ԽԱՉԻ ՆՇԱՆՈՎ ԽԱՉԱԿՆՔՈՒԻԼ

«Խաչանիշ»ը՝ Քրիստոսի կնիքը կը ներկայացնէ, որ Իրեն կը պատկանի եւ Իրեն պիտի պատկանի։ Ան կը նշանակէ նաեւ «փրկութեան այն շնորհ»ը՝ զոր Քրիստոս համայն մարդկութեան համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։ Արդարեւ, Եկեղեցւոյ խորհրդակերպերու միջոցով հաստատուած են սրբացնելու առարկաներ՝ կեանքի որոշ վիճակները, հոգեւոր կեանքի զանազան պարագաները, ինչպէս նաեւ մարդոց օգտակար եղող կարգ մը իրերու, գործիներու գործածութիւնը։ Ուստի աղօթքի մը յաճախ կ՚ընկերանայ «նշան» մը, ինչպէս Խաչի նշանը՝ խաչակնքումը, օրհնեալ ջուրով սրսկումը՝ ի յիշատակ Մկրտութեան խորհուրդին։ Եկեղեցին իր օրհնութիւնը կու տայ կոչելով Յիսուսի անունը եւ սովորաբար կատարելով Քրիստոսի սուրբ «Խաչանիշ»ը։

Արդարեւ, քրիստոնեան կը սկսի իր օրուան, իր աղօթքներուն եւ իր գործերուն Խաչին նշանով՝ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն»։ Մկրտեալը իր օրը կը նուիրէ Աստուծոյ փառքին եւ կը դիմէ Փրկիչին շնորհքին՝ որ իրեն կարելիութիւնը եւ կարողութիւնը կու տայ գործելու՝ Հոգիով՝ իբրեւ որդի Հօր։ Խաչին նշանը կը զօրացնէ մարդս իր փորձութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջ։

Իւրաքանչիւր անձ կը կանչուի իր անունով, ուստի նուիրակա՛ն է անունը ամէն մարդու։ Անունը «սրբանկար»ն է անձին։ Ան յարգանք կը պահանջէ, իբր «նշան» զայն կրողին արժանապատուութեան։ Ուստի Խաչը եւ Խաչի նշանը հաւատքի, յոյսի, սիրոյ, յաղթանակի եւ փրկութեան նշա՛ն է, քանի որ Աստուածորդին անոր վրայ կատարեց իր զոհաբերութիւնը եւ մարդոց մեղքերուն համար քաւութիւն ընելով պարտութեա՛ն մատնեց սատանան եւ բանալ տուաւ դրախտին դուռը, որ փակուած էր մեր նախածնողներուն՝ Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեան պատճառով։ Յիսուս խաչին վրայ ցոյց տուաւ իր անհո՜ւն սէրը, գութը, ողորմութիւնը եւ ներողամտութիւնը, եւ Իր կատարած «փրկագործութեան խորհուրդ»ով, խաչը վերածեց յաղթութեան նշանի՝ Իր Եկեղեցիին համար։

Այս իմաստով «տեառնագրել զինք» կամ «խաչի նշանով խաչակնքուիլ»՝ կը նշանակէ. «իմաստուն դառնալ մտքով, զօրանալ մարմնով եւ անմահանալ հոգիով, քանի որ կը պատսպարուինք խաչով», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի։ Ժողովուրդը միշտ հաւատով եւ պարծանքով է նայած Քրիստոսի խաչին՝ Խաչի նշանին, դիտելով եւ ընդունելով զայն որպէս «զօրութեան աղբիւր»։

Տարիներ առաջ, սաներէս մին, փոքրիկ աղջիկ մը, հազիւ 4 կամ 5 տարեկան, անդրադարձուցած էր զիս խաչակնքումի իմաստին մասին։ Գիտէք, սիրելի՜ եւ հաւատարիմ ընթերցող բարեկամներ, «խաչակնքուիլ» կամ «տեառնագրել զինք» սովորութիւն է եղած արտայայտել «խաչ հանե՛լ» բացատրութեամբ։ Թերեւս Պիղատոսի որպէս պատասխան, ժողովուրդին սա աղաղակները մտաբերելով.

«Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն…», յիշելով եւ հակազդելով այդ անիրա՛ւ բացագանչութեան…։

Այո՛, երբ հազիւ 4 կամ 5 տարեկան աղջկան ըսած էի. «Խաչ հանէ՛», ան միամտօրէն հանած եւ ցոյց տուած էր իր վիզէն կախուած խաչանշանը։ Մանուկի միամտութեամբ ցոյց տուած էր, թէ «խաչ հանել»՝ ծոցէն խաչը հանել եւ ցոյց տալ կը նշանակէր, եւ ո՛չ թէ՝ «խաչակնքուիլ» կամ «տեառնագրել զինք»։

Ո՜վ գիտէ, ժողովրդական ասոյթն ալ թերեւս այդ իմաստը ունի, երբ կ՚ըսէ. «խաչը ծոցէն հանել»։

Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի խաչակնքուիլ կամ տեառնագրել զինք, որը արտայայտելու համար սովորութիւն է եղած ըսել. «խաչ հանել…»։

«Խաչակնքումով եւ խաչի նշանով արժանաւոր եւ սուրբ հաւատքի միջոցով սքանչելիքներ կը գործուին», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի։

Մեր նախնիները ամէն անգամ որ կ՚աղօթէին, ամէն առաւօտ երբ տունէն դուրս կու գային, երբ եկեղեցի կը մտնէին, երբ սրբութիւններու կը մօտենային, ծիսական արարողութիւններու կը մասնակցէին, նեղութեան, հիւանդութեան եւ վտանգի պահերուն, աշխատանքի սկսելէ առաջ, ճաշելէ առաջ ե՛ւ յետոյ, հեռու տեղ ճամբորդութեան ելլելէ առաջ՝ իրենց երեսին վրայ, խաչի նշանով կը խաչակնքուէին։ Արդարեւ, խաչակնքման սովորութիւնը ա՛յնքան հին է, որքան քրիստոնէութիւնը։

Բարեբախտաբար, այսօր ալ այս սովորութիւնը կը շարունակուի հաւատացեալ քը-րիստոնեաներու կողմէ։

Քրիստոս խաչուելով յանձն առաւ մահը, փոխարէն մարդկութեան մեղքերուն։ Իր զօրութեամբ խաչը վերափոխուեցաւ «յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշ»ի։ Խաչի զօրութիւնը Քրիստո՛սն է. «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն վրայ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութի՛ւնն է անիկա» (Ա ԿՈՐՆԹ. Ա 18)։

Խաչակնքուելով, այսինքն՝ խաչի կնիքը մեր վրայ դնելով՝ տեառնագրելով զմեզ՝ կը յիշենք, որ Տէր Յիսուս Քրիստոս խաչուեցաւ մեր մեղքերուն համար եւ փրկեց մահուան իշխանութենէն։ Կ՚աղաչենք խաչեալ Փրկչին, որպէսզի մեզ պահէ եւ պահպանէ ամէն չարութիւններէն։ Խաչակնքումը կը կատարուի սապէս. կը միացնենք աջ ձեռքի առաջին մատները՝ բութամատը, ցուցամատը եւ միջնամատը, կը մօտեցնենք եւ թեթեւօրէն կը դպչինք ճակատին, ըսելով՝ «Յանուն Հօր», կ՚իջեցնենք կուրծքին, ըսելով՝ «եւ Որդւոյ», կը տանինք կուրծքի ձախ կողմը, ըսելով՝ «եւ Հոգւոյն», յետոյ կուրծքի աջ կողմը, ըսելով «Սրբոյ», եւ կը դնենք կուրծքին վրայ եւ կ՚ըսենք՝ «Ամէն»։

Խաչակնքուելու կամ ինքզինք տեառնագրելու ատեն երեք մատը՝ բութամատը, ցուցամատը եւ միջնամատը երբ կը միացնեն իրար, ասիկա կը խորհրդանշէ Ս. Երրորդութիւնը։ Միւս երկու մատները՝ ճկոյթը եւ մատնեմատը կը սեղմենք ափին մէջ, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ ըլլալը, եւ այդ երկուքը որպէս միաւորեալ մէ՛կ բնութիւն, երբ մատները սեղմուած են իրար։

Ճակատը դրոշմելով՝ կը խորհրդանշենք կեանքը, ձեռքը իջեցնելով կուրծքին՝ մահը, կուրծքին ձախ կողմը դնելով՝ այս աշխարհի ժամանակաւոր կեանքը, եւ կուրծքին աջ կողմը՝ հանդերձեալ յաւիտենական կեանքը։

Խաչակնքուելով, կը դրոշմենք մեր ճակատը՝ յիշելով, որ երկինքն էինք, եւ ապա ձեռքը իջեցնելով դէպի սիրտը՝ կը մտաբերենք, որ երկիր ինկանք, եւ ձեռքը տանելով կուրծքի ձախ կողմը, կը նշենք, որ ձախակողմեան՝ մեղաւորներու դասուն եկանք, ապա դէպի աջ տանելով՝ կը հաստատենք, թէ արդարներու դասուն մէջ ըլլալ կը փափաքինք։

Խաչակնքուելու ատեն երբ ձեռքը կը տանինք դէպի վեր, կ՚ուզենք ըսել, որ մեր միտքը գամուած է խաչին վրայ, եւ թող այսուհետեւ Քրիստոսի միտքը առաջնորդէ մեզ։ Երբ ձեռքը կը տանինք դէպի վար՝ կ՚ուզենք ըսել, որ այլեւս մեր մարմինը չէ՛, որ պիտի թելադրէ մեզ, այլ՝ Քրիստո՛ս։ Ձեռքը ձախ եւ աջ տանելով՝ կ՚ուզենք ըսել, որ մեր ձեռքերը խաչուեցան խաչին վրայ, եւ չա՛ր գործերու համար արդէն անպիտան են՝ անգործածելի եւ միայն բարին պիտի գործեն, բարիի համար պիտի գործածուին։

Ձեռքը բացուած տանելով դէպի սիրտը եւ ըսելով «Ամէն», այսինքն՝ ճշմարի՛տ է, կը հաստատենք այս բոլորը՝ ամէն ճշմարտութի՛ւն։ Խաչակնքուելով կը խորհրդանշենք «բանն Աստուծոյ» երկինքը ըլլալը եւ երկիր իջնելը եւ դժոխքը աւերելը, որ ձախակողմեաններուն տեղն է, եւ դարձեալ Հօր աջ կողմը նստիլը։

Խաչի նշանով կը դրոշմենք մեր ճակատը, քանի որ միշտ Խաչեալը ի մտի ունինք, ինչպէս կ՚ըսէ Եզեկիէլ մարգարէ. «… մարդոց ճակատներուն վրայ նշան դի՛ր», (ԵԶԵԿ. Թ 4)։

Խաչի նշանը մեր մարմնի չորս կողմը կը դրոշմէ երբ կը խաչակնքուինք, որպէսզի մեզ պահէ եւ պահպանէ չորս վնասարար վտանգներէ, այսինքն՝ «աշխարհի փորձութիւններ»էն, «սատանայ»էն, «անհաւատներ»էն եւ «մեղքեր»էն։

Խաչի նշանը կը դրոշմենք մեր վրայ, կը տեառնագրենք զմեզ, քանի որ կը ծառայենք Տէր Յիսուսին, որուն նշա՛նն է խաչը։ Խաչակնքուելով ցոյց կու տանք տիեզերքի չորս կողմերը եւ անոնց համար կը խնդրենք Տիրոջ խաղաղութիւնը։

Արդարեւ, խաչակնքումը «վահան» է ընդդէմ սատանայական ներգործութիւններուն։ Խաչակնքուելով մեր հին էութիւնը կը գամենք խաչին վրայ եւ Քրիստոսով յարութիւն կ՚առնենք։ Տեառնագրելով զմեզ, կը յիշենք մեր Տէր Յիսուս Քրիոտոսի փրկարար Մահը Խաչի վրայ՝ մարդկութեան ազատագրման համար։

Խաչակնքուելով կը խնդրենք Աստուծոյ օգնութիւնը եւ ողորմութիւնը։

Քրիստոնեաներ կը խաչակնքուին, կը տեառնագրեն իրենք զիրենք, երբ Սուրբ Պատարագի, ժամերգութիւններու, ծիսական եւ հոգեւոր բարեպաշտական արարողութիւններու եւ խորհրդակատարութիւններու ժամանակ, Ամենասուրբ Երրորդութեան անուանը խաչանիշ օրհնութեամբ կը տեառնագրէ, այսինքն կը խաչակնքէ մեզ քահանան։

Աղօթելու ատեն մանաւանդ պէտք է խաչի նշանով երեսը տեառնագրել՝ խաչակնքել՝ խնդրելով, որ Սուրբ Աստուածածինը, պահապան հրեշտակները եւ սուրբերու դասը բարեխօս ըլլան Երկնաւոր Հօր առջեւ։

Խաչակնքուելով՝ տեառնագրելով զմեզ, մեր հոգիի լուռ՝ անխօս աղօթքը կ՚ուղղենք մեր Արարչին ե՛ւ Նախախնամին…։

- Օգտուեցանք՝ Խադ Քահանայ Ղազարեանի խորհրդածութիւններէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 28, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018