ՀԱՅԵՐԸ Ո՞Վ ԵՆ, ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱՐ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՄ
Մարդու տկարութեան մաս կը կազմէ կողմնակալութիւնը. օրինակի համար՝ այսօր փողոցի մը մէջ հայ մը եւ օտար մը թող կռուի բռնուին, առանց նիւթի իսկութիւնը հասկնալու, բնականաբար, առաջին անգամ պիտի պաշտպանենք հայը, որովհետեւ այդ մէկը մարդկային տկարութեան մաս կը կազմէ: Նոյն զգացումով կ՚առաջնորդուին պատմիչները, որոնք իրենց սեփական ազգի ամօթները յաճախ ծածկելու համար կ՚այպանեն ուրիշը եւ կամ սեփական սխալը արդարացնելու համար օտարը մեղաւոր կը ճանչնան. այդ իսկ պատճառով ազգի մը ճշմարիտ պատմութիւնը գիտնալու համար, պէտք է դիմել օտար պատմիչներու եւ գրողներու:
Այս միտքը աւելիով յստակացաւ մօտս, երբ ձեռքս անցաւ 1895 թուականին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուած «Փաստեր Հայաստանի մասին» (Facts about Armenia) օտարալեզու աշխատութիւնը, որուն մէջ օտար հեղինակներ, որոշ յօդուածներ գրած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին: Այդ գրութիւններուն մէջ յատկանշական էր 1854-1933 թուականներուն ապրած իրլանտացի հեղինակ ու լրագրող Էմիլ Ժոզէֆ Տիլոնի (Emile Joseph Dillon) «Հայաստանի իրավիճակը» խորագրեալ յօդուածը, ուր օտար հեղինակը գրի կ՚առնէ Հայաստանի մէջ հայու հանդէպ իրագործուած անարդարութիւններն ու կրած նեղութիւնները:
Իրլանտացի այս հեղինակը ո՛չ միայն գրի կ՚առնէ, այլ սեփական աչքերով ականատես կ՚ըլլայ այդ չարչարնքներուն. երկխօսութիւն կ՚ունենայ այդ տառապանքները կռող հայերուն հետ. բարեբախտաբար, իրլանտացի այս մտաւորականը կը յաջողի իր գրութեան ճամբով փրկել մի քանի փաստաթուղթեր, որոնք հարազատ պատկերն են հայ ժողովուրդի կրած նեղութիւններուն. օրինակի համար՝ 1895 թուականին հայկական գիւղերէն մէկուն բնակիչները՝ Մուրատեան, Րէիսեան, Պերղովեան եւ Մելքոնեան անունով անձինք հետեւեալ նամակը կը յղեն պետութեան. «Շատ մը ոստիկաններ հարկերը հաւաքելու պատրուակով ժամը 10-ի մօտերը մտան մեր գիւղը, կոտրեցին տուներու դռները եւ խուժեցին մեր բնակարանները. բռնեցին մեր կիներն ու զաւակները եւ տուներէն դուրս հանեցին եւ այդտեղ փողոցի վրայ ամենադաժան ծեծի ենթարկեցին: Վերջաւորութեան աւելի քան երեսուն կին վերցնելով մօտակայ գոմերէն մէկուն մէջ իրենց հաճոյքները գոհացուցին: Մեկնելու ժամանակ վերցուցին մեր ողջ ունեցուածքը, ուտելիքներն ու անասունները»:
Հայ բնակիչները կայսրին ուղղուած այս նամակով կը փորձէին արդարութիւն պահանջել, որովհետեւ անզօր էին նման յարձակումներու եւ անարդարութիւններու դիմաց:
Եթէ այս մէկը հայու կողմէ գրուած ըլլար՝ հաւատացէք, որ այնքան ալ կարեւորութիւն պիտի չունենար, որովհետեւ մենք՝ հայերս տեղ մը ունինք մրջիւնը փիղ դարձնելու սովորութիւն մը, սակայն, երբ գրողը օտար է՝ ազգութեամբ իրլանտացի, գրուածները տարբեր արժէք մը կ՚ունենան: Աւելին, իրլանտացի գրողը կը վկայէ, որ ինք եւս ներկայ էր առիթով մը, երբ ոստիկանները կը խուժեն եւ վերոյիշեալ կողոպուտը կը կատարեն. գուցէ ականատեսի այդ զգացումն է, որ մղեց մտաւորականը գրի առնել այս բոլորը:
Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ հեղինակը հայերու հասցէին ծանր խօսքեր եւս կը հնչեցնէ՝ որ ցոյց կու տայ մեր իրականութիւնը։ Իր նոյն գրութեան մէջ հեղինակը գրի կ՚առնէ հետեւեալ տողը. «Երբ այլ շուներու ներկայութեամբ շունի մը վրայ կրակես՝ բոլորը կը հաչեն, սակայն հայերը ձայն չհանեցին. պարզապէս արդարադատութիւն պահանջեցին»։ Ինչո՞ւ համար այսպէս է. հայու ինքնասիրութի՞ւն թէ վախ. գուցէ օտար հեղինակին համար տարօրինակ էր հայորդիներու լռութիւնը նման բռնութիւններու նկատմամբ:
Իրլանտացի մտաւորականը իր շրջագայութեան ընթացքին առիթ մը կ՚ունենայ հանդիպելու նաեւ այդ զինուորականներէ մէկուն, որ այդ շրջանին բանտարկուած էր. մտաւորականը հարց կու տայ, թէ հայերու հանդէպ գործադրած բռնութեան համա՞ր դատապարտուած է. զինուորը կը պատասխանէ. «Դատապարտութիւնը հայերուն հետ կապ չունի. ես հայերը թալանելու եւ կամ սպաննելու համար չեմ պատժուիր. ես արդէն գրեթէ քիչ հայ կը սպաննէի՝ այն պարագային երբ դիմադրէին. ինձ դատապարտեցին թուրք գնդապետի մը կինը բռնութեան ենթարկելու համար, բայց ո՛չ հայերուն. հայերը ո՞վ են, որ իրենց համար դատապարտուիմ»: Այս արտայայտութիւններէն ետք ոստիկանը հպարտութեամբ կը պատմէ իր արկածախնդրութիւնները, թէ ինչպէս բռնաբարած է հայը, գողցած ու սպաննած:
Իռրլանտացի մտաւորականը հարց կու տայ. «Հայերը կը դիմադրէի՞ն, երբ իրենց կիները վերցնէիք».։ Զինուորը կը պատասխանէ. «Ո՛չ միշտ, որովհետեւ չէին կրնար. զէնքեր չունէին եւ նոյնիսկ եթէ յաջողէին դիմադրել եւ կամ մեզմէ մէկը սպաննել, գիտէին, որ այդ մէկը օգուտ մը չունի. վրէժխնդրութիւնը կ՚ըլլայ եւ մենք մեր նպատակին կը հասնինք»: Սակայն իրլանտացի մտաւորականին զարմանքը կը կրկնէ զինուորը. «Յաճախ երբ կը սպաննենք անոնցմէ մէկը, անոնց աչքերը զայրոյթով չի լեցուիր»։
Վերջապէս մտաւորականը վերջին հարցը կու տայ զինուորին. «Շատ հայեր սպաննեցի՞ք»։ Զինուորը կը պատասխանէ. «Այո՛, մենք չէին ուզեր սպաննել, որովհետեւ մեզի համար կարեւորը աւարն էր եւ ոչ անոնց կեանքը, սակայն մէկ մէկ ստիպուած կ՚ըլլային զանոնք լռեցնելու համար սպաննել»:
Իրլանտացի գրողի աշխատութիւնը տակաւին երկար է, սակայն կը բաւարարուինք անոր էջերէն քաղելով այսքան տեղեկութիւն։ Մտաւորականը իր գրութիւնը կը վերջացնէ հետեւեալ տողերով. «Ահաւասիկ այն բաները, որոնց համար մենք բարոյապէս պատասխանատու ենք...»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար մարդու ակռան գիշերը աւելի ցաւ կը զգայ:
Պատասխան. Մարդ գիշերը ակռայի ցաւը աւելի կը զգայ, որովհետեւ առօրեայ կեանքի մտահոգութիւնները կը նուազին եւ միտքը աւելիով կը սկսի յարմարուիլ ֆիզիքական իրավիճակին: Մարդուն մէջ տեղի կ՚ունենան որոշ հորմոնային փոփոխութիւններ, որոնք կը ճնշեն ցաւն ու բորբոքումը եւ աւելի զգայուն կը դարձնեն ցաւը: Գիշերը մարդ աւելի քիչ շարժում կ՚ունենայ եւ այդ մէկը կը սրէ ցաւին կոշտութիւնը, դարձնելով ցաւը աւելի զգալի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025