ԱՂՕԹՔԸ՝ ՅՈՅՍԻՆ ԼԵԶՈՒՆ

«Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք եւ աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի». (ՅԱԿՈԲ. Ե 16)։

Աղօթքը, արդարեւ, յոյսին լեզո՛ւն է, որովհետեւ. «Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը եւ Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր». (ՅԱԿՈԲ. Ե 15)։

Արդարեւ, աղօթքը, հաւատքով եւ յոյսով Աստուծոյ հետ խօսակցութիւն մըն է։ Նաեւ, աղօթքը ո՛չ թէ միայն իր անձին համար, այլ իր մերձաւորներուն եւ համայն մարդկութեան համար աղերս ներկայացնելու նպատակով Աստուծոյ հետ, հայր եւ որդիի մտերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ հաղորդակցութիւն մըն է։

Յակոբոս Տեառնեղբօր ընդհանրական նամակին վերոյիշեալ համարները աղօթքի այս հանգամանքը կը բացայայտէ։

Մարդիկ, ընդհանրապէս, երբ կեանքի մասին մտածեն, բազմաթիւ մտահոգութիւններու մէջ պարապութիւն մը եւ անճարութիւն մը կը զգան եւ, հետեւաբար, վստահելի ապաւէնի մը պահանջքը կ՚ունենան։ Մարդիկ, իրենց անկարելի համարած երեւոյթներու վրայ ժամանակաւոր բաներով կը մտահոգուին եւ երբեմն նոյնպէս ժամանակաւոր ճարերով կը մխիթարուին։

Բայց այս ժամանակաւոր ելքերը եւ հնարքները չեն գոհացներ մարդը։ Անճար վիճակի մէջ գտնուող մարդը խօսելու պէտքը կը զգայ, որովհետեւ խօսիլը կը հանդարտեցնէ, կը հանգստացնէ մարդը. «խօսիլ»ը՝ հոգեբուժական դարմանումի միջոց մըն է, քանի որ մարդ խօսելու միջոցով «արտանետում» մը կ՚ընէ եւ կերպով մը մարդ իր մտահովութիւններէն կը պարպուի։ Եւ քանի որ Աստուած ամենավստահելի եւ ամենաապահով Անձն է, ապա ուրեմն աղօթքը կը հանգստացնէ մարդը։ Աստուծոյ հետ խօսիլ, այսինքն՝ աղօթել, մտահոգութիւններէ, կասկածներէ փրկուելու ամենաապահով միջոցն է։

Այս պատճառով, մարդ երբ նեղութիւն մը ունի, խօսիլ կ՚ուզէ իր հոգերը յայտնելու համար։ Բայց մարդ երբ խօսելու պէտքը կը զգայ՝ Հզօր ձայնի մը, ազդեցիկ Անձի մը պատասխանին կը կարօտի։

Մարդ, այս աշխարհի վրայ երբ կ՚ապրի, պէտք է հարցնէ ինքն իրեն, թէ՝ աշխարհէն ի՞նչ կ՚ուզէ, ի՞նչ կ՚ակնկալէ եւ ի՞նչ է նպատակը։ Արդարեւ, ամէն մարդ պէտք է հարցնէ սա հարցումները. «ի՞նչ», «ի՞նչու» եւ «ի՞նչպէս»։ Քրիստոնէութիւնը երբեք արգելք չէ այս հարցումները հարցնելու, քանի որ նպատակը՝ ճշմարիտը, գեղեցիկը եւ բարին գտնել է, եւ այս արժէքները կարելի է գտնել այս հարցումներուն պատասխաններուն մէջ։ Չէ՞ որ Աւետարանը իր բովանդակութեանը մէջ այս հարցումներուն պատասխանները կու տայ մեզի։

Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին աղօթքը մեծ կարեւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն մըն է՝ ծանօթանալու բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտին հետ։ Եւ այս երեք արժէքը մարդկութեան հասարակ արժէքներն են, այս ալ կը պարտադրէ իւրաքանչիւր աղօթող անձի աղօթել ամբողջ մարդկութեան համար, քանի որ Աստուած՝ երկնաւոր Հայրն է բոլոր մարդոց։ Մարդ ընկերային արարած մըն է եւ միայն ինք իրեն համար չ՚ապրիր, ուրեմն պէտք է որ աղօթքն ալ բաժնէ ուրիշներու հետ։

Սաղմոսերգուն Աստուծոյ կ՚աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ». (ՍԱՂՄ. ՃԽ 1)։ Ուրեմն, մենք երբ կ՚աղօթենք, պէտք է Աստուծմէ խնդրենք, որ չարէն, չար մարդոցմէ հեռու պահէ մեզ։ Արդարեւ, մեր հիւանդութիւններուն բժշկութիւն խնդրելու չափ պէտք է խնդրենք, որ հիւանդութիւն չպատահի մեզի, մեր առողջութիւնը պահէ, նոյնպէս՝ չարէն փրկուելու չափ չարին չհանդիպիլն ալ կարեւոր է, ինչպէս հիւանդութիւնը կանխելու համար նախ պէտք է բժշկական միջոցներու դիմել՝ պատուաստուիլ կարգ մը հիւանդութիւններէ զերծ մնալու համար։ Բայց ասոր համար մենք ալ պէտք է կարելին ընենք, քանի որ ի վերջոյ պատասխանատու ենք մեր ամէն մէկ արարքէն։

Քանի որ ամէն ատեն օգնութեան կը կարօտինք մեր կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար, պէտք ունինք բժշկութեան եւ կամ բարի գործեր կատարելու ընթացքին յաջողութեան, քանի որ մենք ինքնաբաւ չենք, ապա ուրեմն պարտաւոր ենք ամէն ժամ աղօթելու, աղօթքի համար մեզի որոշ պահեր հաստատել,. զոր օրինակ՝ ամէն միջօրէի «Հայր մեր…» մը արտասանել անձայն, բայց ամբողջ սրտով՝ սրտաբուխ եւ ջերմեռա՛նդ։ Եւ խորհելով, որ ամէն մարդ այդ պահուն չ՚աղօթեր, բոլորին համար աղօթել, աղօթքի միութեամբ հասարակաց ջերմուժ մը ստեղծել ու ըսենք. «Տէ՛ր աղօթել սորվեցուր մեզի»։

Արդարութեան համար, խաղաղութեան համար, ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան համար՝ ամէն մէկս իրարու համար աղօթենք եւ Աստուած անպայմա՛ն պիտի լսէ մեզ, պիտի ընդունի մեր աղօթքները եւ պիտի կատարէ զանոնք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 3, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2024