ՅԻՍՈՒՍԻ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ
Յիսուս, լերան վրայ խօսած քարոզին մէջ՝ թանկագին դասեր սորվեցուց Իր աշակերտներուն՝ Աստուծոյ ապաւինելու, վստահելու անհրաժեշտութեան նկատմամբ։ Այս դասերը նպատակ ունէին քաջալերելու Աստուծոյ զաւակները բոլոր դարերու եւ շրջաններու մէջ, ու մինչեւ մեր օրերը՝ մեզի կը հասնին անոնք, մեզ խրատելու եւ սփոփելու համար։ Յիսուս Իր աշակերտներուն ուշադրութիւնը կը դարձնէ երկինքի թռչուններուն՝ որ իրենց գոհաբանական երգերը կը ճռուողեն՝ առանց հոգ ընելու իրենց կարօտութիւնները, կարիքները՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի հոգան, քանի որ «ո՛չ կը ցանեն ու ո՛չ կը հնձեն», եւ սակայն երկնաւոր Հայրը անոնց պիտոյքները կը հոգայ։ Եւ Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ անոնցմէ լա՛ւ էք դուք» (ՄԱՏԹ. Զ 26)։
Մարդոց եւ բոլոր ապրող էակներու, կենդանիները մատակարարող Նախախնամը Իր ձեռքը լայն կը բանայ եւ բոլոր արարածներուն պիտոյքը կը հայթայթէ։ Երկինքի թռչունները չե՛ն վրիպիր Անոր ուշադրութենէն, խնամատարութենէն։ Անշուշտ, Ան կերակուրը անոնց կտուցին մէջ չի նետեր, եւ սակայն պաշար կը հայթայթէ իրենց պիտոյքին համար։ Անոնք պարտին ժողվել հատիկները, զորս Ան սփռեր է իրենց համար։
Պէտք է նիւթեղէն ճարեն իրենց բոյներուն համար, եւ իրենց ձագերը կերակրեն, սնուցանեն։ Աշխատելու կ՚երթան անոնք երգելով, ճռուողելով, քանի որ «Իրենց երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք»։ Եւ «Չէ՞ որ անոնցմէ լա՛ւ է մարդը»։
Արդարեւ, բանականութեան տէր, իմացականութեամբ օժտուած հոգեւոր երկրպագուն՝ մարդ արարածը երկինքի թռչուններէն աւելի չ՚արժե՞ր։ Մարդուն եւ ամբողջ տիեզերքին Արարածը՝ հեղինակը. կեանքին Պահապանը եւ Նախախնամը, Ան որ Իր պատկերին պէս եւ Իրեն նմանութեամբը ստեղծեց մարդը, ապա ուրեմն պիտի չհայթայթէ՞ անոր ամէն պիտոյքը, եթէ միա՛յն Իրեն յուսայ…։
Յիսուս Իր աշակերտներուն ուշադրութիւնը կը դարձնէ դաշտի ծաղիկներուն՝ որոնք առատօրէն կ՚աճին, պճնուած պարզունակ գեղեցկութեամբ, զորս երկնաւոր Հայրը տուած է անոնց իբր արտայայտութիւն մարդուն հանդէպ Իր ունեցած սիրոյն։ «Նայեցէ՛ք դաշտի շուշաններուն, ի՛նչպէս կ՚աճին»։ Այդ բնական ծաղիկներուն գեղն ու պարզութիւնը մեծապէս կը գերազանցեն Սողոմոնի փառաւորութիւնը։
Արուեստի ճարտարութեան արտադրած ամենէն փառաւոր հանդերձները, զգեստները, ձորձերը չե՛ն կրնար բաղդատուիլ, բաղդատութեան չե՛ն դրուիր Աստուծոյ արարչութեան ծաղիկներուն բնական շնորհքին ու հրաշալի՜ գեղեցկութեանը հետ։
Եւ Յիսուս կը հարցնէ դարձեալ. «Եթէ դաշտի խոտը՝ որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած ա՛յնպէս կը հագուեցնէ, հապա ո՜րչափ աւելի ձեզ թե՛րահաւատներ» (ՄԱՏԹ. Զ 28-30)։
Պահ մը կանգ առնենք հոս եւ մտածենք, թէ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մենք ո՜վ գիտէ քանի քանի անգամներ ի զուր մտահոգուած ենք այն փոքր բաներուն համար՝ զորս Ամենախնամն Հայրը կը հոգայ մեզի համար եւ կու տայ ին՛չ որ պէտք է մեզի։ Ուրեմն պէտք է վստահիլ, պէ՛տք է գիտնալ, թէ մեր Ստեղծիչը երբեք մինակ չի թողուր մեզ, մեր այս երկրային կեանքի ճամբորդութեան մէջ։ Արդարեւ Աստուած միայն Ստեղծիչ, Արարիչ չէ՛, այլ նաեւ՝ նախախնամ՝ իր արարածներուն։ Հաւատալ կը նշանակէ վստահի՛լ, ինքզինք ապահով զգալ եւ չտարակուսիլ։
Ստեղծագործութիւնը, արդարեւ ընթացք մըն է՝ որ կը տեւէ մինչեւ վերջ եւ այդ ընթացքին մէջ կայ նաեւ նախախնամութիւնը, հոգատարութիւնը Ստեղծիչին։ Ինչպէս որ ծնողներ մինչեւ վերջ կը հոգան իրենց զաւակները, չեն բաւարարանար ծնանելով, այլ կը շարունակեն խնամել ու հոգալ իրենց զաւակները, Աստուած ալ նո՛յնպէս կը շարունակէ հոգալ, խնամել իր արարածները։ Ուստի մտահոգուիլը մարդուս որեւէ օգուտ չ՚ապահովեր, այլ վնասակար է՝ կը խանգարէ, կը խաթարէ մարդկային հոգին եւ կեանքի ամբողջ ընթացքը, ընդհանրապէս…։
Ուստի մարդուն «արտաքին պէտքեր»ուն եւ աստուածային նախախնամութեան իրարու հետ ունեցած կապակցութիւնը կ՚որոշէ մարդուս հոգեւոր կեանքի ընթացքը եւ կը ստեղծէ բարոյական ներաշխարհ մը։
Աւետարանի այս հատուածին մէջ եթէ Յիսուսի խօսքը տառական իմաստով միայն առնուի՝ կարելի է որ մարդ յանդգնութեան կամ ճակատագրականութեան, եւ ուրեմն ծուլութեան ու ամլութեան յանգի՝ ինչ որ բոլորովին հակառա՛կ է Յիսուսի վարդապետութեան, քանի որ Ան միշտ կ՚ուզէ, որ մարդիկ քա՛ջ ըլլան եւ պայքարին ամէն նեղութեան եւ դժուարութեան դէմ։ Արդարեւ Յիսուսի խօսքերը պէտք է հասկնալ՝ դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու դէմ քաջաբար պայքարելո՛ւ եւ ճակատագրական ծուլութեամբ անշարժութեան ու ամլութեա՛ն մատնուելու երկու ծայրերուն բաղդատական իմաստին առումով։ Սա իրողութիւն է, թէ Յիսուս երբեք անաշխատ վստահութիւն չ՚ուզեր, եւ ոչ ալ՝ յանձնապաստան թերահաւատութի՛ւն։ Ուստի պէտք է հասկնալ՝ թէ ներքին-բարոյական պահանջքներու նախապատուութիւն տալու է՝ փոխանակ արտաքին աշխարհային պէտքերու։ Եթէ գոհացում տրուի ներքին-բարոյական պահանջքներուն, ուրեմն գոհացում կը գտնեն նաեւ բոլոր արտաքին պահանջքները։
Եւ եթէ Տէրը՝ աստուածային արուեստագէտը՝ հազիւ մէկ օրուան կեանք ունեցող այդ քնքոյշ ծաղիկներուն՝ փափկիկ, պէսպէս գոյներ կու տայ, հապա ո՜րքան աւելի մեծ հոգ պիտի տանի անոնց համար, որ Իր պատկերին պէս եւ Իրեն նմանութեամբ են ստեղծուած։ Ուստի պէտք չէ՛ երկմտիլ, կասկածիլ…։
Յիսուսի այս դասը յանդիմանութի՛ւն մըն է՝ ուղղուած անհաւատ սրտերու վարանոտ մտահոգութիւններուն, տարտամութիւններուն եւ տարակուսանքներուն։
Տէրը կ՚ուզէ, որ Իր բոլոր որդիները երջանիկ, հանդարտ եւ հնազանդ ըլլան։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ, Ես ձեզի կու տամ. չխռովի ձեր սիրտերը ու չվախնայ»։ «Այս բաները ձեզի խօսեցայ որ Իմ ուրախութիւնս ձեր մէջը մնայ, ու ձեր ուրախութիւնը լմա՛ն ըլլայ» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 27) եւ (ՅՈՎՀ. ԺԵ 11)։ Պարտականութեան ու պատասխանատուութեան շաւղէն դուրս՝ եսասիրական շարժառիթներով փնտռուած երջանկութիւնը՝ անհաւասարակշիռ, տենդոտ եւ խաբուսիկ է, ան կը ցնդի կ՚երթայ՝ եւ հոգին կը մնայ առանձին եւ տխուր. սակայն ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կայ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Քրիստոնեան անստոյգ ճամբաներու մէջ չի՛ թողուիր ունայն մորմոքներու եւ յուսախաբութիւններու չի՛ լքուիր ան։ Եթէ այս կեանքին հաճոյքները չվայելենք, կրնանք միշտ երջանի՜կ ըլլալ՝ հանդերձեալ կեանքին նայելով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 8, 2015, Իսթանպուլ