ՍԽԱ՞Լ Է ԸՍԵԼ «ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿ»

Մեր քաղաքական գործիչներու պատասխաններն ու խօսքերը լսելով, անոնց անհաւասարակշիռ պահուածքը դիտելով կ՚ուզեմ հասկնալ, թէ անոնք մանկապարտէ՞զ կը ղեկավարեն, թէ ոչ դարաւոր պատմութեամբ հայրենիք մը, որ կարծես իր մայրամուտը կ՚ապրի: Անոնց արտառոց այլանդակ վարքը մտածել կու տայ, թէ ի՞նչ է արդեօք չափանիշը ղեկավար դառնալու։ Ի՞նչ յատկութիւն ու հանգամանք կը պահանջէ դառնալ նախարար ու պետական պաշտօնեայ։ Կա՞յ յստակ ստուգանիշ, թէ ոչ ձգուած է պատահականութեան:

Նման մտածումի առաջնորդեց տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անմիտ ու տխմար հետեւեալ արտայայտութիւնը. Փաշինեան հաւատարիմ մնալով իր կոչումին, «Հանրային» ձայնասփիւռին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նոր տխմարութեան մը տակ իր ստորագրութիւնը դրաւ՝ անգամ մը եւս մեզ մտածել տալով, թէ որո՞նք կը ղեկավարեն մեր երկիրը…

Փաշինեանի վերջին յիմարութեան համաձայն, սխալ է ըսել «ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿ», որովհետեւ այդ բանակը հայոց «չի պատկանիր», այլ պէտք է ըսել «Հայաստանի Հանրապետութեան բանակ»։ Սակայն հիմնական տխմարութիւնը այս արտայայտութեան շարունակութիւնն է։ Փաշինեանի խօսքերով՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապրողին համար հայոց բանակը ինչի՞ն պէտք է…»: Դարեր շարունակ նախնիներ փորձեցին միութիւն մը ստեղծել սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ՝ մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի դժուարին օրերուն առաջին ձեռք մեկնողները սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայորդիները եղած են:

Եթէ հայոց բանակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կամ Եւրոպա ապրողին համար չէ, ուրեմն հայրենիքը եւս՝ իրը չէ։ Եթէ այս տրամաբանութեամբ կ՚առաջնորդուինք, թող չըսեն նաեւ «հայ երգ» ու «հայ մշակոյթ». թող ըսեն Հայաստանի Հանրապետութեան երգ ու մշակոյթ: Նման ապուշ արտայայտութիւններ լսել՝ մանաւանդ երկրի մը ղեկավարէն սփիւռքահայութեան համար (վստահաբար Հայաստանի մէջ ապրողներուն համար ալ վիճակը տարբեր չէ)…

Եթէ Հայաստանի բանակը «Հայոց բանակ» չէ եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայուն չի՛ պատկանիր, ինչո՞ւ համար տասնամեակներ շարունակ սփիւռքի հայութիւնը դրամահաւաքներով ու բարերարութիւններով աջակից դարձաւ բանակին. տրամաբանութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի՛նք պէտք է աջակցէր եւ օգնութեան ձեռք երկարէր սփիւռքի մէջ ապրող իր հայորդիներուն եւ զանոնք տուն վերադարձնելու համար ամէ՛ն ջանք ի գործ դնէր, սակայն պատկերը հակառակն էր։ Փաստօրէն սփիւռքահայը կ՚օգնէր բանակի եւ հայրենիքի մը, որ իրը չէր իսկութեան մէջ:

Մեր սպասումն է, որ երկրի մը ղեկավարութիւնը զբաղի գործնական հարցերով, որոնք անմիջականօրէն կը յուզեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը։ Եթէ «Հայոց բանակ» ըսելու փոխարէն «Հայաստանի Հանրապետութեան բանակ» ըսելով պիտի փրկուի մեր ազգի ճակատագիրը՝ անէ՛ծք անգամ մըն ալ «Հայոց բանակ» ըսողին։ Սակայն հետաքրքրական է, թէ նման հաստատում մը մեր ազգային կեանքին մէջ ի՞նչ յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրէ։ Երկրի մը վարչապետի կողմէ հնչած նման ապուշութիւն մը քաղաքական կամ դիւանագիտական գետնի վրայ ինչպիսի՞ զարգացում պիտի արձանագրէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան առաջին տողին մէջ կը յիշուի «Հայոց պետականութիւն» արտայայտութիւնը։ Ինչո՞ւ համար հայոց. չէ՞ որ այդ պետութիւնը իր ղեկավարներով կը պատկանի միայն Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան:

Մեր պետականութեան պարտաւորութիւնն է հետաքրքրուիլ սփիւռքով, գաղութներով, որովհետեւ անոնք թէեւ օտար երկրի մէջ լոյս աշխարհ եկած են, բայց իրենք զիրենք հոգիով ու սրտով ՀԱՅ կը զգան:

Մեր թուականէն 54 տարի առաջ, Հայկ Անէն անունով սփիւռքահայ երիտասարդ մը «Խնդրանք մեր “մեծերէն”» խորագրեալ գրութեան մը մէջ կը բողոքէր՝ ըսելով.

«Մեր մօտ չկայ համասփիւռքային մէկ ուղի, որովհետեւ չունինք համասփիւռքային մէկ ղեկավարութիւն: Կա՛յ ձուլումի դէմ պայքարելու համասփիւռքային վախ: Բայց վախը իտէալ մը չէ»։ Այս տողերը կը յիշենք, որովհետեւ հակառակ կէս դար վաղեմութեան, կը շարունակէ մնալ ժամանակակից։ Մէկ ղեկավարութիւն եւ ընդհանուր միութիւն ստեղծելու փոխարէն մեր վարչապետը տարբերութիւն կը դնէ հայաստանաբնակ հայուն եւ սփիւռքահայուն միջեւ: Սակայն իր անտրամաբանական արտայայտութիւններու կողքին մեզի զարմանք կը պատճառէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրող մտաւորական խաւի լռութիւնը։ Ինչո՞ւ համար խելքը գլուխը տեղը մարդիկ ձայն բարձրացնելով չեն քննադատեր այս ոչ-տրամաբանական արտայայտութիւնները: Ցաւալի է երկրի մը ճակատագիրը, որուն մտաւորականները ԼՈՒՌ կը մնան եւ գուցէ անոնց լռութիւնը ուժ կու տայ, որպէսզի մեր վարչապետին նման ոչ-գրագէտ մարդիկ ազատ ու անկախ ձեւով ձաբռտեն:

Պարզապէս վա՜յ մեզի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կրնա՞յ օր մը վերջանալ աշխարհի վառելանիւթը:

Պատասխան. Տեսականօրէն այո, կրնայ օր մը վառելանիւթը վերջանալ: Վառելանիւթի մեծ մասը, որ մենք կը գործածենք, ինչպէս օրինակ՝ կազը, ածուխը եւ ուրիշներ, սահմանափակ են, այլ խօսքով սահմանափակ քանակութիւն ունին եւ հետեւաբար գոյութիւն ունի անոնց օր մը ամբողջութեամբ սպառելու վտանգը: Այդ իսկ պատճառով մարդ արարածը միշտ կը փնտռէ այլընտրանքային աղբիւրներ ու միջոցներ՝ զանոնք փոխարինելու: Այս պատճառով մարդ արարածը կը փորձէ սահմանափակ աղբիւրներու փոխարէն գործածել արեւը, քամին եւ այլ տարրեր՝ նուազեցնելու համար մեր կախուածութիւնը սահմանափակ աղբիւրներէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024