ԽՈՐ­ՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆ­ՉԵ­ԼԻ՜…

Ահաւասի՛կ, անգամ մը եւս Խորենացիին գողտրիկ եւ զգայացո՜ւնց երգն է որ կը հնչէ.

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի՜, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»։ Որքան գողտրիկ՝ ա՛յնքան խորհրդաւոր, որքան զգայացունց՝ ա՛յնքան տպաւորիչ այս երգը, որ դարե՜ր շարունակ կը հնչէ եւ կ՚աւետէ մեծ ուրախութեամբ Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը։

Եւ ո՜րքան հոգեպարար՝ հոգին զուարթացնող եւ հրճուեցնող առիթ մըն է թափանցիլ, մխուիլ այս «խորհուրդ»ին խորերը, մտապէս երթալ քսանմէկ դարեր յառաջ եւ հոն դիմաւորուիլ «Յաւիտենական Մանուկ»ին ծննդեան հրաշալի՜ երեւոյթին։

«Յաւիտենական Մանուկ»ին ծննդեան յատկանշական տեսարաններէն մէկն է Մոգերու այցելութիւնը եւ երկրպագութիւնը. «Եւ ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ» (ՄԱՏԹ. Բ 1)։

Արդարեւ, Արեւելքը՝ այդ խորհրդաւոր շրջանը, ծնունդ է տուած մեծամեծ ինքնակալութիւններու եւ օրրանն է եղած այն-չա՜փ քաղաքակրթութիւններու ծագման։ Հին ժամանակները այդ շրջանին մէջ տիրող կրօնքն էր զրապաշտութիւնը՝ որուն վարդապետները կը կոչուէին Մոգեր։

Իշխանական գործերու մէջ ալ յառաջադէմ էին Մոգերը, ինչպէս որ մտաւոր գործերու մէջ կ՚առաջնորդէին ժողովուրդները։ Մոգութեամբ ծաղկած այդ շրջանի երկիրներէն մէկուն մէջ՝ նոյն ժամանակները կ՚ապրէին երեք իշխան մոգեր՝ որոնց անունները ըստ քրիստոնեայ աւանդութեան, Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար էին։

Այդ մոգերը բարի՛ էին. կը ճանչնային տիեզերքի ստեղծիչը եւ իրենց հոգիները ծանօթ էին Աստուածութեան։ Ազնիւ նկարագրի տէր էին, մոգութեան յարակից թիւր գաղափարները իրենց հարցասէր եւ պրպտող, խորաթափանց մտքին առջեւ քննելի էին։

Ճշմարտութիւնը կը խուզարկէին անոնք, այդ բանը անոնց մտքին սեւեռեալ նպատակակէ՛տն էր։

Գիշերները երբ խաղաղ լռութեան մէջ իրենց աչքը կը յառէին աստեղազարդ եկրինք եւ խոր յափշտակութեան մէջ կ՚ընկղմէին, կը փառաբանէին «անբաւութեան արարիչ»ը։

Լո՜յս կը խնդրէին անոնք Արարիչէն, տիեզերքը Ստեղծողէն, որպէսզի գտնեն «ճշմարտութի՛ւն»ը։ Անոնք, Ամենակարողէն կ՚աղերսէին՝ որ իրենց հոգիին ծարաւը յագեցնէ։ Անոնք լսած էին շատ պատկառելի աւանդութիւն մը՝ թէ կու գար Հրէաստանէն, թէ Աստուածութիւնը խոստացած էր ծագեցնել յատուկ Աստղ մը. «Ծագեսցէ աստղն Յակոբայ». այդ աստղին ծագումն էր որ կը փնտռէին երկինքի լուսաւորներուն մէջ։ Սորվեր էին անոնք, թէ «Մէկը» պիտի գար ապագային հրեաներու ազգէն՝ որ պիտի ունենար տիեզերական եւ երկնային յաւիտենական թագաւորութիւն, որ երկինքէն երկիր պիտի բերէր մարդկութեան «ոսկեդար»ը։ Անոնք շատ գիշերներ անքուն կ՚անցընէին, գիտնալով ճշմարտութիւնը, եւ դիտելով կապոյտ երկնակամարը։ Աղօթքի եւ հայեցողութեան կեա՛նքն էր իրենց սիրելի զբաղումը։

Եւ օր մը յանկարծ նշմարեցին երկինքի վրայ նորանշան աստղ մը՝ որուն շողարձակ լոյսը կը խտտղէր իրենց աչքերը։ Այդ նոր աստղին լոյսը չէր նմաներ Արուսեակին մեղմահոսան լոյսին եւ կարմիր Հրատին բոսորագեղ պայծառութեան։ Իւրայատուկ էր անոր փայլը։ Անիկա բոլորովին աննման էր Լուսնթագի ցոյքերուն, ոչ ալ Բոյլքի եւ Եօթնաղբարի համաստեղութեան զարմանահրաշ երեւոյթները կը նշմարուէին անոր վրայ, հապա բոլորովին նորանշան եւ եզական էր այդ յանկարծ ծագող աստղին դիրքը։

Գիսաւոր աստղերու տարօրինակութիւններն ալ անզօր կը մնային բացատրել այս հրաշալի՜ երեւոյթը։

Իշխան-մոգերու ցնծութիւնը կատարեալ էր. հասեր էին անոնք իրենց արտաքին բաղձանքին։ Այս հոգեվիճակին մէջ անոնք խայտացին այդ երջանիկ օրուան հասնելնուն համար։ Ուրեմն, կ՚ուզեն երթալ, գտնել եւ համբուրել՝ երկրպագել նորածին «երկնային Թագաւոր»ին։ Կ՚ուզեն երթալ, եւ անշո՛ւշտ պիտի երթային։ «Երթանք եւ գտնենք զԱյն», ահաւասիկ ա՛յս եղաւ իրարու խօսած իրենց առաջին խօսքը՝ երբ Աստուածային «աւետիս պատգամ»ը իրենց ազդուեցաւ։ Չկա՛ր աշխարհի վրայ զօրութիւն մը՝ որ կարող ըլլար կասեցնել զիրենք իրենց այդ մտադրութենէն. կը հաւատային, թէ Աստուած կատար պիտի հասցնէր իրենց բաղձանքը։

Եւ ահա, Մեսիան աշխարհ եկեր էր։

Մոգերը անշուշտ պիտի գտնէին զԱյն եւ պիտի երկրպագէին Անոր։

«Ճշմատութիւն»ը յայտնուե՛ր էր։

Եւ մոգերը պիտի երթային գտնել «Ճշմարտութիւն»ը, եւ թէ իրենց հոգիին ծարաւը պիտի յագեցնէին։

Իրենց որոշումը անդառնալի՛ էր, որուն համար փութով ճամբայ ինկան։ Չէին գիտեր, թէ ո՞ւր պիտի գտնէին իրենց սրտին բաղձալին եւ սակայն կ՚երթային. ամիսներով եւ թերեւս տարիներով պիտի ճամբորդէին, սակայն բոլոր այդ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու պարտադրանքը սիրով յանձն առած էին։ Ուստի ճամբայ ելած էին եւ բնաւ մէկէն չէին վախնար, թէ իրենց արգելք պիտի ըլլար. «զի կատարեալ սէրն ի բաց մերժէ զերկիւղն»։ Սէրը վախէն հզօր է միշտ…։

Նոր ուրախութիւն մըն էր վերապահուած իրենց։ Երբ ճամբայ ինկան, տեսան որ երկինքի նորածագ աստղը իրենց առջեւէն կը քալէր։

Արդարեւ, ամէն մարդ որ հաւատք ունի, մոգերուն պէս Աստուծոյ վրայ, որ ճամբայ կ՚ելլէ յուսով լեցուած եւ սիրով բոցավառ՝ հոգիի աչքով միշտ պիտի տեսնէ «Աստղ» մը…։ Անոր աստղը՝ որ զինք պիտի առաջնորդէ դէպի «բարութեան», «արդարութեան», «ողորմութեան» եւ «հաւատարմութեան» յաւիտենական երկիրը՝ դէպի ճշմարտութեան ճանաչումը։

Երջանիկ մոգեր, երանելի՜ մոգեր, եւ երջանի՜կ եւ երանելի՜ ան ամէնքը՝ որ ա՛յդպէս հաստատ եւ խորունկ հաւատք ունին իրենց հոգիին խորը՝ որ յո՛յս ունին իրենց մտքին եւ սուրբ սէր իրենց սրտի խորքին մէջ։ Տարի տեւեց անոնց ճամբորդութիւնը եւ իրենք միշտ կը խուզարկէին նորածինին ծննդեան վայրը, անշուշտ շատեր կը ծաղրէին զիրենք, տեսնելով որ այդ մարդիկը՝ մոգերը «նորածին մանուկ» մը փնտռելու էին ելեր աշխարհի վրայ, որուն ո՛չ՝ ո՛ւր տեղ ծնիլը եւ ո՛չ իսկ՝ որո՛ւ զաւակը ըլլալը գիտէին, սակայն մոգերը անդրդուելի՜ էին։

Երկինքէն իրենց եղած ներշնչումը, իրենց անսասան հաւատքը, աշխարհի գոռոզ գիտուններուն ծաղրէն, անտարբեր մարդոց քմծիծաղներէն շա՜տ վեր կը բարձրացնէր զիրենք։ Պուտ մը հաւատքը կարո՛ղ է լեռները սասանեցնել. պիտի գոռար օր մը այդ Մանուկը՝ որ այժմ այդ հաւատացեալ եւ հաւատարիմ մոգերու խուզարկութիւններուն առարկան էր։

Հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ կարելի է հասնիլ նպատակի մը՝ կարելի է գտնել ճշմարտութիւնը։ Իսկ այն որ անտարբեր է իր շուրջին, եթէ ո՛չ անկարելի, բայց դժուա՛ր է որ հասնի ճշմարտութեան։

Մոգերը, անվհատ միշտ կը փնտռեն եւ կը քալեն դէպի արեւմուտք, մինչեւ որ հասան սխրալի եւ հոյաշէն Երուսաղէմ քաղաքը՝ հռչակուած իր փառաւոր պալատներով, եւ մանաւա՛նդ աննման եւ հրաշակառոյց տաճարովը։

«Հոս անշուշտ պիտի կարենանք ճիշդ տեղեկութիւններ ստանալ մեր փափաքելիին մասին», ըսին իրարու այդ սրտակից բարեկամները՝ Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար։ Բայց իրենց զարմանքը մեծ եղաւ երբ կոխեցին քաղաքին դրան շէմքին վրայ, աստղը որ զիրենք առաջնորդած էր մինչեւ հոն՝ յանկա՛րծ աներեւութացաւ։

Ներս մտան եւ ա՛լ աւելի անձկութեամբ սկսան հանդիպողներուն հարցնել հետաքրքութեամբ. «Ո՞ւր է որ  ծնաւ հրեաներու Արքան, քանի որ տեսանք անոր աստղը եւ եկանք երկրպագանելու իրեն»։ Բազմամարդ ոստանին մէջ շատերու ուղղեցին իրենց այդ հարցումը եւ ահա քաղաքը դղրդեցաւ։ Օտարական այդ իշխաններու հագուստ կապուստը, անոնց ըրած զարմանալի հարցումը, անձկալից խուզարկութիւնը դղդրեցին՝ ցնցեցին ժողովուրդի բոլոր խաւերը։

Հաւանական է սակայն, թէ չարերը երբեք չզբաղեցան, չհետաքրքրուեցան այդ հարցով, քանի որ անոնք ամէն դարու մէջ չեն կրցած անդրադառնալ լուրջ եւ կենսական խնդիրներու վրայ, այնքա՜ն իրենց թանկագին կը թուի սնոտի բաներու վրայ խորին ուշադրութիւն դարձնել։

Լուրին արձագանգը հնչեց նաեւ պալատին մէջ եւ Հերովդէս խռովայոյզ մտահոգուեցաւ, քանի որ այդ լուրը իր քառասնամեայ ընթացքին վերջանալը կը գուժէր։ Ինք միշտ ջանացած էր մոռցնել Մեսիսայի գաղափարը՝ արտաքին շքեղ ցոյցերու մէջ Իսրայէլի ժողովուրդը շոյելով, եւ տաճարին վերաշինութեամբ իր «օտարական» ըլլալուն պարագան կը յուսար ջնջել ժողովուրդին սիրտէն։

Ուստի, կանչեց քահանայապետը եւ ծերակոյտը, եւ անոնց հարցուց. «Ո՞ւր պիտի ծնի Օծեալը»։

Ծերակոյտը ժողով կազմեց եւ Հերովդէսի զգացուց Միքիայ մարգարէի սա կանխասացութիւնը, թէ՝ «Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլէհէմ Եփրաթա, թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես, բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Եւ անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է» (ՄԻՔԻԱՅ Ե 2)։

Եւ ահաւասիկ Միքիայ եւ բազմաթիւ մարգարէներու մարգարէութիւնը իրականացած էր ահաւասիկ. պաշտելի՜ Մանուկը՝ Մեսիան էր ծնած։

Շնորհագեղ կին մը, որ կը հսկէ իր զաւկին սնարին մօտ եւ Մանուկը, ահաւասիկ, հո՛ն էր…։

Քրիստոսի ծնունդը ազատագրութիւնն է մարդկութեան։ Անոր ծննդեան յիշատակին օրը բոլոր մանուկներ թող բոլորուին միասին եւ խմբերգներ երգեն, թող իրենց սրտագին «ալէլուիա»ները խառնուին օրուան օրհներգութիւններուն, քանի որ աստուածային Մանուկը շատ կ՚ախորժի անմե՛ղներու փառաբանութիւններէն։

Ուստի, բոլորուինք այս խանձարուրքի շուրջը եւ օրհնե՛նք անոր մէջ բովանդակուած «Անբովանդակելի՛»ն…։

​ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 16, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018