ՄՏԵՐԻՄ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Մտերիմ խօսակցութիւններ»ը մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանի 1937-ական թուականներուն, «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքին վերտառութիւնն է, ուր «Հօր մը իր զաւկին հետ» մտերիմ խօսակցութիւնները կը ներկայացուի։ Այս շարքէն է ահաւասիկ 25 Սեպտեմբեր 1937-ին հրատարակուած յօդուածը։
Սիրով կը յիշենք Արտաշէս Գալփաքճեանը եւ այս առթիւ կը ներկայացնենք վերոյիշեալ յօդուածը, որ կը պարունակէ հետաքրքրական ու շահեկան տեղեկութիւններ։
ՄՏԵՐԻՄ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀՕՐ ՄԸ ԻՐ ԶԱՒԿԻՆ ՀԵՏ
Արտաշէս Գալփաքճեան
Տղաս, երբ վաղը շուկայ ելլես, առաջին քայլիդ պիտի տեսնես թէ որքան պարապ խօսք է «անկախութիւն» ըսուածը։ Պիտի տեսնես թէ անկախ մարդ չի կայ, ամէն մարդ իրարմէ կախում ունի։
Ճաշի սեղանիդ վրայ դրուած շերտ մը հացը՝ ցորենը արտադրող հողագործէն մինչեւ քու տանդ դուռը բերող հացագործը՝ հարիւր հոգիի ձեռքէ կ՚անցնի։ Եթէ անոնց մէկ մասը թերանայ իր գործին մէջ, այն օրը հաց չես գտներ սեղանիդ վրայ։
Մարդիկ իրարմէ կախում ունին շահու մը համար միայն, հեռաւոր կամ մօտաւոր, նիւթական կամ բարոյական շահու մը համար։ «Հնդիկ ֆաքիրն անգամ», կ՚ըսէ Վօլթէռ, «շահու մը նպատակով կը տանջէ, կը լլկէ իր մարմինը, ասիկա ընելով կը կարծէ որ, երբ մեռնի, իր հոգին 18-րդ երկինքը պիտի ելլէ»։
Ամէն մարդ շահ մը ընելու նպատակով կը ձեռնարկէ գործի մը, ու երբ շահու տեղ վնաս կ՚ընէ, պատճառը այն է որ, սխալ հաշւով ձեռնարկած է իր գործին եւ մանաւանդ խաբուած է երեւոյթներէ ու, ամէնէն աւելի, շահախնդիր անձերու մեքենայութիւններէն։
Եւ հիմա, տղաս, ո՛րքան շատ հաւանականութիւն կայ խաբուելու երբ շատերու, խիստ շատերու մէջ սա համոզումը կը տիրէ թէ ուղղամտութեամբ կարելի չէ գործ տեսնել, հիմա, պէտք է քիչ մը ճամբան փոխել, որ կը թարգմանուի, ի պահանջել հարկին, ստել, խաբել եւ խարդախել։
Արդարեւ գիրքի մը մէջ սա տողերը կարդացած եմ.
«Ցաւալի է ըսել որ ընդհանրացած նախապաշարում մը դարձած է սա գաղափարը թէ, խարդախութեան համեմով համեմելով է որ մարդ ստացուածքի տէր կ՚ըլլայ։
«Եթէ բոլոր կշիռները, չափերը, ծանուցումները, ապրանքներու ցուցակները, սնտուկները, հակերը, տակառները եւ առեւտրական աշխարհի վերաբերող ուրիշ բոլոր առարկաները, որոնք ոչ ուղղամտութեամբ, այլ փոքր ի շատէ խարդախութեամբ պատրաստուած են, յանկարծ օդը հանուէին եւ քիչ մը ատեն երկինքին վրայ սաւառնէին, անշուշտ ամբողջ աշխարհի վրայ արեւը պիտի խաւարեցնէին եւ, եթէ այդ առարկաները մէկէն հրաշքով լեզու ելլէին եւ միաբերան.- խարդախուա՛ծ ենք, խարդախուա՜ծ, աղաղակէին, ամբողջ տիեզերքը խլացնելու չափ սոսկալի շռինդ մը պիտի հանէին»։
Այսպէս գրուած է շատ լուրջ գիրքի մը մէջ։
Մենք սակայն չափազանցուած պերճախօս բացատրութիւն մը կը նկատենք այս խօսքերը, մտածելով որ առեւտրական հրապարակին վրայ, անկասկած, պատուաւոր մարդիկ կան եւ ուղղամիտ գործառնութիւններ կ՚ըլլան. բայց գէշը հոն է որ «պատիւ»ը ա՛յնպիսի մոգական ու հմայիչ բառ մըն է եւ «պատուաւոր» ըլլալը այնպիսի բաղձալի վիճակ մըն է որ, ամէնէն գռեհիկ խաբեբաներն անգամ չեն հանդուրժեր «անպատիւ» նկատուիլ։ «Անպատիւ նկատուիլ»ը մարմնական պատիժէն աւելի վախ կը պատճառէ անոնց։
Եւ ճիշդ այս պատճառով, անպատիւ մարդիկն անգամ պատուաւորի դիմակով պիտի մօտենան քեզի, իրենց սուտերը ճշմարիտի քօղին տակ պիտի ներկայացնեն քեզի։
Թէ սուտը անարգ ու ամօթալի բան է. թէ սուտ խօսելով մարդ կը կորսնցնէ իր յարգն ու վարկը. ասոր կասկած չկայ։ Հիները կ՚ըսէին. «Որ կարողն է ստել, անարժան է ընդ թիւ մարդկան մտանել»։
Բայց հիմա աղէկ կամ գէշ տարբեր կը դատուին, ընկերութեան մէջ շիտակ խօսքը չէ որ կը փնտռուի, այլ՝ հաճելի՛ն։ Մանաւանդ գործի մէջ պարագայ կը ներկայանայ ուր սուտը աւելի մեղմօրէն խօսինք, ծածկամտութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ։
Այս մասին իմ միտքս լաւ բացատրելու համար օրինակ մը տամ քեզի։
Կ՚ըսեն թէ առիւծին որջը գարշահոտ է։ Առիւծը գիտէ ասիկա եւ կ՚ուզէ այս մասին աղուէսին կարժիքը առնել։ Կը հրաւիրէ զայն ու կը հարցնէ անոր։ Աղուէսը՝ խորամանկ, ցաւ կը յայտնէ որ շաբաթէ մը ի վեր գէշ հարբուխ մը եղած է եւ քիթը բնաւ հոտ չ՚առներ։
Աղուէսը շիտակ չէր խօսեր, որովհետեւ հարբուխ չէր եղած, նոյնիսկ գարշած էր առիւծին որջէն, բայց խե՞նդ էր որ շիտակը խօսէր, որջին գարշահոտ ըլլալը ըսէր եւ առիւծին կեր ըլլար։
Տղա՛ս, գործի մէջ ալ ասանկ պարագաներ շատ կը ներկայանան, գործի մը սկսելու ատեն, գործ մը յաջողցնելու համար հարկ կ՚ըլլայ ճշմարտութիւնը ծածկել, անոր քովէն անցնիլ։ Եւ չխաբուելու համար շատ դիւրին չպիտի ըլլայ քեզի սուտը շիտակէն, կեղծը հարազատէն, անպատիւը պատուաւորէն զատել։
Եթէ սուտը իր մերկութեան մէջ ներկայանայ քեզի, մինչեւ աստիճան մը դիւրին է ճանչնալը զայն, որովհետեւ գիտցիր որ.
Ամէն մարդ երեք լեզու կը խօսի։ Երբեմն մին, երբեմն միւսը, եւ երբեմն ալ երեքը միասին կը գործածէ իր միտքը բացատրելու համար եւ կամ կեղծելու համար։
Ամէնէն աւելի լեզուն է որ կը խօսի եւ ամէենէն խաբեբան ասիկա է։ Անկէց ետքը կու գայ նայուածքը որ զատ լեզու մը կը ձեւացնէ։ Ասոնցմէ վերջն է որ կու գայ շարժումը։
Նայուածքներու եւ շարժումներու լեզուները ո՛չ քերականութիւն ունին եւ ոչ ալ բառագիրք։ Առանց ասոնց, առանց ասոնք ունենալու պէտք է հասկնալ այս լեզուները։ Միայն թէ երբ մարդ մը սուտ խօսի, կամ գէշ գործ մը ընէ, այն ատեն այս երեք լեզուները իրարու հետ չեն կրնար համաձայնիլ եւ խաբեբաներուն ու շողոքորթներուն մեծ փորձառութիւն պէտք է իրենց նայուածքներն ու շարժումները իրենց ստախօս լեզուին յարմարցնելու համար։
Ճարտարամիտ բարոյախօս մը, այս միջոցը ցոյց կու տայ սուտն ու ստախօսը ճանչնալու համար։ Միայն թէ ասիկա կարելի է ընել երբ սուտը կը ներկայանայ մեզի իր մերկութեանը մէջ, բայց կան «ռաֆինէ» սուտերը, ամերիկեան սուտերը որոնք աւելի գործածական են գործի մէջ, կան մեր զգայարանքները որոնց խաբէութիւնները կը ներկայանան մեզի։ Անոնց վրայ կ՚ուզեմ քեզի յաջորդիւ խօսիլ։
«ԺԱՄԱՆԱԿ», 25 Սեպտեմբեր 1937
Ահաւասի՛կ մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանին, նոյն այս սիւնակներուն մէջ հրատարակուած, մօտաւորապէս 80 տարի առաջուան յօդուածաշարքէն հատուած մը։ Բարեբախտաբար լաւ տիպարներ ունեցեր է այս տրուպ գրիչը, լա՛ւ ուղեցոյցներ՝ մեծհայրիկ մը եւ հայրիկ մը, որոնցմէ շա՜տ բան ստացած է եւ տակաւին կը շարունակէ ստանալ։
Այս գրիչը շա՜տ բան ունի սորվելիք իր երանելի ծնողներէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 29, 2016, Իսթանպուլ