ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒ ԵՐԳԸ
Անգամ մը եւս հրեշտակներու երգը կը հնչէ երկնքի բարձրունքներէն եւ կը ծանուցանէ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը աշխարհ՝ Ս. Բեթղեհէմի մէջ։ Արդարեւ մեծ ուրախութիւն է աւետել Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը, եւ հաճոյք՝ մասնակցիլ այդ ուրախութեան։
Աստղ մը կը պլպլայ Ս. Բեթղեհէմի վրայ եւ այդ աստղը կ՚աւետէ Ճշմարտութեան, Խաղաղութեան եւ Արդարութեան գալուստը, թո՛ղ անշէջ շողայ այդ աստղը մեր իւրաքանչիւրին սրտին մէջ։ Արդարեւ այդ աստղը պէ՛տք է շողայ միշտ, քանի որ Ճշմարտութեան, Խաղաղութեան եւ Արդարութեան պահանջքը միշտ գոյութիւն ունի մարդոց համար, համայն մարդկութեան համար, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք, ո՛ր շրջանի մէջ ալ ապրին անոնք։ Մարդկութեան համար անվերջ պահանջք մըն է Ճշմարտութիւնը, Խաղաղութիւնը եւ Արդարութիւնը։
Եւ հրեշտակներու երգը թո՛ղ շարունակէ մեր ամէնքին հոգին ուրախացնել՝ փարատելով ատելութեան, խռովութեան, անիրաւութեան խաւար ամպը՝ որ կը մթագնէ զայն։ Ուստի երբ մարդուս հոգին փոփոխութեան չ՚ենթարկուիր, ուրեմն ի՜նչ արժէք պիտի ունենայ տօնել Քրիստոսի ծնունդը եւ շարունակել սուտը, ատելութիւնը, խռովութիւնը եւ անարդարութիւնը փոխանակ ճշմարտութեան, սիրոյ, խաղաղութեան եւ արդարութեան։
Այս իմաստով, մեր իւրաքանչիւրին սիրտը պէտք է վերածուի Ս. Բեթղեհէմի եւ հոն շողայ աստղը՝ որ կ՚աւետէ Ս. Ծնունդը։ Պէտք է ամէն մէկու սրտին մէջ ծնի Յիսուսը, որ խորհրդանիշն է ճշմարտութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան։
Խաղաղութեան Աստուածը մարդկութեան վրայ պիտի հսկէ արդարութեան եւ իրաւունքի համար, քանի որ մարդկային արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ։
Արդարեւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը շատ համեստ եւ նոյնիսկ աննշան պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ, բայց ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ «յեղաշրջում» մը ստեղծեց։ Յիսուս իր իսկ ծնունդով ապացուցանեց՝ թէ իսկական մեծութիւնը խոնարհութեան եւ իրաւ բարձրութիւնը համեստութեան մէ՛ջ է։
Եւ հրեշտակներ իրենց երգով աւետեցին մարդկութեան, թէ Բեթղեհէմի այս ծնունդը պարզ ծնունդ մը չէ, այլ տարբեր է հասարակ եւ սովորական ծնունդներէ։ Եւ երբ Յիսուս ծնաւ, ամբողջ երկինք ուրախութեամբ եւ հրճուանքով պատգամեց Անոր առաքելութեան բարի նպատակը, որ էր «խաղաղութիւն երկրի վրայ»։ Յիսուս տակաւին չծնած, Անոր անունը արդէն կը կոչուէր «Խաղաղութեան իշխան»։ Ան իրական «Իշխան» մըն էր՝ որուն իշխանութիւնը հիմ-նըւած եւ հաստատուած էր խաղաղութեան վրայ։ Արդարեւ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է արդարութիւնը, եւ ուրեմն Ան արդարութիւն հաստատեց իր Ծնունդով։
Եւ այսօր մարդկութիւնը ամէն բանէ աւելի պահանջքը կը զգայ խաղաղութեան, երբ կը պակսի արդարութիւնը։ Այսօր մարդիկ փոխանակ զիրար սիրելու՝ կ՚ատեն, փոխանակ իրաւունք ճանչնալու՝ անիրաւութեամբ, անարդարութեամբ տիրել կը փորձեն։
«Խաղաղութիւնը առաքինութեան իր ետեւը ձգած նուիրական եւ փափուկ շուքն է», կ՚ըսէ իմաստասէր մը։ Ուստի խաղաղութիւն եւ առաքինութիւն անբաժան են իրարմէ։ Խաղաղութիւնը ունի հինգ թշնամիներ՝ որ մարդկային բնութեան մէջ բոյն դրած, տեւապէս կ՚անհանգստացնեն զայն։ Արդարեւ այս թշնամիները կ՚ապրին մարդուս սրտին մէջ եւ կը պայքարին շարունակ, որպէսզի խանգարուի, խաթարուի խաղաղութիւնը։ Նախանձ, հպարտութիւն, բարկութիւն, փառամոլութիւն եւ ագահութիւն. այս հինգ «թշնամիներ»ը միշտ պատրաստ են խանգարելու խաղաղութիւնը։ Մարդ եթէ կարենայ վտարել այս հինգ թշնամիները, այն ատեն կրնայ վայելել մնայուն խաղաղութիւն՝ որ երջանկութեան նախապայմա՛նն է։
Ո՛չ մէկ բան բացարձակ խաղաղութիւն կրնայ ստեղծել, բայց միայն մարդ՝ ինք կրնայ ներքին խաղաղութիւնը ստեղծել եւ տարածել զայն իր շուրջիններուն, ամէն մէկը իր իսկ խաղաղութիւնը ստեղծելու եւ փոխադարձնելու պայմանով…։
Երանի՜ է այն՝ որ խաղաղութիւն կը հաստատէ, եւ ո՛չ այն՝ որ յաղթանակ կը շահի։ Աւետարանն ալ կը պատգամէ. «Երանի՜ խաղաղասէրներուն, քանի որ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։
Բայց ի՜նչ օգուտ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ խաղաղութիւն բերելէն եւ կամ խաղաղութիւն կտակելէն, եթէ մարդիկ զիրար կ՚ատեն, իրարու անիրաւութիւն կ՚ընեն եւ չեն ապրիր ու չեն վայելեր այդ խաղաղութեան երանելի կեանքը ամբողջութեամբ։
Ըստ Քրիստոնէական վարդապետութեան՝ անոնք են Աստուծոյ իրական որդիները, որոնք թէ՛ կ՚ապրին, թէ՛ կը տարածեն այս խաղաղութիւնը մարդոց մէջ։ Արդարեւ Յիսուս Քրիստոս, խաղաղութեան ակնաղբիւրն է. եւ իր հիմնած Քրիստոնէութիւնը՝ խաղաղութեան կրօնք։ Եւ ինչպէս ըսինք, խաղաղութիւնը կ՚ենթադրէ արդարութիւն, որ է համերաշխութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրսիրութիւն մարդոց միջեւ։
Արդարեւ մարդոց միջեւ խտրութիւն դնել՝ դասակարգային դրութիւն ստեղծել, տգիտութեան, մոլեռանդութեան եւ մանաւանդ ցեղային ատելութեան արդիւնք է։ Մարդիկ այսպէս տարբեր հատուածներու բաժնել անիրաւութիւն է, անարդարութիւն։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով հաստատուեցաւ հաւասարութիւն մարդոց միջեւ, արդարութիւնը տիրական վիճակ եղաւ եւ ուրեմն այլեւս որեւէ խտրութիւն չմնաց անոնց միջեւ։ Մարդկային արժանապատուութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէր։ Այս սկզբունքին հիման վրայ մարդիկ պիտի սկսէին ապրիլ, մարդիկ՝ իրենց շահը միշտ ուրիշին շահուն մէջ փնտռելով։ «Մէկը ամէնուն եւ ամէնը մէկուն համար» խօսքին սկզբունքին հետեւելով ու զայն հետապնդելով, եւ Աւետարանի «Ոսկեղէն կանոն»ը միշտ իրենց նշանաբան ընտրելով։
Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ խրամատը ասկէ տարբեր չէր։ Յիսուս աշխարհ գալով՝ փոխուեցաւ հին հասկացողութիւնը՝ ուր մարդիկ զԱստուած կը նկատէին զիրենք Անոր առջեւ ստրուկներ։ Յիսուս քարոզեց ճշմարտութիւնը՝ թէ Աստուած հա՛յր է, իսկ մարդիկ Անոր զաւակները։ Եւ բնական է, որ զաւակներու միջեւ պէտք է տիրէ հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ ո՛չ թէ խտրութիւն, որեւէ տարբերութիւն։
Արդարութիւն կը նշանակէ ամէն մէկուն իրաւունքը ճանչնալ եւ արժէքը որոշել եւ ըստ այնմ վարուիլ։ Եւ ուրեմն հաւասարութեան գաղափարը կը կայանար այլեւս այս իրաւունքներու եւ արժէքներու ներդաշնակութեան վրայ եւ ամէն մէկուն իրաւունքը տալ՝ ո՛չ աւելին, ո՛չ պակասը եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին արժէքին համեմատ վար-ւիլ՝ արդարութեան նոր եւ ճշմարիտ ըմբըռ-նումը եղաւ։
Կ՚արժէ յաճախ խորհիլ արդարութեան սկզբունքին վրայ, քանի որ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար անարդարութեան սխալին կը մատնուինք. երբեմն իրաւունք չենք ճանչնար, երբեմն ալ՝ արժէք. արդարութիւնը կը պահանջէ չափաւոր ըլլալ՝ իրաւունք. ո՛չ աւելին, ո՛չ պակասը, արժէք՝ ո՛չ շատը, ո՛չ քիչը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 4, 2015, Իսթանպուլ