնք օտա՛ր են Երկնային Արքայութեան փարախին համար, որոնք չեն կրեր երկնաւոր առաքման նշանները։ Յիսուս, ահաւասիկ անոնց համար կ՚ըսէ, թէ անոնք ընդունելի չէին, քանի որ աշխատեցան գաղտնօրէն մտնել փարախը՝ որ «բանաւոր ոչխար»ներ գողնան եւ մոլորեցնեն, բայց ոչխարները անոնց պիտի չհետեւէին, քանի որ անոնք օտար էին եւ ոչխարները կը ճանչնային իրենց իսկական տէրը՝ բուն հովիւը, որուն ձայնը ծանօթ էր իրենց եւ կը հետեւէին անոր։
Ուստի մարդ, երբ կը վճռէ իր անձը նուիրել ճշմարտութեան կամ արդարութեան, կը հետեւի անոնց, որոնք զինք կը տանին, կ՚առաջնորդեն դէպի յաւիտենականին՝ երկնային երանութեա՛ն։
Սա յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ՝ ամէն ճշմարտութիւն, ամէն նորութիւն նախապէս չ՚ընդունուիր մարդոց կողմէ, վարանում եւ տարակոյս կը ստեղծէ անոնց մէջ, եւ մինչեւ իսկ ատելութեան առարկայ կրնայ դառնալ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութեամբ հաստատուած է այս իրողութիւնը, եւ աւելի եւս կրօնական ճշմարտութեան պարագային։
Արդարեւ, կրօնական ճշմարտութիւնն է, որ իր սրբութեան եւ նուիրականութեան համեմատ կը հակառակի մարդուս մեղանչական ձգտումներուն, կը մերկացնէ սրտի զազրելիութիւնը եւ յանցանքը, կը պարսաւէ անոր գոռոզութիւնը, հպարտութիւնը եւ մեծամտութիւնը եւ այս պատճառով, կանուխ կամ ուշ, իր դէմ կը զինուին բոլոր կիրքերը։
Ամբողջ մարդկային պատմութիւնը կը վկայէ, թէ յաւիտենական ճշմարտութեան եւ արդարութեան նուիրուածներ եւ վկայողներ, ընդհանրապէս մինակ են մնացած։ Զոր օրինակ, Մովսէսը՝ որ իր ժողովուրդին համար քառասուն տարի շարունակ տանջուեցաւ։ Ան մինա՛կ էր նաեւ այն ժամանակ, երբ իր ժողովուրդի փառաւոր ապագան պատրաստելու համար անապատ կ՚առաջնորդէր զանոնք։
Մինակ էր նաեւ Եղիան, երբ տխո՜ւր ձայնով կ՚աղաղակէր Աստուծոյ եւ կ՚ըսէր. «Նախանձախնդրութիւն ունեցայ ամենակալ ամենակարող Տիրոջ համար, քանի որ իսրայէլացիներ լքեցին Քեզ, Քու զոհասեղանները կործանեցին եւ Քու մարգարէներդ սրակոտոր ըրին։ Միայն ես եմ մնացած եւ ինձ ալ կը փնտռեն, որ սպաննեն», (Գ. ԹԱԳ. ԺԹ 10)։
Մինակ էր նաեւ Եսայի, մինակ էր Պօղոս բանտին մէջ, իր նամակին մէջ կը գրէր. «Ամէնքն ալ թողուցին զիս»։
Սակայն որոշակի ժամանակ յետոյ ճշմարտութեան եւ արդարութան այս մեծ քարոզիչները ստացան փառք ե՛ւ պատիւ, եւ իրենց յիշատակը յաւերժացաւ, եւ պաշտելի անմահ անուններ դարձան, բայց անոնք իրենց փրկութեան օրերուն մինա՛կ էին։
Այս մեծ անձնաւորութիւնները նկատի ունենալով՝ տեսնենք Ամենասուրբը, Ամենաարդարը՝ որ ճշմարտապէս կը կոչուի «Բարի եւ Քաջ Հովիւ» եւ պիտի անդրադառնանք, որ Ան Իր Անձը դնելով Իր ոչխարներուն, Իր սիրելիներուն համար զոհ, եւ դարձեալ մարդոց մէջ մինա՛կ է մնացած։ Ան, որպէս Քաջարի Հովիւ, ի՜նչ ազնիւ դիւցազնագործութիւններ, հրաշքներ գործեց, ազնուութեան եւ առաքինութեան կենդանի տիպար հանդիսացաւ. Ան, որպէս «Բարի Հովիւ» ա՜յնքան սիրեց մարդկութիւնը, որ ի վերջոյ Ինքզինք զոհեց անոր փրկութեանը համար, ինչպէս ըսած էր. «Չկա՛յ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը տալ իր բարեկամին համար»։ Եւ ա՛յդպէս ալ ըրաւ՝ կեանքը տուաւ, զոհուեցաւ մարդկութեան փրկութեանը համար, որ ա՜յնքան շատ սիրեց։
Ան իրապէս «Քաջ Հովիւ» էր՝ որ կատարեալ գիտութիւն ունեցաւ եւ ունի՛ մարդուս բարիքներու եւ բնութեան, անոնց նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն, տկարութիւններուն, թերութիւններուն եւ կարիքներուն, կարօտութիւններուն մասին։ Եւ «Բարի եւ Քաջ Հովիւ»ը ըստ այնմ ըրաւ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է եւ կը շարունակէ հոգալ եւ խնամել, քանի որ կենդանի է եւ կ՚ապրի մեր մէջ։
«Բարի եւ Քաջ Հովիւ»ը հասկցաւ, գիտցաւ, թէ ի՛նչպէս կարելի է մարդոց վէրքերը վիրակապել, եւ բուժել անոնց հոգիի հիւանդութիւնները։ Ան երբեք չեղա՛ւ «վարձկան»ի նման, որ արածածները չ՚ընդունիր որպէս իր սեփականութիւնը, եւ որ վտանգի մը ժամանակ անմիջապէս կը թողու զանոնք եւ կը հեռանայ, ինքզինք ազատելու համար։
Ան, մեր յաւիտենական Բարի եւ Քաջ, Ճշմարիտ Հովի՛ւն է, որ երբեք չի թողուր մեզ, եթէ նոյնիսկ մենք յաճախ մինակ թողունք զԻնք եւ լքենք. Ան հաւատարիմ է իր սիրոյն եւ հովուութեան, Ան հաւատարիմ է իրեն յանձնուած «բանաւոր ոչխար»ներուն՝ համայն մարդկութեան խնամութեան, պաշտպանութեան ամէն փորձութիւններու հանդէպ, եւ Ան միշտ պատրա՛ստ է իր սէրը տալու մարդկութեան, հաւատարիմ իր հովուութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27, 2018, Իսթանպուլ