ՀԱՅԿԱԿԱՆ Է, ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ՉԷ

Երբեւիցէ լսա՞ծ էք օտար երաժշտութիւն, կարդացա՞ծ էք օտար գրականութիւն, ներկայ գտնուա՞ծ էք օտար թատրերգութեանց եւ կամ երգահանդէսներու: Նուազագոյնը օտարալեզու ժապաւէն նայա՞ծ էք. եթէ այո, հետեւաբար համակարծիք պիտի ըլլա՞ք այն տեսակէտին, որ օտարինը աւելի գրաւիչ, դիւթիչ ու հրապուրիչ է քան՝ հայկականը:

Եթէ ո՛չ, ապա այս վայրկեանէն վստահ եղէք, որ մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի նման խաւ մը, որուն համար կախարդիչ է բոլոր այն երեւոյթները՝ որոնք հայկական չեն: Այդ դասակարգին համար նուաստացուցիչ է կարդալ հայերէն, երգել հայերէն, դիտել հայերէն եւ գրեթէ հայօրէն ապրիլ, որովհետեւ ունին այն փուճ համոզումը, որ օտարինով իրենք աւելի յառաջդիմած ըլլալու ազդեցութիւն ու ներգործութիւն կրնան ունենալ դիմացինին վրայ:

Ունինք այլասերուած երիտասարդութեան մասնիկ մը, որուն համար ո՛չ որակը եւ ո՛չ յատկանիշերը իմաստ ունին. անոնց համար երեւոյթի մը պատուական ու վեհ ըլլալը պայմանաւորուած չէ՛ իր ներքին արժէքով, այլ երեւութականով: Անոնց համար Շէյքսփիր անկրկնելի երեւոյթ է, առանց ծանօթ ըլլալու Ահարոնեանի, Փոլատեանի, Շահնուրի եւ ուրիշներու գործերուն: Անոնց համար Էլվիսի երգերը հմայիչ են, սակայն անծանօթ են Սայաթ Նովայի անծայրածիր աշխարհին: Անոնց համար Այնըշթայն գլուխ գործոց մըն է մարդկային պատմութեան համար, սակայն տեղեակ չեն թէ ո՞վ է Դաւիթ Անյաղթ:

Եւ դարձեալ, դժբախտաբար այս հիւանդութիւնը նոր չէ՛ որ մեր մէջ ծնունդ կ՚առնէ: Դար մը առաջ Պետրոս Դուրեան կը գրէ. «Մենք թողլով մեր հայկական ներկայացումները, կը դիմենք օտար թատրոններ, որ մեզի բնաւ օգուտ մը չընելէն զատ՝ մեծ ամօթ մ՚ալ կրնայ համարուիլ, քանի որ մենք մեզի համար թատրոն մը ունինք»: Ու դարաւոր այս հիւանդութիւնը փոխանակ բուժուելու՝ աւելի կը սաստկանայ:

Օտարամոլութեան կողքին շատ անգամ կայ նաեւ հայատեաց ըլլալու դժբախտ երեւոյթը: Եւ այդ հայատեացութիւնն ու օտարամոլութիւնը դրսեւորեմ հետեւեալ ձեւով:

• Լիբանանի մէջ լուսահոգի Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեան 2017 թուականին կազմակերպեց ուխտագնացութիւն դէպի Ս. Աստուածածնի վանք։ Ուխտաւորներ իրենց ուխտը ի կատար ածելու համար պիտի քալէին Անթիլիասէն Պիքֆայա: Շատեր արտայայտուեցան. «Խե՞նթ էք. այդքան ճամբայ ո՞վ պիտի քալէ. պիտի տեսնէք ո՛չ ոք պիտի մասնակցի այդ ուխտերթին...»: Կ՚ուզեմ վստահ ըլլաք, որ այդպէս արտայայտուող մարդիկ շա՜տ շա՜տ աւելի երկար ուխտագնացութիւններու ներկայ կ՚ըլլան՝ որոնք կը կազմակերպուին արաբական եկեղեցիներու կողմէ: Օտարը ի՛նչ որ ընէ ճիշդ է, սակայն հայուն ըրածն է խենթութիւնը:

• Օր մը երիտասարդ մը կը բողոքէր, թէ Գրաբար լեզուէն բան չի հասկնար եւ այդ մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ եկեղեցական արարողութիւններու չմասնակցի: Այդ երիտասարդին հարց տուի, թէ «Despasito» յայտնի երգը գիտէ՞... եւ գիտէր: Իսկ դուք գիտէ՞ք, թէ այսօր որքա՜ն շատ են այն մարդոց թիւը, որ անհասկնալի երգի տակ կը զուարճանան, օրը աւելի քան տասն անգամ այդ անհասկնալի լեզուով երգը կը լսեն ու երբեք բան մը չհասկնալնուն համար չեն նեղանար, սակայն «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս»ը չինարէն կը թուի ըլլալ:

• Տարիներ շարունակ լսուած արտայայտութիւն է, թէ Հայոց եկեղեցւոյ արարողութիւնները շատ երկար են եւ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել զանոնք: Հայոց եկեղեցւոյ պսակադրութեան արարողութիւնը մօտաւոր կէս ժամ կը տեւէ եւ սակայն բոլորին համար ժամանակի կորուստ է այդ մէկը... տասն վայրկեան բաւարար չէ՞ աղօթքի համար: Օր մը անհասկնալի պատճառներով հայ զոյգ մը իրենց պսակադրութիւնը ուզեցին ընել արաբական եկեղեցւոյ մէջ եւ ես հրաւիրեալներուն մէջ էի: Պսակադրութեան արարողութիւնը տեւեց մէկ ժամ. ո՛չ մէկ բողոք, ո՛չ մէկ տրտունջ ու գանգատ: Թող հայ եկեղեցականը փորձուի հինգ վայրկեան երկարել արարողութիւնը. դատաւորները պատրաստ են խաչելու քահանան իր գործած այդ մեղքին համար:

Այսպէս գրեթէ ամէ՛ն բանի մէջ օտարինն է, որ կը վերադասենք. թող հինգ տարեկան մանուկը հայերէնով հաշուէ մինչեւ հազար. անոր անգլերէն մինչեւ հինգ հաշուելը աւելի պատի՛ւ է ընտանիքին համար: Ու քի՛չ քի՛չ առանց զգալու մեր շուրջ ամէ՛ն բան կը հայաթափուի. անունները, մշակոյթը, ապրելակերպը, բարքերն ու արժէքները կը դառնան օտար ու մենք կը շարունակենք հայրենասիրութիւն կոչուած պատռուած թմբուկին զարկ տալ:

Եւ ցաւօք, այս ընթացքով ամէ՛ն բան պիտի օտարանայ, մինչեւ հասնի օր ու տեսնէք, թէ հայկական մամուլը լոյս կը տեսնէ ays daradesagnerov, որովհետեւ մեր մէջ օտարացուցին նաեւ Մաշտոցեան այբուբենը ու բոլորս առանց դժուարութեան հասկցանք վերի գրուած ցեղասպանուած հայերէնը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄՈՒՐԱՏ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
(1874-1918)

Մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 1918 թուականին նահատակուած է հայ ազատամարտիկ Մուրատ Սեբաստացի (բուն ազգանունով՝ Խրիմեան):

Մուրատ ծնած է Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղին մէջ, մեր թուականէն 147 տարիներ առաջ՝ 1874 թուականին: Յաճախած է գիւղի Տէր Թոդիկեան վարժարանը: Տակաւին պատանի տարիքէն իր մէջ երեւելի էր ռազմիկի յատկանիշներ. զօրաւոր ըմբիշ էր, հեծեալ եւ որսորդ: Սեբաստացի 16 տարեկան հասակին տեղացի երիտասարդներու կողմէ յարձակման կ՚ենթարկուի եւ կռիւի պահուն Մուրատ կը սպաննէ անոնցմէ մին: Ստիպուած կը մեկնի գիւղէն եւ առաջին հերթին կը հաստատուի Պոլիս: Պոլսոյ մէջ սակայն դարձեալ հարց կ՚ունենայ. Մուրատ կը տեսնէ ոստիկան մը՝ որ հայ քաղաքացի մը կը ծեծէ: Կը յարձակի ոստիկանին վրայ եւ ի՛նք կը սկսի ծեծել զայն: Հայոց Պատրիարքի միջնորդութեամբ կը նստի նաւ եւ կը մեկնի Եգիպտոս, Աթէնք եւ ապա Թիֆլիզ: Սակայն իր տեղը հանգիստ չմնալով մէկ շաբաթ ետք Սեբաստացի կը հասնի Կարս եւ ապա Այրարատեան նահանգի Բասէն գաւառ: Սեբաստացի 1903 թուականին մաս կը կազմէ «Մրրիկ» անունով խումբի մը։

Սեբաստացի Պարսկաստանէն կը հասնի Վաղարշապատ, ուրկէ կը մեկնի Նախիջեւան՝ դառնալու այդտեղի ինքնապաշտպանական գործողութիւններու ղեկավար:

1910 թուականին Սեբաստացի Մուրատ կ՚ամուսնանայ ուսուցչուհի Ագապէի հետ, սակայն ամուսնութեան պահուն կը յայտարարէ. «ամուսնանալով չեմ հրաժարիր իմ սուրբ պայքարէս»: Բացի նման գործունէութենէն, Սեբաստացի մեծ աշխատանք տարած է հայ որբերու գծով, փրկելով հազարաւոր հայորդիներու կեանքը:

1918 թուականին Կարմիր փանակը կը մտնէ Պաքու եւ Սեբաստացի Մուրատ մտահոգուելով այդտեղի հայերով՝ ինք եւս իր զինակիցներուն հետ կը մեկնի կռուի: Հակառակորդին հետ կռուած ժամանակ կը նահատակուի: Իր զինակիցներէն Սեպուհ Ներսիսեան կը գրէ. «Չարագուշակ եւ աղէտաբեր գնդակ մը եկաւ, դպաւ անոր ճակատին եւ ան թաւագլոր գնաց բլուրի զառիվերէն դէպի թշնամիին կողմը»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2021