ՕՐԻՆԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՕՐԻՆԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Տուեալ օրէնքներու հնազանդութիւնը անշուշտ պարտաւորութիւն մըն է մարդուս համար՝ որ կարելի ըլլայ ընկերային արդարութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը ապահովել։ Այսուհանդերձ պէ՛տք է նկատի ունենալ, որ օրէնքը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար։ Այս իմաստով, եթէ մարդը գոյութիւն չունենար, իր նեղ առումով օրէնք ալ գոյութիւն պիտի չունենար, քանի որ օրէնքը մարդուն երջանիկ եւ խաղաղ կեանք մը ապրելուն համար միջոց մըն է եւ ո՛չ թէ նպատակ մը։ Ահաւասիկ, այս է նշանակութիւնը՝ «օրէնքը մարդուն համար է» բանաձեւին։

Անշուշտ, ինչպէս ըսինք, այստեղ օրէնքը կը գործածենք նեղ առումով՝ նշելու համար «քաղաքական օրէնք»ը՝ իշխանութիւններու կողմէ, մարդոց կողմէ՝ դարձեալ մարդոց համար հաստատուած կանոնները, ընդհանուր առումով՝ օրէնքները։

Ուստի, կայ նաեւ «բնական օրէնք»ը՝ որուն մաս կը կազմէ օրէնսդիրներու կողմէ ձեռքով կազմուած քաղաքական օրէնքները, որոնք ժամանակի մէջ մարդկային պահանջներու համեմատ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Բայց բնական օրէնքը անփոփոխ է եւ հաստատուած է տիեզերքի ստեղծագործումէն իսկ։

Ահաւասի՛կ, յատկապէս մարդուն համար տրուած օրէնքներուն համար է, որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Շաբաթը մարդուն համար եղաւ, ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար». (ՄԱՐԿ. Բ 27)։

«Շաբաթ»ը, այսինքն՝ շաբաթ օրը եբրայական եօթնեակին՝ շաբաթին վերջին եօթներորդ օրն էր, երբ ամէն զբաղում եւ աշխատանք պէտք է դադրէր։ Եւ արդէն եբրայերէն «Շաբաթ» կը նշանակէ հանգիստ կամ դադար։ Շաբաթը «սուրբ» օր էր, այսինքն Տիրոջ նուիրուած օր, եւ ամէն հրեայ պէտք էր ժողովարան երթար աղօթելու եւ Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ բացատրութիւնը ունկնդրելու։

Այս իմաստով «Շաբաթ» բառը կը համապատասխանէր «օրէնք»ի։

Աստուածաշունչի մէջ «Օրէնք» բառը ընդհանրապէս կը վերաբերի Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ տուած կանոններուն ամբողջութեան եւ յատկապէս՝ կը նշանակէ Սինա լերան բարձունքին Մովսէսի ձեռքով Աստուծոյ տուած Օրէնքին ամբողջութիւնը։ Այս առումով պարտադրիչ է «Օրէնք»ին հնազանդիլ։ Կարգ մը պարագաներու, «Օրէնք» անուանումը գործածուած է աւելի լայն առումով՝ ամբողջ Հին կտակարանը նշելու համար։

Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Բայց ձեզի կ՚ըսեմ, թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ։ Եթէ գիտնայինք, թէ ի՛նչ ըսել է. Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ, այն ատեն անպարտները չէինք դատապարտեր։ Քանզի Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է». (ՄԱՏԹ. ԺԲ 6-8)։

Ուստի, օրէնքի հնազանդութեան պարագային պէտք է լայնախոհ ըլլալ, այո՛, հպատակիլ եւ հնազանդիլ օրէնքին՝ ո՛չ մէկ կասկած, բայց եւ այնպէս նաեւ պէտք է զանազանել օրինապահութիւնը եւ օրինապաշտութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024