ՀԻՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այսօր գրեթէ ժամանակավրէպ սովորութիւն մըն է «դրամօժիտ»ը՝ որ ներկայ ըմբռնումով ամուսնութեան նուիրականութեան հետ շատ ալ չպատշաճող դրութիւն մը եղած է։ Անշուշտ հարցը եթէ դիտուի տնտեսագիտական աչքով, կրնայ «բանաւոր» տարրեր գտնուիլ այդ դրութեան մէջ, սակայն բարոյական եւ հոգեւոր իմաստով ամուսնութեան հաստատութեան համար «խորթ» եւ անսովոր ըլլալ կը թուի ան։

Ամուսնութեան ատեն դրամօժիտ առնելու կամ տալու սովորութիւն, որքան կը յիշենք, չկայ Ֆրանսայի մէջ։ Ուստի, աղջիկ մը կրնայ մեծ կամ փոքր օժիտ մը ունենալ հօրենական ժառանգութեամբ կամ իբր նուէր ստացուած։ Այդ օժիտը աղջկան սեփականութիւնն է, որ ամուսնութեան ատեն իր հետ կ՚երթայ, եւ որուն վրայ իրաւունք կ՚ունենան այր եւ կին հաւասարապէ՛ս։ Արդարեւ, կինը իր ամուսնոյն սեփական ստացուածքին վրայ օրինական իրաւունք մը ունի նոյնիսկ իր կենդանութեան ատեն։

Անշուշտ, քաղաքական օրէնքներու մէջ կրնան ըլլալ օրինական փոփոխութիւններ ժամանակի ընթացքին, բայց ընդհանրապէս չի փոխուիր սկզբունքային դրութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, ֆրանսացի երիտասարդը ամուսնացած ատեն պայման չի դներ, որ իր հետ ամուսնանալու յօժարող կինը, որոշ գումար մը կամ ստացուածք մը բերէ իրեն, որուն միակ սեփականատէրը երիտասարդը ի՛նք ըլլայ։

Անգլիացիներ եւ ամերիկացիներ ալ մեր ըմբռնած դրամօժիտի դրութիւնը չունին։ Աղջկան հայրը եթէ հարուստ է եւ եթէ ուզէ, իր աղջկան ամուսնութեան ժամանակ, կամ անկէ առաջ կրնայ նուէրի ձեւով դրամ կամ ստացուածք տալ իր «աղջկա՛ն», որ բացարձակ տէ՛րն է իրեն եղած նուէրին։

Իսկ մեր միջավայրին մէջ, այդպէս կը կարծուի, թէ առաւելապէս հրեաներուն եւ յոյներուն մէջ, դրամօժիտ տալ եւ առնելը բաւական ընդհանրացած սովորութիւն մըն էր։

Ամուսնութեան միջոցին երիտասարդը ընդհանրապէս հաշիւի կ՚առնէր իր ստանալիք դրամօժիտին գումարը, եւ շատ ծնողներ կանխահոգութիւնը կ՚ունենային մէկ կողմ դնելու իրենց աղջկան կամ աղջիկ զաւակներուն տրուելիք դրամօժիտը, եւ աղջիկներն ալ տեղեակ էին այդ գումարին, որ իրենց հետ ամուսնանալու յօժարութիւն ունեցող երիտասարդին գրպանը պիտի մտնէ։

Դրամօժիտով ամուսնանալու մտադրութիւն եւ ծրագիր ունեցող երիտասարդը ընդհանրապէս ինք կ՚որոշէր գումարը։ Եւ այդ գումարին վրայ «միջնորդ»ներ սակարկութեան կը սկսէին։ Եւ ընդհանրապէս այս մասին վկայութիւններ եղած են այնպիսի պարագաներու, երբ ամուսնութիւն մը ձախողա՛ծ է պարզապէս՝ որովհետեւ «սակարկութիւն»ը յաջողած չէ։

Ի՞նչ կը խորհին մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամները այս մասին, երբ ամուսնական նուիրական միութիւն մը կը զոհուի պարզ «սակարկութեան» մը։ Արդարեւ, իր իսկական հանգամանքով ամուսնական միութիւնը կարելի՞ է զոհել «սակարկութեան» մը։ Ամուսնութեան եւ «սակարկութեան» միջեւ, որուն նիւթն է «դրամօժիտ»ը, կարելի՞ է գտնել որեւէ բաղդատութեան եզր։ Ուրիշ մարզերու մէջ թերեւս կարելի ըլլայ ներդաշնակել կամ միջին եզր մը գտնել նիւաթականին եւ հոգեկանին միջեւ, բայց երբ խնդրոյ առարկայ է ամուսնութեան սրբազան ու նուիրական հաստատութիւնը՝ շատ դժուար է հոն համաձայնեցնել նիւթականը եւ բարոյականը։ Արդարեւ, ամուսնութիւնը սո՛ւրբ է եւ միշտ պէտք է մնայ սո՛ւրբ եւ նուիրական, եւ պէտք չէ՛ կախում ունենայ «սակարկութիւն»ներէ, նիւթական ակնկալութիւններէ։

Մեր մէջ, ըստ վկայութիւններու, դրամօժիտով ամուսնանալու անբնական սովորութիւնը լայնօրէն տարածուած «չարիք» մը չէր, բայց անցեալին հայ երիտասարդներու մէջ ալ դրամօժիտ ստանալու փափաքը եւ փորձութիւնը երբեմն կ՚երեւէր։ Եւ դարձեալ, ըստ անցեալի վկայութիւններու, քիչ չէին հայ տղաք, որոնք արդէն իսկ իրենց ապագայ կնոջ բերելիք դրամօժիտով «օդին մէջ դղեակներ» կը կառուցանէին։ Մինչդեռ լա՛ւ պիտի ընէին, եթէ «անիրական դղեակներ»ու վրայ մտածելու տեղ, մտադրէին եւ ծրագրէին այն իրական դիրքը եւ դղեակը՝ զոր պիտի կարենային շինել իրենց արդար աշխատութեամբ եւ ձեռներէցութեամբ՝ իրենց ուժերուն ապաւինելով…։

Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդով կազմուած ընտանիքն ալ սուրբ է, եւ այդ ընտանիքը «առտնին եկեղեցի» մըն է, եւ ուրեմն կարելի՞ է այդ միութիւնը հաստատել նիւթական ակնկալութիւններու վրայ…։

Եւ երբ ամուսնութեան միութեան ամուր եւ անսասան հիմը սէ՛րն է, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է պատշաճեցնել զայն դրամօժիտի պարզ ակնկալութեան մը եւ սակարկութեան մը հետ։

Արդարեւ, դրամօժիտը, ամուսնութեան նուիրական, սուրբ եւ լուրջ հաստատութիւնը տափակ առեւտուրի մը կարգադրութեան աստիճանին իջեցնող միջոց մըն է, որուն մէջ նիւթը աւելի տեղ կը բռնէ քան սէրը՝ որ գլխաւոր պայմանը պէ՛տք է ըլլայ ճշմարիտ ամուսնութեան։

Այս սովորութիւնը, ոչ թէ միայն կը լղրճէր, կը ստորնացնէր նուիրականութիւն մը, այլ ողջամիտ անձի մը համար ա՜յնքան արտառոց եւ անբանաւոր պէտք է թուէր, որքան ընթացքը ոեւէ մարդու մը, որ վաճառատուն կը դիմէ, զոր օրինակ, շապիկ մը գնելու համար, եւ ընտրութիւնը կատարելէ վերջ, շապիկին վրայ դրա՛մ ալ կը պահանջէ զայն առնել տանելու համար։

Անցեալին, դրամի յոյսով եւ պայմանով միայն ամուսնանալու որոշում տուող երիտասարդ մը, որքան ալ ուղղամիտ եւ պատուաւոր երեւէր, խորհելու եւ ապրելու մէջ թերութիւն մը ցոյց կու տար, ինչ որ կրնար ի վերջոյ աւելի լուրջ եւ բարդ դժուարութիւններու առաջնորդել…։

Դրամօժիտ փնտռելու փափաքը, եւ ծնողներու այդ փափաքին ընդառաջ երթալու տրամադրութիւնը ընկերային կեանքի գործարանաւորութեան վրայ պաշար մը՝ թարախոտ վէ՛րք մըն էր՝ որ այդ կեանքը տկարացնելու կը ձգտէր։ Յոռի սովորութիւն մը՝ որ ո՛չ թէ միայն բարոյական կեանքի վրայ աննպաստ տպաւորութիւն մը կը գործէր, այլ ատով ընկերութիւնը կը տուժէր նաեւ ուրիշ կերպով։ Զոր օրինակ, դրամօժիտ բերող կինը երբեմն ինքնակոչ եւ կարծեցեալ հեղինակութեամբ կրնար անհանդուրժելի դառնալ, եւ խեղճ ամուսինը եւ անոր վերաբերեալները անոր ամէն արտառոց քմայքներուն հլու՝ խամաճիկներ կը դառնային, եւ վա՜յ այդ «խամաճիկ ամուսին»ներուն…։

Այս հակադրական վիճակը անշուշտ կը վնասէր թէ՛ ընտանիքը եւ թէ՛ ընկերութիւնը։

Անցեալի այս յոռի սովորութեան հետեւանքով նիւթական միջոցներէ զուրկ շատ պարկեշտ եւ կարող աղջիկներ պատեհութիւն չէին ունենար ընկերութեան ընտանեկան կեանքին ծառայելու իբր կին եւ մա՛յր։

Դրամը, պէտք է ընդունիլ, որ կեանքին մղիչ ո՛ւժն է, բայց միշտ չափաւորութեան եւ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 28, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020