ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ ՈՒՆԻ՞ՆՔ

Երբեւէ հանդիպա՞ծ էք մտաւորականներու. եթէ այո, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՞նչ ըսել է մտաւորական եւ այդ տիտղոսին արժանանալու չափանիշները որո՞նք են: Եթէ մտաւորական ըսելով նկատի ունիք անձ մը, որ բանաստեղծութիւն կամ արձակ կը գրէ, յստակեցնենք որ ամէ՛ն գրող մտաւորական չէ, իսկ շատ անգամ ալ ամէն մտաւորական՝ գրող չէ:

Անցեալին Պոլսոյ մէջ նոյն ժամանակաշրջանին մէջ կ՚ապրէին աւելի քան 250-300 մտաւորականներ, որոնք այս կամ այն ձեւով կ՚օժանդակէին կրթութեան տարածման, գրականութեան ու իմացական աշխարհի զարգացման անձնուէր առաքելութեամբ: Պոլիսէն դուրս եւս ունէինք բազմաթիւ մտաւորականներ. 1879-1942 թուականներուն ապրած Դաւիթ Անանուն (բուն անունը Դաւիթ Տէր-Դանիէլեան) իր «Ռուսահայերի  հասարակական զարգացումը» գիրքին Ա. հատորին 5-րդ գլխուն մէջ կը գրէ. «Օրէցօր հայ մտաւորականութեան քանակն աճում է»:

Իսկ այսօր հասած ենք այնտեղ, ուր կասկածի տակ դնենք, որ արդեօք ունի՞նք մտաւորականութիւն թէ չէ: Շատերու համար պատասխանը ոչ է, որովհետեւ այսօրուան մեր մտաւորականութիւնը չունի այն իրաւասութիւնն ու ձայնը՝ ինչ որ ունէր անցեալին. թէ՛ Դաւիթ Անանունի եւ թէ միւս գրողներու մօտ կը նշմարեմ մտաւորականութեան հանդէպ եղած յարգանքն ու սէրը. սէր որ կապուած է անձին մտաւոր իմացութեան, ստեղծագործութիւններուն եւ իրագործումներուն եւ ո՛չ անձին. այսօր անձը աւելի՛ կարեւոր է մեզի համար, քան իր իմացական կարողութիւնները, որովհետեւ մենք անձն է, որ սկսած ենք կարեւորել ու սիրել՝ իր իմացութենէն առաջ:

Մտաւորականութեան պակասը մենք այսօր քիչ թէ շատ ունինք ու անոնց հիմնական պատճառները հետեւեալներն են.-

Ա.- ՈՒՍՈՒՄ.- Երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ը գրելու սկսայ, նկատեցի մեր անցեալի մտաւորականութեան ուսումի հանդէպ ունեցած սէրը. 1850-1895 տարիներուն, երբ տակաւին աշխարհի մէջ արուեստագիտութիւնը այսքան դիւրացած չէր, երբ ճամբորդելու միջոցները այնքան դիւրին չէին ինչքան այսօր, կը տեսնենք, թէ ինչպէս կը մեկնէին Ֆրանսա, Գերմանիա, Վիեննա, Վենետիկ եւ այլուր կատարելագործելու համար իրենց ուսումը. հայկականին վրայ յաւելելու եւրոպական քաղաքակրթութիւնը, որպէսզի վերադառնալով Հայրենիք այդ բոլորը ի գործ դնեն ժողովուրդի բարօրութեան: Օրինակ վերցնենք այսօրուան յոբելեարը. ուսում ստանալու համար մեկնած է Միւնիխ, Ցիւրիխ, Պերլին եւ Փարիզ. Երեւանի համալսարանը տրամադրած է գիտաշխատանոց եւ գրեթէ ամէն յարմար առիթ ստեղծած, որպէսզի զբաղուի գիւտարարութեամբ եւ պրպտումով:

Այսօր սակայն պատկերը տարբեր է. այսօրուան մտաւորականութեան չի տրուիր այդ առիթն ու հովանաւորութիւնը կատարելագործելու իրենց ուսումը. չի՛ տրուիր այդ հանգստաւէտ պայմանը, որ առաջնորդէ մտաւորականը պրպտումի եւ ուսումնասիրութեան: Խորհրդային Միութիւնը նոյնիսկ առ ի գնահատանք կը պարգեւատրէր մտաւորականութիւնը, զանազան մրցանակներ կը տրամադրէր անոնց, որպէսզի աւելի նուիրումով ստեղծագործեն ու աշխատին:

Օշական մեծագոյն փաստերէն է, թէ առանց ուսումի եւս կարելի է դառնալ մտաւորական. ինքնաշխատութիւնը մեծագո՛յն համալսարանն է:

Բ.- ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.- Թէեւ Օշական մեծագոյն ուսման տէր անձ մը չէր, սակայն բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով մտաւորական էր, սակայն տարբերութիւնը իր եւ ներկայիս ապրող մտաւորականութեան ազատութեան կաշկանդումն է։ Օշական ունէր խօսքի եւ գործի ազատութիւնը, պայմանները ստեղծագործելու եւ նոր սերունդ պատրաստելու. այսօր մեր հաստատութիւններէն ո՞ր հաստատութեան պատասխանատուն մտաւորական իմացութեան տէր մարդ է. հաւանաբար քիչերը, որովհետեւ այսօր խնամիական կապը աւելի՛ կ՚արժէ քան մտաւոր իմացականութիւնը:

Անցեալի պատմութեան մէջ թագաւորներու, իշխաններու եւ երկիրը ղեկավարողներուն մօտ կը տեսնենք մտաւորականութիւնը. այսօր անոնք հեռացած են թէ՛ քաղաքականութենէն եւ թէ մեր կեանքէն. փա՞ստ... հաճոյքի համար նայեցէք ազգային ժողովի նիստերը, ուր անպակաս են հայհոյանքը, շիշ նետելներն ու վարկաբեկումները:

Ի զուր չէ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ առաջին անգամ մտաւորականութիւնը ձերբակալեցին, որովհետեւ ժողովուրդ մը առանց մտաւորականութեան ատակ է կորուստի:

Այսօր եւս մեր մէջէն կը փորձեն վերացնել մտաւորականութիւնը եւ հաւանաբար այդ պակասն է, որ մեր ազգը կամաց կամաց կը տանի դէպի կորուստ:

Ցաւ ի սիրտ, կ՚ապրինք այնպիսի օրեր, որ շատ անգամ մտաւորականը ստիպուած թողելով իր մտաւոր գործունէութիւնը կը պարտաւորուի իր օրուան ապրուստը ապահովելու համար մինչեւ իսկ բանուոր դառնալ, որովհետեւ բանուորները այսօր շա՜տ աւելի հանգիստ պայմաններ ունին՝ քան մտաւորականները:

Եթէ մարդիկ պիտի հարցնեն, թէ ինչն է լուծումը՝ ըսեմ. հազարներուն մէջէն պէտք է գտնել ընտրեալները, որոնք բարձրագոյն ուսում ստանալէ ետք կրնան ազգը մտաւոր զարգացման առաջնորդել. այդ ընտրեալներու ընտրութիւնը խնամիական կապերով չէ՛ որ կ՚որոշուի, այլ անհատի իմացական կարողութեամբ: Այդպիսիներուն պէտք է տրամադրել ուսանելու ամէ՛ն առիթ՝  թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս, որպէսզի զարգանալով զարգացնեն նաեւ ազգը: Պէտք է խօսքի ազատութիւն տալ անոնց. պէտք է լսել անոնց կարծիքները. մեր երկրի ղեկավարները պէտք է համոզուին, թէ իրենք ամենագէտ անձնաւորութիւններ չեն եւ պարտաւոր են լսել երկրի մտաւորականութեան կարծիքը, որ շա՛տ անգամ աւելի գիտակից մօտեցում ու լուծում կ՚ունենան քան ղեկավարողները:

Այդ լուծումին կը դիմե՞նք թէ ոչ... չե՛մ գիտեր, սակայն պարզ է, որ առանց մտաւորականութեան առաջնորդուող պետութիւն մը, ուշ կամ կանուխ ենթակայ է կորուստի ու պարտութեան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԴԱՄԵԱՆ
(1879-1932)

Մեր թուականէն 143 տարիներ առաջ՝ 5 փետրուար 1879-ին, Պաքուի մէջ ծնած է ճարտարագէտ, գիւտարար, գունաւոր հեռուստատեսութեան հիմնադիր եւ աւելի քան 21 գիւտերու հեղինակ Յովհաննէս Ադամեան (կարգ մը աղբիւրներ անոր ծննդեան թուական կը յիշեն 17 փետրուարը):

Տակաւին աշակերտական տարիներէն Ադամեանի մէջ նկատուած է պրպտելու եւ ուսումնասիրելու սէրն ու ձգտումը. ծննդավայրին մէջ ստանալով իր նախնական կրթութիւնը մեկնած է Միւնիխ, Ցիւրիխ եւ Պերլին, մասնագիտանալու արուեստագիտական գիտութիւններու մէջ: Աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը մեկնած է Փարիզ, ուր հետեւած է Սորպոնի համալսարանի դասընթացքներուն: Աւարտելէ ետք զբաղած է պատկերները հեռաւորութեան վրայ հաղորդելու խնդիրով եւ կապ հաստատած է զանազան երկիրներու գիտնականներու եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու հետ:

Ադամեան Գերմանիոյ մէջ հիմնած է գիտաշխատանոց, ուր սկսած է կատարել իր առաջին գիւտերը: Ադամեան այդ աշխատանոցին մէջ կատարած է ելեկտրականութեան միջոցով պատկերներու վերարտադրման հնարաւորութեան առաջին փորձերը, յաջողելով պատկերը գունաւոր վիճակով հաղորդալարերով 600  քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ հաղորդել:

Ադամեան 1913 թուականին հաստատուած է Ռուսաստանի Սեն Փեթերսպուրկ շրջանը, ուր նոյնպէս հիմնած է գիտաշխատանոց եւ շարունակած իր պրպտումները. 1913-1932 թուականներուն Ադամեան ստացած է 21 արտօնագիր, որոնցմէ երկուքը առընչուած են հեռուստատեսութեան:

Ադամեան 1918 թուականին ստեղծած է առաջին սարքը, որ կը ցուցադրէր սեւ եւ սպիտակ անշարժ պատկերներ. պէտք է նկատի ունենալ, որ մեծ յառաջդիմութիւն մըն էր այդ մէկը հեռուստատեսութեան բնագաւառէն ներս:

Երեւանի համալսարանին մէջ, 1925-ին ստեղծուած է յատուկ գիտաշխատանոց Ադամեանի համար. Ադամեան այդտեղ առաջին անգամ ցուցադրած է «հեռատես» եռագոյն պատկերման սարքը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1945-1951 թուականներուն կատարուած ուսումնասիրութիւնները Ադամեանի ստեղծագործութիւնը համարած է հեռուստատեսութեան աշխարհի մէջ գործող ամենէն լաւ համակարգը:

Ադամեան սէր ունէր նաեւ գեղանկարչութեան, ճարտարապետութեան, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան հանդէպ։ Մշտական հաճոյք էր իրեն համար Սեն Փեթերսպուրկի յայտնիներուն հետ ճատրակ խաղալը:

Ադամեան մահացած է 12 սեպտեմբեր 1932-ին, Լենինկրատի մէջ. 1970 թուականին անոր աճիւնները փոխադրուած են Երեւան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022