ՍԽԱԼ ԲԱՆ ՄԸ ԿԱՅ…

Սիրելի ընթերցողէն կը խնդրենք, որ յօդուածէն առաջ բարեհաճին կարդալ «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժնին մէջ յիշատակուող ազգային բարերար Քըրք Քըրքորեանի կենսագրութիւնը, որուն ծննդեան 105-ամեակն է այսօր:

Անգամ մը կարդացէք եւ աչքէ անցուցէք այն մեծ բարերարութիւնը, որ կատարած է Քըրք Քըրքորեան, որուն տրամադրած գումարը եղած է անցնող երկու տարուան ընթացքին Հայաստանի պետական պարտքին չափով՝ որ հսկայական գումար մը կը ծախսէ:

Եթէ անգամ մը Հայաստան այցելելու, մանաւանդ Երեւանէն քիչ մը հեռու մարզերը երթալու առիթը ունեցած էք, վստահաբար դո՛ւք եւս պիտի հարցադրէք, թէ ո՞ւր գացած են այդ մեծամեծ գումարները, որոնք հիմնականին մէջ յատկացուած են Հայաստանի ճամբաները շինելու:

Անձնապէս քաղաքականութեան հետ գործ չունիմ, սակայն Հայաստանի ներկայ վիճակը տեսնելով, գիտնալով Քըրքորեանի, ինչպէս նաեւ իրեն նման այլ հայորդիներու կատարած բարերարութիւնները, աւելի քան երեսուն տարի սփիւռքի մէջ կատարուած հանգանակութիւնները աչքի առջեւ ունենալով ինքնավստահութիւնը կ՚ունենամ ըսելու, որ «ՍԽԱԼ ԲԱՆ ՄԸ ԿԱՅ...»:

Մինչեւ այսօր կը յիշեմ, թէ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ սփիւռքի այլ երկիրներու մէջ ինչպիսի խանդավառութեամբ գումար կը հանգանակուէր, ունենալով այն յոյսը՝ որ այդ գումարով մեր ազգակիցներու ապրելակերպը պիտի զարգանայ, անգործութիւնը պիտի վերանայ, կրթութեան զարկ պիտի տրուի եւ այսպիսով պիտի յառաջդիմէ Հայաստանը՝ ձեռք բերելու համար աւելի պայծառ ապագայ:

Այս բոլորը աւելի պարզ ու յստակ ըլլալու համար ըսեմ հետեւեալը. Փորձեցէք Երեւանէն փոքր ինչ դուրս գալով հասնիլ Հայաստանի ամենէն պատմական շրջաններէն մին՝ Էջմիածին. քաղաք՝ որ եղած է Արշակունիներու թագաւորութեան մայրաքաղաքը, քաղաք՝ որ 163-193 թուականներուն որպէս մայրաքաղաք ընդունուած է հռոմէացիներուն կողմէ. քաղաք՝ ուր Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի շնորհիւ կառուցուած է Էջմիածնի Մայր Տաճարը՝ որպէս սկզբնաղբիւր մեր հաւատքին:

Երեւանէն պարզապէս 20 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Էջմիածինի ճամբաներուն վիճակը հետեւեալն է. շինուած ու նորոգուած է կեդրոնական ճամբան։ Կեդրոնական ճամբայէն ճիւղաւորուող միւս փողոցները (ներառեալ այն փողոցը ուր ես կ՚ապրիմ) կը շարունակէ մնալ աւազ ու քար. ամիսներ առաջ դրացիներէն մին, որ աւելի քան 60 տարի նոյն փողոցի բնակիչ է, կ՚ըսէր, թէ «Սովետական Միութեան տարիներուն վերջին անգամ նորոգեցին»:

Երբեւէ առիթ ունեցա՞ծ էք այցելել Երեւանէն դուրս գտնուող բժշկական կեդրոնները. հաւատացէ՛ք, վերելակը, անկողինները, դուռերն ու պատուհանները մնացած են. պարզապէս երեւելի ձեւով բացատրելու համար յօդուածին կից կրնաք գտնել Կիւմրիի թիւ 1 դարմանատունը՝ որ կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր՝ Սովետական Միութենէն մնացած տարեց բժիշկներով:

Օր մը փորձեցէք երթալ Երեւանէն դուրս գտնուող դպորցները, ուր ձմեռները աշակերտներ դպրոցական զգեստ չեն հագուիր՝ ցուրտին պատճառով. դպրոցն ու դասարանները տաքցնելու ո՛չ մէկ ջանք, ո՛չ մէկ փորձ. արդէն աւելորդ կը նկատեմ խօսիլ գրասեղաններուն: Յօդուածին կից կրնաք տեսնել Սիւնիքի մարզի Սպենդիարեանի անուան միջնակարգ դպրոցի դասարաններէն մին:

Եւ այս բոլորին դիմաց մտաբերեցէ՛ք, որ Հայաստանի այս պայմաններուն ունինք նախարարներ, որոնք մեծամեծ հարստութիւններու տէր են այսօր. ունինք միլիոններ տոլար արժող վիլլաներ՝ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ:

Կիւլպէնկեանին, Մանթաշեանին, Քըրքորեանին եւ իրենց նման բազմաթիւ ուրիշներու նիւթական յատկացումները ո՞ւր գացին...

Կասկած կայ, որ այս պատճառով Քըրքորեան իր կեանքի վերջին տարիներուն կասեցուց Հայրենիքին յատկացուցած տարեկան բարերարութիւնները. նոյն այդ յուսախաբութիւնը ապրած է յայտնի երգիչ Շարլ Ազնաւուր...

Մէկ տարի առաջ ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեան իր համացանցի էջին վրայ հրապարակեց, որ Հայաստանի առողջապահութեան նախարութեան վերջին տասնեամեակին ղրկած է աւելի քան 15 միլիոն տոլար արժող բժշկական սարքեր, որոնք նախարարութեան կողմէ ծախուած են օտար պետութեան՝ փոխանակ ծառայելու հայորդիներու բժշկական խնամքին: Բարերարը իր յուսախաբութիւնը կը յայտնէ հետեւեալ տողերով.- «Ամօ՛թ է եւ անհաւատալի, թէ ինչպէս մէկը կրնայ նման դաւաճանութիւն մը ընել իր երկիրին եւ ժողովուրդին»:

Ծիծաղս կու գայ, երբ լսեմ մարդիկ պատմական Հայաստանի «պահանջով» ճառեր կը կարդան... որովհետեւ մենք մեր ունեցած փոքր մասը պահելու անկարող վիճակի մէջ կը գտնուինք եւ տրամաբանականօրէն 30 հազարը պահել չգիտցողը, 300 հազարը երբե՜ք չի կրնար:

Այդ բոլորը նկատի ունենալով կը ճանչնամ մեծահարուստ բարերարներ, որոնք յուսախաբ ըլլալով որոշած են ո՛չ մէկ ձեւով պետութեան կամ հիմնադրամներու գումար փոխանցել. անոնք յանձն կ՚առնեն ամէ՛ն տարի գալ Հայաստան, անձամբ այցելել չքաւորներու տուները եւ անոնց փոխանցել օգնութիւններ, որովհետեւ հայկական աւանդութեան համաձայն, փոխանցուած բարերարութիւններուն միայն 5 առ հարիւր տոկոսը որպէս «ցուցադրութիւն» կը տրուի ժողովուրդին, իսկ մնացած 95 առ հարիւրը հրաշքով մը կը վերանայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՔԸՐՔ ՔԸՐՔՈՐԵԱՆ
(1917-2015)

Մեր թուականէն 105 տարիներ առաջ՝ 6 յունիս 1917-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ ծնած է դրամատէր, գործարար եւ ազգային բարերար Քըրք Քըրքորեանը (բուն անունով՝ Գրիգոր Գրիգորեան):

Քըրքորեանի ընտանիքը Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ Խարբերդէն գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Բարերարը եղած է աղքատ ընտանիքի զաւակ եւ փոքր տարիքէն ուսումի կողքին ստիպուած եղած է աշխատիլ. կրթութիւնը շարունակած է մինչեւ ութերորդ եւ ապա անցած է աշխատանքի. աշխատելու կողքին Քըրք զբաղուած է նաեւ բռնցքամարտով եւ դարձած է Ֆրեզնոյի սիրողական բռնցքամարտի ախոյեան:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ Քըրքորեան չուզելով ցամաքային զինուոր դառնալ՝ հետեւած է օդաչուներու յատուկ դասընթացքներու եւ ստացած է իր վկայագիրը։ Աւարտելէ ետք դասընթացքները, Քըրքորեան աշխատած է Անգլիական օդանաւի ընկերութեան մը մէջ, ուր կատարած է 33 թռիչքներ, մինչեւ իսկ ձեռք բերելով մրցանիշ՝ Ատլանտեան ովկիանոսի վրայով ամենէն արագ թռիչքը կատարելով:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Քըրքորեան զբաղած է օդանաւային ընկերութիւններու բաժնեթուղթերով. 1947 թուականին յաջողած է ձեռք բերել «Լոս Անճելըս օդային սպասարկութիւն» (Los Angeles Air Service) ընկերութիւնը՝ երեք օդանաւերով, որոնք թռիչքներ կը կատարէին Լոս Անճելըսի, Նեւատայի եւ Լաս Վեկասի միջեւ:

Քըրքորեան 1950-ական թուականներուն մեծցնելով իր ընկերութիւնը սկսած է գործակցիլ այլ մեծ ընկերութիւններու հետ, որու շնորհիւ յաջողած է հինգ տարուան մէջ ձեռք բերել 37 միլիոն տոլարը գերազանցող հասոյթ մը. 1968 թուականին Քըրքորեան իր ընկերութիւնը ծախեց «Transamerica» ընկերութեան, որու շնորհիւ ստացաւ 104 միլիոն տոլարի գումար:

Ապա Քըրքորեան սկսաւ զբաղիլ նաեւ հիւրանոցային սպասարկութեան ոլորտով. 1967 թուակնաին Լաս Վեկասի մէջ կառուցեց «MGM Grand» հիւրանոցը, որ 19 տարի ետք վաճառեց 549 միլիոն տոլարի:

Հսկայական վաճառքէն ետք Քըրքորեան շարունակեց հիւրանոցային ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալել, միաժամանակ անցնելով ոգելից ընմպելիքի ոլորտ. այս գործերու կողքին Քըրքորեան ձեռք բերաւ շատ մը ընկերութիւններու բաժնեթուղթեր, որոնք յետագային մեծ հասոյթ ապահովեցին բարերարին: Գործատէրը մուտք գործեց նաեւ ինքնաշարժներու աշխարհ եւ ձեռք բերաւ երկու մեծ ինքնաշարժի ընկերութիւններու բաժնեթուղթեր, որոնց շնորհիւ յաջողեցաւ ձեռք բերել 600 միլիոն տոլարի հասոյթ մը եւս:

Շնորհիւ այս բոլոր գործունէութիւններուն, Քըրքորեան 1987 թուականին մուտք գործեց աշխարհի ամենէն հարուստ 100 անձերու ցանկ՝ գրաւելով 51-րդ տեղը:

Քըրք Քըրքորեան իր հարստութենէն մեծ մաս մը յատկացուց Հայաստանին եւ 22 տարուան ընթացքին կատարեց 1 միլիառ տոլարը գերազանցող բարերարութիւններ: Բարերարին հիմնած «Լինսի» հիմնադրամը 2001 թուականին Հայաստանի ճանապարհաշինութեան համար յատկացուցած է 151 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն մը եւ այլ 21 միլիոն տոլարի բարերարութիւն մը՝ Հայաստանի մէջ զարգացնելու համար արհեստներն ու ձեռնարկութիւնները: Քըրքորեանի կատարած բարերարութիւններուն շնորհիւ, Հայաստանի մէջ վերանորոգուած ու արդիականացած են բազմաթիւ թանգարաններ, թատրոններ, պատկերասրահներ, դպրոցներ եւ համալսարաններ:

Առ ի երախտագիտութիւն իր կատարած բարերարութիւններուն, Քըրքորեան 1998 թուականին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր քաղաքացի կոչումին, իսկ 2004 թուականին բարերարը արժանացած է «Հայրենիք» շքանշանին:

Ամերիկեան աղբիւրներու համաձայն, Քըրքորեանի վերջին տարիներու նիւթական կարողութիւնը հասած էր 15 միլիառ տոլարի:

Մեծ բարերարը մահացած է 15 յունիս 2015 թուականին, 98 տարեկան հասակին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2022