ԿՈՎԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԱՒԵԼԻ՛ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՏԵՆ՝ ՔԱՆ ՀԱՅԸ

Վերջերս հայու մը կողմէ լեզուն լաւապէս չգիտնալուս համար ընկերային կատակի շեշտով մը յանդիմանութիւն ստացայ:

Չմոռնամ ըսելու՝ ֆրանսերէնի լաւապէս չտիրապետելուս համար:

Անցնող շաբաթներու ընթացքին Ֆրանսայէն հիւրեր ունեցայ. ֆրանսահա՜յեր, որոնց հայութիւնը երաշխաւորուած է մականունի վերջաւորութեան աւելցած «եան»ով մը միայն. «եան» մը՝ որ աւելի իտալացիի դրոշմ կ՚ուզէ ձգել՝ քան հայու:

Անլուծելի խորհո՜ւրդ. ժամանակներուն հետ փոխուած է գրեթէ ամէ՛ն բան ու այժմ փոխանակ ես հարցնեմ հիւրերուս, որ ինչո՞ւ համար հայերէն լեզուին լաւապէս չե՛ն տիրապետեր՝ իրենք զիս կը «յանդիմանեն» թէ ինչո՞ւ համար ֆրանսերէնի իմացութիւնս այնքան ալ փայլուն վիճակ չի՛ ներկայացներ: Պէտք է ֆրանսերէն խօսէի:

Հայը հայուն հետ՝ օտարին լեզուով պէտք է խօսէր:

Ակամայ միտքս կու գային Շահան Շահնուրի խօսքերը. «Միայն թէ կը մոռնաս որ «կարօտ» բառին ֆրանսերէնը չկա՛. Ֆրանսերէնը գոյութիւն չունի նաեւ «մա՛յր» բառին, հայ բառին, աքսոր բառին... ֆրանսերէնը չկա՜յ մե՛ր «գաղթական»ին, մե՛ր «որբ»ին», սակայն պէտք էր քաղաքավարութեան վնասներուն զոհը ըլլալ եւ խեղդել ներքին ձայնը:

Շահնուրի խօսքերը սխալ պէտք չէ՛ հասկնալ. կարօտն ալ, մայրն ալ, որբն ալ ունին իրենց ֆրանսերէն տարբերակները, սակայն մերը չե՛ն, հայկական չե՛ն, հարազա՛տ չեն: Ու Մաշտոցի դէմ ի՜նչ մեծ մեղանչում էր ամէ՛ն առաւօտ արիւնակից հայուն սքանչելի «Բարի՜ լոյս»ի մը փոխարէն դիմել «պօնժուր»ով մը, որ երբեք ալ բարեւի մը քաղցրութիւնը պիտի չունենայ:

Անոնցմէ մեծահասակները տակաւին մասամբ մը կը փորձէին հայերէն հասկնալ, աւելի երիտասարդները ֆրանսերէնի առոգանութեամբ մի քանի բառերը կը փորձէին աղաւաղել, իսկ մանուկները... ամբողջովին օտարացած ու ձուլուած. անոնցմէ մէկուն հարց տուի, թէ ի՞նչ է անունդ. հարց մը՝ որ գոնէ կեանքի մէջ մէկ անգամ լսած ըլլալով կրնար սորված ըլլալ. պատասխանը սահմռկեցուցիչ.-

- Maman, qu՚est-ce qu՚il dit?

Անունդ ի՞նչ է... հարցում մը որ այսօր նոր լեզու ելած մանուկներ կը պատասխանեն: Այդ պահէն ետք ի՞նչ օգուտ ունէր անունը՝ նոյնիսկ եթէ Արամ, Վրէժ  եւ կամ Հայկ ըլլար:

Երբեք կարդացա՞ծ էք Վահրամ Մավեանի «Հայու բեկորներ»ը. Մավեան տարիներ ետք Ամսթերտամի մէջ կը հանդիպի իր հին ընկերներէն Պօղոսին՝ որ արդէն վերածուած է Պաոլոյի եւ որպէս հիւր կը գիշերէ վաղեմի բարեկամին տունը: Գրողը կը փորձէ խօսիլ Պօղոսի զաւակներուն հետ, որուն մասին կը գրէ. «Պզտիկներուն լեզուն հասկնալու եւ անոնցմէ հասկցուելու փորձերս դժբախտաբար կը մնան ապարդիւն ու կ՚ընեն զիս քիչ մը տրտում աւելի: Ես ու Պօղոսին, մե՛ր Պօղոսին զաւակները չենք հասկնար զիրար»:

Նոյնն էր կացութիւնը. մեր հայերու զաւակները արդէն իսկ անհասկնալի էին մեզի համար: Անոնք պարզապէս սփիւռքի մէջ ձուլուելու ատակ հազարաւոր հայորդիներէն մի քանին են միայն: Սփիւռքը լեցուած է այսօր օտարացած Պօղոսներով, Վարդաններով ու հայկական շունչ կրող բազմաթի՜ւ անուններով, որոնք կամաց կամաց կը նօսրանան, կը հայաթափուին եւ կը դառնան նոր Պաոլոներ, նոր Ստեֆանիտիսներ:

Այս դժբախտ ճշմարտութեան պատճառն ու դրդապատճառը օտար ափերու վրայ հասակ առնելն ու աճիլը չէ. նոյն այդ Ֆրանսան մեզի տուաւ Շահնուրներ, Շուշանեաններ եւ Պետրոս Զարոյեաններ: Այս դժբախտութեան դրդապատճառը մեր անտարբերութեան սարսափելի խառնուածքն է, որովհետեւ հայ մնալ ուզողը՝ աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի կը շարունակէ՛ հայ մնալ:

Նոյն «Հայու բեկորներ» գիրքին մէջ պառաւ մը Մավեանի կ՚ըսէ. «Հայ չի կար, մարդ չի կար քովս: Մինակս կը խօսէի ա՛լ. կովերուն հայկական անուններ դրած էի եւ հայերէնը անոնց հետ կը խօսէի: Ատեն մը ետք կարծես քի ալ կը հասկնային ըսածներս»: 

Ի դիմաց կովերուն հայերէն հասկցնող պառաւին՝ մենք այսօր մեր հիւրերու ՀԱՅ զաւակներուն պա՜րզ մի՛ քանի տող չէինք կրնար հասկցնել: Այսպիսի անտարբեր սերունդի մը դիմաց կովը աւելի՛ հայ է, քան նոյնինքն հայը:

Ու այսպէս, փոխան ցտեսութեան «Au revoir» ըսող սերունդով մը կ՚ընթանանք դէպի ապագայ՝ դէպի անդունդ:

Երնէ՜կ այդ կովերուն...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼԵՒՈՆ ԱՃԷՄԵԱՆ
(1888-1951)

Մեր թուականէն 133 տարիներ առաջ՝ 6 սեպտեմբեր 1888-ին Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ ծնած է արձակագիր, խմբագիր եւ թարգմանիչ Լեւոն Աճէմեան:

Աճէմեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Պոլսոյ Կենդրոնական վարժարան: Մեծ եղեռնէն ետք տեղափոխուած է Եգիպտոս, ուր սկսած է ծաւալել գրական գործունէութիւն:

Լեւոն Աճէմեան Եգիպտոսի մէջ, 1924 թուականին հիմնած է «Փունջ» մանկական հանդէսը, որուն մէջ գրած են նշանաւոր դէմքեր՝ Յովհաննէս Թումանեան եւ Ղազարոս Աղայեան: Տարի մը ետք՝ 1925-1926 թուականներուն խմբագրած է «Եգիպտահայ տարեցոյց»ը:

Աճէմեան խմբագրութեան ու յօդուածագրութեան կողքին տարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք, որոնք պարբերաբար լոյս տեսած են իր խմբագրած պարբերականներուն մէջ:

Գրողը 1947 թուականին ներգաղթած է Հայաստան եւ պաշտօնավարած է Ալեքսանդր Միասնիկեանի անուան գրադարանին մէջ:

Աճէմեան իր գրութիւնները ընդհանրապէս ստորագրած է Ա., Էլան, Լ., Լ. Ա, Լան եւ Ճալ ծածկանուններով:

Մահացած է 19 օգոստոս 1951 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021