ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Յու­սա­հա­տու­թիւն»՝ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ վհա­տու­թիւն, բա­րո­յալ­քում։ Յու­սա­հա­տու­թիւ­նը, հո­գե­կան լքում է՝ յոյ­սը կորսնց­նել եւ մին­չեւ իսկ ապ­րե­լու ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը, խան­դը, ու­ժը նուա­զեց­նել կ՚են­թադ­րէ։ Այն որ յոյ­սը կորսն­ցու­ցած է՝ յու­սա­հատ է, ա­պա ու­րեմն ան ո՛չ նպա­տակ, ո՛չ ի­մաստ կը գտնէ կեան­քին մէջ։

Ու­րեմն յու­սա­հա­տու­թիւ­նը կեան­քի ըն­թաց­քը մեր­ժո­ղա­կան կամ ժխտա­կան կեր­պով վա­րող եւ ա­նոր ոչ-դրա­կան ձե­ւով ազ­դող հո­գե­վի­ճակ մըն է, ա­ւե­լի լաւ է ը­սել՝ բա­րո­յա­պէս վա­տա­ռողջ՝ հի­ւան­դա­գին զգա­ցում մըն է։ Ար­դա­րեւ յո՛յսն է որ մարդս հո­գե­պէս, բա­րո­յա­պէս կան­գուն եւ աշ­խոյժ, կեն­սու­նակ կը պա­հէ։ Վեր­ցու­ցէք յոյ­սը կեան­քէն՝ կեան­քը ա­նի­մաստ եւ անն­պա­տակ ըն­թաց­քի մը կը վե­րա­ծուի։ Այս ի­մաս­տով, «յո՛յս»ն է որ կեան­քը կ՚ի­մաս­տա­ւո­րէ եւ ապ­րե­լու ար­ժա­նի ըն­թաց­քի մը կը ձե­ւա­փո­խէ։ Չա­փա­զան­ցած կ՚ըլ­լա՞նք ար­դեօք երբ ը­սենք. «կեան­քը յոյ­սե­րու խտա­ցումն է»։ Կամ «յոյ­սը ինք­նին կեա՛նքն է…»։­

Ան­շուշտ, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն, տե­սիլք, ե­րազ, հե­ռան­կար, բո­լոր այս ապ­րում­նե­րը յոյ­սի տար­բեր կեր­պով ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է նկա­տել։ Բայց «յոյս»ը այս բո­լո­րէն բո­լո­րո­վին տար­բեր, բո­լո­րո­վին ան­ջատ, ինք­նու­րոյն հո­գե­վի­ճակ մըն է։

Ե­թէ կը փա­փա­քիք սի­րե­լի՜­ներ, շա­րու­նա­կենք յու­սա­հա­տու­թեան մա­սին պատ­մուած ծա­նօթ ա­ռա­կով մը։

Շա՜տ տա­րի­ներ ա­ռաջ Սա­տա­նան ո­րո­շեր է պար­ծե­նալ ի ցոյց այն բո­լոր մար­դոց, որ կը հե­տաքրք­րուէին իր զի­նա­նո­ցի զէն­քե­րով։ Ան իր զէն­քե­րը տե­ղադ­րեց զգու­շու­թեամբ ա­պա­կե­փեղ­կի մը մէջ եւ ա­նոնց ա­մէն մէ­կուն վրայ զե­տե­ղեց պի­տակ­ներ՝ նշե­լով, թէ ո­րը ի՛նչ է եւ ի՛նչ կ՚ար­ժէ։ Ճոխ եւ հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ մըն էր սա­տա­նա­յին ցու­ցադ­րած զէն­քե­րուն ամ­բող­ջու­թիւ­նը։

Այդ ճոխ ժո­ղո­վա­ծո­յին մէջ էին՝ նա­խան­ձի ոս­կե­զօծ դա­նա­կը, չա­րու­թեան մուր­ճը եւ ժլա­տու­թեան՝ ա­գա­հու­թեան թա­կար­դը՝ ծու­ղա­կը։ Փայ­տիկ­նե­րու վրայ գե­ղե­ցիկ ձե­ւով շա­րուած էին նաեւ վա­խի, գո­ռո­զու­թեան, ա­տե­լու­թեան եւ հա­կա­ռա­կու­թեան բո­լոր զէն­քե­րը։ Ա­նոնք բո­լո­րը դրուած էին գե­ղե­ցիկ բար­ձե­րու վրայ եւ կը հիաց­նէին, կը զմայ­լեց­նէին դժոխ­քի բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րը։

Իսկ ա­մե­նա­հե­ռո՜ւ, յա­տուկ դա­րա­կի մը վրայ դրուած էր փոք­րիկ, ու­շադ­րու­թիւն չգրա­ւող, անն­շան եւ բա­ւա­կա­նա­չափ մա­շած փայ­տէ սեպ մը, այ­սինքն գամ մը՝ ցցուածք մը, ո­րուն վրայ զե­տե­ղուած էր «Յու­սա­հա­տու­թիւն» պի­տա­կը, բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րը զար­մա­ցած էին՝ յու­սա­հա­տու­թեան ար­ժէ­քը ա­ւե­լի մեծ էր, քան բո­լոր մնա­ցած զէն­քե­րը, ա­նոնց բո­լո­րին միա­ցած գինն ու յար­գը։

Ուս­տի այ­ցե­լու­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ հար­ցու­ցին, թէ ին­չո՞ւ Սա­տա­նան այդ զէնքը մնացեալներէն աւելի գնահատած է։ Սատանան ա­ռանց վա­րա­նու­մի պա­տաս­խա­նեց.

«Յու­սա­հա­տու­թիւ­նը միա՛կ զէնքն է իմ զէն­քե­րուս մէջ՝ ո­րուն վրայ ես կրնամ յոյս դնել ու վստա­հիլ, ե­թէ մնա­ցած զէն­քե­րը չկա­տա­րեն ի­րեն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ չկա­րե­նան ար­դա­րաց­նել ի­րենք զի­րենք»։

­Սա­տա­նան քնքոյշ կեր­պով շո­յեց, փայ­փա­յեց փայ­տա­շէն սե­պը եւ շա­րու­նա­կեց պատ­ճա­ռա­բա­նել.

«Ե­թէ յա­ջո­ղիմ յու­սա­հա­տու­թիւ­նը մտցնել մար­դուն գլխուն մէջ, ան կը բա­նայ բո­լոր դռնե­րը մնա­ցած բո­լոր զէն­քե­րէն՝ ա­մէն չա­րիք­նե­րէ ա­ռաջ»։­

Ու­րեմն, իմ սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ, եր­բե՛ք, եր­բե՛ք, եր­բե՛ք մի՛ յու­սա­հա­տիր, եր­բեք մի՛ յու­սալ­քուիր, քա­նի որ քու ճա­նա­պար­հին վրայ տեղ մը, ան­պայ­ման լու­սա­ւոր կէտ մը կա՛յ, ո­րը պի­տի դառ­նայ քու կեան­քիդ մա­սը։ Չէ՞ որ բա­նաս­տեղ­ծը կ՚ը­սէ, թէ՝ ո՛չ մէկ խա­ւար կար­ծուա­ծին չափ մութ չէ՛, այլ ան­պայ­մա՛ն լոյ­սի ցոլք մը, շող մը կայ ա­նոր մէջ, որ ի վեր­ջոյ պի­տի փա­րա­տէ խա­ւա­րը եւ պի­տի լու­սա­ւո­րէ զայն…։

Յոյ­սը՝ լո՛յսն է ինք­նին։

Քա­նի որ ա­ռա­կով սկսանք, ու­րեմն վեր­ջաց­նենք նաեւ ու­րիշ ա­ռա­կով մը, ուր կը տես­նուի, թէ յոյ­սը ինչ­պէ՛ս կը վա­ռէ ու կը լու­սա­ւո­րէ մա­րուած մո­մե­րը։

Չորս մո­մեր դան­դաղ դանդաղ կ՚այ­րէին։ Լռու­թիւն կը տի­րէր ա­մէն կողմ եւ կը լսուէր ա­նոնց թե­թեւ ձայ­նով խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ի­րա­րու հետ։ Ա­ռա­ջի­նը ը­սաւ.

«Ես խա­ղա­ղու­թիւն եմ, մար­դիկ չեն կրնար պա­հել զիս եւ չեն թո­ղուր որ հանգ­չիմ», այս­պէս ը­սաւ եւ յետոյ տկարացաւ իր կրակը, եւ լոյսը նուազեցաւ, մարեցաւ բո­լո­րո­վին։ Երկ­րոր­դը խօսք առ­նե­լով.

«Ես հա­ւատքն եմ, ա­ւե­լորդ եմ, մար­դիկ չեն ու­զեր ի­մա­նալ իմ մա­սին, չեն ու­զեր հասկ­նալ զիս, ու­րեմն ի­մաստ չու­նի վա­ռուած մնալ», ը­սաւ, եւ երբ ա­ւար­տեց իր խօս­քը, փչեց տկար, մեղմ զե­փիւ­ռը եւ վեր­ջա­ցուց ա­նոր ար­դէն նուա­զած կրա­կը։

Երբ լսեց այս բոլորը եւ տեսաւ իր մոմ-ընկերներուն վախճանը, երրորդ մոմը տխո՜ւր արտայայտուեցաւ.

«Ես սէ՛րն եմ։ Այ­լեւս ուժ չու­նիմ, մար­դիկ չեն հա­ւա­տար իմ կա­րե­ւո­րու­թեան, կը մոռ­նան նոյ­նիսկ ի­րենց սի­րե­լի­նե­րը, մեր­ձա­ւոր­նե­րը», ը­սաւ եւ ան­մի­ջա­պէս մա­րե­ցաւ։

Ճիշդ այդ պա­հուն ներս մտաւ ե­րա­խայ մը, տե­սաւ մա­րած ե­րեք մո­մե­րը՝ ո­րոնց լոյ­սը սպա­ռած էր։ Նա­յե­լով ա­նոնց բարձ­րա­ձայն ա­ղա­ղա­կեց.

«Ի՜նչ է ա­սի­կա, դուք պէտք է մին­չեւ վերջ վա­ռուիք, լոյս տաք, լու­սա­ւո­րէք», ը­սաւ եւ սկսաւ լալ։ Այն ա­տեն խօ­սե­ցաւ չոր­րորդ մո­մը։

«Քա­նի տա­կա­ւին ես կրակ ու­նիմ, կը վա­ռենք միւս մո­մե­րը։ Ես յո՛յսն եմ»։­

Եւ փայ­լող աչ­քե­րով ե­րա­խան յոյ­սի մո­մով վա­ռեց եւ լու­սա­ւո­րեց միւս­նե­րը։

Չեմ գի­տեր, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, «յոյս»ը ա­ւե­լի յստակ կեր­պով եւ պարզ ու բա­ցա­յայտ ձե­ւով կա­րե­լի՞ է մեկ­նել։ Ու­րեմն հոն ուր «յոյս» կայ, հոն կա՛յ նաեւ խա­ղա­ղու­թիւն, կա՛յ հա­ւատք, եւ կայ նաեւ սէր։ Յոյ­սը կա­րող է վե­րա­կեն­դա­նաց­նել այդ բո­լո­րը, լու­սա­ւո­րել խա­ւա­րը, կեանք ու կեն­դա­նու­թիւն ստեղ­ծել, եր­ջան­կու­թեան վե­րա­ծել ա­մէն դժբախ­տու­թիւն։ Եւ ի­րա­պէ՛ս յոյ­սը լո՛յս է սի­րե­լի՜­ներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 31, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016