ԵՐԵՒՈՒԹԱՊԷՍ ԵՒ Ո՛Չ ԷՈՒԹԵԱՄԲ
Մարդկայնօրէն յաճախ մենք մեր լսածէն աւելի կը հաւատանք մեր տեսածներուն, կարծելով որ տեսնուած երեւոյթը չի կրնար խաբել, մինչ լսուածը կրնայ երեւոյթի մը ամբողջութեամբ աղաւաղուած մէկ տարբերակը ըլլալ: Իրականութեան մէջ սակայն երեւոյթը եւս իր մէջ ունի խաբուսիկ ու ոչ վստահելի մաս մը, որ յաճախ լսուած շա՜տ աւելի աղաւաղուած կրնայ ըլլալ: Երեւոյթը կրնայ խաբուսիկ ըլլալ, որովհետեւ շատ անգամ ճշմարտութեան կողքին մենք բոլորս կը տեսնենք այն՝ ինչ որ մարդիկ կ՚ուզեն որ իրապէս տեսնենք, ինչ որ ճշմարտութեան ամբողջութեամբ հակառակ կրնայ ըլլալ:
Յաճախ մարդոց կեանքը կը դատենք նկատի ունենալով արտաքին երեւոյթը՝ առանց իրապէս կարենալ զննելու էութիւնը. կը տեսնենք անձ մը՝ որ կը ժպտի եւ ուրախ կը ձեւանայ։ Մարդկայնօրէն զինք անմիջապէս երջանիկ մը կը նկատենք, առանց գիտնալու բոլոր այն ցաւերն ու վէրքերը, որոնք գոյութիւն ունին անոր հոգիին մէջ: Կայ նաեւ հակառակը, որ հոգեբանական հիւանդութեան մը մաս կը կազմէ. գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք մի՛շտ տխուր երեւելու մարմաջը ունին, ինչ որ մարդոց կողմէ հետաքրքրութեան կենդրոն դառնալու ախտէն յառաջ կու գայ, որովհետեւ շատեր կ՚ուզեն իրենց շրջապատի ուշադրութեան արժանանալ:
Հայութեան մէջ երկու տեսակն ալ գոյութիւն ունին, որովհետեւ երեւոյթը մեր մօտ աւելի արժէք ունի՝ քան ճշմարտութիւնը. այսօր մեր մէջ բազմաթիւ են անոնք, որոնք ճշմարտութեան մէջ նիւթապէս ոչ կայուն վիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի հանրութեան մէջ հարուստ երեւին, իսկ կան հարուստներ՝ որոնք իրենց ունեցած մեծ հարստութիւնով հանդերձ կ՚ուզեն նիւթապէս ոչ կայուն երեւոյթ մը ունենալ, որովհետեւ նիւթապէս հարուստը ճշմարտութիւնը ցոյց տալով կրնայ ուշադրութեան առարկայ դառնալ, իսկ աղքատը իր աղքատի երեւոյթով քննադատութեան ու բամբասանքներու նիւթ դառնալ, այդ իսկ պատճառով մեր ազգի մէջ երկու տեսակն ալ վտանգաւոր ու մտահոգեցուցիչ է:
Այսօր կրնաս աշխարհի ամենէն բարի ու սուրբ մարդը ըլլալ եւ մարդկայնօրէն մէկ սխալ գործել. հասարակութիւնը մոռնալով բարութիւնը՝ իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կրնայ կենդրոնացանել այդ մէկ սխալ արարքին վրայ, որովհետեւ ինչ ըլլալդ չէ կարեւորը, այլ ինչ երեւիլդ, որովհետեւ այդ մէկ երեւոյթը աւելի կը կշռէ քան միւսները: Այս ցաւալի ճշմարտութիւնը նկատի ունենալով մարդիկ իրենց ինչ ըլլալուն վրայ ուշադրութիւն դարձնելու փոխարէն ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն իրենց ինչ երեւիլը, վստահ ըլլալով որ ինչ ըլլալէն աւելի ինչ երեւիլը մարդոց ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ:
Այս երեւոյթի եւ իսկութեան տարբերութիւնն է, որ նոյն մարդուն մասին կարելի է գտնել բազմաթիւ տարբեր կարծիքներ ու մտածումներ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը զինք ճանչցած կ՚ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս անձը ուզած է, որ դիմացինը զինք ճանչնայ:
Անցեալին՝ աւելի քան դար մը առաջ մարդոց մէջ կար թափանցիկութիւն մը. բոլորին համար յստակ էր, թէ ո՛վ է Սարգիսը եւ ո՛վ Յովսէփը, սակայն այսօր այդ թափանցիկութիւնը գոյութիւն չունի, որովհետեւ նոյն Սարգիսը ինծի համար կրնայ բարեկրօն անձ մը ըլլալ, իսկ քեզի համար խաբեբայ մը, ստեղծելով հսկայական անդունդ մը երկու համոզումներուն միջեւ:
Իսկ ինչո՞ւ համար վերացաւ թափանցիկութիւնը: Թափանցիկութեան վերացման հիմնական պատճառը մարդու մարդուն նկատմամբ ունեցած անկեղծութեան վերացումն է: Մարդիկ կամաց կամաց սկսան իրարու հանդէպ սրտցաւ չըլլալ, այդ իսկ պատճառով մարդիկ պէտքը զգացին ճշմարտութիւնները պահելու եւ կեղծ երեւոյթ մը ստեղծելու, որովհետեւ ստեղծուած դժբախտութեան մը դիմաց մարդիկ փոխանակ զօրակցելու եւ օգնելու, սկսան բամբասել ու չարախօսել դժուար կացութեան մէջ գտնուողը, որ իր կարքին կեղծելը աւելի յարմար նկատեց՝ քան քննադատութեան առարկայ դառնալը:
Հակառակ որ կեղծիքը քննադատելի երեւոյթ մըն է, ես եւս կողմնակից եմ ճշմարտութիւնը կեղծելու, որովհետեւ դժուար կացութեան մէջ գտնուելու պարագային մարդոց կողմէ զօրակցութեան փոխարէն միայն քննադատութիւն պիտի ստանաս: Անցեալին մարդիկ ամէն ջանք ի գործ կը դնէին, որպէսզի ապրուած դժբախտութիւնը ծածկեն, մինչ այսօր անցեալին հակառակ այդ մէկը բարձրաձայնելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, նոյնիսկ ամենէն մօտիկ կարծուած հարազատներն ու մտերիմները: Թրքական առածը կ՚ըսէ. «Բարեկա՛մ շահեցէ՛ք. շատ անգամ թշնամին կրնայ հարազատ մօրմէն ալ ծնիլ» (Dost kazan dost; düşman anadan da doğar): Ապրուած դժբախտութիւն մը մարդիկ այսօր կը բարձրաձայնեն, կը բամբասեն ու կը տարածեն, սակայն երբեք անոր լուծման մասին բան մը չեն խորհիր՝ նոյնիսկ եթէ լուծումը իրենց համար դիւրին ու չնչին բան մը ըլլայ, որովհետեւ ուրիշ մը վարկաբեկելով իրենց եսը բարձրացուցած ըլլալ կը կարծեն, այդ իսկ պատճառով մարդիկ այսօր աւելի շահաւէտ կը նկատեն կեղծելն ու ձեւացնելը, ինչ որ առիթ չի տար մարդուն իր ցաւերուն հետ հաշուեյարդարի նստելու եւ իր ցաւը ապրելու:
Ժամանակը մարդոց պիտի ստիպէ կամաց կամաց ճշմարտութենէն հեռանալու եւ կեղծիքին մօտենալու, որովհետեւ այնպէս ինչպէս այսօր ճշմարիտ կեանքը մէկդի ձգած համացանցային կեանքը ճշմարիտ կը նկատենք, նոյնպէս ալ երեւոյթը աւելի ճշմարիտ պիտի սկսի թուիլ մեզի, քան նոյնինքն ճշմարտութիւնը:
Հետեւաբար հանգիստ կեանք մը ապրելու համար ձեր էութենէն առաջ փորձեցէք փոխել ձեր երեւոյթը, որովհետեւ էապէս բարի ըլլալը ո՛չ մէկ օգուտ ունի, որովհետեւ եթէ Աստուած սիրտերը կը քննէ, մարդիկ երեւոյթն է, որ կը քննեն ու այդ մէկը որպէս ճշմարտութիւն նկատի կ՚ունենան:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -137-
Տարիներ առաջ բարեկամական հաւաքի մը ընթացքին տեսայ բարեկամ մը, որ ամենայն ուրախութեամբ իր ընտանիքի անդամներուն հետ եկած էր հաճելի օր մը ունենալու համար: Օր մը ետք պատահականօրէն տեղեկացայ, որ տան հոսանքն ու ջուրը չվճարելու պատճառով աւելի քան շաբաթ մը կ՚ապրին մութին մէջ՝ առանց ջուրի:
Համարձակութիւնը ունեցայ մօտենալու եւ պատճառը հարցնելու. սրտցաւօրէն յայտնեց, որ եթէ վերոյիշեալ հաւաքին ներկայ չգտնուէր, մարդիկ կրնային ճշմարտութիւնը գիտնալ եւ բամբասել, այդ իսկ պատճառով նախընտրած էր մութին մէջ մնալով հանդերձ մասնակցիլ հաւաքին, որովհետեւ մարդոց խօսքը աւելի՛ կը ցաւցնէ, քան ամբողջ ընտանիքով հանդերձ մութին մէջ ապրիլը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024