ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐԷՆ ԴՈՒՐՍ

Պատմութիւնը մեծագոյն վկան է, որ Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ հոգեւորին կողքին (գուցէ նաեւ հոգեւորէն շա՛տ աւելի) ընդարձակ աշխատանք տարած է հայ գրականութեան, երաժշտութեան եւ մշակոյթին համար. այսօր «հայրենասէր»ի տարած հագած շատ մը երախտամոռաց մարդիկ կը քննադատեն եկեղեցին, նոյնիսկ կ՚ատեն՝ մոռնալով որ հայկական ամէ՛ն արժէքի խորերը, որպէս սիւն կը յայտնուի հայոց եկեղեցին. գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ ի՛նչ որ կարելի է յիշել որպէս արժէք, դարեր շարունակ պահպանուած ու զարգացած է եկեղեցւոյ կողմէ:

Եթէ պիտի խօսինք լեզուի մասին, պէտք է անպայմանօրէն յիշել, որ Մեսրոպ Մաշտոց մաս կը կազմէր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն: Պատմութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի մասին կը գրէ. «395 թուականին հեռացած է աշխարհիկ կեանքէն եւ միացած միայնակեցութեան կարգին»:

Եթէ պիտի խօսինք անցեալի պատմութեան, պէտք է անպայմանօրէն յիշել Մովսէս Խորենացին։ Անոր մասին պատմութիւնը կը գրէ. «Նորընտիր Գիւտ Ա. Արահեզցի Կաթողիկոսի կողմէ Մովսէս Խորենացի նշանակուած է Բագրեւանդի թեմական առաջնորդ». ուրիշ տեղ մը կը կարդանք, որ Խորենացի իր խոր ծերութեան ստացած է եպիսկոպոսութեան ասիճան: Պէտք է անպայմանօրէն յիշել Առաքել Դավրիժեցին եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Եթէ պիտի խօսինք գրականութեան մասին, պէտք է անպայմանօրէն յիշել Վարդան Այգեկցին, որ պատմիչին վկայութեամբ եղած է «Լամբրոնի Արքեպիսկոպոս եւ Սկեւռայի առաջնորդ»:

Եթէ պիտի խօսինք երաժշտութեան մասին, պէտք է անպայմանօրէն յիշել Ստեփանոս Սիւնեցին, որ եղած է Սիւնեաց աշխարհի առաջնորդ: Պէտք է անպայմանօրէն յիշել Մովսէս Քերթողը:

Եթէ պիտի խօսինք փիլիսոփայական միտքի մասին, պէտք է անպայմանօրէն յիշել Յովհաննէս Իմաստասէրը, Եզնիկ Կողբացին, Գրիգոր Նարեկացին եւ ուրիշներ:

Խօսելով հայկական արժէքներուն եւ մտաւոր հարստութեան մասին, ինչպէ՞ս չյիշել Գլաձորի, Սանահինի, Տաթեւի համալսարանները. Նարեկավանքը, Անիի վարդապետարանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ՝ ուր զարգացած է դպրութիւնը, գրականութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը:

Մի քանի տարիներ առաջ ինքզինք հայրենասէր նկատող անձ մը կը բարձրաձայնէր. «անո՛նք որոնք եկեղեցական եղած են՝ ապուշներ են». կ՚արժէ՛ անգամ մը եւս աչքէ անցընել վերոյիշեալ «ապուշներ»ը:

Սակայն կայ այլ տարօրինակութիւն մը. մենք վերոյիշեալ բոլոր բարիքները կ՚ուրանանք եւ կը մեղադրենք Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որովհետեւ շատ անգամ չենք անդրադառնար, թէ այդ բոլոր բարիքները մեզի տրուած են եկեղեցականներու կողմէ: Օրինակի համար, ինչո՞ւ համար կ՚ըսենք «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ ո՛չ «Հայր Մեսրոպ Մաշտոց». նոյնն է պարագան Խորենացիին, Տաթեւացիին եւ ուրիշներուն:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ մեր եկեղեցին «ազգային եկեղեցի» է եւ հետեւաբար ազգային արժէքներու գնահատումը եւ հոգեւոր կեանքի հանդէպ ունեցած մարդու ըմբռնումները պէտք չէ շփոթել: Մարդ կրնայ անհաւատ ըլլալ եւ կամ այլ հաւատալիքներ ունենալ, սակայն պարզապէս եկեղեցին վարկաբեկելու համար չի՛ կրնար ուրանալ բոլոր այն բարիքները՝ որ եկեղեցին տուած է հայ ժողովուրդին: Շատեր գուցէ հակառակին, ըսելով, որ բարիքներու կողքին մեծամեծ վնասներ տուած է եկեղեցին. նման մտածումով մը օր մը երիտասարդ մը կ՚ըսէր. «Եկեղեցին քանդեց մեր հեթանոսական բոլոր հարստութիւնները»։ Խնդրեցի որ այդ «հարստութիւն»ներէն օրինակ մը տայ. պատասխանը հետեւեալն էր. «չե՛մ գիտեր, որովհետեւ բոլորը քանդեցին՝ որպէսզի չգիտնանք»: Ահաւասիկ երիտասարդ մը, որ իր ունեցած մշակոյթով հետաքրքրուելով փոխարէն կը «հպարտանայ» ու կը սգայ կորուստը իր չի՛ գիտցածին «արժէքներուն»:

Ի դէպ, ըսեմ որ այդ երիտասարդը միակը չէ՛ որ կու լայ իր չգիտցած արժէքներուն կորուստին համար: Այնքա՜ն արժէքներ ունինք, որոնց մասին բառ մը անգամ չենք գիտեր, սակայն անոնց մասին կարդալու եւ ուսումնասիրելու փոխարէն մեր չգիտցածներուն կորուստը կը սգանք. եւ չես գիտեր ի՞նչ հիման վրայ կը հաստատեն, որ կորսուած արժէքները շատ աւելի մեծ էին՝ քան այն բոլոր արժէքները, որոնք այսօր ունինք. սակայն այդ մեծին ինչ ըլլալը չեն գիտեր:

Ահաւասիկ կորուստի դատապարտուած ազգ մը՝ որ իր ունեցածը արժեւորելու փոխարէն չունեցածովը կը հպարտանայ, իր ունեցածը զարգացնելու եւ մեծարելու փոխարէն կը մեծարէ բան մը՝ որուն ինչ ըլլալը ինք ալ չի գիտեր:

Ներկայ եկեղեցւոյ գլուխը գտնուողները սիրել կամ չսիրելը անձնական որոշում մըն է, սակայն եկեղեցին ատել ու անոր գործունէութիւնը վարկաբեկելը դուրս է այդ անձերէն, որովհետեւ եթէ մարդ ինքզինք հայ կը զգայ եւ հայկական արէժքները կը մեծարէ, իրաւունք չունի եկեղեցին չարժեւորել: Եթէ այսօր ունինք լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ, եկեղեցւոյ դերը անուրանալի է այդ բոլորին մէջ:

Սակայն վստահ ենք, որ եկեղեցին պիտի շարունակուի քննադատութեան թիրախ դառնալ, որովհետեւ մեր ազգը չէ՛ գիտցած եւ երբեք պիտի չգիտնայ գնահատել բոլոր այն բարիքները՝ որոնք եկեղեցին ըրած է ի շահ մեր ազգին, մշակոյթին, լեզուին ու գրականութեան:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Առաջին անգամ ո՞ր ազգը քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն:

Պատասխան. Հայաստանի թագաւորութիւնը կը նկատուի առաջին ժողովուրդը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն: Այդ մէկը տեղի ունեցած է չորրորդ դարու սկիզբը՝ 301 թուականին, Տրդատ թագաւորի օրօք՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ջանքերով: Այդ թուականին Հայաստան դարձած է առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը:

ԾԱՆՕԹ: Այս հարցումը ուզեցինք ուղղել, որովհետեւ ժամանակ մը եթովպացիները պնդեցին, որ ո՛չ թէ Հայաստանը, այլ իրենք եղած են առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024