ՄԱՅՐԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ՏԻՊԱՐԸ ԱՆՁՆՈՒՐԱՑՈՒԹԵԱՆ

Մայ­րը, ի­րա­պէ՛ս ճշմա­րիտ տի­պար մըն է անձ­նու­րա­ցու­թեան, զո­հո­ղու­թեան եւ վե­հանձ­նու­թեան։ Ուս­տի մայ­րե­րու հա­մար խօ­սիլ կամ գրել թէ՛ դիւ­րին եւ թէ դժուար է։ Դիւ­րին է, քա­նի որ այն­քան շատ բան կայ ը­սե­լիք ա­նոնց մա­սին, որ մարդ եր­բեք չի դժուա­րա­նար խօ­սե­լու կամ գրե­լու ի­րենց ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն եւ ազ­նիւ հո­գի­նե­րուն նկատ­մամբ։ Դժուար է՝ քա­նի որ այդ­քան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րու մէջ նա­խընտ­րու­թիւն ը­նել դիւ­րին չէ՝ մարդ կը տա­րա­կու­սի, թէ ո՛ր մէ­կէն սկսի։ Եւ մենք տար­բեր լու­ծում մը գտնել փոր­ձե­ցինք, եւ Տքթ. Վարդ Շի­կա­հե­րի «Մայ­րե՜ր, Ձե­զի Հա­մար» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծէն հա­տուած­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով «մայր»ը դի­տե­ցինք տար­բեր տե­սան­կիւ­նէ մը։ Դի­տուած տե­սան­կիւ­նը ինչ որ ալ ըլ­լայ՝ սա ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է, թէ՝ մայ­րը մի՛շտ «մայր» է։

«Ե­րի­տա­սարդ մայր մըն է։ Իր մէ­կու­կէս տա­րու ման­կի­կը գիրկն ա­ռած՝ ճամ­բայ ին­կեր է ա­ռա­ւօտ կա­նուխ։ Կը փու­թայ դար­ման գտնել ա­նոր։ Մտա­տանջ է, քա­նի մը օ­րէ ի վեր լրջօ­րէն խան­գա­րուեր է իր հո­գե­հա­տո­րին ա­ռող­ջու­թիւ­նը։

«Կը շտա­պէ, կը քա­լէ ա­րա՛գ մայր պո­ղո­տա­յին վրայ։ Հարկ է անց­նիլ հան­դի­պա­կաց մայ­թը։ Յան­կարծ կը յայտ­նուի բեռ­նա­կառք մը, որ կը մօ­տե­նայ սրա­շարժ։ Մայ­րը քնատ ու մտա­մո­լոր՝ կ՚այ­լայ­լի, խու­ճա­պի կը մատ­նուի։ Ու կը լսուի իր ա­ղե­կէզ գո­չիւ­նը.- զա­ւա՛կս. ես կը մեռ­նիմ, գո­նէ դուն ա­զա­տիս։

«Գե­րա­զանց ճի­գով, կը նե­տէ ման­կի­կը դէ­պի մեր­ձա­կայ մայ­թը։ Ե­րա­խան կը փրկուի, մայ­րը կը մնայ բեռ­նա­կառ­քին ա­նիւ­նե­րուն տակ։ Ա­հա՛ մայ­րը, որ -մա­հուան բա­ժին- կը դառ­նայ, որ­պէս­զի փրկուի կեան­քի բա­ժի­նը՝ իր զաւ­կին։

«Երկ­րորդ պա­տա­հար մը։

«Յղի  կին մըն է։ Յղու­թեան հին­գե­րորդ ա­միսն է։ Ու­ժա­քամ, շա՜տ տկար կը զգայ ինք­զինք, վի­ճակ՝ որ կը շեշ­տուի օ­րէ օր, տա­րա­սո­վոր ըն­թաց­քով։ Կը ճշդուի, թէ կուրծ­քի քաղց­կե­ղէ կը տա­ռա­պի։ Կը բա­ցուի այս­պէս ե­ղե­րեր­գու­թեան վա­րա­գոյ­րը։ Անհ­րա­ժեշտ է բառ­նալ յղու­թիւ­նը, կնոջ կեան­քը փրկե­լու հա­մար։ Կի­նը սա­կայն կը մեր­ժէ։ Ինչ­պէ՛ս թո­ղու, որ զրկեն իր ար­գան­դի պտու­ղը, օր ու ա­րեւ տես­նե­լէ։

«Կ՚անց­նին եր­կու ա­միս։ Մի­ջամ­տու­թեամբ մը, ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ աշ­խարհ կը բե­րուի ա­ռոյգ ման­կիկ մը։ Գո՛հ է կի­նը, որ ար­ժա­նա­ցեր է մայ­րու­թեան ե­րա­նու­թեան։ Քա­նի մը օր յե­տոյ, սաս­տիկ ցա­ւե­րու մէջ կը փա­կէ աչ­քե­րը, հա­զիւ քա­նի մը ան­գամ տե­սած՝ իր նո­րա­ծի­նը։

«Եւ եր­րորդ դէպք մըն ալ, այն­քան յու­զիչ եւ հրա­հան­գիչ։

«Պա­տա­նի մը յո­ռի ու ա­նուղ­ղայ վար­քով, դառ­նա­ցու­ցեր է իր հայ­րը, որ եր­կա­րա­տեւ համ­բե­րու­թե­նէ ետք, օր մը զայ­րոյ­թով կը վտա­րէ զայն տու­նէն.- Գնա՛, ան­գամ մըն ալ ե­րեսդ չտես­նեմ։ Տղան կը հե­ռա­նայ։

«Մի­ջոց մը վերջ, ըն­տա­նի­քի մայ­րը կը հի­ւան­դա­նայ։ Վի­ճա­կը կը վատ­թա­րա­նայ շու­տով։ Իր զաւ­կի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը մեծ ցաւ է ի­րեն։ Մա­հա­մերձ է։ Կ՚ը­սէ ա­մուս­նոյն.- Կ՚ա­ղա­չեմ, տղաս քովս բեր, վեր­ջին ան­գամ տես­նեմ ու փա­կեմ աչ­քերս։

«Կու գայ տղան։ Մայ­րը հօր եւ զաւ­կի ձեռ­քե­րը կը բե­րէ՛ իր սրտին վրայ։ Զաւ­կին ձեռ­քը հօր ա­փին մէջ կը դնէ։ Ու այն­պէս խա­ղա­ղած՝ կ՚ա­ւան­դէ հո­գին։ Հայր ու որ­դի կ՚ար­տա­սուեն, կ՚ող­ջա­գու­րուին։

«Մայ­րը կո­րուս­տէ փրկած կ՚ըլ­լայ հո­գին իր սի­րա­կան որդ­ւոյն, որ լա՛ւ անձ մը կ՚ըլ­լայ ընդ­հուպ։

«Յի­շենք տպա­ւո­րիչ անցք մը, քա­ղուած՝ Թով­մաս Թէր­զեա­նի -Մայ­րա­կան Սէր- խո­րագ­րուած ար­ձա­կէն։

«Ե­կե­ղե­ցա­կան մը իր քա­րո­զով, կը դրուա­տէ ան­խախտ հա­ւատ­քը Աբ­րա­համ նա­հա­պե­տին, որ կը փոր­ձուի Ա­րար­չէն։ Պա՛հ մը իսկ չի՛ վա­րա­նիր ան, կը հնա­զան­դի հրա­մա­նին, որ է զո­հե՛լ իր մէկ հա­տիկ որ­դին՝ Ի­սա­հա­կը։

«Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէն մայր մը յա­ռաջ կու գայ ու կը ձայ­նէ.- Աս­տուած նման զոհ մը, մօր­մէ չէր կրնար ու­զել։

«Ո՜ մեր մայ­րե­րը, ա­րե­ւա­դէմ մայ­րե­րը…։

«Մայ­րա­կան սէ­րը ցո­լա­րան է Գե­րա­գոյն Սի­րոյ։ Օրհ­նեալ նշխար է, ու ջուր, մեր կեան­քե­րու սե­ղան­նե­րուն վրայ։ Եր­կայ­նա­միտ հսկում է, լռիկ ար­ցունք է ու ար­դար հրճուանք։

«Մայ­րը հա­մար­ժէք է կեան­քի։ Ծնունդ ու կեանք տուողն է, զմեզ աշ­խարհ բե­րողն է։ Նախ՝ կը կրէ իր -ո­րո­վայն-ին մէջ, ա­պա՝ մին­չեւ վերջ իր հո­գիին մէջ ու մեր հո­գե­րը՝ իր ու­սե­րուն վրայ։

«Մօր սէ­րը ա­զա­տա­րար գօ­տի է կեան­քի խա­ղե­րուն ու ցա­ւե­րուն դի­մաց, ծի­րա­նի գօ­տի՝ տե­ղա­տա­րափ­նե­րէ ետք։ Քար­քա­րուտ­նե­րը այդ սի­րով կը վե­րա­ծուին հարթ ճա­նա­պարհ­նե­րու, ա­նո՛վ կը գա­լա­րին բերկ­րան­քի դաշ­տե­րը։ Վե­րե­լակն է՝ որ վի­հե­րէ վեր կը բե­րէ -ա­նա­ռակ որ­դի-նե­րը։ Մայ­րե­րը կը զար­դա­րեն կեան­քի ծու­ռու­մուռ ճամ­բա­նե­րը, ծառ ու ծա­ղի­կով։

«Մօր սէ­րը… ա­նո՛վ սկիզբ կ՚առ­նէ ու կը զար­գա­նայ ա­մէ՛ն բան ու կը դի­մէ դէ­պի կա­տա­րե­լու­թիւն։ Մայր բնու­թիւնն ու մայ­րա­կան էու­թիւ­նը կը նոյ­նա­նան։ Կեան­քի շուն­չին, կեան­քի հեւ­քին մէջ մայ­րա­կան շուն­չը, մայ­րա­կան հեւ­քը կան։

«Ա­մէն հաս­կի, ա­մէն հունձ­քի մէջ մօր օրհ­նու­թիւ­նը, մօր ա­ղօթ­քը կան։

«Ա՛ռ հա­տիկ, տո՛ւր հա­ցիկ, ա՛ռ գա­րի, տո՛ւր բա­րի։ Սա՝ ա­ղօթք է, ա­ղեր­սա՛նք է, մի՛շտ ան­պա­կաս՝ գեղ­ջուկ մայ­րե­րու շրթնե­րէն։ Ա­նո՛վ ար­գա­ւանդ ե­ղած են հայ­րե­նի ար­տե­րը ու լի՛ք ե­ղած՝ եր­դիք­նե­րու մա­ռան­նե­րը։

«Օ­րօրն ու ա­րօ­րը, օր­րանն ու գու­թա­նը մայ­րա­կան ա­ղօթ­քով կը սրբա­նան, ա­ղօ­թա­վայր, ա­ղօ­թա­րան կը բա­նան։ Օ­րօ­րերգ ու ա­րօ­րերգ կանչ ու հրա­ւէր են մա­քո՜ւր կեան­քի, հա­լա՜լ վաս­տա­կի…»։­

Ե­րա­նի՜ մե­զի, որ ճանչ­նա­լու եւ կար­դա­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցեր ենք Տքթ. Վարդ Շի­կա­հե­րը եւ իր «Մայ­րե՜ր, Ձե­զի Հա­մար» ար­ձա­կը՝ որ­մէ տպա­ւո­րուե­ցանք եւ լիու­լի ապ­րե­ցանք «մայր» հրա՜շ­քը։

Ազ­նիւ հե­ղի­նա­կին մե­զի փո­խան­ցած «սրտա­կե­ղեք պա­տա­հար»նե­րը եւ սրտա­ռուչ զգա­ցում­նե­րը ան­գամ մը եւս ո­գե­ւո­րե­ցին մեզ մայ­րու­թեան հրա­շա­գեղ ի­րա­կա­նու­թեամբ՝ բնու­թեան ան­բաղ­դա­տե­լի, ե­զա­կան ի­րո­ղու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, անձ­նուի­րու­թիւն, անձ­նու­րա­ցու­թիւն, զո­հո­ղու­թիւն, վե­հանձ­նու­թիւն՝ բնու­թիւնն է, նկա­րա­գի՛րն է մայ­րու­թեան հան­գա­ման­քին։ Մայ­րը հա­մա­զօր է անձ­նուի­րու­թեան գա­ղա­փա­րին եւ մեր­ձի­մաստ՝ հո­մա­նիշ՝ զո­հո­ղու­թեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 26, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016