ՊԱՐՈՆ ԱՒԱԳ
Գործով մի քանի օր կը գտնուիմ Պարսկաստանի հիւսիս-արեւմուտքը՝ Թաւրիզ պատմական քաղաք, որ հիմնուած է երրորդ կամ չորրորդ դարերու ընթաքին. քաղաք՝ որու յիշատակութիւնը ըրած է նաեւ հինգերորդ դարու պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդը: Քաղաքը մեծ է ու խճողուած. ամէն մէկ քայլափոխի հնութիւն մը՝ պատմութիւն բուրող, որ մշակոյթին հետ միախառնուելով դարձած է մարդոց ապրելակերպն ու կենցաղը: Պատմական ու աւանդական մե՜ծ շուկայ մը՝ որ վերջ չունի. շուկայ՝ որ յաջողած է պահել իր հին աւանդական ձեւը:
Սակայն այս ճամբորդութիւնը իմաստաւորողը այլ բան մըն էր. վաճառական պարսիկ մը իր չգիտցած անգլերէնով ու կիսապարսկախառն թրքերով կը հարցնէ ազգութիւնս, որուն դիմաց հայ ըլլալս կը յայտնեմ. մի քանի վայրկեան անհետանալէ ետք հեռաձայնը ձեռքին քարտէսի վրայ փողոց մը կը փորձէ ցոյց տալ. Լիբանանի մէջ ծնած ըլլալու շնորհիւ կը յաջողիմ արաբերէն տառերով գրուած պարսկերէն փողոցի անունկը կարդալ. «Պարոն Աւագ»։ Պարսկաստանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ փողոց մը կը կրէ տակաւին մինչեւ այդ պահ մեզի համար անյայտ Պարոն Աւագին անունը, որ որպէս հայ նոյնիսկ պարսիկ բնակիչները գիտեն:
Պարոն Աւագ անունով փողոցի մը գոյութիւնը կը հետաքրքրէ զիս եւ ծնունդ կ՚առնէ հայ մը գտնելու անբուժելի հիւանդութիւնը. քարտէսի վրայ կը տեսեմ, որ Պարոն Աւագ փողոցի մօտակայքը հայկական սրճարան մը կը գործէ՝ «Քաֆէ Վարդան» անունով. Վարդան անունը բաւարար կ՚ըլլայ, որպէսզի քայլերս առաջնորդեմ այդտեղ՝ հայերէն լեզու, հայու շունչ մը զգալու համար:
Քարտէսի օգնութեամբ կը հասնիմ «Քաֆէ Վարդան» նշուած վայրը, սակայն, ո՛չ «Քաֆէ»ն կը տեսնեմ եւ ոչ ալ Վարդանը: Մի քանի պարսիկներու հարց տալէ ետք կը տեղեկանամ, որ Վարդանը արդէն իսկ դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը. պարկիսներու օգնութեամբ կը տեղեկանամ, որ Պարոն Աւագի միւս երկարութեան վրայ կան մի քանի հայերու խանութներ. կը գտնեմ սուրճի պատրաստման կէտ մը՝ «Ժեզվէ» անունով. կը մօտենամ եւ առաջին անգամ ըլլալով Թաւրիզի մէջ կը լսեմ «բարեւ» ոսկեայ բառը. Հայաստանի մէջ այդ քաղցրութիւնը զգալը հնարաւոր չէ, սակայն օտարութեան մէջ լսուած «բարեւ»ը իր յատուկ տեղը ունի: Անձնապէս սուրճ խմող չեմ, սակայն, հայու արիւնը կ՚ըսէր, թէ պէտք է անպայման օգտուիլ մեր հայորդիի սուրճի կէտէն, որուն պիտի յաջորդէր աւանդական հայու կռիւը... ինք պիտի ուզէր սուրճը հիւրասիրել, իսկ ես պիտի պնդէի, որպէսզի վճարեմ. այդ կռիւին մէջ նոյնիսկ մարդ ինքզինք հայ կը զգայ, որովհետեւ քու մէջդ ծնունդ կ՚առնէ հայը քաջալերելը, իսկ իր մէջ հայը յարգելու անգիր օրէնքը:
Խօսակիցս կը յայտնէ, որ անցեալին Պարոն Աւագի բնակիչներն ու նոյնիսկ խանութներու տէրերը եղած են հայեր. այդ փողոցին վրայ շինած են հայկական եկեղեցի՝ Սուրբ Սարգիսը, անոր կողքը հայկական դպրոց եւ օտարութեան մէջ ստեղծած փոքր Հայաստան մը. սակայն, այս բոլորէն անդին հարցական էր, թէ ո՞վ էր Պարոն Աւագը, որուն անունով մկրտուած էր այս փողոցը եւ նոյնիսկ օտարներու կողմէ ճանչցուած:
Սրճելու ժամանակ մի քանի երիտասարդ հայերու հարց տուի, սակայն, չկրցայ յստակ պատասխան մը ստանալ, բայց եւ այնպէս, հետաքրքրութիւնս վերջապէս գտաւ պատասխանը. Պարոն Աւագը (մականունով Աւագեան) հայ ազնուական մեծահարուստ մըն էր, որ Թաւրիզի մէջ գնած էր հսկայկական թաղամաս մը ամբողջութեամբ ու յատկացուցած հայերուն։ Այս բարերար մարդը ուզած էր օտարութեան մէջ ի մի համախմբել հայերը, օժտել զանոնք եկեղեցիով, դպրոցով եւ առանձնացնել օտարներէն, ինչ որ յաջողած էր ընել: Օտար պատմիչներ՝ նոյնիսկ 1800-ական թուականներուն ապրող օտար պատմիչներ յաճախ յիշած են, որ Թաւրիզի մէջ ապրած են մեծահարուստ հայեր եւ գուցէ անոնցմէ մէկն էր նաեւ Պարոն Աւագը (Պարոն անուանումը արդէն իսկ կը խօսի անոր ազնուական դասակարգին մասին):
Այդտեղի հայ երիտասարդներու շնորհիւ գիտցայ, որ շրջանի մէջ կը գործէ միայն Սուրբ Սարգիս եկեղեցին. յաջորդ օր կիրակի էր եւ պէտք էր պատարագի մասնակցիլ՝ հաւատքի կողքին սնուցանելու համար նաեւ ազգութիւնը:
Ոգեւորուած, պատարագի ժամէն ժամ մը առաջ հասայ եկեղեցւոյ դուռ. տակաւին դռները փակ էին: Քիչ մը թաղերը պտտելէ ետք վերադարձայ եւ տեսայ եկեղեցւոյ դարպասը բաց. հազիւ ուզեցի մտնել երիտասարդ հայ մը կագնեցնելով անձնագիրս ուզեց տեսնել: Իրականութեան մէջ առաջին տպաւորութիւնս դրական չէր. ես՝ նախկին եկեղեցական մը եկեղեցի մուտք գործելու համար պէտք է ցոյց տայի անձնագիրս, որպէսզի յաջողէի փաստել իմ հայ ըլլալս. պահ՝ որ կ՚ուզես «Հաւատամք»ը եւ կամ «Մեր հայրենիք»ը բարձրաձայնել՝ որպէսզի փաստես իրապէս հայ ըլլալդ: Երեւոյթը տարօրինակ էր, սակայն իրաւացի, որովհետեւ ապահովութեան համար օտարներու մուտքը արգիլուած էր. եկեղեցի մտնելու համար պայման էր հայ ըլլալ. այս մէկը ինքնին պայքար էր պահելու համար եկեղեցին, ազգութիւնը. ամէն ինչ կը պարզէր գաղութին ունեցած պայքարն ու դժուարութիւնները։
Կար ժամանակ, երբ Լիբանանի մէջ արգիլուած կը նկատուէր օտար ամուսնութիւնը. ժամանակ մը ետք սկսաւ տարածուիլ այն համոզումը, որ ոչինչ օտար ըլլան, սակայն հիմնականին մէջ ըլլան քրիստոնեայ. այստեղ հարցը ուրիշ էր. թէ՛ օտար էին եւ թէ այլազգ. փոքր գաղութ մը, որ որպէս հաւաքավայր ունի միայն եկեղեցին, որ պարաւոր էին պաշտպանել օտարներէն: Այս բոլորը թէ՛ պայքար եւ թէ մտահոգութիւն էին, որովհետեւ նման գաղութներ մեր այսօրուան իրականութեան մէջ կամաց կամաց նօսրանալով նոյնիսկ կորուստի ճակատագիրի ճամբան կը բռնեն. դարաւոր հայկական եկեղեցիներ, օտարութեան այս հողին մէջ հայ երիտասարդներու պաշտպանութիւնը կը վայելեն:
Հպարտութիւն կը ներշնչեն նման երիտասարդներ, սակայն, ապագան եւս նոյնքան մտահոգութիւն կը յարուցէ, որովհետեւ ժամանակը մեզմէ կը խլէ նման երիտասարդներ, որոնց պակասը լուրջ մտահոգութիւն պիտի ըլլայ թէ՛ մեր ազգին ընդհանրապէս եւ թէ այդ գաղութներուն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ է Թաւրիզի Պարոն Աւագը։
Պատասխան. Պարոն Աւագը իր դարաշրջանի նշանաւոր գործիչներէն մէկն էր. 17-րդ դարուն երբ Շահ Ապպաս բռնի տեղահանեց հայերը, Պարոն Աւագի ջանքերով հիմնուեցաւ Նոր Ջուղայի համայնքը։ Իր դիւանագիտութեան շնորհիւ Պարոն Աւագ միջնորդ եղաւ արքունիքին ու հայ վաճառականներուն միջեւ։ Այս միջոցին մեծապէս նպաստեց եկեղեցիներու շինութեան ու համայնքի կազմաւորման գործին։ Պարոն Աւագը կը յիշուի որպէս տեղահանուած հայերու խորհրդանիշ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան