ՄՈՒՐԱՏԸ ԳՆԱՑ… ՏԱՐՏԵՐԸ ՄՆԱՑ

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 10 նոյեմբեր 1907-ին Մուրատ Սեբաստացի Գահիրէի հայկական «Լսարան-ընթերցարան»ին մէջ աւելի քան հինգ հարիւր մարդոց դիմաց հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Միհրան Տամատեանի հետ բեմ կը բարձրանայ: Մուրատ Սեբաստացի ներկաներուն խօսելով Հայաստանի վիճակին մասին կ՚ըսէ. «հոն՝ հայ աշխատաւորը, հայ վաճառականը, հայ երկրագործը կը տառապին, կը հարստահարուին, կը կեղեքուին, հետեւաբար հայութիւնը ամբողջովին պէտք է համերաշխի եւ գործէ միութեամբ. այլեւս մէկ կողմ պէտք է դնենք մեր անտարբերութիւնը, գձուձ հաշիւները եւ գանք հաւաքուինք մէկ սեղանի շուրջ, համերաշխութեամբ եւ միութեամբ գլուխ հանելու նուիրական այս սուրբ գործը»:

Բանախօսութեան ներկայ եղող թղթակիցը, օրուան մամուլին մէջ կը գրէ «Մուրատ՝ արդէն յուզուած՝ չի կրցաւ երկար խօսիլ եւ որոտընդոստ ծափերու տակ վերջացուց իր խօսքերը, լաւ տպաւորութիւն թողելով ունկնդիրներուն վրայ»:

Այս դէպքէն աւելի քան դար մը ետք այսօր կը տեսնենք, թէ Մուրատը գնաց... տարտերը մնաց. այսօր հո՛ն ենք՝ ուր էինք դար մը առաջ: Պահ մը երանի՜ կու տամ Մուրատին, որ այսօր յանձնուած է հողին, որովհետեւ այսօրուան տեսարաններուն դիմաց դարձեալ պիտի յուզուէր եւ չկարենար երկար խօսիլ եւ գուցէ ընդհանրապէս ալ չխօսէր՝ մտածելով, թէ դար մը առաջ խօսածս ի՞նչ օգուտ ունեցաւ, որ այսօր ի՛նչ օգուտ ունենայ:

Գձուձ հաշիւները, անտարբերութիւնն ու անհամերաշխութիւնը ժառանգաբար մեր արեան մէջ է այսօր:

Մուրատի «լաւ տպաւորութիւն» ձգած խօսքերուն նման լաւ տպաւորութիւն գործեց նաեւ անցնող շաբթուան ընթացքին համացանցի էջերուն մէջ տարածում գտած այն տեսերիզը, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚երգէ «Հայեր միացէ՛ք» յայտնի, սակայն երբեք իրականութիւն չդարձող դժբախտ երգը: Մուրատ Սեբաստացու եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի այս նոյնանման կոչերէն ետք նկատեցի, որ մեր ժողովուրդը վարժ է միայն ծափահարել՝ առանց ըսուածը գործի կոչելու. թէ՛ Մուրատին եւ թէ՛ Նորին Սրբութեան կոչին ընդառաջ ժողովուրդը ծափահարութիւններով իր համաձայնութիւնը կը յայտնէր փոխանցուած միութեան գաղափարին՝ առանց միանալու փորձ մը անգամ կատարելու:

Մուրատի կոչէն շա՜տ շատ առաջ այդ համերաշխութեան խնդիրը գոյութիւն ունէր. 10 յուլիս 1908-ի «Սահմանադրութեան» հռչակումէն ետք հայեր դարձեալ համերաշխութեան համար սեղան նստան, խմբագիր, գրող եւ թարգմանիչ Լարենցի (Լեւոն Քիրիշճեան) բառերով «որպէս զի անոնք միանան, մէկ ծրագիրով գործեն, կամ գոնէ համերաշխն եւ իրարու գործ չաւրեն»:

Դժուար է հայը փոխել...:

Հետեւեցէ՛ք յառաջիկայ շաբաթներուն Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններու պատրաստութիւններուն. օտար հողի վրայ հայեր դարձեալ իրար կը յօշոտեն աթոռի մը համար. հայկական կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն մին միւս հայկական կուսակցութեան ներկայացուցիչը կը կոչէ «ձախողած», իսկ այդ «ձախողած»ը զինք այդպէս որակողը կը կոչէ «կործանիչ»: Ու այսպէս, կործանիչ ու ձախողած իրար հետ պայքարելով «հայ ազգ» մը փրկել կը փորձեն՝ այն ալ օտար ափերուն վրայ: Այսպիսով կեանքի կը կոչուի «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» խօսքը. ի՜նչ առեղծուած. լաւ բաներու փոխարէն միայն վատ բաներն են որ ինքզինք կը կրկնեն:

Միութեան կոչերը շա՜տ են եւ ամէ՛ն տեղ, սակայն միանալիքները եւս շատ են մեր մէջ: Եթէ փորձենք միացնել ո՞ր մէկը առաջնահերթ է... միացնե՞նք արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, որպէսզի մէկը միւսին վրայ ինքզինք չպարտադրէ ըսելով «ե՛ս եմ ճիշդը»։ միացնե՞նք Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկութիւնները, որպէսզի մէկը միւսն չփորձէ համոզել, թէ «Մայր Աթոռ»ը ինքն է. միացնե՞նք Արցախն ու Հայաստանը, որպէսզի երկուքը իրար հետ որպէս մէկ հայրենիք ու մէկ ազգութիւն գոյատեւեն. միացնե՞նք կուսակցութիւնները, որպէսզի իրար հակառակ աշխատելու փոխարէն մէ՛կ հիմնական գաղափար հետապնդեն, որ ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ բացի Հայրենիքի հզօրացումէն: Միացնե՞նք սփիւռքն ու հայրենիքը, որպէսզի առաջինը երկրորդին մուրացկանի, իսկ երկրորդը առաջինին դրամի ծառի տեղ չդնէ:

Միացնելի՛ք շա՜տ բան ունինք մենք. միութեան գովքը կ՚ընենք, սակայն երբեք չենք փորձեր միանալ: Հետեւեցէք այս մի քանի օրերու ընթացքին Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն. երկու եւ աւելի կուսակցութիւններ որպէս ընդդիմադիրներ դուրս կու գան հրապարակ՝ Փաշինեանին դէմ, սակայն իրենց ընդդիմութիւնը անգամ միացեալ չէ՛:

Ներկայ դրութեամբ Համաշխարհային Գ. պատերազմը իրականանալու շատ աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի, քան հայերու միացումը:

Մուրատէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ Չարենց, Սեւակ, մինչեւ մեր օրերը միանալու կոչերը երբեք վերջ չեն գտած, այնպէս ինչպէս վերջ չէ՛ գտած եւ գտնելիք ալ չունի մեր անմիաբան ընթացքը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆ
(1871-1928)

Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ՝ 7 մայիս 1928-ին Երեւանի մէջ մահացած է երաժիշտ եւ երաժշտահան Ալեքսանդր Սպենդիարեան:

Սպենդիարեան ծնած է 20 հոկտեմբեր 1871 թուականին, Ուքրայնայի Կախովկա քաղաքին մէջ. երաժշտական ունակութիւնը ժառանգած է մօրմէն, որ կը նուագէր հայկական եւ թաթարական երգեր եւ երաժշտութիւններ: Սպենդիարեան փոքր տարիքէն՝ տակաւին չորս տարեկան հասակէն հետեւած է դաշնամուրի եւ ջութակի դասընթացքներու:

 Դպրոցական ուսումը ստանալէ ետք Սպենդիարեան ընդունուած է Մոսկուայի կայսերական համալսարանի բնագիտութեան կաճառը, ապա անցած է իրաւաբանութեան կաճառ: Ուսանողութեան տարիներուն երաժիշտը շարունակած է նաեւ իր երաժշտական ուսումը։ Ուսանողական երգչախումբի պատասխանատուն տեսնելով Սպենդիարեանի երաժշտական կարողութիւնները՝ խորհուրդ տուած է լրջօրէն զբաղուելու երաժշտութեամբ:

Սպենդիարեան առիթը ունեցած է ծանօթանալու բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Ալեքսանդր Ծատուրեանի հետ եւ ներշնչուելով անոր «Ա՜յ վարդ» բանաստեղծութենէն՝ գրած է իր առաջին ամենէն յայտնի գործերէն մին: Որոշ ժամանակ օտար երկիրներու մէջ երաժշտական աշխատանք ծաւալելէ ետք Սպենդիարեան Խորհրդային Հայաստանի հրաւէրով 1924 թուականին հաստատուած է Հայաստան, երաժշտական եւ մշակութային կեանքը զարգացնելու առաջադրանքով: Հայրենիքի մէջ Սպենդիարեանի ջանքերով հիմնուած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցի նուագախումբն ու երաժշտական դասարանը:

Սպենդիարեան հեղինակ է աւելի քան քառասուն երգերու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նուագախմբային երաժշտութիւններու. երաժիշտը դաշնաւորած է բազմաթիւ հայկական ժողովրդական երգեր: Անոր յայտնի երգերն են Ռաֆայէլ Պատկանեանի բառերով «Արեւելեան օրօրոցի երգ»ը, Ալեքսանդր Ծատուրեանի բառերով «Մի լար բլբուլ»ը, Տիգրան Հախումեանի «Հայրենի երկիր իմ»ը, «Ինչո՞ւ ես չգիտեմ»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Երաժիշտը դաշնաւորած է բազմաթիւ խմբերգեր. ինչպէս՝ «Ժամ է, Ժամ է, տուն», «ինչ հող գլխիս տամ», «Երբ մեռնեմ» եւ ուրիշներ: Դաշնաւորած է երաժշտութիւններ դաշնամուրի, ջութակի, թաւջութակի եւ աւագասրինգի համար:

Սպենդիարեան եղած է առաջին անձը, որ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական արուեստագէտի կոչում: Երեւանի առաջին երաժշտական դպրոցը կոչուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անունով. 1933 թուականէն երաժիշտի անունով կոչուած է նաեւ Հայաստանի օփերային պետական թատրոնը: Օփերայի ազգային ակադեմական թատրոնի բակին մէջ Արա Սարգիսեանի եւ Ղուկաս Չուբարեանի աշխատութեամբ կանգնած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի արձանը. 1967 թուականին Երեւանի մէջ բացուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը. Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մին կոչուած է մեծ երաժիշտին անունով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022