ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Ազատութիւնը մարդ արարածին ընդհանուր նկարագի՛րն է։ Արդարեւ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի. «մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր իր արարքներուն»։ Աստուած «իմացական արարած» ստեղծած է մարդը։ Անոր տուած է «անձի արժանապատուութիւն» մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն, արարքներուն տիրապետութեամբ։

«Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին» (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձա՛մբ փնտռել իր Արարիչը եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։ Այս ուղղութեամբ «Ազատութիւն»ը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու. ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։

Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։ Ուստի, մարդ որքան զգացումով, նո՛յնքան ալ մտածումով կը գործէ, կը շարժի։

Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումի, զարգացման եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։

Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ», հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելո՛ւ։ Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէ՛ս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի, արժանիքի կամ անարժանիքի։

Մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, ա՛յնքան աւելի «ազատ» կ՚ըլլայ, ազատութիւն վայելելու կ՚արժանանայ։

Չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն եթէ ոչ ի սպաս բարիին եւ արդարին։ Եւ այս իմաստով, ընկերութեան մէջ եթէ մէկ անհատ իսկ «ազատ» չէ, հոն ոչ ոք ազատ է, քանի որ ազատութիւնը փոխադարձ յարաբերութիւններու վրայ հաստատուած, կերպով մը հաւաքական, հասարակաց կարողութիւն մը, զօրութիւն մըն է։

Չարիք, իր ամենալայն առումով եւ անհնազանդութիւն նախընտրելը՝ ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի մեղքին ստրկութեան, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս առաքեալ. «Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէպէտ ժամանակ մը մեղքին ծառայ դարձած էիք, բայց որովհետեւ սրտանց հնազանդեցաք ձեզի աւանդուած վարդապետութեան օրինակին, մեղքի տիրապետութնեէն ազատեցաք եւ արդարութեան ծառայ դարձաք» (ՀՌՈՄ. Զ 17-18)։

Բայց առանց «պատասխանատուութեան» ազատութիւն չկա՛յ. ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ «պատասխանատո՛ւ» իր արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք կամովին են։

Առաքինութեան մէջ յառաջդիմութիւնը, բարիին ճանաչումը եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն վրայ։ Արարքի մը հանդէպ «յանցապարտութիւն»ը եւ պատասխանատուութիւնը կրնան նուազիլ, պակսիլ, նոյնիսկ բոլորովին ջնջուիլ տգիտութեան, անուշադրութեան, բռնութեան, վախի, սովորութեան, անչափաւոր հակումներուն եւ հոգեկան կամ ընկերային այլ ազդակներու պատճառով։

Ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։

Աստուած մեղքէն ետք՝ կը հարցնէ Ադամին պարտէզին մէջ. «Ի՞նչ գործեցիր» (ԾՆՆԴ. Գ 13)։ Եւ նո՛յնը Կայէնին. (ԾՆՆԴ. Դ 10)։ Այսպէս նաեւ Նաթան մարգարէն Դաւիթին՝ յետ շնութեան Ուրիայի կնոջ հետ ու Ուրիայի սպանութեան (Բ ՍԱՄ. ԺԲ 7-15)։ Ուստի ամէն ոք պատասխանատո՛ւ է իր արարքէն, որ ազատ կերպով, ազատ կամքով գործած է։ Իւրաքանչիւր անձ պարտաւո՛ր է հաշիւը տալու իր ազատօրէն գործած արարքին։ Եւ այս կը նշանակէ՝ թէ ազատութիւնը սահման մը ունի, որ է՝ պատասխանատուութեան պարտաւորութիւնը։ Յետոյ, ազատութիւնը ունի սահման մը եւս, որ է՝ ուրիշին ազատութեան սահմանը։

Ազատութինը կը կիրարկուի մարդկային արարածներուն փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Մարդկային իւրաքանչիւր «անձ», ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ Անոր նմանութեամբ, ունի բնական իրաւունքը ճանչուելու իբրեւ ազատ ե՛ւ պատասխանատու էակ։ Բոլորը պարտին իւրաքանչիւրին հանդէպ -փոխադարձ- յարգանքի այս պարտականութիւնը ունենալ։

«Իր ազատութիւնը գործածելու իրաւունք»ը անբաժանելի հարկաւորութիւն մըն է մարդկային անձին արժանապատուութեան, մանաւանդ բարոյական, հոգեւոր եւ կրօնական հարցերու շուրջ։ Այս իրաւունքը ճանչցուելու է քաղաքականապէս եւ պաշտպանուելու է հասարակաց բարիքին եւ հրապարակային կարգին սահմաններուն մէջ։

Արդարեւ, մարդուն ազատութիւնը, ինչպէս յիշուեցաւ, սհմանաւո՛ր է եւ նաեւ՝ սխալակա՛ն։ Եւ իսկապէս՝ մարդը սխա՛լ գործեց։ Ան մեղանչեց ազատօրէն. մերժելով Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը, ան ինքզինք խաբեց՝ մեղքին ստրուկ դարձաւ։ Եւ այս առաջին օտարացումը ծնունդ տուաւ բազմաթիւ այլ օտարացումներու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 3, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020