ՀԱՄԱՁԱՅՆԻԼ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ ՀԵՏ

Ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ դատավարութեան մը ընթացքին՝ ամենալաւ եւ արդիւնալի որոշումը կը կայանայ, երբ ան կը վերջանայ կողմերուն համաձայնութեամբ։ Եւ դարձեալ, երբ դատ մը կայ երկու հոգիի միջեւ, դատը շահողն ալ, կորսնցնողն ալ որոշ չափով կը վնասուին, ինչպէս երբ երկու ապակեայ գաւաթ իրարու զարնուին՝ մին կը կոտրի, բայց միւսն ալ կը ճաթի, այլապէս եթէ նոյնիսկ երկուքն ալ չփշրուին, բայց երկուքն ալ կը վնասուին։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, դատի մը ամենալաւ եւ արդիւնալի վերջաւորութիւնը համաձայնութի՛ւնն է կողմերուն։

Անշուշտ, նախընտրելի է, որ մարդոց միջեւ անհամաձայնութիւն, հակառակութիւն բնաւ գոյութիւն չունենայ, բայց դժբախտաբար, այդպիսի աշխարհի մը մէջ չենք ապրիր եւ թէ աշխարհի սկիզբէն իսկ, երբ մարդը ստեղծուեցաւ եւ մարդիկ հետզհետէ բազմացան, անհամաձայնութիւններ, հակառակութիւններ եւ թշնամութիւններ անպակաս եղաւ մարդկային հաւաքական կեանքին մէջ։

Մարդուն բնութեան մէկ հետեւանքն է ասիկա, քանի որ ոչ ոք ինքզինք անիրաւ կը տեսնէ։ Մարդ որպէս անհատ, միայն իր տեսակէտը կ՚ուզէ, որ պարտադրէ ուրիշներուն եւ թէ երբեք տեղի չի տար իր իրաւունքէն։

Ահաւասիկ, Յիսուս, այս մասին կը պատուիրէ համաձայնիլ հակառակորդին հետ, քանի որ անհամաձայնութեան պարագային մարդ շատ աւելի պիտի տուժէ։ «Քու ոսողիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես։ Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտ ձգուիս։ Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի. պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը չվճարե՛ս». (ՄԱՏԹ. Ե 25-26)։

«Դատարան» բառը Նոր կտակարանի մէջ կ՚ակնարկէ հրէից կրօնական դատարաններուն, այսինքն՝ ժողովարաններուն, որոնք իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ընտանեկան, կալուածական եւ կրօնական հարցերու կարգաւորութեամբ ալ կը զբաղէին եւ ի հարկին պատիժներ եւս կու տային։

Ուրեմն, խաղաղութեան մէջ առանց անհամաձայնութեան ապրիլ՝ համազօր է դրախտի մէջ ապրելու։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ դրախտը շատ հեռու է այս աշխարհէն, չէ՞ որ մարդ դրախտէն վտարուեցաւ դէպի աշխարհ։ Ուստի, դրախտի ձգտելու համար, մարդ պէտք է դրախտի արժանի կեանք ապրի, բայց ո՞րքան կարելի է այդպիսի կեանք մը ապրիլ աշխարհի վրայ՝ որ զանազան չարիքներով լեցուն է։ Ասիկա կարելի է հնազանդելով աստուածատուր պատուիրաններուն՝ հետեւելով Յիսուսի, ուշադիր ըլլալ կեանքին, չհետեւիլ չարին ճամբաներուն եւ վերջապէս գիտնալ, թէ այս աշխարհը լեցուն է չարին թակարդներով եւ ըստ այնմ զգոյշ ըլլա՛լ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024