ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ
Գործաւորութիւն ընող պատանի մը, որ մօրը տասնութը զաւակներուն տասնհինգերորդն էր։ Ան երգիչ ըլլալու մեծ փափաք ունէր։ Օրին մէկը ան երաժշտութեան ուսուցիչի մը քով կ՚երթայ։ Երաժշտութեան ուսուցիչը կ՚ընդունի տղան, եւ անոր ձայնը քննելէ յետոյ՝ կ՚ըսէ. «Տղայ, դուն ձայն չունիս, ուստի երգիչ չես կրնար ըլլալ, բայց գնա՛ եւ եթէ կարող ես սորվիլ՝ արհեստի մը հետեւէ»։
Պատանին յուսալքուած տուն կը վերադառնայ։
Մայրը տղուն ընկճուած վիճակը տեսնելով՝ զայն իր բազուկներուն մէջ կ՚առնէ, գլուխը կը շոյէ եւ կ՚ըսէ տղուն. «Տղա՛ս վստահ գիտեմ, թէ դուն կրնաս երգել»։
Այնուհետեւ մայր եւ որդի զոհաբերութիւններ եւ ծանր աշխատանք յանձն կ՚առնեն, եւ ի վերջոյ պատանին օփերայի աշխարհահռչակ երգիչ մը կ՚ըլլայ։
Եւ այս աշխարհահռչակ երգիչը՝ Enrico Caruso-ն (25 փետրուար 1873 - 2 օգոստոս 1921, Նեապոլ՝ Naples) է։
Ոսկեղնիկ լեզուին մէջ ամենաքաղցրահնչուն բառը «մայր» բառն է անկասկա՛ծ։ Մայր մը իր ընտանիքին կորիզն է։ Անոնք սիրոյ եւ զոհաբերութեան մարմնացումներ են։ Նամանաւանդ հերո՛սներ են այն մայրերը՝ որոնք կեանքի դժբախտ հարուածներուն տակն իսկ իրենց մայրական կոչումին հաւատարիմ կը մնան մինչեւ ի մահ։ Յարգա՛նք հաւատարիմ եւ անձնուէր մայրերուն…
Ճշմարիտ եւ անուրանալի է, թէ մօր մը սիրտը սիրելէն եւ յուսալէն չի դադրիր։ Զաւակներ ո՛րքան ալ ապերախտ գտնուելու ըլլան, տակաւին մայրեր անոնք կը սիրեն եւ «անառակին տուն վերադարձ»ին յոյսով կը սպասեն, եւ իրենց դէմ գործուած անարդարութիւնները եւ անիրաւութիւնները սրտանց կը ներեն։
Ի՜նչ մայրեր եղած են, որոնք երկար տարիներ սպասած են իրենց «անառակ որդի»ները մեծ յոյսով եւ վերջապէս իրականացած է իրենց սպասածը։
Սամուէլ մարգարէի կեանքին պատմութիւնը ազգին կեանքը կերտող բարեպաշտ մօր մը պատմութիւնն է արդարեւ։
Ն. Ք. ԺԱ. դարուն ազգային կեանքը կազմակերպուած էր եւ ազգը մեծ տագնապէ մը կ՚անցնէր։ Այդ օրերուն երիտասարդ կին մը իր ազգին հմար մտահոգուած ըլլալով՝ կ՚աղերսէր որ Աստուած ազատարար մը ղրկէր, եւ եթէ իրեն ալ զաւակ մը պարգեւելու ըլլար՝ զայն Աստուծոյ պիտի նուիրէր։
Սամուէլ մանուկը կը ծնի եւ բարեպաշտ մօրը շունչին տակ կը սնանի եւ կը մեծնայ։ Այնուհետեւ Սամուէլ կ՚ըլլայ բարեպաշտ եւ իմաստուն առաջնորդ մը, արդարախոհ եւ անկաշառ դատաւոր մը եւ Աստուծոյ ներկայութեան գիտակից ճշմարիտ մարգարէ մը։
Համայն աշխարհ Սամուէլի մօրը՝ Աննայի երախտապարտ է մինչեւ այսօր։
Դ. դարու սուրբերէն Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս (354-430) մօր Մոնիքայի, ինչպէս նաեւ Յովհան Ոսկեբերանի մօր՝ Արիթուսայի երախտապարտ պիտի մնայ քրիստոնեայ եկեղեցին մինչեւ աշխարհի վախճանը։
Ուստի, շնորհիւ մեր բարեպաշտ մայր եւ քոյրերուն, հայ ընտանիքներու մէջ քրիստոնեայ առաքինութիւններ երեւան գալ սկսան առաջին դարերէն ի վեր։ Ուստի, իրենց քրիստոնէական հաւատքին եւ ընտանեկան սրբութեան տեւականացումը ապահովող քոյր եւ մայրերու արիւնը ունինք մեր երակներուն մէջ, եւ պարտաւոր ենք անիկա փոխանցել ապագայ սերունդներու։ Մօր սէրը երբեք պէտք չէ անարգուի։ Երիտասարդներու սրբազան պարտականութիւնն է ամենայն մաքրութեամբ եւ յարգանքով վարուիլ իրենց ծնողներուն հետ, քանի որ անոնք են արմատները սրբութեան՝ ապագայ մաքուր եւ լուսաշող կեանքին։
Մայրե՜ր, դուք Աստուծոյ անմիջական գործակատարները եւ գործարարներն էք. մարդկութիւնը երախտապա՜րտ է ձեզի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024