ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ ՄԸ
Մեծ պահոց շրջանի 5-րդ Կիրակին սովորաբար կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակին»՝ օրուան Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿԱՍ ԺԸ) գլխաւոր դէմքերէն՝ «Անիրաւ Դատաւոր»էն առնելով իր անունը։ Բայց առակին երկրորդ եւ կարեւոր դէմքը՝ «Այրի կին»ը եւ անոր յարատեւութեան տիպարն ալ եթէ նկատի առնուի, կարելի է ըսել «Աղօթք»ի, եւ մանաւանդ «Յարատեւ աղօթք»ի նուիրուած Կիրակի, քանի որ Յիսուսի խօսած այս առակը կը վերաբերի յարատեւ աղօթքի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան հոգեւոր կեանքի մէջ։
Արդարեւ յարատեւութիւնը, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, հոգեւոր կեանքի մէջ ալ նպատակի հասնելու, յաջողութիւն ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ ազդակ մըն է։
«Յարատեւութիւն», իր լայն առումով կը նշանակէ՝ «սկսած ջանքի մը, աշխատանքի մը շարունակումը, տեւականացումը»՝ շարունակ, անդադար, անձանձիր շարունակել աշխատանքը՝ տեւականացնել զայն հաստատամիտ ու հաստատակամ կերպով։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ յարատեւ աշխատութիւն, անվհատ, առանց յուսալքուելու ամէն ջանք ի վերջոյ հասած է իր նպատակին եւ յաջողութեամբ պսակուած։ Ուստի յարատեւութիւնն է, որ մարդուս պէտք է նպատակի մը հասնելու համար։ Աշխատութիւնը եթէ յարատեւ չէ, արդիւնքն ալ կասկածելի է, եւ շատ անգամ ապարդիւն ջանք։ Անշուշտ յարատեւութեան չափ կարգապահութիւնն ալ (=discipline) կարեւոր դեր կը խաղայ յաջողութեան մէջ, բայց մանաւանդ ամէն աշխատութեան պէտք է ընկերակցի յարատեւութիւնը, ինչպէս ամէն գիտութեան՝ կարգապահութիւնը։ Յարատեւութիւն (=persévérance) եւ կարգապահութիւն (=discipline) կ՚ամբողջացնեն աշխատութիւնն ու գիտութիւնը՝ յաջողութեան դժուարութիւններով լեցուն ճամբուն վրայ։
Հոգեւոր կեանքն ալ ճանապարհ մըն է երկար ու խոչընդոտներով լեցուն, որուն առարկան է՝ աղօթքը, որ կը կարօտի հոգեւոր վարժութեան, այսինքն աշխատանքի եւ գիտակցութեան՝ որոնց անմիջական օգնականներն են՝ յարատեւութիւնը ու կարգապահութիւնը։ Ուրեմն կ՚արժէ վերլուծել աղօթքը՝ իր իմաստին մէջ, նպատակին տեսակէտով։
Արտաշէս Ղազարեան սապէս կ՚ըսէ աղօթքի մասին.
«Ի՞նչ է աղօթքը։ Աղօթք՝ աղաչանք, խնդրանք առ Աստուած, օրհնութիւն, գոհութիւն, փառաբանութիւն. խօսք ընդ Աստուած, Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու գլխաւոր միջոց։
«Իր քարոզներէն մէկուն մէջ Յովհաննէս Երզնկացին (Պլուզ) հետեւեալ կերպով կը ստուգաբանէ բառը.- Աղօթք բառը երկվանկանի է. առաջին վանկը աղ(օթքն) է, որ ունի աղաղակի իմաստ՝ սրտի խորքէն բխած, աղաչական, աղերսական նշանակութիւն։ Իսկ -օթք-ը՝ պատշաճ յարակցութիւնը, այսինքն ամբողջացուցիչ առընչութիւնն է՝ որով կը յորջորջուի՝ կ՚անուանուի աղօթք բառը ամբողջութեամբ։ (Մատենադարան, ձեռ. դ 2173, թ. 391 ա)։ Այս իմաստով աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ հետ միատեղուիլ, Աստուծոյ շնորհը հագնիլ, աստուածայինով զգեստաւորուիլ, աստուածայինը կրել։
«Աղօթքը՝ որպէս Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան ձեւ, ունի իր միջոցը՝ որ է Սուրբ Հոգին։
«Քրիստոնէութեան հաւատի համաձայն, Սուրբ Հոգին նաեւ աղօթքի ուսուցիչն է եւ օգնակա՛նը, խրախուսիչը աղօթքի ժամանակ՝ անոր ներշնչման աղբիւրը.- Նոյնպէս եւ Սուրբ Հոգին օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն, քանի որ մին կ՚աղօթենք…։ (Հռոմ. Ը 26)։ Արդարեւ Սուրբ Գրքի մէջ տրուած են Յիսուս Քրիստոսի երկու լրիւ աղօթքները եւ Գեթսեմանիի մէջ Անոր աղօթքի որոշ մասերը. (Մատթ. ԻԶ 36-46), (Մարկ. ԺԴ 32-42), (Ղուկ. ԻԲ 39-46)։
«Այս աղօթքներէն առաջինը՝ Տէրունական աղօթքն է, իսկ միւսը՝ Յիսուս արտասանած է այն ժամանակ, երբ կանխաւետելով իր յաղթականը աշխարհի ու մահուան նկատմամբ, կը պատրաստուէր վերադառնալ Իր Հօր մօտ. (Յովհ. ԺԷ 1-26)։ Յիսուս, հաւատացեալ քրիստոնեային կը պատուիրէ յաճախ աղօթել՝ յաճախակի հաղորդակցութեան մէջ մնալ Հօրը հետ (Կողոս. Բ 2), աղօթել ամենայն ժամ (Ղուկ. ԺԸ 1, ԻԱ 36) եւ (Եփես. Զ 16) եւ անդադա՛ր (Ա Թեսաղ. Ե 17)։
«Յիսուս կը յանդիմանէ՛, կը պարսաւէ կեղծաւոր ի ցոյց մարդկան, ձեւապաշտօրէն կատարուած աղօթքները (Մատթ. Զ 5). կը պատուիրէ մանաւանդ ծածուկ աղօթել (Մատթ. Զ 6), եւ աղօթելու ժամանակ հեթանոսներու պէս շատախօս չըլլա՛լ (Մատթ. Զ 7)։
«Ըստ Եկեղեցիի սուրբ հայրերու ուսուցումներուն, աղօթքը մո՛ւտք է հոգեւոր ոլորտ, միջոց եւ հաղորդակցութիւն երկնային իրականութեան հետ.- Մտքի համբարձում երկնային իրողութիւններու, եւ առաջնթաց առ աննիւթականը եւ աստուածային բազմախորհուրդ ճանաչութիւնը. (Նեղոս Սինայեցի. Դ-Ե դարեր)։ Ուստի առանց հաւատի աղօթքը անուժ է եւ անզօր, միա՛յն հաւատքէ բխող աղօթքն է, որ կարող է ներգործութիւն ունենալ, լսելի ըլլալ Աստուծոյ։ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին տուած է աղօթքի տասը հիմնական խորհուրդներ՝ քաղուած Սուրբ Գիրքէն եւ սուրբ հայրերէն, ուր ան աղօթքի միջոցով կը շեշտէ մարդուն կապը Բարձեալի հետ՝ ներշնչուած Սուրբ Հոգիով, եւ կարեւորել աղօթքը՝ որպէս կատարելութեան հասնելու միջո՛ց։ Ըստ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի, աղօթքի սրբութիւնները երեքն են՝ սրտի, լեզուի եւ ձեռքերու, քանզի աղօթքը անոնց միջոցով կը կատարուի։
«Ձեռքերու սրբութիւնը այն է, որ Առաքեալը ըսած է.- Կ՚ուզեմ որ ամէնուրեք, երբ այր մարդիկ աղօթքի կանգնին՝ Աստուծոյ բարձրացուցած իրենց ձեռքերը դէպի վեր, աղօթեն։ (Ա Տիմոթ. Բ 8)։ Այսինքն՝ ձեռքերը տեսանելի կերպով մաքուր պահեն ագահութիւններէ, զրկանք պատճառող ամէն ինչէ, արիւնէ։ Եւ միայն մաքուր եւ սուրբ ձեռքերն են որ համարձակ կերպով կարելի է բարձրացնել դէպի վե՛ր։
«Իսկ լեզուի սրբութիւնը այն է, որ պէտք է Աստուծոյ աղօթել՝ զերծ մնալով խօսքի բարկութիւններէ, ունայնախօսութիւններէ, հայհոյանքներէ, աղաղակներէ, բամբասանքէ, չարախօսութիւններէ, զրպարտանքներէ։ Եւ վերջապէս, սրտի սրբութիւնը իր, ընկերներու եւ Աստուծոյ հանդէպ է, աղօթքը պէ՛տք է ըլլայ սրտաբուխ, անկեղծ՝ սիրտը մաքրելով բոլոր մեղքերէ եւ աղտերէ ե՛ւ չար խորհուրդներէ, քանի որ ըստ քրիստոնէական մարդաբանութեան (=մարդ էակը ուսումնասիրող գիտութիւն), սիրտը մարդուս ներաշխարհի հոգեւոր կեդրոն եւ Սուրբ Հոգիի շնորհի ընդունարան է. (ՍԱՂՄ. ԾԱ 10), (ԱՌԱԿ. Դ 23), խորհուրդներու շտեմարան, Սուրբ Հոգիի տաճար (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ)։ Կան անհատական եւ հրապարակային՝ հաւաքական կամ հասարակական աղօթքներ։ Անհատի աղօթքը յաճախ կ՚իրականանայ ներքին խօսքի միջոցով՝ առանց բառեր արտասանելու։
«Իսկ հրապարակային կամ հասարակական աղօթքը նման է հասարակական պարտքի վճարումի… երբ ամէնքս կարգուած ժամուն եկեղեցի երթալով, միաբան կերպով կ՚աղօթենք. (Սիմէոն Ա Երեւանցի. 1763-1780)։
«Ըստ բնոյթի աղօթքները կ՚ըլլան հաւատի եւ փառաբանութեան, զղջման եւ ապաշխարութեան, դաւանական, բարեխրատական եւ այլն։ Իրենց նշանակութեամբ ալ կը կոչուին -խնդրուածքներ-, -օրհնութիւններ-, եւ -գոհութիւններ-։ Յակոբ Մծբնացին հակիրճ կերպով կու տայ անոնց բնութագրերը. խնդրուածքներ այն աղօթքներն են, երբ գործուած մեղքերու համար գթութիւն եւ ողորմութիւն կը խնդրուի Աստուծմէ. իսկ օրհնութիւններ եւ գոհութիւններ՝ երբ խնդութեամբ գոհութիւն կը յայտնուի երկնային Հօր եւ կ՚օրհնուին իր բոլոր գործերը…»։
Աղօթքի մէջ պէ՛տք է ուշադրութիւն ընել՝ չշփոթելու մանաւանդ «շատախօսութիւն»ը եւ «յարատեւութիւն»ը։ Միշտ յարգի է քիչ խօսքով՝ շատ բան ըսել, հաստատակամ ըլլալ եւ չվհատիլ։ Յարատեւութիւնը երբե՛ք շատախօսութիւն եւ ունայնաբանութիւն չէ՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 17, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024