ՊԱՏԻԺԻ ՎԱԽԸ…

Պատիժի վա՞խն է միակ արգելքը յանցագործութեան։ Պատիժի, նախատինքի եւ անպատուութեան վախը բարերար «թումբ» մը՝ արգելք մըն է ընկերային օրինազանցութեան եւ զեղծումի դէմ։ Ուստի, երբ վերնայ այդ «Դամոկլեան սուր»ը՝ որքա՜ն զսպուած անիրաւ արարքներ, կիրքեր ոտնակոխ պիտի ընեն ամէն օրէնք եւ ամէն սահման ազատութեան։ Այս իմաստով, ազատութիւնը երբեք օրէնքի սահմանը ոտնակոխ ընել չէ՛։

Արդարեւ, «վախ»ի զգացումը, այս տեսակէտով, կարեւոր ազդակ մըն է ընկերային կարգապահութեան եւ խաղաղութեան հաստատման եւ պահպանման համար։ Ուստի, «գաւազան»ը յաճախ անհրաժեշտ գործիք մը, միջոց մըն է կարգապահութեան հաստատման համար՝ խաղաղ ընկերային կեանքին համար։ Միայն բնազդով ապրող, բանականութեան՝ տրամաբանութեան ձայնին չանսացողներու, չանդրադարձողներու, կամ անհաւասարակշիռ «միտք»երու համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ զսպանակ մըն է «գաւազանի վախ»ը։

Անշուշտ, այս «վախ»էն լաւագոյն ուրիշ միջոց ալ կայ. բանաւոր ընթացքով ապրիլ, գործել եւ զոհել սորվելու համար, եւ ա՛յդ կը սպասուի ճշմարիտ դաստիարակութենէն՝ որ նկարագիրը կերտելու պաշտօնը ունի։

Սակայն «վախի մտրակ»էն եւ կրթութեան՝ դաստիարակութենէն համոզկեր, յօժարեցնող ձայնէն զատ մարդուն մէջ գոյութիւն ունի ուրիշ «ձայն» մըն ալ, որ իբր հակակշիռ դրուած է բարոյական-հոգեւոր էակ՝ մարդուն մէջ. «խիղճ» կ՚անուանենք այդ խորհրդաւոր եւ ազդարարող ձայնը, ինչ որ ոմանք «իմացական կարողութիւն» մը եւ ուրիշներ «բարոյական զգացում» մը կը համարին։ Ինչ որ ալ անուանուի ան, «ներքին աչք» մըն է այն՝ որ ուղիղը եւ սխալը, բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը ցոյց տալու կարեւոր պաշտօնը ունի։

Արդարեւ, մարդուն մէջ, իր շրջանին եւ ստացած դաստիարակութեան, կրթութեան համեմատ՝ բարոյական օրէնքին չափանի՛շն է այն, որ ասունը անասունէն, բանաւորը անբանէն կը զանազանէ։ Անաչառ, արդարադատ դատաւոր մը՝ որ իր լուսաւորուած վիճակին մէջ, մարդկային եւ պետական օրէնքներէն ալ արդա՛ր է, եւ կը դատապարտէ յաճախ ի՛նչ որ օրէնքը «անմեղ» հռչակած է, եւ օրէնքով դատապարտուած «անմեղ»ին սրտի հանգստութիւն կը պարգեւէ։ Եւ այս անաչառ եւ արդարադատ դատաւորին սաստը եւ պատիժը ենթակային հետ կ՚ընթանան, եթէ նոյնիսկ ան երկրէ երկիր ալ թափառի, աննպատակ շրջի։ Ուստի, առողջ եւ արթուն խղճի մը խայթը՝ կը թափանցէ երկաթեայ ամուր եւ անխախտ պարիսպներէն ալ ներս, եւ շեշտակի եւ անողոք կերպով կը նայի ոճրապարտ հոգիին։

Յանցաւորին «խիղճ»ը ուրիշ կերպով մըն ալ կը պատժէ մարդը. աննպաստ եւ թշնամական նշանակութիւն կու տայ ամենէն պարզ երեւոյթներուն ալ։ Անմեղ ժպիտը հեգնական ակնարկութիւն մը կը նկատէ եւ անտարբեր եւ անգիտակ մարդոց դէմքին վրայ արհամարհանք կը տեսնէ. անվնաս «բառ» մը իր երեսին նետուած դատավճիռ մը ըլլալ կը կարծէ։ Եւ ան իր ծանօթ բարեկամներուն մէջ իսկ թշնամիներ կը տեսնէ։

Ուստի, առողջ եւ ուղղադատ խղճին խայթը «դժոխք» մըն է երկրի վրայ։ Եւ այս «դժոխք»ը աստուածային սկզբունքներու գոյութիւնը կը շեշտէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 5, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023