ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Ժ.)
ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԳԱՂՏՆՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ լսուած հարցերէն մին այն է, թէ որքանո՞վ ճիշդ է, որ ամուսնացեալ զոյգեր ապրին իրենց ծնողներուն հետ միատեղ: Այս հարցին շուրջ հասարակութիւնը ունի տարբեր կարծիքներ. ոմանք այդ մէկը սխալ կը նկատեն, իսկ ուրիշներ ճիշդ՝ զանազան պատճառներ առաջ քշելով:
Ամուսնացեալ զոյգերու իրենց ծնողներուն հետ միատեղ ապրիլը իրականութեան մէջ հին աւանդութեան մը շարունակութիւնն է. եթէ սերտենք մարդոց անցեալի ապրելակերպը՝ պիտի նկատենք, որ ամուսնացած զոյգերուն մեծամասնութիւնը կ՚ապրէին իրենց ծնողներուն հետ: Պատճառը այն էր, որ ամուսնութիւնը որպէս առանձին ընտանիքի մը հաստատումէ չէր դիտուեր. նորապսակ զոյգը նոր ընտանիք մը ըլլալէ հեռու, եղած ընտանիքի գոյութիւնը կ՚ապահովէր, այդ իսկ պատճառով կը տեսնենք, թէ նոյն տան մէջ կ՚ապրին մի քանի հարսեր: Ամբողջութեամբ տարբեր էր ամուսնութիւն հասկացողութիւնը եւ ընտանիքներու մէկտեղումը անհրաժեշտ էր, որպէսզի միատեղ աշխատանքով կարենային ապրիլ: Օրինակի համար, եթէ կարդանք Խրիմեան Հայրիկի ընտանիքի կազմութեան մասին գրութիւնները, պիտի նկատենք, որ առանձին կամ հեռու ապրելու մասին ակնարկութիւններ գոյութիւն չունին. միշտ ընտանիքը միասին է՝ որպէս հայր ու մայր, զաւակներ, հարսեր ու թոռներ: Այսպէս էր Հայկական աւանդական ընտանիքը։ Հիները փորձառու, իսկ նորերը անփորձ էին եւ անոնց միատեղ ապրիլը կ՚օգնէր, որպէսզի անոնք աւելի դիւրին ձեւով լուծեն շատ մը հարցեր, իւրաքանչիւրը ճանչնալով իր սահմաններն ու պարտաւորութիւնները:
Միատեղ ապրելու օգնող ազդակներէն հիմնականը մեծերու հանդէպ եղած յարգանքն էր. հարսերը աւելի խոնարհ, իսկ մեծերը աւելի «ներողամիտ» էին կարծես, անձնական ես-ը մտածելէ աւելի հաւաքական մենք մը գոյութիւն ունէր, սակայն ժամանակները փոխեցին այդ մէկը եւ մարդոց մէջ սերմանեցին այն համոզումը, որ նորաստեղծ ընտանիքի մը համար աւելի յարմար է առանձին ապրիլը՝ քան ընտանիքի անդամներուն:
Որոշ ժամանակ ետք մարդկային ընկերութիւնը սկսաւ համոզուիլ, որ ընտանիքէն առանձին ապրիլը աւելիով կ՚ամրապնդէ զոյգերուն յարաբերութիւնը, անոնց տալով «ազատութիւն» եւ ինքնավարութիւն, ինչպէս նաեւ գաղտնութեան որոշ սահմաններ: Ընտանիքներու վերահսկողութենէն հեռու ապրիլը առիթ տուաւ զոյգերուն, որպէսզի ստեղծեն տարածք մը՝ ամբողջապէս իրենց կամքին համաձայն:
Յաճախ ժամանակին փոխածները ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենան, սակայն այս պարագային կ՚ընդունինք, որ ընտանիքներէն հեռու եւ առանձին ապրիլը՝ մա՛նաւանդ այս օրերուն անհրաժեշտ է, պահպանելու համար զոյգերու համար ամենէն կարեւոր արժէքներէն մին նկատուող գաղտնութիւնը:
Զոյգեր իրենց ընտանիքներուն հետ ապրած ժամանակ չէին կրնար իրենց սահմանները հաստատել եւ ստեղծել անձնական տարածքներ. անընդհատ ծնողներու հսկողութեան տակ ըլլալը անոնց մէջի գաղտնութիւնը կը վերացնէ եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ զոյգերու միջեւ առողջ հաղորդակցութեան: Մինչ ընտանիքի անդամներէն առանձին ապրիլը առիթ կու տայ անոնց մշակելու իրենց ինքնութիւնը, որպէսզի կարենան որոշումներ կայացնել, համատեղ կառավարել իրենց կեանքը, նիւթական պարտաւորութիւնները, ինչ որ զոյգերուն մէջ կ՚ամրապնդէ ինքնավստահութիւն եւ պատճառ կը դառնայ մարդու աճին:
Առանձին ապրելով զոյգեր կրնան ստեղծել եւ զարգացնել իրենց սեփական արժէքները. ընտանիքի հետ միատեղ ապրելով անոնք կամայ թէ ակամայ պիտի ենթարկուին այն արժէքներուն՝ որով կ՚առաջնորդուի տունը, սակայն առանձնութեան պարագային անոնք պիտի յաջողին իրենց համոզումներն ու արժէքները մշակել եւ անոր հիման վրայ ստեղծել ընտանիք մը: Առանձին ապրիլը առիթ կու տայ, որպէսզի նորապսակ զոյգեր աւելիով առիթ ունենան միամեանց ճանչնալու. առանձին ապրելով անոնք աւելիով պիտի սորվին ինչպէս հարցեր դիմագրաւել եւ ունենալ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն՝ առանց յոյս դնելու ուրիշներուն վրայ: Այս բոլորը նորապսակ զոյգերուն միջեւ կապը կ՚ամրապնդէ եւ կը յաջողի միատեղել անոնց նպատակներն ու երազները՝ մարտահրաւէրներու յաղթահարումով:
Ոչ միայն ամուսնութեան պարագային, նոյնիսկ պարզ կեանքի մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս երիտասարդներ առանձին ապրելով աւելիով գաղափար կը կազմեն, թէ ինչ է կեանքը. կը սորվին շատ մը հարցեր դիմագրաւել եւ ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերեն. ամբողջ կեանքը ընտանիքին մօտ ապրած երիտասարդին եւ ընտանիքէն հեռու երիտասարդին մօտ փորձառութեան մէջ մեծ տարբերութիւն կը տեսնենք. նոյնն է պարագան ամուսնական կեանքին։ Առանձին նորաստեղծ ընտանիքին մէջ զոյգերը պիտի սորվին որոշում կայացնել եւ այդ որոշումներուն հետեւանքները ընդունիլ. հո՛ն է, որ անոնք պիտի կարենան առանց ուրիշներու հաշուետուութիւն տալու որոշումներ կայացնել եւ կեանքի դժուարութիւնները ո՛չ թէ որպէս ընդհանուր ընտանիք, այլ որպէս զոյգ դիմագրաւել, որովհետեւ անոնց միատեղ պայքարը անոնց մէջ կը զօրացնէ սէր ըսուած առեղծուածը, հետապնդելու համար սեփական ակնկալիքները:
Կը հաւատանք, որ ընտանիքները մի՛շտ իրենց զաւակներուն համար լաւագոյնը կը ցանկան, սակայն կը հաւատանք նաեւ, թէ իւրաքանչիւր զոյգ իրաւունք ունի ունենալու իր սեփական տարածքն ու գաղտնիքները. նորապսակներ պէտք է գիտնան, թէ ինչքան ալ մօտ ըլլան իրենց ծնողներուն, անոնք պարտաւոր են ունենալ ընտանեկան տարածք մը, իր գաղտնիքներով ու որոշումներով: Գաղտնութեան խորտակումը մեծագոյն պատճառներէն մին կը հանդիսանայ ամուսնալուծութեան. թէ՛ փեսան եւ թէ հարսը պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ որոշելու, թէ ի՞նչ բանը կարելի է ընտանիքի անդամներուն հետ կիսուիլ եւ ինչ բանը՝ ոչ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս ազատութիւնը, նոյնպէս սեփական գաղտնի տարածքը մարդ արարածին համար «սրբութիւն» է: Տարբեր բաներ են խորհրդատուութիւնը եւ տարբեր բան՝ գաղտնութեան խորտակումը:
•շարունակելի
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ինչո՞ւ համար ոսկին աւելի արժէք ունի՝ քան միւս մետաղները:
Պատասխան.- Ոսկին համեմատած միւս մետաղներուն աւելի յարգի է, որովհետեւ ունի սահմանափակ եւ միւսներուն համեմատ աւելի քիչ արտադրութիւն եւ հետեւաբար ոսկիի արդիւնահանութիւնը աւելի ծախսատար է եւ մեծ աշխատանք կը պահանջէ, ինչ որ ինքնաբերաբար կ՚ազդէ իր շուկայական արժէքին:
Ոսկին միշտ ունեցած է խորհրդանշական, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէք եւ այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին եղած է հարստութեան եւ հեղինակութեան խորհրդանիշ:
Ոսկիի պահանջը, ինչպէս նաեւ անոր սահմանափակ ըլլալը կը նպաստեն, որպէսի ոսկին ունենայ շուկայական բարձր արժէք՝ համեմատած միւսներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024