ԱՉՔԸ ԼՈՅՍԻ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻ

Աչքը՝ տեսողութեան գործարանն է ամէն կենդանի էակի, աչքով է, որ կը տեսնեն անոնք աշխարհը, թէեւ ամէն մէկը տարբեր կերպերով։

Ինչպէս որ տեսնելու համար էակ մը աչքի կը կարօտի, աչքն ալ իր պարտականութիւնը կարենալ կատարելու համար լոյսի կը կարօտի եւ հոն ուր լոյս չկայ, աչքը իր պարտականութիւնը չի կրնար կատարել՝ չի՛ տեսներ։

Արդարեւ, Աստուծոյ արարչագործութեան ամենակարեւոր էակն է մարդը, անոր աչքը ո՛չ միայն կը տեսնէ, այլ մանաւանդ տեսածը կը հասկնայ, կը վերլուծէ, կ՚ըմբռնէ եւ բանականութեան բովէն կ՚անցընէ։ Մարդ իր աչքով միայն չի տեսներ, այլ նաեւ կը չափէ, կը կշռէ՛։

Մարդուս աչքը այսքան կարեւոր է ահաւասիկ։ Բայց եթէ լոյս չըլլայ, աչքը որեւէ արժէք չի ներկայացներ, քանի որ առանց լոյսի աչքը չի տեսներ։ Աչքը կը նմանի այն ամենակատարեալ մեքենային, որ ելեկտրականութեան ուժով կ՚աշխատի եւ երբ ելեկտրականութիւնը խզուի, անշարժ կը մնայ։ Աչքն ալ այդպէս է՝ երբ լոյսը պակսի, իր ծառայութիւնը չի կրնար կատարել։ Եւ այս իմաստով, լոյսը Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշալիքն է՝ ուրկէ կը բխի կեանքը։ Առանց լոյսի գոյութեան կեանք ունենալ անկարելի է։ Խաւարը ամլութիւն, անշարժութիւն է եւ լոյսն է, որ ամէն ինչ շարժման կ՚անցընէ, կեանք, կենդանութիւն կու տայ։ Ուստի, լոյսը արարչագործութեան հիմնական եւ ամենէն ազնիւ յատկութիւնն է։

Լոյսով է, որ կեանք եղաւ եւ կեանքը լոյսով է, որ շարունակեց իր էութիւնը աշխարհի վրայ։

Աստուծոյ զօրութեան, կարողութեան, արտացոլումն է լոյսը՝ յայտնութեան միջո՛ցը։

Արդարեւ, երբ Յովհաննէս Աւետարանիչ կ՚ըսէ, թէ՝ «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը». (ՅՈՎՀ. Ա 9), կը մատնանշէ Լոյսին աստուածային հանգամանքը։ Լոյսը Աստուծոյ նկարագիրն է, տեսանելի եւ զգալի արտացոլո՛ւմն է անիկա։

Ուստի, լոյսն է, որ տեսանելի կը դարձնէ ամէն ինչ, լոյսով է, որ կը յայտնուի ամէն իր եւ իրողութիւն, լոյսով է, որ բնութիւնը կը գործէ, եւ լոյսով է, որ մարդ կը գործէ, կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ աշխարհի վրայ։

Լոյսը մարդուս ուղղութիւն կու տայ, կողմ ցոյց կու տայ, կ՚ազդարարէ եւ կ՚առաջնորդէ։

Լոյսը՝ երկրի վրայ Աստուծոյ փառքը ցոյց կու տայ։ Լուսարձակ ամէն մարմին Աստուծոյ մա՛տն է երկրի վրայ, որ խաւարին եւ մութին մէջէն ուղիղ ճամբան ցոյց կու տայ։ Ամբողջ բնութիւնը լոյսով կ՚աճի եւ կենդանութիւն կը ստանայ։ Ամենապարզ բոյս մը իսկ լոյսի շնորհիւ է, որ իր կենդանութիւնը կը պահէ եւ կը տեւականացնէ։ Մութին եւ խաւարին մէջ ոչ մէկ բոյս կ՚աճի, այլ՝ կ՚ոչնչանա՛յ։

Մարդ, ընդհանրապէս կը դիտէ իր շուրջը մարմնական աչքով, որոշ բաներ կը տեսնէ այդ կերպով։ Եւ դարձեալ կը դիտէ մտքի՝ իմացական աչքով եւ ան ալ աւելի ընդարձակ կը տեսնէ դիտածները։ Եւ այն որ հոգեկան աչքով կը նայի՝ տեսածներուն խորը կը թափանցէ, եւ անոր իմաստը կ՚ըմբռնէ։ Բայց բոլոր աչքերն ալ լոյսի կը կարօտին՝ մարմնաւոր աչքը, մտաւոր աչքը եւ հոգեւոր աչքը։ Առանց «Լոյս»ի ո՛չ մէկը կրնայ տեսնել, քանի որ խաւարը կը խափանէ տեսողութիւնը։ Եւ անշուշտ, մտաւոր խաւարը աւելի՛ եւս վտանգաւոր է, իսկ հոգեւոր խաւարը՝ մահացո՛ւ։

Մարդ երբ մարմնաւոր աչքով կը դիտէ եւ կը տեսնէ՝ անմիջապէս կը համոզուի իր տեսածով։

Մարմնաւոր աչքով դիտողին տեսածը՝ միայն տեսնուածն է՝ ո՛չ խորը եւ ոչ ալ տարածուն վիճակը։

Մտաւոր աչքով դիտողը կը չափէ, կը մեկնաբանէ, կը վերլուծէ իր տեսածը։

Իսկ հոգեւոր աչքով դիտող եւ տեսնողը «իմաստ»ին կը հասնի եւ կը համոզուի, որ իր տեսածին խորը Հեղինակութիւն մը գոյութիւն ունի՝ «պատճա՛ռ» մը կայ, որ ստեղծած է իր տեսածը, եւ կը հաւատա՛յ «Իմաստ»ին էութեան, իսկական եւ «բացարձակ Հեղինակութեան», «գերագոյն Իմաստութեա՛ն»։

Եւ ահաւասիկ, լոյսն է, որ թէ՛ մարմնաւոր, թէ՛ մտաւոր եւ թէ հոգեւոր աչքին այդ կարողութիւնը եւ կարելիութիւնը կ՚ընծայէ։

Պահ մը երկինք նայիլ, բնութիւնը դիտել, արեւածագը տեսնել, բոլոր այս երեւոյթները բաւարար են, որ մարդ համոզուի այն Հեղինակութեան գոյութեան, այն Իմաստութեան՝ որ ստեղծած եւ կարգաւորած է այդ բոլորը եւ անոնք կը շարունակեն գործել Անոր Նախախնամութեանը շնորհիւ։ Եւ այդ բոլորը «տեսանելի» կը դառնան մարդուս աչքին՝ լոյսին շնորհիւ, եւ եթէ լոյսը պակսի, կարելի չ՚ըլլար տեսնել Հեղինակութիւնը՝ իր բոլոր արարչագործութիւններով։

Լոյսին նպատակն է լուսաւորել։ Լուսաւորելով հասնիլ ճշմարտութեան՝ երեւան բերել եւ իրողութիւնը ցոյց տալ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ է։

Երբ լոյսը կը պակսի, ամէն ինչ խաւարի մէջ կը մնայ՝ ամէն ինչ ծածուկ, անորոշ եւ անլուծելի՛։ Արդարեւ, Լոյսը աշխարհ եկաւ, որպէսզի լուսաւորէ զայն, խաւարը փարատէ եւ ճշմարտութիւնը յայտնուի։ Արդարեւ, մութը եւ խաւարը սեւ է, եւ սեւին մէջ ո՛չ մէկ բան յայտնի կը դառնայ. իսկ լոյսը ճերմակ է, որուն մէջ ամէն ինչ բացայայտ է եւ յստա՛կ։

Մարդոց լոյսին հանդէպ դիրքը՝ անոնց ընդհանուր նկարագիրը ցոյց կու տայ՝ լոյսէն խրտչողը եւ մութը նախընտրողը կասկածելի եւ մինչեւ իսկ վտանգաւոր մէկն է, իսկ այն, որ լոյսը կը նախընտրէ՝ անկեղծ, վստահելի եւ բարի՛ մէկն է, քանի որ իր գործերը ծածուկ չեն, այնպէս է՝ ի՛նչպէս որ կ՚երեւի, իր գործերը յայտնի են՝ սխալ կամ ճիշդ, ծուռ կամ շիտակ, շեղած կամ ուղիղ, բայց անկե՛ղծ, յայտնի եւ բացայա՛յտ։

Այս իմաստով լոյսը չափանի՛շն է մարդուս նկարագրին եւ բնաւորութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 4, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017