ՄԵԾ ՊԱՀՔ Է ԵԿԵ՜Ր
Կրօնական եւ բարոյական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն մը կայ շրջանը այն շաբաթներուն՝ որ կը կոչուի «Մեծ Պահք»։ Եթէ ո՛չ ժամանակակից ընկերական եւ ընտանեկան, բայց անցեալի սովորութիւններու մէջ կարեւոր տեղ մը ունէր այս շրջանը։ Խանդավառութիւն, եռուզեռ, պատրաստութիւններ տուներու եւ ընտանիքներու մէջ՝ որոնք տպաւորուած կը մնան յիշատակներու մէջ միայն։
Ուստի մեծ եւ կարեւոր իրողութիւն մը, երեւոյթ մըն էր տիրող գիտակցութիւնը, առաւել կամ նուազ չափով, ամէն մէկուն գլխուն մէջ՝ թէ կեանքի սովորական ընթացքին մէջ «փոփոխութիւն» մը պիտի պատահի եւ այս իսկ ըմբռնումով «Բարեկենդան»ին ներելի եւ ընդունալի կը համարուի կերուխումի առատութիւնը՝ երբ սովորական շրջաններուն չափազանցութիւն կարելի է համարել։
Ներելի էր «շռայլութիւն»ը Բարեկենդանին, քանի որ քիչ յետոյ պիտի սկսի նոր շրջան մը՝ բաղդատաբար զրկանքի ժամանակամիջոց մը։ Այդ ժամանակաշրջանն է ահաւասիկ, Մեծ պահքի շրջանը, որ կեանքի, ապրելակերպի սովորական պայմաններուն փոփոխութեան կրօնական, բարոյական շրջա՛նն է, եւ պէտք է ուշադրութիւն ընել, քանի որ անիկա անժխտելի կապ մը ունի ընտանեկան եւ ընկերային բարքերուն հետ, այսինքն կենցաղի հետ։
Յիշատակներու մէջ մնացած է այն օրերը, երբ տուներու մէջ, Բարեկենդանի առթիւ չգործածուած անօթներն ու ամանները մեծ խնամքով կը լուացուէին ու կը մաքրուէին։ Տանտիկինը, ա՛յնքան ճշդապահ եւ անխոնջ, նոյնչափ բարեպաշտ, աւանդապահ, մաքրասէր, Մեծ պահքի առաջին Երկուշաբթի օրը կ՚երեւէր բաւական յոգնած՝ ամէն բան, ամէն կողմ լուացած եւ մաքրած ըլլալուն պատճառով։ Բայց պարկեշտ, համեստ, խոնարհ յոգնութիւն մըն էր այն, զոր կ՚երջանկացնէր ամբողջ տունը, ամբողջ ընտանիքը՝ հպարտ կը զգային այդ զօրաւոր տանտիկինին պատճառով ընտանիքի ամբողջ անդամները իրենք զիրենք։
Եւ նոյն խնկալի եւ սրբազան բարքը վանքերու մէջ ալ կը տիրէր արդէն, քանի որ հոն ալ հոգեւոր ընտանիքներ կը պատրաստուէին դիմաւորել Մեծ պահքի արդիւնաբեր շրջանը։
Կենցաղասէր, աշխարհասէր մարդիկ ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը, ընկերային կեանքի եւ կենցաղի այս նոր ու տարբեր փուլին մէջ հրաշալի՜ փոփոխութեան ու բարեշրջման մը ենթարկուած են։
Մարդիկ այս շրջանին՝ քիչ կը խօսին, քիչ կը ծիծաղին, բայց լա՛ւ կը խորհին, լա՛ւ կ՚աշխատին, լա՛ւ կը գործեն, պէտք է ըսել՝ լա՛ւ կ՚ապրին։
Մեծ պահքը թէեւ իր ծագումով քառասուն օր է ճշդիւ, բայց Հայ Եկեղեցին երբեմն աւելի երկար ժամանակաշրջանի մը վրայ տարածած է Մեծ պահքը եւ այդ ժամանակի բարքերը հանդուրժելի գտնուած է՝ ինքնամփոփման արդիւնաբերութեանը համար։
Իսկ եօթը շաբաթներ օրինական նկատուած են, թէեւ եօթը շաբաթներու կիրակիները երբեմն «ուտիք» կամ «նաւակատիք» ընդունուած են։ Այս կարգադրութիւնը էապէս կա՛յ ու կը մնայ Հայ Եկեղեցիի ժամակարգութեան մէջ, քանի որ «Մեծ Պահք»ի շաբաթ օրերը «Մարտիրոսաց տօն» կը կատարուին եւ կիրակի օրերն ալ՝ «Յարութեան կիրակի»ներ են իսկապէս, այսինքն՝ Մեծ պահքի յատուկ կանոն մը չունին։
Մեծ պահքը, ըստ երեւոյթին զուտ կրօնական նշանակութիւն մը ունի եւ ընդհանրապէս կը կարծուի, թէ միայն եկեղեցական կեանքի հետ կապ ունի ան։
Եւ ոմանք, դժբախտաբար, որ կը յաւակնին լուսամիտ ըլլալ, արժէք չեն ընծայեր Մեծ պահքին, կ՚ըսեն, թէ մարդոց համար կեանքի պայքար մը կայ՝ գոյապահպանման ու գոյատեւման պայքար մը, եւ աւելորդ կը համարեն խօսիլ Մեծ պահքի մասին։ Ըստ անոնց՝ ի՛նչ որ աւելորդ է, շատ անգամ վնասակա՛ր է։
Աշխարհային զբաղումներու մէջ «աւելո՛րդ» կը նկատեն անոնք Մեծ պահքի մասին խօսիլ եւ գործել…։
Բայց, ինչպէս նկատեցիք, Մեծ պահքը որքան կրօնական ու բարոյական, բայց նաեւ՝ ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի հետ կապ ունեցող իրողութիւն մըն է։
Եւ անոնք՝ որ աշխարհային զբաղումներու պատճառով կը մերժեն խօսիլ Մեծ պահքի մսին, կը սխալին, քանի որ իրենց մտածումները կը հակասեն իրենց գործին. չէ՞ որ «աշխարհային զբաղումներ» կ՚ըսեն իրենց աշխատանքին, եւ այդ «աշխարհային զբաղում»ներուն առարկան՝ ընտանեկան եւ ընկերային կեանքն է։ Եւ Մեծ պահքն ալ քանի որ ընտանեկան եւ ընկերային երեւոյթ մըն է, ուրեմն անոնց զբաղումներուն մաս պէտք է կազմէ նաեւ Մեծ պահքը, Մեծ պահքի շրջանի ամէն իրադարձութիւն, գործունէութիւն, աշխատանք։
Կը տեսնուի, որ «կեանքի պայքար» կամ «աշխարհային զբաղումներ»ու պատրուակներով կարելի չէ ուրանալ եւ մերժել «Մեծ պահք»ի իրողութիւնը՝ որ անհրաժեշտութի՛ւն մըն է կեանքին համար։
Ուրեմի «Մեծ պահք»ը կերուխումի խտիր ու խնդիր մը չէ՛, այլ՝ ընկերային ընդհանուր երեւոյթ մը, իրադարձութիւն մը՝ որ աւելի եւս կը հետաքրքրէ ընկերութիւնը կազմող իւրաքանչիւր անհատ։ Զոր օրինակ, հաւաքական եւ անհատական կեանքի համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ մը՝ «չափաւորութիւն»ը, այս շրջանին է, որ կը յայտնուի, եւ մարդիկ կ՚անդրադառնան անոր անմերժելի օգտակարութեան։ Արդարեւ ընկերային կեանքի ներդաշնակութիւնը մեծ մասամբ կարելի է ապահովել չափաւորութեամբ, շարժումներու եւ գործունէութեան մէջ չափ ու կշիռ դնելով, տուեալ սահմանները յարգելով, հպատակելով կարգ ու կանոնի։
Եւ Մեծ պահքը, ահաւասիկ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ անդրադառնայ այդ սահմաններուն գոյութեան, յարգէ ամէն պատշաճութիւն, վարուի չափ ու կշիռ ունենալով, անոնց համաձայն շարժի։ Եւ այս չափաւորութեան կը յաջորդէ «պարզութիւն»ը։
«Պահք» կը նշանակէ որոշ չափով ժուժկալութիւն, որ հիմնուած է զոհողութեան վրայ։ Եւ որովհետեւ կերակուրը՝ ուտել խմելը մեծ ազդեցութիւն ունի անհատի բնախօսական վիճակին վրայ, այդ ազդեցութեան կանոնաւոր ե՛ւ արդիւնաւոր չափն ու կշիռը պահելու համար, իրաւամբ մեծ կարեւորութիւն ու ուշադրութիւն տրուած է ուտելու եւ խմելու դրութեան հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքին մէջ։
Եւ աւելի օգտակար ու աւելի պարտաւորիչ է գիտնալ, թէ Մեծ պահքը ինքնամփոփման շրջան մըն է։
Չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են մարմնաւոր կեանքին առողջութեան եւ հոգեւոր կեանքին յաջողութեան, կատարելութեա՛ն։ Ուստի, բանականութիւնն ա՛լ, բարոյականն ա՛լ եւ կրօնքը ա՛յս կը պահանջեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 29, 2016, Իսթանպուլ