ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ՝ ՔԱՆ ԱՐԱՐԱԾՆԵՐԸ

Ինչպէս ամէն արարք, բնականաբար ապրիլը եւս պէտք է ունենայ իր նպատակը եւ թէեւ իրարմէ տարբեր ամէն մարդ արարած ձեւով մը կ՚որդեգրէ այդ նպատակը: Երբ մերօրեայ նպատակները համեմատենք անցեալի մարդոց եւ մեծահասակներու նպատակներուն հետ, կը տեսնենք հսկայական տարբերութիւն մը. իր օրապահիկը հազիւ ապահովող ու այդ փոքր շնորհքին համար ալ փառք տուող սերունդէ մը ետք կը տեսնենք սերունդներ, որոնք այդ փոքրէն շատ շատ աւելին ունենալով հանդերձ անշնորհակալ ու դժգոհ վիճակով կը շարունակեն ապրիլ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս կեանքը, նոյնպէս ալ փոփոխութեան ենթարկուած կը տեսնենք մերօրեայ չափանիշները:

Յակոբ Պարոնեան «Խիկար» աշխատութեան ներածութեան մէջ կը գրէ տող մը եւ գուցէ մեծ գրողին ակնարկած ժամանակաշրջանը հիմա է. «այն ժամանակները աստուածները արարածներէն շատ էին». այդ «ժամանակները» մեր ներկան է որ կ՚ապրինք, որովհետեւ բոլորին մօտ կը տեսնենք աստուածանալու, բարձրանալու, տիրելու եւ իշխելու տարօրինակ ցանկութիւնը. կը տեսնենք, թէ աստուածանալու սիրոյն ինչպէս իրար ոտնակոխ կ՚ընեն.  այդ սատանայական փափաքը այսօր ո՛չ քոյր եւ ոչ եղբայր կը ճանչնայ: Այդ փափաքը մարդուն մէջ մեռցուցած պատկառանքն ու ամօթը մարդը ի վիճակի կը դարձնէ ընելու աներեւակայելին:

Հին տգիտութիւնը մեղադրելով կ՚ապրինք «իմաստուն» հասարակութեան մը մէջ, որ կ՚ընէ այն՝ ինչ չէին ըներ «տգէտ»ները: Մարդասիրութիւն, ողորմութիւն, գթութիւն, կարեկցանք, եղբայրսիրութիւն ու խիղճ բառերը արդէն իսկ միայն յօդուածներու, վէպերու եւ բառարաններու յատուկ բառեր են այսօր:

Այս բոլորը մէկտեղելով նոյն հարցն է, որ առաջ կու գայ. ինչո՞ւ համար կ՚ապրինք: Անցեալին արժէքները երկու տեսակ էին. նիւթականին կողքին եւ գուցէ նաեւ անկէ վեր գոյութիւն ունէր բարոյականը եւ աննիւթական բարոյականութիւնը շատ աւելի սուղ էր մարդոց համար, քան նոյնինքն նիւթականը. նախընտրելի էր կորսնցնել չունեցած փոքր հա-րըստութիւնն ալ, սակայն պահել բարոյականը, որովհետեւ մարդը իր բարոյական արժանիքներով գնահատելը նիւթականով գնահատելէն շատ աւելին կ՚արժէր եւ այդ է պատճառը, որ պատմութիւնը շա՜տ շատ մեծահարուստ հայերու անունն անգամ չի յիշեր այսօր, սակայն կը յիշէ մեծամասնութիւն մը՝ որ նիւթականէն աւելի հարուստ էր բարոյականով:

Դժբախտաբար այսօր բարոյականութիւն ըսելով յաճախ կը հասկնանք սեռական կեանքը. բարոյականութիւն ըսուածը սեռային կեանքէն շատ աւելի վեր ու տարբեր արժէք մըն է՝ քան մենք կը կարծենք: Բարոյական կեանք ըսելով  պէտք է հասկնալ ֆիզիկքականէն տարբեր, հոգեկան արժէք մը եւ մարդը մարդէն տարբերողը ո՛չ թէ իր գոյնը, հարստութիւնն ու արտաքինն է, այլ բարոյական արժանիքն է:

Զարմանալիօրէն մեր դպրոցներու կրթական ցանկէն դուրս դրուած է անցեալին դասացուցակին մէջ տեղ գտնող բարոյականութեան դասընթացքը՝ բարոյագիտութիւնը. իրականութեան մէջ բարոյականութիւնն ու ֆիզիքականը իրարմէ ամբողջութեամբ բաժնուած երեւոյթներ չեն, որովհետեւ անոնք ունինք փոխադարձ ազդեցութիւն. արտաքինը ներքինին պատկերը կը կազմէ եւ ֆիզիքական ամէն արարք ձեւով մը աղերսուած է բարոյական սկզբունքներու հետ:

Անցեալի եւ ներկայի տարբերութիւնը այն է, որ անցեալի մարդը նիւթապէս աղքատ, սակայն բարոյապէս հարուստ էր. այսօր հակառակն է պատկերը. մերօրեայ մարդը նիւթապէս հարուստ, սակայն բարոյապէս աղքատ է եւ կարծես օրէ օր աւելի կը դիմէ դէպի սնանկութիւն:

Եթէ հարց պիտի տրուի, թէ ինչո՞ւ համար կարեւոր է բարոյագիտութիւնը, պատասխանը պիտի տանք հայ մեծանուն մանկավարժ-մտաւորականին բառերով. «Դպրոց եւ դպրութիւն» աշխատութեան մէջ Ռ. Պէրպէրեանն է գրողը. «Բարոյագիտութիւնը պիտի տայ մարդուն գործերու մէջ ընտրութեան լաւագոյն սկզբունքները, որք պիտի ըլլան ուղեցոյցներն իր անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին, եւ որք ազգերու պիտի ցուցնեն իրենց փոխադարձ յարաբերութեանց, իրենց տնտեսական մրցմանց ու յառաջդիմական պայքարներուն մէջ լաւագոյն քաղաքագիտութիւնը». հետեւաբար այդ բարոյական գիտութեան պակասն է, որ փոփոխութեան կ՚ենթարկէ մերօրեայ սկզբունքները, որովհետեւ «լաւ»ին ինչ ըլլալը այնպէս ալ յստակ չէ: Բարոյագիտութիւնը մարդուն մարդը ճանչցնելու գիտութիւնն է, որովհետեւ մարդկայինը ճանչնալը, մարդկայինը ըմբռնելը եւս արուեստ է՝ որ տրուած չէ բոլորին:

Բարոյականութիւնը այսօր գիտութեան ճիւղերէն մէկը կը նկատուի. զարմանալի է սակայն, որ անցեալին գիտութեան ինչ ըլլալը այնքան ալ չգիտցող մեր նախահայրերը ապրեցուցած են գիտութեան ինչ ըլլալը չգիտցող իրենց բարոյականութիւնը, սակայն մենք՝ գիտութենէն հասկցողներս գիտութեան այդ ճիւղին դէմ է որ կը պայքարինք:

Լուծո՞ւմ. դժուար թէ նման մարդկութիւն մը վերադառնայ իր ակունքներուն՝ բարոյական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն: Անոնք ալ այսօր պատմութեան մէջ կը յիշուին պարզապէս:

Գուցէ նոր ջրհեղեղ մը յաջողի լուծել այս խնդիրը... սակայն այդ ալ Աստուծոյ երդումին դէմ եղած կ՚ըլլայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -261-

Մի քանի օրեր առաջ բարեկամ մը պատմեց, թէ իր եօթ տարեկան զաւակը իր դրամապանակին մէջէն գումար «գողցած» էր. ինք տեսած էր, սակայն չէր բարկացած, ոչ ալ զգացուցած էր, թէ տեսաւ: Մտահոգ հարց տուաւ, թէ ինչ կրնայ ըլլալ պատճառը, մանաւանդ երբ զաւակը բանի մը պակասութիւն չունի:

Պատճառ.- ըստ երեւոյթին տան մէջ շատ խօսուած է դրամի եւ դրամի կարեւորութեան մասին. գուցէ կռիւներ տեղի ունեցած է նիւթական հարցերու շուրջ եւ մանուկը տպաւորուած է, թէ դրամը կարեւոր բան մըն է եւ իրեն համար պէտք մը: Ծնողքին դրամի հանդէպ ունեցած սէրը կամայ թէ ակամայ մանուկը եւս կը վարակէ եւ տակաւին դրամին ինչ ըլլալը յստակ չգիտցող մանուկը ունենալու, պահելու եւ տիրանալու պէտքը կը զգայ, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ ան կարեւոր բան մըն է՝ որուն համար ծնողքը յաճախ կը վիճի:

Պէտք է պարզապէս նիւթական հարցերն ու խնդիրները մանուկներու ներկայութեան չարծարծել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023