ԱՆՑԱՒՈՐ ԵՒ ԱՂՑԱՒՈՐ

«Անցաւոր եւ Աղցաւոր այս աշխարհի վրայ կը տուայտինք…»։ Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի իր քարոզներուն մէջ յաճախ արտասանած խօսք մըն է ասիկա, որ խոր իմաստ մը ունի, եւ կարծես լաւագոյն կերպով կը բացատրէ մարդկային կեանքը՝ որ կ՚ապրուի այս «անցաւոր» եւ «աղցաւոր» աշխարհի վրայ։ Եւ իրապէս, մարդուս կեանքը, ընդհանրապէս «տառապանք» մը, «չարչարանք» մը, նեղութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն ընթացք մը՝ «տուայտանք» մը չէ՞ մեծ մասամբ, եթէ հաշուի չառնուին ուրախ եւ երջանիկ պահեր, որոնք դժբախտաբար աւելի քիչ են մարդուս կեանքին մէջ, քան նեղութեան օրերը…։

Գիտեմ, եւ կը զգամ որ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներէն շատեր, իրաւացիօրէն պիտի խորհին՝ թէ մեր գրիչը ոչ թէ մելան կը կաթեցնէ թուղթին վրայ, այլ՝ յոռետեսութիւն՝ կեանքը բոլորովին մութ ներկայացնող պատկեր մը։

Երանի՜ սխալէինք։ Երանի՜ պարզ «յոռետեսութիւն» մը ըլլար այս տրուպ գրիչին գաղափարները…։ Բայց, ընդհանրապէս, կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ մարդկային կեանքին մէջ նեղութիւնները աւելի շատ են քան խաղաղ եւ երջանիկ օրերը։ Կարծես երջանկութիւնը բացառութիւն մըն է մարդկային ամբողջ կեանքին մէջ, եւ տառապանքը՝ էակա՛ն։ Եւ եթէ այդպէս չըլլար, հապա ինչո՞ւ մարդ միշտ երջանկութիւն պիտի փնտռէր, խաղաղութիւն, հանգստութիւն եւ հանդարտութիւն երազելով պիտի անցընէր իր ամբողջ կեանքը։

Խորհինք անգամ մը. մարդուս նպատակը «երջանիկ ըլլալ» է, ուրեմն էապէս դժբախտ է որ երջանկութիւնը նպատակ է ընդունած եւ կը զբաղի միշտ զայն փնտռելով։ Եւ եթէ գտնէ նոյնիսկ, վստահ չէ որ ան տեւական եւ մնայուն պիտի ըլլայ իր կեանքին մէջ։ Ուրեմն, որքան իրաւացի է եղեր Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահեր, յաճախ կրկնելով այն խօսքը՝ թէ անցաւոր եւ աղցաւոր այս աշխարհի վրայ կը տառապինք…։

«Կեանք» կոչուած ընթացքին հակիրճ եւ իմաստալից բացատրութիւնն է այս խօսքը՝ ուր մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ երկու բառեր, որոնք խօսքին առանցքը կը կազմեն. «անցաւոր» եւ «աղցաւոր»։

«Անցաւոր» յայտնի բառը կը նշանակէ՝ անցնող, ժամանակաւոր։ Ուստի, եթէ կեանքը աւելի շատ նեղութիւններով լեցուն ընթացք մըն է այս աշխարհի վրայ, ապա ուրեմն, բարեբախտաբար այդ «աշխարհ»ը անցաւոր է, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ՝ ի վերջոյ անցաւոր պիտի ըլլան նաեւ կեանքի տառապանքները, տուայտանքները եւ նեղութիւնները։

Եթէ այս իմաստով մօտենանք «անցաւոր» բառին, ուրեմն ո՛չ թէ «յոռետեսութիւն», այլ «լաւատեսութիւն» կ՚արտայայտենք, քանի որ նեղութիւններ պիտի անցնին, պիտի վերջանան եւ կեանքը պիտի հասնի ակնկալուած երանութեան ի վերջոյ, որ է նպատակը եւ կոչումը մարդ արարածին՝ որու համար է ստեղծուած։

Ուստի «անցաւոր» աշխարհին վախճանով վերջ կը գտնեն նեղութիւններ, տառապանքներ, եւ ժամանակաւոր՝ անցաւոր աշխարհը կը փոխուի անժամանակ՝ յաւիտենական «աշխարհ»ի։

Եւ ուրեմն մարդ երբ կ՚ապրի այս «անցաւոր» աշխարհի վրայ, պէ՛տք է քաջութիւնը ունենայ տոկալու, դիմադրելու այն ժամանակաւոր նեղութիւններուն՝ որոնք թէեւ անբաղձալի են, բայց միանգամայն անխուսափելի՛։

«Աղցաւոր» բառը շատ գործածական եւ յայտնի բառ մը չէ եղած մեր ամէնօրեայ եւ ընթացիկ կեանքին մէջ։

«Աղց», ըստ Հրաչեայ Աճառեանի («Հայերէն Արմատական Բառարան», 1926), կը նշանակէ՝ պէտք, կարիք, հարկաւորութիւն, ներքին պահանջ, որ գործածուած է միայն անեզաբար։ Բառին համար Աճառեան կ՚ըսէ.- Բառիս համար գտնում եմ ոսկեդարեան մի վկայութիւն՝ Կոչ. 204. «Բնաւ ա՞ղխք ինչ էին Աստուծոյ բնութեան ընդ մարդկութիւնս իջեալ շրջեալ», ուր «աղխք» «կարասիք» պէտք է կարդալ «աղցք» «կարիք, պէտք…»։ «Աղցաւոր»՝ «կարօտ», «թշուառ», նաեւ՝ պիտանի, կարեւոր, ինչպէս՝ անհրաժեշտ։ «Աղցաւորագոյն»՝ «աւելի կարեւոր»։ «Աղցաւորութիւն»՝ «կարօտութիւն, բնութեան պահանջ»։

Ասոր.- «elaş»՝ ճնշել, նեղել, ստիպել, հարկադրել, բռնադատել, պէտք, կարիք…։

ՆԲՀ (Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի, Վենետիկ, 1836-7) թուի հանել «ախտ» բառէն, ըստ որում նաեւ «աղց» բառին սխալմամբ կու տայ «ցաւ, վիշտ» նշանակութիւնը։

Հիւնք (Յ.քհ. Հիւնքեարպէյէնտեան, ըՍ-տուգաբանական Բառարան, Պոլիս, 1894) «աղ»էն. «աղցան» - «աղ», «աղցմի» - «աղ»։

Բոլոր այս տեղեկութիւններ ցոյց կու տան՝ թէ «Անցաւոր եւ աղցաւոր այս աշխարհի վրայ կը տառապինք…», խօսքը ո՜րքան խոր իմաստ ունի, եւ ո՛չ թէ յոռետեսութիւն, այլ իրատեսութի՛ւն մը կ՚արտայայտէ, քանի որ կեանքին իսկական նշանակութիւնը՝ նոյն ինքն ճշմարտութի՛ւնը կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը յիշենք եւ կը կրկնենք Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքը՝ թէ աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենանք, բայց պէտք է քաջալերուի՛նք, քանի որ Ի՛նք յաղթեց աշխարհին (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33), մերձիմաստ է վերոյիշեալ խօսքին՝ թէ անցաւոր եւ աղցաւոր այս աշխարհի վրայ կը տուայտինք։

Ուստի այդ տուայտանքին տոկալու եւ դիմադրելու համար քա՛ջ պէտք է ըլլալ՝ Քրիստոսի տիպարով, որ Ի՛նք յաղթեց այս աշխարհին՝ անոր նեղութիւններուն եւ բազմատեսակ տառապանքներուն։ Քա՛ջ ըլլալէ զատ ճար չունինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 30, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019