ԱՌԱՆՑ ՏԱԼՈՒ՝ ՊԱՀԱՆՋԵ՛Լ

Մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս ու­րի­շէն կը պա­հան­ջեն այն՝ ի՛նչ որ ի­րենք չու­նին եւ կամ ու­նին բայց չե՛ն տար։

Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ շա­տեր կը պա­հան­ջեն այն՝ ի՛նչ որ ի­րենց կը պակ­սի։ Մար­դիկ ի­րենց պա­կա­սը կ՚ու­զեն լրաց­նել բա­րե­կամ­նե­րու օգ­նու­թեամբ։ Բայց ու­րի­շին չտուա­ծը մէկ ու­րի­շէն պա­հան­ջել, ու­զել սխալ չէ՞։ Նախ, մարդ պէտք է, որ «բա­րի» եւ «բա­րեն­պա­տակ» ըլ­լայ։ Ա­պա մարդ պէտք է փնտռէ իր նման­նե­րը։ Ան­շուշտ ա­սոր հա­մար ան­կեղ­ծու­թեան սկզբուն­քով պէտք է կա­պուին ի­րա­րու՝ ար­դար, ուղ­ղա­միտ եւ զո­հո­ղու­թեան ո­գի կրե­լու են։ Ուս­տի մար­դոց մի­ջեւ ո՛չ միայն սէր ու հա­ւա­նու­թիւն, այլ նաեւ՝ յար­գանք ըլ­լա­լու է։ Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէ­ջէն ե­թէ յար­գան­քը վեր­ցուի, ո՛­չինչ կը մնայ այդ յա­րա­բե­րու­թե­նէն։ Սէր ու յար­գանք հա­մըն­թաց պէտք է ըն­թա­նան՝ ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թեան մը մշա­կու­մին հա­մար։

Բնու­թիւ­նը, բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թեան որ­պէս օգ­նա­կա՛ն տուած է։ Ուս­տի ա­ռա­քի­նու­թեան ա­մե­նա­բարձր աս­տի­ճա­նին հաս­նե­լու հա­մար հա­սա­րա­կաց ու­ժով մը, միա­նա­լով կա­րե­լի է ու­ժե­րը միաց­նել։ Ա­սոր հա­մար ալ մար­դոց մի­ջեւ կապ մը, բա­րո­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն մը մշա­կե­լու եւ ա­ճեց­նե­լու է։ Ա­հա­ւա­սիկ բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր  հաս­տա­տե­լու նպա­տա­կը եւ ի­մաս­տը այս հա­սա­րա­կաց ու­ժին մէջ կը կա­յա­նայ ընդ­հան­րա­պէս։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այդ հա­սա­րա­կաց ո՛ւժն է, որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ իր նպա­տա­կին եւ կո­չու­մին։

Ա­հա­ւա­սիկ, մար­դոց բո­լոր ի­տէալ­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը, այն բո­լոր ի­րե­րը եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ զորս «ար­ժէք» կը կա­ծեն մար­դիկ, դիրք, աս­տի­ճան, իշ­խա­նու­թիւն, եր­ջան­կու­թիւն, ու­րա­խու­թիւն, այս բո­լո­րը կա­րե­լի է բո­վան­դա­կել այս միու­թեան մէջ։

Ու­րեմն, երբ այդ «միու­թիւն»ը կը կազմուի, եւ հա­սա­րա­կաց ու­ժը կը ստեղ­ծուի, այն ա­տեն մարդ էա­կին բո­լոր ի­տէալ­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նա­նան, եր­ջան­կու­թեան կը հաս­նի վեր­ջա­պէս։ Հոս կա­րե­ւոր կէտ մը կայ. այդ միու­թիւ­նը կա­րե­նալ կազ­մե­լու հա­մար պէտք է լաւ ընտ­րու­թիւն ը­նել բա­րե­կամ­նե­րու մէջ. ո՛չ ա­ւե­լի ար­ժէք ըն­ծա­յել ա­նոնց եւ ոչ ալ նուազ։

Ար­դա­րեւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ՝ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը խան­գա­րող, միու­թեան կազ­մու­թեա­նը ար­գելք հան­դի­սա­ցող կա­րե­ւոր կէտ մըն է՝ մէ­կու մը իր ու­նե­ցած ար­ժէ­քէն ա­ւե­լին ըն­ծա­յել եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ար­ժէք ու­նե­ցո­ղի մը նուազ ար­ժէք տալ։ Այս կա­րե­ւոր հարց մըն է ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թեան հաս­տատ­ման կամ կոր­ծան­ման հա­մար։

Ան­շուշտ նա­խանձն ալ ազ­դու գոր­ծօն մըն է այդ միու­թեան կազ­մու­թեա­նը նկատ­մամբ։

Բա­րե­կա­մէն՝ իր կա­րո­ղու­թե­նէն ու տա­րո­ղու­թե­նէն ա­ւե­լին պա­հան­ջել ա­նի­րա­ւու­թիւն է, ա­նար­դա­րու­թիւն, որ ի վեր­ջոյ՝ կը վնա­սէ բա­րե­կա­մու­թեան ո­գին։

Տա­լը՝ միշտ կ՚ազնուաց­նէ մար­դը, ինչ­պէս կը վկա­յէ Սուրբ Գիր­քը՝ տա­լը ա­ւե­լի ե­րա­նե­լի՜ է, քան առ­նե­լը։ Բայց մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս կ՚ու­զեն առ­նել, տի­րա­նալ այն ա­մէն բա­նի, զոր ի­րենց չի պատ­կա­նիր, ի­րենց ար­դար ի­րա­ւուն­քը չէ՛…։

Մինչ­դեռ ար­դա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ՝ հաս­տատ ու յա­րա­տեւ կամք, տա­լու մեր­ձա­ւո­րին՝ ի՛նչ որ պարտք ու պար­տա­ւո­րու­թիւն է տալ ի­րեն։ Ար­դա­րու­թիւ­նը մար­դոց նկատ­մամբ, մարդս տրա­մա­դիր կ՚ը­նէ յար­գե­լու ի­րա­ւունք­նե­րը իւ­րա­քան­չիւ­րին եւ հաս­տա­տե­լու մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ «ներ­դաշ­նա­կու­թիւն»ը՝ որ կը հրահ­րէ ար­դա­րու­թիւ­նը հան­դէպ ան­հատ­նե­րուն եւ հա­սա­րա­կաց բա­րի­քին։ Իսկ ըն­կե­րա­յին հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը կը հաս­տա­տուի պարտք եւ ի­րա­ւուն­քի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեամբ։ Այլ խօս­քով տա­լու եւ ստա­նա­լու հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լով։

Երբ «ար­դար մարդ» կ՚ը­սենք, այս կը նշա­նա­կէ գի­տակ­ցու­թիւ­նը «տալ»ու, այն­քան՝ ո՛ր­քան «առ­նել»ու եւ տի­րա­նա­լու ո­րե­ւէ ի­րա­ւունքի կամ ար­ժէքի։ Ար­դար մար­դը կը զա­նա­զա­նուի իր գա­ղա­փար­նե­րուն սո­վո­րա­կի ա­նա­չա­ռու­թեամբ, մեր­ձա­ւո­րին հան­դէպ իր ընդ­հա­նուր վար­քին ուղ­ղամ­տու­թեամբ։ Այս ալ կը նշա­նա­կէ՝ «տա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թի՛ւն»։ Ար­դա­րեւ ա­նա­չա­ռու­թիւ­նը էա­կան տարրն է ար­դա­րու­թեան։

Սուրբ Գիր­քը կը վկա­յէ սա ճշմար­տու­թեան.

«Աղ­քա­տին հան­դէպ ա­չա­ռու­թիւն պի­տի չու­նե­նա՛ս, ո՛չ ալ նա­խա­սի­րու­թիւն զօ­րա­ւո­րին հան­դէպ, այլ ար­դա­րու­թեա՛մբ պի­տի դա­տես ըն­կերդ» (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։

­Նոյն ուղ­ղու­թեամբ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Տէ­րե՛ր, շնոր­հե­ցէ՛ք ձեր ստրուկ­նե­րուն ի­րա­ւունք եւ ար­դա­րու­թիւն, գիտ­նա­լով, որ դո՛ւք ալ Տէր մը ու­նիք եր­կին­քի մէջ» (ԿՈՂ. Դ 1)։ Ուս­տի ար­դա­րու­թիւ­նը թէ՛ ա­ռա­քի­նու­թիւն է եւ թէ զօ­րու­թիւն, որ կը կա­նո­նա­ւո­րէ ամ­բողջ ըն­կե­րա­յին-հա­ւա­քա­կան կեան­քը։

Երբ կը խօ­սինք ար­դա­րու­թեան մա­սին, յի­շենք սա ե­րեք սկզբունք­նե­րը՝ եղ­բայ­րու­թիւն, ա­զա­տու­թիւն եւ հա­ւա­սա­րու­թիւն, ո­րոնք ամ­բողջ մարդ­կա­յին շրջա­նի մը ըն­թաց­քը ո­րո­շած են եւ բա­րե­փո­խած՝ ըն­կե­րա­յին կեան­քը։ Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ այս կա­րե­ւոր սկզբունք­նե­րուն կար­գին ին­չո՞ւ չէ յիշուած ար­դա­րու­թիւ­նը։ Ի­րա­կա­նին այդ ե­րեք սկզբուն­քին մէջ կը գտնուի ար­դա­րու­թիւ­նը՝ քա­նի որ այդ ե­րեք ար­ժէք­նե­րու հա­մադ­րու­թիւնն է ան։ Ար­դա­րեւ հո՛ն՝ ուր կայ հա­ւա­սա­րու­թիւն, եղ­բայ­րու­թիւն եւ ա­զա­տու­թիւն՝ հոն բնա­կա­նա­բար կա՛յ ար­դա­րու­թիւն։ Ար­դա­րու­թիւ­նը զո­հե­լու, զո­հուե­լու, նուի­րուե­լու ազ­նուու­թիւ­նը՝ որ մարդս վե՛ր կը պա­հէ իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան բարձ­րու­թեան վրայ…։

Ինչ­պէս ա­մէն յա­րա­բե­րու­թեան մէջ՝ հա­սա­րա­կաց ու­ժի մը հաս­տատ­ման ծա­ռա­յող բա­րե­կա­մու­թեան մէջ ալ անհ­րա­ժե՛շտ է՝ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը։

Մենք կը կար­ծենք, թէ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը ա­մէն մար­զի մէջ անհ­րա­ժեշտ է նպա­տա­կի հաս­նե­լու հա­մար։

Ու­րեմն երբ կ՚ու­զէ հաս­նիլ նպա­տա­կի մը մարդ՝ պէ՛տք է չա­փա­ւոր ըլ­լանք մեր պա­հանջք­նե­րուն մէջ մա­նա­ւանդ։ Ո՞ր­մէ ի՛նչ պա­հան­ջե­լը գիտ­նալ ա­ռա­քի­նու­թիւն է՝ եւ ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ազ­նուու­թի՛ւն է։

Բնու­թիւ­նը մար­դուս կու տայ այդ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը, ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը կազ­մե­լու հա­մար, սա­կայն, հասկ­նա­լու մէջ մարդ կը դժուա­րա­նայ, երբ կը տես­նէ, թէ շա­տեր չեն անդ­րա­դառ­նար բնու­թեան ըն­ծա­յած ա­ռիթ­նե­րուն ու կը չա­փա­զան­ցեն ի­րենց պա­հանջք­նե­րը, ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը եւ վեր­ջա­պէս կը յու­սալ­քուին, դա­սա­լիք կ՚ըլ­լան կեան­քի պայ­քա­րէն։ Հա­սա­րա­կաց ու­ժը կեան­քի մէջ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է։

Կեան­քի մէջ ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու, առանց փոր­ձե­լու ո­րո­շում տա­լու չէ մա՛րդ. այս կը նշա­նա­կէ լաւ ընտ­րել բա­րե­կամ­նե­րը, նպաս­տա­ւոր եւ յար­մար յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու հա­մար, որ­պէս­զի ար­դիւ­նա­ւոր «հա­սա­րա­կաց ուժ» մը հաս­տա­տուի եւ մտադ­րուած նպա­տա­կին հաս­նի մարդ­կու­թիւ­նը՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ հա­ւա­քա­բար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 31, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015