ԾԱԾԿՈՒԱԾ ՃՐԱԳԸ

«Չկայ մէկը, որ ճրագը վառէ եւ ամանի մը տակ կամ մահիճին ներքեւ դնէ, հապա աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյս տեսնեն». (ՂՈՒԿ. Ը 16)։

Ճշմարտութիւնը ծածկել անհնա՛ր է, քանի որ ան ինքզինք կը յայտնէ անպայման լոյսի մէջ, եւ կա՛յ միշտ լոյսը, եւ ուրեմն ճշմարտութիւնն ալ միշտ ակնյայտ է։

Արդարեւ, Յիսուսի ընդհանրապէս գործելակերպն է՝ նախ պատմել առակ մը, ապա տալ անոր մեկնութիւնը, որ սովորաբար կը սկսի «արդ» բառով։ Վերոյիշեալ «Ճրագի առակ»ին մէջ միայն աշակերտները կը լսեն առակը եւ անոր մեկնութիւնը։ Անոնք տեսակ մը աշխատանոցային փորձառութիւն ձեռք կը բերեն, որ իրենց կը սորվեցնէ տեսնել այն կապը՝ որ գոյութիւն ունի առակի ձեւով պատմուած պատմութեան մը եւ այն իրական կացութեան միջեւ, որուն կ՚ակնարկէ այդ պատմութիւնը։ Կենցաղային գործողութեան մը նկարագրութեան կը յաջորդէ գործողութիւն մը՝ որ կը կայանայ սենեակի մէջտեղ կեդրոնական դիրքով ձէթի փոքրիկ ճրագ մը դնելու մէջ՝ սենեակը լուսաւորելու համար։ Բացայայտուելիք ուսուցում մը կայ ծածկուած իրողութիւններու մասին, որոնք ի լոյս պէտք է հանուին։

Շնորհիւ այս մանկավարժական գործելակերպի, Յիսուս յոյս ունի, որ աշակերտները կը հասնին այն բանին, որ այնուհետեւ իրե՛նք կը մեկնաբանեն առակները, առանց որ կարիք ըլլայ առանձնապէս անոնց տալու լրացուցիչ բացատրութիւններ։

Այսուհանդերձ, առակի մեկնութիւնը, որ տրուած է այստեղ Յիսուսի կողմէ, կատարելապէս յստակ չէ։ Հասկնալի է, որ ծածուկ է եւ գաղտնի, պէտք է յայտ գայ ամենայն պարզութեամբ, բայց Յիսուս աշակերտներուն չ՚ըսեր, թէ ի՛նչ իրողութեան մասին է խօսքը։ Գուցէ անոր խօսքերը դիտաւորեալ կերպով անորոշ են, որպէսզի ունկնդիրը ամբողջացնէ ըստ իր ըմբռնումին։ Այս դէպքին մէջ տրուած մեկնութիւնը բաց խօսք մըն է։

Այն իրողութիւններէն, որ կարելի է մեզ թելադրել առակի մեկնութիւնը, նշենք երեքը.

- Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

Ներկայիս անիկա մօտ է մարդուս, առանց սակայն մարդոց համար տեսանելի ըլլալու։ Ան կ՚ըմբռնուի որպէս խորհրդաւոր իրականութիւն մը՝ սահմանուած ըլլալով հանդերձ յայտնապէս դրսնորուելու։

- Խօսքը։

Ան կը սերմանուի սրտերու գաղտնարաններուն մէջ, ինչպէս հողի մէջ թաղուած հատիկ մը։ Եւ սակայն այն եղած է, որպէսզի առատ պտուղ տայ, ինչպէս իրենց ցօղուններու վրայ շատ բարձր կանգնած ցորենի հասկերը։

- Ինքը՝ Յիսուս։

Ան նոյնպէս Իր ինքնութիւնը կը ծածկէ որոշ գաղտնապահութեամբ։ Կը լռեցնէ դեւերը, որովհետեւ անոնք իր մասին շատ բան գիտեն։ Անոր ինքնութեան վերաբերմամբ խորհրդապահութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի հաւատացեալը ի՛նքը յառաջ ընթանայ անոր անձի յայտնաբերման մէջ։ Եւ սակայն պէտք է, որ ան հետզհետէ աւելի ճանչցուի, որպէսզի աշխարհը կարողանայ բացուիլ ճշմարիտ Լոյսին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2024