ԱՆՁԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆ - Ա -
«Անձ» իր ամենաընդարձակ իմաստով կը նշանակէ՝ իրաւունք ունեցող, պարտականութիւններ յանձն առած, իրաւունքը վայելելու եւ պարտականութիւնները կատարելու կամքով օժտուած, իր արարքներէն պատասխանատու եւ բանականութեան ուժով շարժող ու վարուող անհատ։
Այս իմաստով, անձեր կը հպատակին տուեալ օրէնքներու եւ կանոններու՝ որպէս ընկերութեան մէկ անդամը, հասարակութեան մէկ տարրը։ Հայ Եկեղեցին ալ ունի իւրայատուկ օրէնքը եւ կանոնները՝ որոնց կը հպատակին եւ կը հնազանդին իր անդամները։ Ուստի Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր կանոնական դրութեան կ՚ենթարկուին բոլոր այն «անձ»երը՝ որոնք անդամ են անոր։ Ինչպէս ամէն հաստատութիւն, եկեղեցւոյ անդամ անձերն ալ կարելի է բաժնել եւ դասաւորել զանազան դասակարգերու։
Հայ Եկեղեցւոյ անդամ «անձ»եր են.
ա) Երախաներ
բ) Հաւատացեալներ
գ) Վանականներ
դ) Դպիրներ
ե) Ուրարակիրներ
զ) Կիսասարկաւագներ
է) Սարկաւագներ
ը) Քահանաներ
թ) Վարդապետներ
ժ) Քորեպիսկոպոսներ
ժա) Եպիսկոպոսներ
ժբ) Պատրիարքներ
ժգ) Կաթողիկոսներ
ԵՐԱԽԱՆԵՐ
Երախաները, քանի որ տակաւին մկրտուած չեն, «անդամ» չեն համարուիր եկեղեցւոյ, հետեւաբար որեւէ իրաւունք չունին։ Անոնց պարտականութիւնն է պատրաստուիլ մկրտութեան, սերտելով եւ սորվելով եկեղեցւոյ դաւանանքը, եթէ ուսանելու տարիքին հասած են։ Հոս պէտք է յիշեցնել, թէ՝ «երախայ», հին առումով կը նշանակէ՝ չմկրտուած որեւէ տարիքի անձ։
ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ
«Հաւատացեալ» կը կոչուին այն բոլոր աշխարհական հայերը՝ որոնք անդամ են Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցիին։
Հաւատացեալները ունին հետեւեալ իրաւունքները.
1.- Մասնակցիլ ժողովներու, թաղային, թեմական եւ ազգային խորհուրդներու։
2.- Ընտրել իրենց Հոգեւոր Հովիւները՝ քահանայ, եպիսկոպոս եւ կաթողիկոս։
3.- Մասնիկցիլ եկեղեցական արարողութիւններու։
4.- Վայելել եկեղեցւոյ խորհուրդներուն շնորհները։
Հաւատացեալները ունին նաեւ հետեւեալ պարտականութիւնները ինչպէս ունին իրաւունքներ.
1.- Հոգալ ապրուստը իրենց հովիւներուն՝ քահանայ, եպիսկոպոս եւ կաթողիկոս։
2.- Մասնակցիլ եկեղեցւոյ պայծառութեան, շինութեան եւ պահպանութեան համար կատարուած զանազան ծախքերուն։
3.- Յարգել Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքը եւ կանոնները՝ հնազանդիլ եւ հպատակիլ անոնց։
ՎԱՆԱԿԱՆՆԵՐ
Ըստ եկեղեցական օրէնքներու, «վանականներ» անունով կը կոչուին վանքերու մէջ ապրող այն «աշխատաւոր եղբայր»ներն ու քոյրերը՝ որոնք որեւէ ուխտ չեն կատարեր եւ չեն ստանար որեւէ կարգ։
Վանականները ունին հետեւեալ իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումները.
1.- Վանքէն կը ստանան սնունդ, զգեստ, բնակարան, եւ այլն։
2.- Անոնք կրնան կրել կրօնաւորներու յատուկ մասնաւոր տարազ։
3.- Իրենց կենդանութեան ժամանակ՝ իրենց սեփական ստացուածքն ու ինչքերը կրնան տալ՝ նուիրել ազատօրէն որու որ ուզեն։
4.- Զերծ են հանրային պարտականութիւններէ։
5.- Եթէ փափաք եւ արժանիք ունին, կոչում կը զգան, կրնան ստանալ եկեղեցական աստիճաններ։
6.- Կրնան թողուլ վանական կեանքը երբ որ ուզեն, առնելով իրենց հետ իրենց սեփական ինչքերը միայն, քանի որ որեւէ ուխտի ենթակայ չեն։
Վանականները իրենց իրաւունքներուն փոխարէն ունին նաեւ հետեւեալ պարտականութիւնները.
1.- Կատարել այն բոլոր ծառայութիւնները՝ զորս վանական իշխանութիւնը կ՚որոշէ։
2.- Յարգել վանքին ներքին կեանքին վերաբերող կանոնները եւ հանազանդիլ անոնց։
Վանականներ նաեւ ենթակայ են հետեւեալ զրկումներուն.
1.- Կտակ չեն կրնար ընել. երբ որ վախճանին իրենց ստացուածքը՝ ունեցածը կը մնայ վանքին։
2.- Առեւտուրով չեն կրնար զբաղիլ։
ԴՊԻՐՆԵՐ
«Դպիր» յորջորջումին տակ կ՚առնուի եկեղեցական աստիճաններու խոնարհագոյն դասակարգերը, այսինքն.
1.- Դռնապաններ,
2.- Ընթերցողներ,
3.- Երդմնեցուցիչներ,
4.- Ջահընկալներ։
Այս չորս աստիճանները ընդհանրապէս միասին կը տրուին եւ զանոնք ստացող անձը այժմ կը կոչուի «դպիր»։
- Յաջորդով պիտի շարունակուի դպիրներուն ունեցած իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով, նաեւ Եկեղեցւոյ անդամ միւս անձերու դիրքերուն ուսումնասիրութեամբը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 2, 2017, Իսթանպուլ