ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ
«Տէր Յիսուս աշակերտներուն հետ խօսելէ ետք երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19)։ Մարկոս Աւետարանիչ այսպէս կը նկարագրէ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձումը։ Իսկ Ղուկաս Աւետարանիչ այս մասին կ՚ըսէ. «Ապա տարաւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա եւ ձեռքերը վեր բարձրացնելով՝ օրհնեց զանոնք։ Եւ մինչ կ՚օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ, դէպի երկինք բարձրանալով» (ՂՈՒԿ. ԻԴ 50-51)։
Իսկ «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ՝ որ շարունակութիւնն է Ղուկասի Աւետարանին եւ գրուած նոյն ինքն Ղուկասի կողմէ, Յիսուսի համբարձումը կը նկարագրուի սապէս. «Այս խօսքերէն ետք, մինչ անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն…» (ԳՈՐԾ. Ա 9)։
Սուրբ Գրային այս վկայութիւններու լոյսին տակ՝ «Համբարձման տօն»ը՝ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման, այսինքն երկինք բարձրանալու յիշատակութեան տօնն է, որ Հայ Եկեղեցին որպէս «Տէրունի տօն» կը նշէ Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրը՝ 35 օրուան շարժականութեամբ՝ Ապրիլի 30-էն մինչեւ Յունիսի 3-ը հանդիպող Հինգշաբթի օր։ Այս տարի կը հանդիպի՝ Մայիս 5-ին։
Ուստի Քրիստոս, յարութենէն յետոյ 40 օր կը շարունակէ մնալ երկրի վրայ եւ այդ միջոցին երեւիլ իր աշակերտներուն։ Եւ քառասուներորդ օրը Յիսուս վերջի՛ն անգամ կ՚երեւի իր առաքեալներուն, կ՚օրհնէ զանոնք եւ պատգամներ կու տայ անոնց, որմէ յետոյ կը բարձրանայ, այսինքն կը համբառնայ, կը վերանայ երկինք։
Ինչպէս վերը յիշեցինք, Քրիստոսի համբարձման մասին կը վկայեն Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները, որոնցմէ Ղուկաս կը վկայէ նաեւ «Գործք Առաքելոց» գիրքին մէջ։
«Տէր Յիսուս աշակերտներուն հետ խօսելէ ետք երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ։ Իսկ անոնք աշխարհի բոլոր կողմերը երթալով՝ Տիրոջ գործակցութեամբ Աւետարանը կը քարոզէին, եւ իրենց քարոզութիւնը կը հաստատէին իրենց տրուած բոլոր նշաններով» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19-20)։
Հայ ժողովուրդի ամենասիրելի տօներէն մին է «Քրիստոսի Համբարձման տօն»ը՝ որուն կը մասնակցի նաեւ ժողովրդական հանդիսութիւններով։
Հայ Եկեղեցին, այս տօնին կը յիշատակէ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռին Սիս քաղաքէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին փոխադրուելու օրը։ Պատմութեան առաջարկով 484 թուականէն ի վեր Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ հաստատուած Հայրապետական Աթոռը 1441 թուականին Վաղարշապատի ազգային-եկեղեցական ժողովի որոշումով վերահաստատուեցաւ լուսաւորչահիմն Սուրբ Էջմիածին։
Ահաւասիկ այդ պատմական օրուան յիշատակութիւնը կը կատարուի Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ Համբարձման տօնի առիթով մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ կը կատարուի նաեւ Հայրապետական մաղթանք։
Յիսուս երբ բարձրացաւ երկինք, դառնալով իր աշակերտներուն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ, իմ եղբայրներ», յետոյ խօսեցաւ անոնց հետ եւ շարունակեց. «Ինծի տրուած է ամէն իշխանութիւն երկինքի ու երկրի վրայ, ինչպէս Հայրը զիս ուղարկեց, ես ալ ձեզ կ՚ուղարկեմ։ Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները՝ որ ես ձեզի տուի։ Եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 18-20), եւ երբ այս խօսքերը խօսեցաւ հրեշտակներու գնդերը Անոր փառքին առջեւ խոնարհելով բարձրացուցին երկինք։
Ըստ պատմութեան վկայութիւններու՝ մեզի յայտնի է, թէ Յիսուսի երկու աշակերտները՝ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս գացին Հայաստան՝ Տիրոջ ճշմարիտ լոյսը տարածելու։
Յիսուս Քրիստոս, մեր Տէրը համբարձաւ՝ երկինք բարձրացաւ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ, ինչպէս Սաղմոսերգուն Դաւիթ կ՚ըսէ.
«Համբարձաւ Աստուած օրհնութեամբ, եւ մեր Տէրը՝ շեփորի ձայնով» (ՍԱՂՄ. ԽԶ 6)։ (Ծանօթագրութիւն. «շեփոր» կը նշանակէ՝ փող, այսինքն՝ փչելով նուագուող գործիք)։
Արդարեւ, Քրիստոսի համբարձումը՝ Աստուծոյ եւ մարդու յարաբերութիւններուն խզումը չէր նշանակեր, քանի որ Քրիստոս ի՛նքն է որ կ՚ըսէ. «Բայց ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի.- Ձեզի համար լա՛ւ է որ երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 7)։ Ըսել կ՚ուզէ, թէ՝ եթէ չերթայ ինք, ապա Մխիթարիչը չի՛ գար։
Ուստի Յիսուս համբարձաւ, բարձրացաւ երկինք՝ ուրկէ որ եկած էր մեղաւոր մարդկութեան փրկութեանը համար։ Իր տեղը երկինքն էր…։
Մինչեւ այսօր ալ Փրկիչը մեզի հետ է՝ մեր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ, միայն թէ պէտք է ապաւինինք Անոր սիրոյն, եւ Ան իր ամենազօր թեւերով կը պաշտպանէ մեզ ամէն տեսակ վտանգներէ եւ վերահաս պատիժներէ, չարին ներգործութենէն։
Համբարձման տօնը ժողովուրդին յայտնի է նաեւ՝ «վիճակ» կամ «ջան գեուլում» անուններով։
Տօնի օրը ջուրով լեցուն կուժերու (=կաւէ ջրաման, սափոր) մէջ կը դրուի ծաղիկներու տերեւներ եւ աղջիկներու պատկանող զանազան իրեր։ Այնուհետեւ դեռահաս աղջկան մը կը հագցնեն հարսի զգեստ, կ՚առնեն կուժերը եւ ծաղիկները՝ կը շրջին տունէ տուն։ Այս ամէնը երգերով, կատակներով ու դրամահաւաքով խանդավառութիւն մը կը ստեղծէր։ Յետոյ կը սկսէր վիճակահանութիւնը՝ որուն որ կը պատկանէր առաջին իրը, անոր մօտալուտ ամուսնութիւն մը կը սպասէր։ Կուժերէն կը հանէին միւս իրերը՝ որոնց պատկանող անձերու խրատներ ու բարեմաղթանքներ կը տրուէր։
Ժողովրդական-աւանդական այս սովորութիւնը ոգեւոր տօնախմբութեան մը կը վերածէր Համբարձման տօնը։ Ուստի Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան կ՚ըսէ, թէ՝ Համբարձման տօնը այդպէս կ՚երեւի, թէ հին ժամանակ մեծ նշանակութիւն չունէր շաբթուան մէջ իյնալուն։ Եւ սակայն ժողովրդական՝ մշակութեային ոգին կրցած է զայն վերածել խանդավառ հանդիսութիւններու առիթի մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 25, 2016, Իսթանպուլ