ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Աստուածային Նախախնամութիւնը այն միջոցառումներն են, որոնցմով Աստուած բոլոր արարածները իմաստութեամբ եւ սիրով կ՚առաջնորդէ մինչեւ իրենց վերջին վախճանը։
Յիսուս կը խնդրէ «որդիական թողլքում» մը՝ հանդէպ երկնաւոր Հօր Նախախնամութեան՝ որ կը հոգայ նուազագոյն կարիքները Իր զաւակներուն։ «Դուք ուրեմն մի՛ մտահոգուիք եւ եւ մի՛ ըսէք՝ ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք… Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր այս բոլոր կարիքները։ Դուք փնտռեցէք նախ Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը եւ այս ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (ՄԱՏԹ. Զ 31-33 - ՄԱՏԹ. Ժ 29-31)։
Արդարեւ, Աստուած գերիշխան Տէ՛րն է Իր ծրագրին։ Սակայն անոր իրականացումին համար, Ան կ՚օգտագործէ նաեւ արարածներուն գործակցութիւնը։ Ասիկա երբեք Ամենակալ Ամենակարող Աստուծոյ կողմէ տկարութեան նշան մը չէ, այլ՝ մեծութեան եւ բարութեա՛ն։ Որովհետեւ Աստուած Իր արարածներուն կու տայ ո՛չ միայն գոյութիւնը, այլ նաեւ «անձնապէս գործելու եւ շարժելու արժանապատուութիւն»ը, ըլլալու իրարու պատճառ եւ սկզբունք եւ այսպէս համագործակցելու Իր ծրագրին իրագործումին։
Աստուած նախախնամ է, ինչ որ Իր նախախնամութիւնը կը յայտնէ Եսայի մարգարէի միջոցով երբ կ՚ըսէ.
«Թէպէտ մահը զօրացաւ եւ իշխեց մարդոց վրայ, բայց Աստուած բոլորին աչքերէն արցունքը պիտի սրբէ եւ պիտի ջնջէ այն նախատինքը որ իր ժողովուրդը կրեց աշխարհի ամբողջ տարածքին։
«Տէրը Ի՛նք խօսեցաւ ասոնք» (ԵՍ. ԻԵ 8)։
Եւ Աստուծոյ նախախնամութեան տեսակէտէ Եսայի մարգարէի այս մարգարէութիւնը ո՜րքան մխիթարիչ է մանաւանդ մեր օրերու նեղութիւններու նկատմամբ։ Եւ երբ համայն աշխարհ մտահոգութեան մէջ կը գտնուի համավարակի պատճառով, Մարգարէին այս խօսքերը՝ որ «Տէրը Ի՛նք խօսեցաւ», ո՜րքան սփոփիչ են եւ ո՜րքան քաջալերակա՛ն։ Գիտնալ թէ Աստուած «բոլորին աչքերէն արցունքը պիտի սրբէ…», ո՜րքան կը մեղմացնէ ցաւերը եւ կը մոռցնէ վիշտը։ Աստուծոյ նախախնամութեան գիտակցութիւնը ամոքիչ է բոլորին համար, որ տանելի կ՚ընէ ամէն նեղութիւն…։
Աստուած մարդոց նոյնիսկ կարելիութիւնը կու տայ ազատօրէ՛ն մասնակցելու Իր նախախնամութեան, անոնց վստահելով պատասխանատուութիւնը իրենց «ենթարկելու» աշխարհը եւ տիրելու անոր։
Աստուած այսպէս թոյլ կու տայ մարդոց, որ բանաւոր եւ ազատ պատճառներ հանդիսանան, որպէսզի ամբողջացնեն արարչագործութեան գործը, կատարելագործեն անոր ներդաշնակութիւնը իրենց եւ իրենց մերձաւորներուն բարիքին եւ օգտին համար։
Աստուածային կամքին յաճախ անգիտակ գործակից մարդիկը կարող են ազատօրէն մտնել աստուածային ծրագրին մէջ՝ իրենց գործերով, իրենց աղօթքներով, ինչպէս նաեւ իրենց տառապանքներով։ Այն ատեն անոնք կը դառնան լիուլի «համագործակիցներ Աստուծոյ» (Ա ԿՈՐՆ. Գ 9) եւ Անոր Արքայութեան։
Արդարեւ, Արարիչ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքէն անբաժանելի՜ ճշմարտութիւն մըն է, թէ Աստուած Իր արարածներուն ամէն մէկ գործելուն մէջ Ինք եւս կը գործէ։ Ինք առաջին պատճառն է, որ կը գործէ երկրորդական պատճառներուն մէջ եւ անոնց միջոցաւ. «Որովհետեւ Աստուած Ինքն է որ կը ներգործէ մեր մէջ թէ՛ կամենալը եւ թէ՛ գործելը ի նպաստ իր բարեհաճ ծրագիրներուն» (ՓԻԼ. Բ 13) եւ (Ա ԿՈՐՆ. ԺԲ 6)։ Այս ճշմարտութիւնը փոխանակ նսեմացնելու արարածին արժանապատուութիւնը, ընդհակառակը՝ կը բարձրացնէ զայն։
Աստուծոյ զօրութեան, իմաստութեան եւ Բարութեան կողմէ ոչինչէն գոյացած արարածը ոչինչ կրնայ գործել, եթէ ինքզինք անջատած է իր ծագումէն, որովհետեւ արարածը առանց Արարչին կը նանրանայ. դեռ աւելին, առանց շնորհքին, օգնութեան ան չի կրնար հասնիլ իր վերջնագոյն վախճանին։
Թէ ի՞նչպէս բացատրել Նախախնամութիւնը՝ որ «Բարի» է, եւ «Չար»ին գոյութիւնը՝ որ միշտ չար է. թէ ի՞նչու կ՚արտօնէ Նախախնամութիւնը, որ գոյատեւէ «չար»ը։ Եթէ Ամենակալ Հայր Աստուածը, բարեկարգ եւ բարի աշխարհին Արարիչը, Իր բոլոր արարածները այսպէս կը խնամէ, ապա ուրեմն ի՞նչու համար «չար»ը գոյութիւն ունի։ Եւ թէ յաճախ ի՞նչու «չար»ը կը տիրապետէ եւ կը տիրակալէ։
Այս հարցումները յաճախ կը զբաղեցնեն մարդկային միտքը եւ պատասխանի մը կը սպասեն։
Նոյնքան ստիպեցուցիչ որքան անխուսափելի, նոյնքան կսկծալի որքան խորհրդաւոր այս հարցումին ո՛չ մէկ աճապարուած պատասխան բաւարար է։
Քրիստոնեայ հաւատքին ամբողջութիւնն է, որ կը հանդիսանայ այս հարցումին պատասխանը, որ է «արարչագործութեան բարութիւն»ը, մեղքին եղերականութիւնը, համբերատար սէրն Աստուծոյ, որ կ՚ընդառաջէ մարդուն՝ Իր կնքած ուխտերով, Իր Որդիին փրկչական Մարդեղութեամբ, Հոգիին պարգեւովը, Եկեղեցւոյ ժողովումով, սուրբ խորհուրդներուն զօրութեամբ, կոչուածութեամբ երանաւէտ կեանքին, որուն իրենց հաւանութիւնը ընծայելու կանխաւ հրաւիրուած են «ազատ արարած»ները, բայց որմէ կրնան ահաւոր խորհուրդով մը նաեւ կանխաւ խոյս տալ։ Քրիստոնեայ պատգամէն չկայ անցք մը՝ որ մասամբ պատասխան մը չըլլայ չարին հարցին։
Ի՞նչու համար Աստուած չստեղծեց այնքան կատարեալ աշխարհ մը՝ ուր ոչ մէկ չարիք կարենար գոյութիւն ունենալ։ Աստուած միշտ կարող է Իր անհո՜ւն զօրութեամբ՝ աւելի կատարեալ բան մը ստեղծել։ Սակայն Իր իմաստութեամբ եւ Իր անսահման բարութեամբ, Աստուած ազատօրէն ուզեց ստեղծել աշխարհ մը «յառաջդիմութեան մէջ», ուղղուած դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։
Աստուծոյ ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումին հետ նաեւ՝ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, Բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նուազ կատարելագործուածներ եւ նաեւ շինութեան փոխարէն կործանումներ։
Եւ անշուշտ՝ ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ «ֆիզիքական չար»ը, չարիքը այնքան ատեն որ արարչագործութիւնը չէ հասած իր կատարելութեան, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Եւ քանի որ արարչագործութիւնը տեւական կատարելագործուելու ընթացքի մը մէջն է, շատ բնական է, որ կարգ մը արգելքներ, խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ ըլլան այդ ընթացքին մէջ։ Արդէն «կատարելագործուիլ» չի՞ նշանակեր անոնց դէմ պայքարիլ եւ վերջապէս հասնիլ կատարելութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 25, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024